ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Արկած

Իսկական ար­կա­ծախնդրու­թիւն էր «ար­կած» բա­ռի գրա­կան փոր­ձե­րու եւ փոր­ձութիւննե­րու մա­սին գրել, երբ հայ միտ­քե­րը, կար­ծես միաձայ­նութեամբ, խու­սա­փեր են ան­կէ։ Ո՛չ մէկ աշուղ, ո՛չ մէկ քեր­թող, ո՛չ մէկ գրիչ պա­տուա­սէր՝ փա­փաքեր է մատ­նո­ւիլ անոր՝ զոհ դառ­նալ անոր։ Սա­կայն, եղեր են բա­ցառու­թիւններ, այ­սինքն սա­կաւա­թիւ բայց հա­ճելի գրա­կան ար­կածներ։ Այ­սօր ըլ­լանք հա­մար­ձակ եւ քա­ջասիրտ, աւե­լի քան եր­բեք, ու զգու­շութեամբ ըն­թերցենք «ար­կած» բա­ռի ոդի­սակա­նը։ Իսկ եթէ ին­ծի հարցնէք, թէ ին­չո՛ւ պէտք է մօ­տենալ անոր ու վտան­գի մատ­նո­ւիլ, ձե­զի պար­զա­պէս կրնամ յի­շեց­նել այն յայտնի իմաս­տութիւ­նը, թէ որոշ մար­դոց հա­մար ար­կա­ծի մը գրգի­ռը աւե­լի գրա­ւիչ է, քան հա­զարա­ւոր օրե­րու բա­րօրու­թիւնն ու յար­մա­րաւէ­տու­թիւնը։

Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պա­տահե­ցաւ հա­յոց գրա­կանու­թեան առա­ջին ար­կա­ծը։ Ի՞նչ էր անոր պատ­ճա­ռը։ Անու­շադրու­թի՞ւն, թէ միապա­ղաղ կեանք մը հե­տաքրքրա­կան դարձնե­լու փորձ... Բազ­մա­թիւ ստու­գա­բան այ­րեր մտա­ծեր են այս հար­ցումնե­րու շուրջ ան­կասկած ու առա­ջար­կեր են քա­նի մը վար­կած։

Հաս­տատ է, թէ «ար­կած» բա­ռը յա­ռաջա­ցեր է «արկ» ար­մա­տէն, որ կը նշա­նակէ «ձգել, նե­տել, դնել, մտցնել, վրան ձգել, վե­րագ­րել»։ Անոր հե­տեւանքնե­րէն մէկն է «գլխարկ» բա­ռը։ Մեր հի­ները սի­րեր են այս ար­մա­տը եւ ըսեր են՝ «ձայն ար­կա­նել», «ունկն ար­կա­նել», «խունկ ար­կա­նել», «խաղ ար­կա­նել», «ար­կա­նել առաս­պելս», «ընդ մի­մեանս ար­կա­նել»...։ Իսկ «ար­կած» գո­յակա­նը բուն կը նշա­նակէ՝ վրայ եկած ան­ցո­ղական վի­ճակ, երե­ւոյթ մը, որ առար­կա­յի կամ ան­ձի էական յատ­կութիւ­նը չէ, ինչ որ վրայ կու գայ, կը թա­փի (հուր, ջուր), չնա­խատե­սուած եւ պա­տահա­կան դէպք, դժբախտ դէպք, փոր­ձանք, բախ­տէն կա­խուած՝ վտան­գա­ւոր ձեռ­նարկ, ար­տա­սովոր դէպք։ Իմաս­տի բազ­մա­զանու­թիւնը առիթ տո­ւաւ, որ մեր լե­զուաշ­խարհի արեւմտա­հայ եւ արե­ւելա­հայ թե­ւերու վրայ եկան ու նստե­ցան «ար­կած» բա­ռի եր­կու հաս­կա­ցողու­թիւններ։ Առա­ջինը՝ վտան­գա­ւոր-վնա­սաբեր, իսկ երկրոր­դը՝ վտան­գա­ւոր-հա­ճոյա­բեր։ 6-րդ դա­րուն, երբ բառս դեռ կը զար­գա­նար, լա­տինե­րէնու մէջ ալ յա­ռաջա­ցաւ նման երկճիւ­ղում։ Առա­ջինը կո­չեցին accidentem իսկ երկրոր­դը՝ adventura։ Նա­խոր­դը կը նկա­րագ­րէ ան­ցանկա­լի եւ մարմնա­կան վնաս պատ­ճա­ռող պա­տահար­ներ, իսկ երկրոր­դը՝ հա­ճելի դի­պուած­ներ։

5-րդ դա­րուն Մես­րոպ Մաշ­տո­ցը եւ մեր թարգմա­նիչ­նե­րը ար­կածներ չու­նե­ցան եւ Աս­տո­ւածա­շունչի մէջ «ար­կած»ներ չկան։ Բառս սկսեր է պա­տահիլ 6-րդ դա­րէ յե­տոյ։ Ահա մեր առա­ջին ար­կածնե­րը. «Ար­կածք չա­րեաց», «Զար­կածս ջրհե­ղեղին», «Ար­կածք խա­բէու­թեան», «Մշտնջե­նաւորեալ ար­կած», «Ար­կածք վնա­սուց, կամ փոր­ձա­նաց, չար ամպրո­պաց, տրտմու­թեանց, աղեաց, անձրե­ւաց»։

Մեր ազ­գի գլխուն թա­փած փոր­ձանքնե­րու շնոր­հիւ է, որ բառս շա­րու­նա­կեցաւ զար­գա­նալ, հարստա­նալ նո­րանոր ար­կածնե­րով։ Այ­սօր հա­յը «զոհ կ՚եր­թայ», «կը հնա­դիպի», «կ՛եր­թարկո­ւի» ու «կը մատ­նո­ւի» ար­կա­ծի, - գի­տակ­ցա­բար կամ ան­գի­տակ­ցա­բար - ։ Մեր հե­ղինակ­ներն ալ բա­ժին ու­նին անոր մէջ։ Անոնք պատ­ճառ դար­ձան քա­նի մը «ար­կածնե­րու» ու ստեղ­ծեցն տե­սար­ժան պատ­կերներ, ինչպէս՝ «Ար­կա­ծալից կեանք», Գրի­գոր Զոհ­րապ, «Եր­կար ու ար­կա­ծալի կեանք», Սե­րօ Խան­զա­դեան, «Ար­կա­ծաւոր ամուսնու­թիւն», Շի­րուան­զա­դէ, «Ար­կա­ծամոլ ցեց», Նա­յիրի Զա­րեան։ 1906 թո­ւակա­նին Ար­շակ Չօ­պանեանին ու­ղարկած նա­մակի մէջ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նը դժգո­հու­թիւն յայտնեց, թէ իր առա­ջին գիր­քը «ար­կա­ծի մը զոհ գա­ցեր է». «...Սար­սուռնե­րու ծա­ւալին փոք­րութիւ­նը ար­կած մըն է լոկ. կէ­սէն աւե­լին — կրնամ ըսել լաւ մա­սը — չհրա­տարա­կուե­ցաւ՝ շնոր­հիւ՝ (թո՚ղ ու­րիշ պատ­ճառնե­րը) Վան­քի մա­մու­լին կու­սակրօ­նու­թեան եւ կու­սազգու­թեան»։ Իսկ իր տիկ­նոջ Արաք­սիին ու­ղարկած նա­մակի մէջ խօ­սեցաւ հայր դար­ձած ամու­սին Վա­րու­ժա­նը. «17 Մարտ, 1912, Նիք­սար. Սի­րելի Արաք­սիս, ... Հո­գիս վրա­նիդ ըլ­լայ, եւ մին­չեւ վե­րադարձս՝ ու­րախ ու անար­կած ըլ­լաք»։

19-րդ դա­րուն, երբ հա­յու­թիւնը գրա­կան, քա­ղաքա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ար­կա­ծախնդրու­թիւննե­րով էր ալե­կոծո­ւած, Ծե­րեն­ցը «Թէոդո­րոս Ռշտու­նի» պատ­մա­կան վէ­պի մէջ ախ­տա­ճանա­չում մը կա­տարեց։ Ան բա­ցատ­րեց, թէ ի՛նչ էր մեր ազ­գա­յին ձա­խողու­թիւննե­րու էական պատ­ճա­ռը. «Երբ հաս­տատ օրի­նաց եւ սահ­մա­նափակ իշ­խա­նու­թեանց վրայ չէ ամ­րապնդեալ երկրի մը վի­ճակը, ոչ եր­բեք եր­ջանկու­թեան պէտք է սպա­սէի դի­պուած մը, պա­րագայ մը, ար­կած մը, որ ոմանք բախտ անո­ւանած են, ամէն բան վեր ի վար կրնայ ընել եւ ամէն յոյս եւ ջանք ի դե­րեւ հա­նել»։ Նոյն օրե­րուն Զէյ­թունը ար­ժա­նացաւ պա­տուա­բեր կո­չու­մի մը։ 1900-ին Մխի­թարեան տպա­րանէն լոյս տե­սած «Զէյ­թունի ան­ցեալէն եւ ներ­կա­յէն» աշ­խա­տասի­րու­թեան մէջ հե­ղինա­կը՝ «Զէյ­թունցի»ն, այդ քա­ղաքը կո­չեց՝ «Ար­կա­ծաշատ եր­կիր»։ Զէյ­թունի ոգին է, որ ան­կասկած Ար­ցա­խի մէջ զո­հուած Ռու­դիկ Ղա­րիբեանը ու­նէր, քան­զի ազա­տամար­տի­կի վեր­ջին մե­նախօ­սու­թիւնն է եղած՝ «Առաջ գնալ է պէտք... Ար­կա­ծաշատ ապա­գան քեզ է սպա­սում»։

Բառս ներ­կա­յու­թիւն մըն ալ ու­նե­ցաւ հայ­կա­կան գրատ­պութեան մէջ։ Ար­կած մը չէր ան՝ այլ ծրագ­րո­ւած գործ։ Իր շա­պիկին վրայ «ար­կա­ծ» բա­ռը ու­նե­ցող հայ­կա­կան գիր­քե­րը ու­նին 200 տա­րուայ պատ­մութիւն մը։ Ահա անոնց հա­մեստ տո­ղանցքը. «Ար­կածք Տե­լեմա­քայ», 1826, Ս. Ղա­զար, «Ար­կածք Վար­դայ Մա­միկո­նենոյ», 1854, Վիէն­նա, «Ար­կածք տեառն Յով­հաննու Խաչ­կեան խա­չակիր աւագ քա­հանա­յի», 1863, Կալ­կա­թա, «Խեն­թը. Ար­կածներ վեր­ջին ռուս-թուրքա­կան պա­տերազ­մից», 1881, Շու­շի, «Ար­կածք Կա­տարի­նէի. Ազ­գա­յին վէպ», 1887, Զմիւռնիա, «Մի ար­կած Զէյ­թունի վեր­ջին ապստամ­բութիւ­նից», 1904, Ռուսչուք։ Նոյն օրե­րուն բազ­մա­թիւ սի­րային եւ ազ­գա­յին ար­կածներ պա­տահե­ցան նաեւ Պոլ­սոյ մէջ. «Միամի­տի մը ար­կածնե­րը», «Տոհ­մա­յին այ­գա­լոյս Ար­շա­կու­նի օրիոր­դին ար­կածներ», «Ար­կածներ Քեօրօղ­լու կեան­քից»։ Իսկ հայ­րե­նիքի մէջ 1988 թո­ւակա­նին ման­կա­կան լա­ւագոյն գիր­քի մրցա­նակին ար­ժա­նացած հէ­քիաթ-վի­պակն էր՝ «Չի­կարե­լիի ար­կածնե­րը»։

Հա­յը ու­նե­ցաւ նաեւ ար­կա­ծաւոր կեանք վա­րած բա­նաս­տեղծներ, ինչպէս՝ Եղի­շէ Չա­րեն­ցը։ Անոր կեն­սագրու­թեան հե­ղինա­կը նշեց. «Հո­գեկան այդ լա­րուած կա­ցու­թեան մէջ սի­րային մի ար­կած Չա­րեն­ցի հա­մար ու­նե­նում է տխուր վեր­ջա­բան։ 1926 թո­ւակա­նի Սեպ­տեմբե­րի 5-ին նա ձեր­բա­կալ­ւում եւ յայտնւում է Երե­ւանի ուղղիչ տա­նը։ Աբո­վեան փո­ղոցում հո­գեկան ան­հա­ւասա­րակ­շիռ կա­ցու­թեան մէջ Չա­րեն­ցը ատրճա­նակով կրա­կում եւ վի­րաւո­րում է Մա­րիան­նա Այ­վա­զեան անու­նով մի գե­ղեց­կուհու, որի հան­դէպ նա­խապէս ու­նե­ցել էր բուռն զգաց­մունքներ»։ Չա­րեն­ցի նշան կրքոտ է եղած Շառլ Ազ­նա­ւու­րը։ Վար­կած մը չէ ասի­կա, այլ ինքնա­կեն­սագրա­կանի մէջ ար­տա­սանո­ւած խօսք. «Իմ ամու­րիական կեան­քը լի է եղել ակնթար­թա­յին եւ խե­լայեղ սի­րային ար­կածնե­րով»։

Ինչպէս նշե­ցի, Հա­յաս­տա­նի մէջ «ար­կա­ծային» բա­ռը ու­նի հա­ճելի մտա­բերում։ Զբօ­սաշրջու­թեան աս­պա­րէզին ձեռ­նարկած ըն­կե­րու­թիւննե­րը մայ­րա­քաղա­քի Աբո­վեան եւ այլ պո­ղոտա­ներու վրայ կը ծա­նու­ցա­նեն «ար­կա­ծային»՝ լեռ­նագնա­ցու­թիւններ, ար­շաւներ, շրջա­գայու­թիւններ եւ ճա­նապար­հորդու­թիւններ։ Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­կա­ծային տա­սը օր մը անցնե­լը բո­լորիս երազն է ան­կասկած։ Սա­կայն, եթէ պա­տահի որ դուք ձեր երա­զին մէջ տես­նէք ար­կած՝ պէտք է սար­սա­փիլ։ Երա­զահան վստա­հելի աղ­բիւրներ կը տե­ղեկաց­նեն, թէ «Երա­զի մէջ դուք կը տես­նէք, որ կը մաս­նակցիք զար­մա­նահ­րաշ եւ գրա­ւիչ ար­կածնե­րու, ապա դուք շու­տով մաս­նակցու­թիւն կ՛ու­նե­նաք վտան­գա­ւոր պա­տահա­րի»։

Այ­սօր, ար­կա­ծաշատ այս բառպտոյ­տը ապա­հովու­թեամբ աւար­տած ըլ­լա­լու գո­հու­նա­կու­թեամբ, որո­շեցի յօ­դուա­ծիս վեր­ջա­ւորու­թեան հնչեց­նել ար­կա­ծախնդիր կեանք ու­նե­ցած եր­գա­հանի մը ար­կա­ծալի մէկ եր­գը։ Ռու­բէն Հախ­վերտեանն է ան, որ տա­րիներ առաջ հե­ղինա­կած էր հե­տեւեալ խօս­քե­րը. «Սէրն իմ ան­յա­ջող ար­կած, / Մութ, կաս­կա­ծելի վար­կած»։ Իսկ մէկ այլ պատ­մութիւն էր անոր «Կու­րորտա­յին Սէ­րէ»եր­գը... Մնա­ցէք ապա­հով եւ անար­կած։

Իսկ ռես­տո­րանում ջու­թա­կը յան­կարծ

Ինչ որ բան յի­շեց կամ էլ ափ­սո­սաց,

Եւ ջու­թա­կի հետ կի­թառը զնգաց,

Գու­ցէ սէ՞ր է սա, այլ ոչ թէ ար­կած։