«... Հայ խորհրդարանականները «Ջութակ Կը Նուագեն», մինչ բարբարոսները դարպասներուն առջեւն են»... Հայկական մամուլի մէջ յայտնուած այս խորագիրը անխուսափելիօրէն զարմացուց թէ երաժշտասէր եւ թէ գրասէր հայը։ «Ջութակ»ը, այդ աղեղնաւոր քառալարը մերթ հեշտաձայն մերթ թախծաշունչ, ե՞րբ դարձաւ քաղաքական, չէ՞ որ ան պէտք էր որ հնչէր համերգասրահներու եւ քնարական քերթուածներու մէջ։ Այս անգամ ան ինչպէ՞ս դարձաւ քննադատական յօդուածի մը առաջին ջութակը... Յարգելի ընթերցող, այսօր որոշեցի խօսիլ «ջութակ» բառի մասին ու թել-թել ուսումնասիրել անոր հազարամեայ ոդիսականը։ Այժմ ականջ տանք «ջութակ» բառի հնչիւններուն։
«Ջութակ» բառի ստուգաբանութիւնը յայտնի չէ։ Բազմաթիւ այրեր փորձեր են բացայայտել անոր ծագումը, բայց աւա՜ղ, ան մնացեր է պատմութեան մէջ որպէս խուլ ու հեռաւոր ձայն մը։ Իսկ հայկական գրականութեան մէջ ո՞վ նուագեց «ջութակ» բառը առաջին անգամ, ի՞նչ հնչողութիւն ունէր, ի՞նչ խօսքեր ըսաւ... Այս հարցումներուն պատասխանը գտնելու համար պէտք է երթալ 11-րդ դար, Ռշտունեաց գաւառ, Նարեկավանք, քանզի հայկական գրաւոր լեզուի մէջ «ջութակ» բառը առաջին անգամ գործածեց Գրիգոր Նարեկացին։ «Մատեան Ողբերգութեան» ստեղծագործութեան մէջ երաժիշտ հոգեւորականը խօսեցաւ աղէկ լարուած ջութակներու մաին։ Ահա «ջութակ»ի առաջին եղանակը. «Օրինակ ձայնի հրեշտակին... նոր գործի շնորհի նուագարանաց Աւետարանին՝... աղէյարմար ջութակաց՝ բարետաւիղ ողբերգարկութեանց, բարացուցական բամբռան բառացի բարառնութեանց, սրինգ նորոգ...»։
Ապա լռեց բառս, լռեց մինչեւ 19-րդ դար։ Պատճառն այն էր, որ միջնադարու հայ տաղասացն ու աշուղը նախընտրեց ածել քամանջա ու սազ։ Բայց բառը զարգացաւ, յօրինեց բաղադրեալ բառեր, ո՛չ բազմաթիւ՝ հազիւ իր լարերու չափ։ «Ջութակ»ը իր աջ կողմը որպէս երկրորդ ձայն հիւրընկալեց՝ «սէր», «հար», «լար», «նման», «ձայն», «բանալի» բառերը, իսկ անոր ձախ կողմը բազմեցաւ «թաւ» ածականը։ «Ջութակ» բառով շինուած ամենամեծ բառի հետ յիշուելու պատիւին ալ արժանացան սակաւաթիւ տաղանդաւոր երաժշտուհիներ, որոնք կոչուեցան՝ «թաւջութակահարուհի»։ Իսկ ես, ձեր արտօնութեամբ յարգելի ընթերցող, այսօր կ՛առաջարկեմ նոր բարդ բառ մը, որպէսզի ճոխանայ «ջութակ» բառի ձայնը. «Տխրաջութակ», երգի կամ բանաստեղծի համար։ «Ջութակ» բառը նաեւ ունի փոխաբերական իմաստ մը. քաղցր, հաճելի ձայն հանող, հաճելիօրէն հնչող երեւոյթ, ինչպէս 1893 թուականին Վանի մէջ ծնած բանաստեղծ, թարգմանիչ Մարտիրոս Դաբաղեանը գրեր էր դար մը առաջ. «Անձրեւին տակ այս ջութակ, անձրեւին մէջ թել-թել»։ Իսկ դուք խաղաղ գիշեր մը եթէ այս նուագարանը տեսնէք ձեր երազին մէջ, բախտաւոր կրնաք զգալ, քանզի ան կը նշանակէ՝ ընտանեկան համերաշխ կեանք, իսկ նուագելը՝ բարեկամութիւն։
19-րդ դարուն պատահեցաւ գեղեցիկ երեւոյթ մը։ Պոլսահայ դերասանուհի Սիրանոյշը, նոյնպէս դերասանուհի Օլգա Գուլզանեանի գրի առած մտերմական նամակի մը մէջ արժանացաւ «ջութակաձայն» գնահատանքի. «...Ամենից առաջ պէտք է յիշել նրա երաժշտական աննման ձայնը... Երբեմն շշուկով արտասանած բառը նրա բերանից այնպէս մելոդիկ էր հնչում, որ կարծես ջութակի լարին քնքոյշ մատներով կպար»։ Նոյն օրերուն, Պոլիս այցելած բանաստեղծ եւ վիպագիր Կոստան Զարեանը նկատեց, թէ այդ քաղաքի հայերու լեզուն ջութակաձայն է. «Ի՜նչ գեղեցիկ է, ինչքա՜ն ճկուն է պոլսահայերէնը։ Թեթեւ է, վերասլաց, ջութակի սուր ձայների նման թրթռուն»։ Իսկ մեր օրերուն, յայտնի ջութակահար հայեր «ջութակ» բառով իմաստասիրեցին։ 2017 թուականին 33 ժամ 2 վայրկեան եւ 41 երկվայրկեան անընդմէջ ջութակ նուագելով համաշխարհային մրցանիշի տիրացած Նիկոլայ Մադոյանը ըսաւ. «Ջութակն իմ տարերքն է»։ Աշխարհահռչակ ջութակահար Սերգեյ Խաչատրեանը ընտանեկան ջերմութեամբ արտայայտուեցաւ. «Ջութակն իմ երեխան է»։ Երեւանի մէջ գործող վնագործ (ջութակ, եւ այլ լարային նուագարաններ շինող վարպետ) Մարտին Երիցեանը խօսեցաւ իր արուեստի մասին. «Ջութակը նման է խաչքարի. երբեք չի կրկնւում»։ Իսկ դուք կ՛ուզէ՞ք աշխարհի ամենափոքր ջութակի մասին քանի մը խօսք լսել։ Ան 0,8 մմ բարձրութիւն ունի, փայտի 16 կտորէ պատրաստուած է, զետեղուած է ասեղի մը անցքի մէջ, կը ցուցադրուի Երեւանի Տէր–Ղազարեաններու «միկրոարուեստ» թանգարանի մէջ ու այդ իւրայատուկ ցուցադրութիւնը կը կոչուի՝ «Ջութակը ասեղի անցքում»։ Իսկ 1905-ին Տրապիզոն ծնած ջութակահար Օննիկ Սիւրմէլեանը երբ օր մը որոշեց հրատարակել ինքնակենսագրութիւն՝ զայն անուանեց՝ «Կեանքիս գուպարը ջութակիս հետ»։
Բայց, յարգելի ընթերցող, «ջութակ» բառի ամենէն կախարդական հնչիւններու հեղինակն մեր քնարերգակ բանաստեղծները։ Անոնց փետրագրիչը յօրինեց զգայուն հոգիի մը ներաշխարհի խորերէն բխող մեղեդիներ։ Ահա երկու տողիկ Պոսֆորի ափերէն. «Զիլ գեղգեղներ ու նուագներ վրդովիչ, / ու ջութակի սարսուռին գիծը կարմիր...», «Հոգիս կը տանչէ / ջութակ մը հեռու»։ Առաջինը Միսաք Մեծարենցի նկարագրութիւնն է իրիկուան ձայներու, երկրորդի մէջ Մատթէոս Զարիֆեանի սիրտը ցնցուեցաւ հեռացած սիրով։ Իսկ հայրենիքի մէջ, Պարոյր Սեւակի համար, սիրտն էր նման լալահունչ ջութակի. «Ախ, սիրտս նաեւ նման է կարծես... Նման է կարծես նա մի ջութակի, / Որ միակ լարով եօթ լարից շատ է / Ազդում ու յուզում»։
Ապա եկան մեր քաղաքագէտները եւ անոնց մամլոյ ելեւէջները արձանագրող լրագրողնրեը։ Այն ժամանակ է, որ «ջութակ» բառը դուրս ելաւ իր մեղմ բնաւորութենէն ու գործիք դարձաւ անարուեստ պայքարներու։ Արտօնեցէք մէջբերեմ հետաքրքրական յայտարարութիւն մը. «Վարչապետը լինելու է առաջին ջութակը», պէտք է հասկնալ՝ առաջատար դերակատարում ունեցող անձ։ Աւելի զարմանալին, Հայաստանի ոստիկանութեան թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարի ծառայողները մայրաքաղաքի մէջ վերջերս իրականացուցին «Ջութակդ սպանում է քեզ» գործողութիւնը, որ «ջութակ» է անուանուած, քանի որ բանտերու մէջ ներարկիչին կ՚անուանեն՝ «ջութակ»։
Որպէս հրաժեշտ, պէտք է, որ ջութակը հնչէ։ Կը փափաքիմ հրաւիրել աւելի քան 800 երգ յօրինած, սիրային երգերու չափ ազատագրական երգեր ալ ստեղծած, այդ պատճառով հետապնդուած, երբեմն ելոյթները արգիլուած, մշտապէս ոստիկանութեան հսկողութեան ներքոյ ապրած, իսկ մէկ անգամ ջութակը բռնագրաւուած Ջիւանիին, այն աշուղը, որ իր «սիրելի», «հաւատարիմ», «մտերիմ ընկեր» ջութակը իր ծունկին դրած կը նուագէր։ Այժմ ձայն տանք անոր զգայուն թրթռացումներուն. «Ախ, իմ ցաւս դու կ՛իմանաս, մտերիմ ընկեր, ջութակս... Հոգուս ջութակը խանգարուեց, մէկ հատ լար չմնաց, մէկ տ՚ես... Երկուսս էլ հին ենք համարւում, թէ ես, թէ դու, ծեր ջութակս... Եղանակիդ քաղցրութիւնով յաջողութիւն բեր, ջութակս...»։ Յարգելի ընթերցող, կը փափաքիմ, որ դուք ձեր երազներու մէջ միշտ տեսնէք եւ նուագէք ջութակ։