ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Մարմար

Ինչպէ՞ս ան­տե­սէի «մար­մար» բա­ռը, Մար­մա­րա ծո­վու ափե­րէն հիւր եկած այն յոյ­նը, որ եր­կու հա­զար տա­րի է, որ փայլ կու տայ մեր մայ­րե­նիին։ Ծա­ռայա­սէր այդ գո­յակա­նը հե­զու­թեամբ սպա­սեց, որ նախ «քար», «ժայռ», «բե­կոր»եւ «փո­շի»բա­ռերը յայտնո­ւին այս էջի վրայ, որ­մէ յե­տոյ ինք կա­րենայ պար­զել իր գրա­կան գե­ղեց­կութիւննե­րը։ Ուստի այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող, նա­ւար­կենք Փոքր Ասիոյ հիւ­սիս-արեւմտեան ան­կիւնը, գողտրիկ Մար­մա­րա ծո­վը, որ­պէսզի գտնենք «մար­մա­ր» քա­րի եւ բա­ռի ծննդա­վայ­րը։

Մար­մա­րան Եգէական եւ Սեւ Ծո­վերու մի­ջեւ փակ-ծով է։ Անու­նը ստա­ցեր է իր Մար­մա­րա կղզիէն։ Իսկ կղզին այդպէս կո­չուած է՝ հոն եղած սպի­տակ մար­մա­րի հան­քե­րու պատ­ճա­ռով։ Այդ սպի­տակ, փայ­լուն քա­րը յոյ­նե­րը կը կո­չէին μαρμάριον (մար­մա­րիոն)։ Բա­ռը բուն կը նշա­նակէ «փայ­լիլ»։

Ազ­նիւ քար է մար­մա­րը։ Ան մե­զի նո­ւիրեց խո­րանի սպի­տակա­փայլ խաչ, բաղ­նի­քի ողորկ գուռ եւ հան­գուցեալի նրբա­տաշ շիր­մա­քար։ Հա­յոց պատ­մութիւ­նը գո­վես­տով կը յի­շէ Սիս քա­ղաքի մէջ Հե­թում Ա.թա­գաւո­րի կա­ռու­ցած այն դար­պաս-ապա­րան­քը, որ ու­նէր մար­մա­րեայ սեւ սիւ­նա­շարեր։ Նոյն քա­ղաքի մէջ Զա­պէլ թա­գու­հիի բա­րեգոր­ծա­կան հի­ւան­դա­նոցի հիմ­նադրա­մի ար­ձա­նագ­րութիւ­նը փո­րագ­րո­ւած էր մար­մա­րի վրայ։

Մինչ բարձրա­ճաշակ քան­դա­կագոր­ծեր մուրճի եւ հա­տիչի հա­րուած­նե­րով կը կո­փէին մար­մա­րը, հայ բա­նաս­տեղծներ ալ իրենց փետ­րագրի­չով շունչ կու տա­յին «մար­մար» բա­ռին։ Քա­նի որ ըն­թերցող­նե­րուս մե­ծամաս­նութեան հա­մար կա­րելի չէ լո­ղալ այդ ծո­վու ափե­րուն վրայ, այժմ կ՛առա­ջար­կեմ ծփալ «մար­մար» բա­ռի գրա­կան աւա­զանի մէջ։

«Մար­մար» բա­­ռը աւան­­դո­­­ւած չէ հայ­­կա­­­կան հին մա­­տենագ­­րութեան մէջ։ Անոր գրա­­կան առա­­ջին նշոյլնե­­րը վա­­յելե­­լու հա­­մար պէտք էր սպա­­սել մին­­չեւ ուշ-միջ­­նա­­­դար։

18-րդ դա­­րուն, Սա­­յաթ-Նո­­վան նկա­­տեց, թէ իր եարը նման է մար­­մա­­­րի. «Դօ­­շը մար­­մար, բո­­յով չի­­նար»։ Աշու­­ղը, ըստ երե­­ւոյ­­թին չկշտա­­նալով այդ պատ­­կե­­­րին, գովք մը եւս հիւ­­սեց. «Մար­­մար դօ­­շին մար­­ջան կա­­խելիս տե­­սայ»։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, «մար­­մար» բա­­ռը, որ պատ­­մութեան մէջ դեռ պի­­տի գո­­վաբա­­նէր բազ­­մա­­­թիւ հա­­յու­­հի­­­ներ, նոյն օրե­­րուն ի՛նքը դար­­ձաւ հա­­յու­­հի։ «Մար­­մար»ը 18-րդ դա­­րէն սկսեալ գոր­­ծա­­­ծուող հա­­զուա­­գիւտ իգա­­կան անուն է։ Հա­­յոց պատ­­մութեան մէջ յի­­շուած առա­­ջին տի­­կին «Մար­­մար»ը Սա­­յաթ Նո­­վայի կինն էր (*)։ Սե­­րունդ մը յե­­տոյ Խա­­չատուր Աբո­­վեանն ալ «մար­­մար» բա­­ռը գոր­­ծա­­­ծեց, երբ «Վէրք Հա­­յաս­­տա­­­նի» վէ­­պի մէջ նկա­­րագ­­րեց հայ գե­­ղեց­­կուհի Թա­­գու­­հիին. «Նրա լու­­սե­­­ղէն ճա­­կատը, նրա մար­­մար, նուրբ քի­­թը»։ Իսկ հայ գեղ­­ջուկը, իր բա­­նաւոր գրա­­կանու­­թեն մէջ ձիւ­­նի սպի­­տակու­­թեան վրայ աւել­­ցուց մար­­մա­­­րի շքե­­ղու­­թիւնը։ Ահա «պա­­րերգ» մը, որ յի­­շուած է Գա­­րեգին Սրո­­ւանձտեան­­ցի «Հա­­մով-Հո­­տով» աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեան մէջ. «Եր­­կինքն էր ամ­­բեր, կու գէր մար­­մար ձիւն»։ Երբ Գա­­րեգին Սրո­­ւանձտեան­­ցը գիւղ-գիւղ կը շրջա­­գայէր որ­­պէս բա­­նահա­­ւաք, բազ­­մա­­­թիւ բնա­­կավայ­­րեր մօտ կամ հե­­ռու, «մար­­մար» բա­­ռը կը վա­­յելէին որ­­պէս տե­­ղանուն։ Ահա մեր լեռ­­նաշխար­­հէն ըն­­տիր անուններ. «Մար­­մար», Կար­­սի բարձրա­­վան­­դա­­­կի վրայ լեռ­­նա­­­գագաթ, Խոր Վի­­րապի մօտ բլուր, «Մար­­մա­­­րաշէն», Շի­­րակի մէջ բերդ եւ վանք, «Մար­­մա­­­րիկ», Հրազ­­դան գե­­տի աջ վտա­­կը եւ Հրազ­­դան քա­­ղաքի մօտ գիւղ։ Իսկ «Մար­­մար քար» կո­­չուա­­ծը, - ին­­ծի հա­­մար դժո­­ւար էր հաս­­տա­­­տել, թէ մին­­չեւ այ­­սօր գո­­յու­­թիւն ու­­նի թէ չէ - Դեր­­սի­­­մի մօտ, Չմշկա­­ծագի շրջա­­նի մէջ սպի­­տակ ժայռ էր, որու վրայ կար Խար­­տի­­­շարի Սուրբ Կա­­րապետ վան­­քին նա­­յող՝ հին հայ­­կա­­­կան տա­­րազով կնոջ մար­­մա­­­րեայ ար­­ձա­­­նը։

«Մար­­մար» բա­­ռը մեր լե­­զուին տո­­ւաւ հինգ-վեց բա­­ղադ­­րեալ բառ։ Ահա այդ ըն­­տիր հա­­ւաքա­­ծոյի առա­­ջին երեք ան­­դամնե­­րը. մար­­մա­­­րաձեւ, մար­­մա­­­րապատ, մար­­մա­­­րեղէն։ Իսկ յա­­ջորդ երե­­քը տես­­նե­­­լու հա­­մար պի­­տի բա­­ւէր եր­­թալ Զմիւռնիա, այն օրե­­րուն երբ Ս. Ստե­­փանոս բարձրա­­շէն եկե­­ղեցին կանգնած էր քա­­ղաքի մէջ։ Հայ պատ­­մի­­­չի մը բա­­ռերով այդ եկե­­ղեցին ու­­նէր «մար­­մա­­­րաշէն գա­­ւիթ», «մար­­մա­­­րեայ սիւ­­ներ» եւ «մար­­մա­­­րակուռ բեմ»։ Պեր­­ճութեան այդ օրե­­րուն է, որ գե­­ղապաշտ սե­­րունդի գրիչ­­ներն ալ «մար­­մար» բա­­ռին տո­­ւին իր յայտնի փայ­­լը։

«Մար­­մար» բա­­ռով հայ քնա­­րեր­­գա­­­կը գե­­ղաքան­­դակ պատ­­կերներ կեր­­տեց։ Մի­­սաք Մե­­ծարենցն էր անոնցմէ մէ­­կը. «Քա­­նի դի­­տեմ դէմքն սպի­­տակ զերթ մար­­մար, / Շիթ շիթ ար­­ցունք կը քա­­րանայ սրտիս մէջ»։ Եղիա Տէ­­միր­­ճի­­­պաշեանը մա­­հուան տե­­սիլ մը քան­­դա­­­կեց. «Տա­­պանա­­քարս՝ մար­­մար կոյս, / Թե­­ւերուս մէջ գրկեմ»։ Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժա­­­նի հա­­մար, որ ի՛ր բա­­ռերով ու­­նէր «մար­­մար ճա­­կատ», այդ բա­­ռը նախ խորհրդան­­շեց հա­­յոց հին փառ­­քը՝ «Գար­­նա­­­նամուտ երե­­կոյ մ՛իր պա­­լատին մէջ մար­­մար, / Բա­­կուր, Սիւ­­նեաց Նա­­հապետ, շքեղ հան­­դէս մը կու տար», ապա՝ անոր ան­­կումը. «Անի։ Քայ­­քա­­­յուե­­ցար մար­­մար մար­­մար»։ Բա­­նաս­­տեղծը օր մը նաեւ նկա­­րագ­­րեց արե­­ւելեան բա­­ղանի­­քը ու մենք տե­­սանք «պոր­­տա­­­քարը մար­­մար», «մար­­մար ծո­­րակ­­ներ» եւ «Մար­­մարնե­­րուն վրայ նստած զիս­­տեր»։ Սիաման­­թօն «մար­­մար»ով կեր­­տեց ըն­­տիր ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ. «Երա­­զիս մար­­մա­­­րեայ եզերքնե­­րուն վրայ», «Մար­­մար մեր­­կութիւն», «Բա՚ց մար­­մար դու­­ռը մե­­հեանիդ»։ Ապա եր­­գեց սէ­­րը. «Եր­­կու ձեռ­­քե­­­րուս / Մար­­մար թա­­սի մը ձե­­ւը տա­­լով, / Հե­­ծեծան­­քով սի­­րոյս կայ­­ծերն անոր մէջն ես կ՚ար­­տա­­­սուեմ»։ Բա­­նաս­­տեղծը «մար­­մար» բա­­ռին նաեւ տո­­ւաւ ազ­­գա­­­յին շունչ. «Կո­­թող­­նե­­­րը Փառ­­քին / Մար­­մար առ մար­­մար սե­­րունդիդ ձեռ­­քե­­­րովը պի­­տի բարձրա­­նան… / Զա՚րկ, Կով­­կաս, աւե­­րակեալ ու ար­­ցունքոտ Հա­­յաս­­տա­­­նին աչ­­քե­­­րը քե­­զի կը նա­­յին»։ Ապա եկան եղեգ­­նեայ այլ գրիչ­­ներ ու փա­­ռաբա­­նեցին «մար­­մար»ը, զայն վե­­րածե­­ցին երա­­զային ու նա­­խան­­ձե­­­լի բա­­ռի. «Պեր­­ճա­­­խօս մար­­մար», Աւե­­տիս Ահա­­րոնեան, «Խա­­ւարի սեւ մար­­մար... Մար­­մա­­­րէ ալիք­­ներ... Մար­­մար ժպիտ», Յա­­կոբ Օշա­­կան, «Երա­­զում եմ ես լու­­սա­­­ւոր մի գետ / Մար­­մա­­­րեայ տներ ափե­­րին նրա», Եղի­­շէ Չա­­րենց։ Չա­­րենցն էր, որ 1936-ին գրի առաւ ներ­­բո­­­ղական ջերմ բա­­նաս­­տեղծու­­թիւն, զայն նո­­ւիրեց իր գրչա­­կից ըն­­կեր Ակ­­սել Բա­­կունցին, անո­­ւանեց «Ա.Բ.-ին», ու ըսաւ. «Եւ բա­­ռերի հա­­մար քո մար­­մա­­­րեա՛յ... խեղճ իմ բա­­րեկամ / Ես քեզ օրհնում եմ արդ իմ անա­­ղարտ եր­­գով»։

«Մար­­մար» բա­­ռի վեր­­ջին ու ամե­­նէն իմաս­­տա­­­սիրա­­կան գոր­­ծա­­­ծու­­թիւնը եկաւ Զահ­­րա­­­տէն, պոլ­­սա­­­հայ այն բա­­նաս­­տեղծէն, որ կը սի­­րէր Մար­­մա­­­րա ծո­­վու Գը­­նալի կղզիի վրայ անցնել իր ամառ­­նա­­­յին ար­­ձա­­­կուրդնե­­րը։ Իր գրա­­կան հե­­րոս Կի­­կոյին նո­­ւիրո­­ւած բա­­նաս­­տեղծու­­թեան մը մէջ մար­­մա­­­րի ծան­­րութիւն ստա­­ցաւ լռու­­թիւնը.

Կի­­կոյին եր­­գը մռնչիւն ար­­դար

Բո­­ղոք մը վեր­­ջին –

սա­­հող կեան­­քին դէմ

Կի­­կոյին եր­­գը

լռու­­թիւն մար­­մար։

Այ­­սօր յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, ժո­­ղովրդա­­կան հա­­զուա­­գիւտ «Լուսնեակ գի­­շեր, զով գի­­շեր» եր­­գով կը փա­­փաքիմ ձե­­զի հրա­­ժեշտ տալ, որ­­պէսզի մար­­մա­­­րի նման պայ­­ծառ աւարտ մը ուե­­նայ այս յօ­­դուա­­ծը.

Պա­­տու­­հանդ բաց արա,

Մար­­մար մար­­մինդ տես­­նեմ,

Ար­­տա­­­սունքով լի լցրած,

Սեւ-սեւ աչե­­րիդ մեռ­­նեմ։

* Ըստ ըն­­թա­­­ցիկ վի­­ճակագ­­րութեան, Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ յի­­սուն տիկ. Մար­­մարներ կան։