ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Ծուխ

Հրկիզուած շքեղ քաղաքի ողբ, աշուղի այրած սիրտ, նա­ւասար­դեան առա­ւօտի ծխան... Հայ երգն ու տա­ղը վկայ, շատ ծուխ բարձրա­ցաւ հա­յոց աշ­խարհի վրայ, ծուփ-ծուփ, հողմնա­ծածան, մերթ թաւ­շա­փայլ եւ քաղցրա­բոյր, մերթ գար­շա­հոտ եւ չա­րաշուք, իսկ քնա­րեր­գակ բա­նաս­տեղծնե­րու ձեռ­քին մէջ միշտ հիւ­րընկալ, - ինչպէս Մի­սաք Մե­ծարեն­ցը կը ցան­կա­նար ըլ­լալ, - հիւղ մը, որ ու­նի եկո­ւոր­ներ դի­մաւո­րող ջերմ ծուխ ծխա­նի։ Այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող, երբ դար­ձեալ ծուխ պա­տեր է Հա­յոց աշ­խարհը, ծուխ ու ծծումբ է սահ­մաննե­րու վրայ, բայց նաեւ երբ Ս. Ծննդեան պա­տարա­գի Աս­տուածա­հաճոյ ծուխ բարձրա­ցեր է խո­րան­նե­րէն, ու մայ­րա­քաղա­քի հարսնիք­նե­րուն ալ սո­վորու­թիւն դար­ձած է գու­նա­ւոր ծու­խեր ար­ձա­կել երբ նո­րապ­սակ զոյ­գը իր առա­ջին պա­րը կը պա­րէ, որո­շեցի գրել «ծուխ» բա­ռի մա­սին, որ­պէսզի անոր բա­րակ պատ­մութիւ­նը չան­հե­տանայ օդի մէջ։

Ո՞ր կրա­կը պատ­ճառ եղաւ, որ առա­ջին ան­գամ ծուխ ել­լէ մեր մայ­րե­նիի մէջ։ Չենք գի­տեր։ Լե­զուա­բան եւ ստու­գա­բան այ­րե­րը մեր, անոր աղ­բիւրը դեռ չեն գտեր, ու այդ բո­սոր կրա­կը մին­չեւ այ­սօր չէ մա­րեր, քան­զի պա­ռաւ մը ամէն գի­շեր սրբա­զան հու­րը ծած­կեր է բիլ մո­խիրով ու ան­թեղ պա­հեր է զգու­շօ­րէն, որ­պէսզի հա­յոց օճա­խը չմա­րի։

Թէեւ չենք գի­տեր, թէ ի՛նչ է «ծուխ» բա­ռի ար­մա­տը կամ ծա­գու­մը, գի­տենք անոր հնա­գոյն եր­կու գոր­ծա­ծու­թիւնը։ Եր­կու գու­լա­ներ են անոնք, հա­յոց ան­գիր դպրու­թեան եր­կու պլպլան պա­տառիկ­ներ։ Առա­ջինը Վա­հագ­նի ծննդեան օրը եղէգ­նե­րէն վա­զող ծուխն է. «Ընդ եղէ­գան փող ծուխ ելա­նէր»։

Յա­ջորդ ծու­խը Քրիս­տո­սէ առաջ 160 թո­ւակա­նին Ար­տա­շէս Ար­քան շշնջաց. «Ո՜ տայր ինձ զծուխն ծխա­նի եւ զա­ռաւօտն Նա­ւասար­դի»։ Այ­նուհե­տեւ, «ծխա­նի ծուխ»ը դար­ձաւ յայտնի ար­տա­յայ­տութիւն։ Ան հայ­րե­նի օճախն է, անոր լոյ­սի եւ ջեր­մութեան շուրջ բո­լորո­ւած բազ­մա­սերունդ ըն­տա­նիքը եւ այդ ըն­տա­նիքի խա­ղաղ կեան­քը։ Առա­ւելա­բար, ըն­տա­նեկան ամէն տնտե­սու­թիւն ալ կո­չուե­ցաւ «ծուխ»։ Եւ այդ գի­շեր պար­տա­ճանաչ պա­ռաւը դար­ձեալ բիլ մո­խիրով պա­տեց կրա­կը, որ ան չմա­րի, ծխայ մին­չեւ Սուրբ Գիր­քի մուտքը Հա­յաս­տան։

Եր­կու դար յե­տոյ Քրիս­տո­նէու­թեան բո­ցը ար­ձա­կեց նոր ծուխ՝ «Եկե­ղեցա­կան ծուխ»։ Մեր լեռ­նաշխար­հի վրայ քա­հանա­ները իրեց յանձնո­ւած հա­ւատա­ցեալ­նե­րը հա­շուե­ցին ծու­խի թի­ւով։ Հե­տեւա­բար, բնա­կավայ­րը ու­նե­ցաւ «ծխա­տէր», «ծխա­տուն» եւ «ծախ­կան», այ­սինքն՝ ծա­ռայող քա­հանայ, անոր յատ­կա­ցուած բնա­կարան եւ հա­ւատա­ցեալ։ Սուրբ Գիր­քը ու­նի ծխա­խառն, ծխա­թաթախ եւ ծխա­շունչ խօս­քեր, ինչպէս՝ «Ծուխ նո­րա ելա­նէր յա­ւիտեանս յա­ւիտե­նից», «Բե­րանոյ նո­ցա հուր ելա­նէր եւ ծուխ եւ ծծումբ» եւ «Ծուխ բար­կութեան»։ Նոյն օրե­րուն Ար­ցա­խի եւ Ու­տի­քի հա­յազ­գի թա­գաւոր «բա­րեպաշտ» Վա­չագա­նի բա­նակը, պատ­մութիւ­նը լաւ կը յի­շէ, ճա­կատ կ՛եր­թար սուրբի մա­սունքնե­րով, ոս­կի խա­չով եւ խունկի ծու­խով. «Խաչ ի ձեռն, սաղ­մո­սանո­ւագ եր­գովք [...] ծուխ խնկե­լոցն ուժգին բու­րեալ»։ 10-րդ դա­րուն Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին Վա­նայ լի­ճի ծխամ­շուշ գա­գաթ­նե­րը դի­տելով խոս­տո­վանե­ցաւ, թէ իր մար­մի­նը, հո­գին եւ արարքնե­րը մե­ղաւոր են, անոնք նման են գար­շե­լի ծու­խի. «Սիրտս նան­րա­խոր­հուրդ, բե­րանս չա­րախօս, ոտնս մո­լորա­շաւիղ, ըն­թացքս աներ­կիւղ, հետք խո­տոր­նակ, շունչ ծխա­խառն»։ Պա­ռաւը այդ գի­շեր նո­րէն բիլ մո­խիրի մէջ պա­հեց ան­թե­ղը, որ­պէսզի տա­սը դար եւս ծխայ հա­յու օճա­խը։

Երա­զային եւ խորհրդա­ւոր է «ծուխ»ը։ Անոր ոլոր­նե­րու մէջ պլլո­ւած են բազ­մա­թիւ այլ իմաստներ։ Ականջ տանք Ակ­սել Բա­կունցին. «Ծուխ է եւ ու­նայնու­թիւն աշ­խարհը»։ Ան նաեւ կրակ է, որ­պէս շէ­նու­թեան եւ կեն­­դա­­­նու­­թեան նշան։ Գո­­լոր­­շի կամ շո­­գի կը նշա­­նակէ ան, երբ «ձիերու ռունգե­­րէն ծուխ ել­­լէ», իսկ մշուշ է՝ երբ «ծու­­խը պա­­տէ լեռ­­նե­­­րու կա­­տարը»։ «ծուխ» բա­­ռը ծնունդ տո­­ւաւ պատ­­կե­­­րալից այլ դար­­ձո­­­ւածքնե­­րու. «Ծու­­խը քա­­միին տալ», մէ­­կուն ոչնչաց­­նել, տու­­նը քան­­դել, տուն ու տե­­ղը աւ­­րել, այ­­րել, բնաջնջել։ «Ծու­­խը քի­­թէն դուրս գալ», սաս­­տիկ ցաւ զգալ, «Ծուխ դառ­­նալ», ան­­հե­­­տանալ, չքա­­նալ։

Ամէն ան­­գամ, որ օճախ մը վա­­ռեցինք, ամէն ան­­գամ, որ բուրվառ­­նե­­­րը ճո­­ճուե­­ցան, անոնց ծու­­խէն բարձրա­­գաւ նոր բառ, բարդ ու զար­­մա­­­նալի։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, ծու­­խը կեն­­դա­­­նու­­թիւն է իս­­կա­­­կան։ Հա­­յոց բա­­ռարան­­նե­­­րը եր­­կու հա­­րիւ­­րի չափ «ծուխ» բու­­րող բա­­ղադ­­րեալ բա­­ռեր ու­­նին իրենց էջե­­րուն մէջ ոլո­­րուած։ Յի­­շեմ քա­­նի մը ըն­­տիր նմոյշ. ծխա­­բոյժ, ծխա­­գիծ, ծխա­­զուրկ, ծախ­­թոյր, ծախ­­դէմ, ծխա­­համ... Հա­­յը, շնոր­­հիւ «ծուխ» բա­­ռի շա­­ռաւիղ­­նե­­­րուն ու­­նե­­­ցաւ նաեւ «Ծխա­­զուրկ հնա­­վայ­­րեր», «Ծխա­­հեղձ սե­­նեակ­­ներ», «Ծխա­­շատ աւան­­ներ», «Ծխա­­պատ հո­­վիտ­­ներ»... Հայ ծխա­­կան քա­­հանան ու­­նե­­­ցաւ «ծխա­­մատեանէ մը, այն մա­­տեանը, որուն մէջ հա­­ւատար­­մա­­­բար ար­­ձա­­­նագ­­րեց ծնունդի, մա­­հուան եւ ամուսնու­­թեան վե­­րաբե­­րող տո­­ւեալ­­ներ։ Իսկ դուք, կ՛ու­­զէ՞ք լսել մեր լե­­զուի ամե­­նաեր­­կար «ծուխ»ը։ Չորս հատ են անոնք. «ծխա­­խոտա­­բու­­ծութիւն», «ծխա­­խոտա­­գոր­­ծա­­­րան», «ծխա­­խոտա­­գոր­­ծութիւն» եւ «ծխա­­խոտա­­գոր­­ծուհի»։

Մեր կրա­­կը չմա­­րեցաւ։ 19-րդ դա­­րուն գրա­­կան նոր ծու­­խեր բարձրա­­ցան։ Հայր Ղե­­ւոնդ Ալի­­շանը ըսաւ, թէ երբ ծուխ կ՛ար­­ձա­­­կէ Աւագ Մա­­սիսը սա բա­­րի նշան է. «Կան­­չեմ ու շնչեմ, ար­­ձա­­­կեմ ծուխ, բոց... / Այս ըլ­­նի նշան Հա­­յոց աշ­­խարհին... / Շար­­ժի՚ր, հա՚ շար­­ժի՚ր, Աւագդ Մա­­սիս... / Շնչէ՚, հա՚ շնչէ ծխիկ ծի­­րանի»։ Ռա­­փայէլ Պատ­­կա­­­նեանը նկա­­րագ­­րեց, թէ իր օրե­­րուն մար­­տա­­­կան ու­­ժե­­­րէն զրկո­­ւած Հա­­յաս­­տա­­­նը ի՞նչ վի­­ճակ ու­­նէր. «Սեւ ծուխ է պա­­տել հա­­յոց երկնքին»։ Մի­­սաք Մե­­ծարեն­­ցը Պոլ­­սոյ մէջ քնա­­րական ծու­­խով պա­­րու­­րո­­­ւած տե­­սիլ­­ներ ու­­նե­­­ցաւ. «Ծուխն որ բիլ բիլ կ'ամ­­պա­­­նայ», «Եկո­­ւոր­­նե­­­րուն դի­­մաւոր՝ ծխա­­նիս ծուխն ամ­­պէի», «Խունկին ծու­­խը կը պա­­րու­­րէ իր նշխար»։ Նման տե­­սիլք մը ու­­նե­­­ցաւ Տիգ­­րան Չէօկիւ­­րեանը. «Եր­­դիքնե­­րէ նի­­հար կապ­­տո­­­րակ ծուխ մը կ՚ոլո­­րուէր»։ Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժա­­­նը հայ­­րե­­­նի տան կա­­րօտով գրեց. «Եղեգ­­նեայ գրչով օճախս եր­­գե­­­ցի, / Ընդ եղե­­գան փող ծո՚ւխ ելա­­նէր»։ Ապա նկա­­րագ­­րեց ջար­­դը. «Տե՚ս. աւա­­սիկ ամէն ինչ / Կը գա­­լարո­­ւի, կը ճար­­ճա­­­տի, կը մեռ­­նի, / Ծուխ է, մո­­խիր եւ աւեր»։ Թէ­­քէեանը եր­­գեց սէ­­րը. «Ու եթէ սէրս ոմանք / Երկքնին վրայ՝ ան­­սահմա՜ն / Տե­­սան ծու­­խի մը նման, Կրակն անոր չտե­­սան»։

Հո­­վեր եկան, քա­­միներ ան­­ցան, գրա­­կան ծուխ բարձրա­­ցաւ հա­­յոց աշ­­խարհի արե­­ւելեան ծխան­­նե­­­րէն։ Աւե­­տիք Իսա­­հակեանը նկա­­րագ­­րեց Շի­­րակի դաշ­­տե­­­րու հո­­վուա­­կան խա­­ղաղ կեան­­քը. «Կը տես­­նեմ ահա -- լուռ երե­­կոյին / Բա­­րակ ծուխ կ՚ել­­նէ իմ հօր օճա­­խէն. / Ծղրի­­թը կ՛եր­­գէ ան­­տես խոր­­շե­­­րէն / Եւ ու­­ռի­­­ներս մար­­մանդ՝ կ՚օրօ­­րուին»։ Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանը պատ­­մեց Լո­­ռուայ սա­­րերու ազա­­տատենչ ար­­ծի­­­ւի հէ­­քիաթը. «Ար­­ծի­­­ւը գե­­րի, / Մի կա­­րօտա­­լի / Հա­­ռաչանք թռաւ, / Ծուխ դար­­ձաւ, կո­­րաւ / Դէ­­պի ժայ­­ռե­­­րը / Իմ հայ­­րե­­­նիքի»։ Սե­­րունդ մը յե­­տոյ, Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցը իմաս­­տա­­­սիրեց. «Օրե­­րը ծուխ կ՛ըլին, տա­­րին կը մնայ»։ Պա­­րոյր Սե­­ւակը նկա­­րագ­­րեց Հա­­յաս­­տա­­­նը. «Դու՝ հայ­­րե­­­նի ծխա­­նի ծուխ, / Դու՝ ան­­գի՚ր վէպ, դու՝ Սաս­­նայ ծո՜ւռ»։ Նման պատ­­կե­­­րացում գրի առաւ Վա­­հագն Դաւ­­թեանը. «Հա­­յաս­­տա՚ ն, իմ տուն, իմ ծուխ»։ Դե­­րենիկ Դե­­միր­­ճեանի հա­­մար սրբու­­թիւն էր ծխա­­նի ծու­­խը. «Թանկ ինչպէս կեանք, եւ առա­­ւել թանկ, ինչպէս ազա­­տու­­թիւն, սի­­րելի ես ծուխ ծխա­­նի տանն իմ հայ­­րե­­­նի»։ Յով­­հաննէս Շի­­րազը բա­­ցատ­­րեց, թէ ի՛նչ կը փա­­փաքի Լիմ կղզին. «Յա­­ւերժ ծուխ է Աստծուց խնդրում ոս­­կե­­­բուրվառ հայ խունկին»։ Ապա, գեղջկա­­կան օրե­­րը ան­­ցան, սայլն ու ձին պատ­­մութիւն դար­­ձան, գոր­­ծա­­­րան­­նե­­­րու ծխան­­ներ խո­­յացան Շի­­րակի մէջ, ու Կիւմրի քա­­ղաք մտաւ՝ ինքնա­­շար­­ժը։ Բա­­նաս­­տեղծ Խա­­չիկ Դաշ­­տենցը տրտմե­­ցաւ։ Ծու­­խը, որ խա­­ղաղու­­թիւն էր եւ ան­­մե­­­ղու­­թիւն, բա­­նաս­­տեղծի խօս­­քով դար­­ձաւ «հրէշ». «...Շի­­րակը լցուած բիւր աւ­­տո­­­ներով, / Վա­­զում են, սու­­լում հե­­ւաս­­պառ, արագ, / Գիւմրին ծած­­կե­­­լով ծխով ու նաւ­­թով»։

Երբ գորշ ծու­­խը հե­­ռանայ մեր եր­­կի­­­րէն, ի՞նչ կը մնայ... Երգ ու քնար ան­­կասկած, թոն­­րի ծուխ յա­­ւեր­­ժա­­­կան։ Ապա, հա՛րս, պսա­­կիդ օրը երազ­­նե­­­րուդ բիւր գոյ­­նե­­­րովը ծուխ կ՚ել­­լէ երբ առա­­ջին պա­­րը պա­­րես փե­­սայիդ հետ, ծխա­­նէդ բա­­րակ ծուխ կ՚ել­­լէ, ծուփ-ծուփ, ծի­­րանի, ծայ­­րա­­­կար­­միր, ապա դուն կը պա­­հես ան­­թե­­­ղը, որ­­պէսզի չմա­­րի մեր օճա­­խը։ Այդ օր ալ կը լսո­­ւի երգդ հայ­­րե­­­նի.

Սաս­­մա կ՚ել­լէր բա­րակ ծուխ,

Հա­նի նա­նի նա­նի նա,

Հա­նի նա ես ու դու...

Առա­ւօտուն թունդիր բոց,

Հա­նի, նա­նի, նա­նի, նա,

Հա­նի նա, ես ու դու,

Արի էղ­նինք գիրկ ու ծոց,

Հա­նի, նա­նի, նա­նի, նա,