ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Սին

Ինչպէս ան­ցաւ այս տա­րին- իմաս­տա­լի՞ց, թէ ոչ՝ ...։ Յե­տադարձ ակ­նարկ մը նե­տենք ու մտա­ծենք միասին...։ Յար­գե­լի ըն­թերցող եթէ 2021-ը նկա­րագ­րե­լու հա­մար մեծ-մեծ ածա­կան­ներ սկսե­ցին տոաղնցել ձեր մտքին մէջ, ինչպէս՝ դա­տարկ, ան­պա­րու­նակ, բո­վան­դա­կազուրկ, իմաս­տա­զուրկ, անի­րական, ապար­դիւն, կամ՝ անար­դիւնա­ւէտ, դուք բո­լորը հա­ճեցէք դնել մէ­կ դի, որով­հե­տեւ աւար­տող տա­րին կա­րելի էր ամ­փո­փել միավան­կի մը մէջ՝ սին։ Այ­սօր, երբ քա­ղաքա­գէտ­նե­րը կու տան սին խոս­տումներ, ըն­կե­րային ցան­ցե­րու մէջ կը հո­սին սին լու­րեր ու սին են խա­ղաղու­թեան բա­նակ­ցութիւննե­րը՝ որո­շեցի որ մեր բա­ռարան­ներն եւ բա­նաս­տեղծնե­րը խօ­սին այդ տխրահռչակ բա­ռի՝ այ­սինքն «սին» եռա­տառի մա­սին։

Բնիկ բառ է «սին»։ Ու­նի յու­նա­կան զար­միկ մը՝ κενός- «քե­նոս», այ­սինքն՝ դա­տարկ, չնչին։ Եր­կու բա­ռերը հայ-յու­նա­կան զու­գա­բանու­թեան օրի­նակ մըն են։ Ինչպէս ամէն բառ, նոյնպէս ալ «սին»ը որո­շեց մեծ­նալ, դառ­նալ աւե­լի մեծ դա­տար­կութիւն մը։ Հա­յոց լե­զուի պատ­կա­ռելի պա­րապու­թիւններն են թի­ւը 50-ի հաս­նող այն բա­ղադ­րեալ բա­ռերը, որոնց ար­մա­տը «սին» է։ Ահա քա­նի մը օրի­նակ։ Հա­յը եր­բեմն «սնա­պաշտ» եւ «սնա­հաւատ» է, ան հե­տամուտ կ՚ըլ­լայ «սնո­տի» ար­ժէքնե­րու, ու­նե­ցեր է «սինլքեալ» եւ «սինլքոր» դէմ­քեր, բե­մերու վրայ միշտ կը յայտնո­ւի «սնա­պարծ» եւ «սնա­փառ» մը, որ կը սնա­նի ծա­փահա­րու­թիւննե­րով, եւ վեր­ջա­պէս՝ ժո­ղով­նե­րու մէջ հա­յը դիւ­րութեամբ կը դառ­նայ «սնա­բան»։ Վեր­ջի­նը այնքան տա­րածո­ւած է եղած, որ մեր մայ­րե­նին, ամօ­թահար ան­կասկած, հար­կադրո­ւեր է ստեղ­ծել «սնո­տիաժո­ղով» բա­ռը։ Չեմ ու­զեր սնո­տիախօ­սու­թիւն ընել ու այժմ ձե­զի կը ներ­կա­յաց­նեմ «սին» բա­ռըն­տա­նիքի ամե­նայայտնի եր­կու ան­դա­մը։ Մէ­կը ան­կուտի է, միւ­սը՝ ան­մի­ջուկ, այ­սինքն մէ­կը «սնան­կա­նալ» բայն է, իսկ միւ­սը՝ «սնա­մէջ» ածա­կանը։ Հա­յը անոնց տո­ւաւ փո­խաբե­րական իմաս­տներ ալ, որ­պէսզի կա­րենայ իր պատ­մութիւ­նը ըմբռնել։ Իր հա­զարա­մեայ ան­ցեալի մէջ հա­յը բազ­մա­թիւ ան­գամներ ու­նե­ցաւ «սնան­կա­ցած» կամ «սնա­մէջ» ջան­քեր, գա­ղափար­ներ, քա­ղաքա­կանու­թիւններ, յաղ­թա­նակ­ներ եւ երազ­ներ։ Օր մը Եղի­շէ Չա­րեն­ցը գրեց. «Մեր աշ­խա­տան­քը դիւ­ցազնա­կան, նրան թւում էր սին մի երազ»։

Ոս­կե­դարուն հա­յը սկսաւ իր մա­րենի լե­զուով ըն­թերցա­նել Սուրբ Գիր­քը։ Անոր էջե­րու մէջ հան­դի­պեցաւ սնո­տիու­թիւննե­րու բազ­մա­թիւ տե­սակ­նե­րու, ինչպէս՝ «սնո­տի» մարդ, մե­ծու­թիւն, խօսք, զօ­րու­թիւն, յոյս եւ պաշ­տա­մունք։ 10-րդ դա­րուն Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին «Մա­տեան Ող­բերգու­թեան» ստեղ­ծա­գոր­ծութեան մէջ գրի առաւ «սին» բա­ռի ըն­տիր ար­տա­յայ­տութիւններ. «Սնա­պարծ յու­սա­հատ», «Սին սա­ղար­թիւն պա­ճու­ճե­լոյ», «Զսին պար­ծա­նօք պա­ճու­ճեալս»։ 1384 թո­ւակա­նին իր խու­ցի մէջ ստո­ւար մա­տեան մը ըն­թօ­րինա­կած Յով­հաննէս գրի­չը գիր­քի յի­շատա­կարա­նի մէջ ան­միտ եւ ան­հանճար­նե­րուն որա­կեց՝ սին. «Ան­միտ եւ ան­հանճար մտաց՝ սինս եւ չնչինս»։

Միջ­նա­դարու հա­յը գի­տէր թէ սին է կեան­քը, ու­նայն է ամէն բան։ Այդ պատ­ճա­ռով է, որ հա­յու տա­ճարը մերկ է ներ­քին եւ ար­տա­քին պա­ճու­ճանքէ։ Տա­ղասաց Սու­քիասն ալ ցա­ւելով տե­սաւ, թէ իր աշ­խատանքը ի զուր էր. «Զի հա­նապազ գործքն իմ ահ ու զար եղեւ, / Ահ ու զար եղեւ, կեանս իմ եղեւ սին»։ «Սին» բա­ռը յար­մար եկաւ նաեւ Սի­մէոն Կա­ֆացիի հե­ղինա­կած իմաս­տա­սիրա­կան քեր­թո­ւածի մը. «Սնո­տի է աշ­խարհս՝ փա­ռօք ամե­նայն»։

Հայ առա­ջին կին լրագ­րող Էլ­պիս Կե­սարա­ցեանը նկա­տեց, թէ սե­ռային ան­հա­ւասա­րակշռու­թեան պատ­ճա­ռը տգի­տու­թիւնն է, որուն հե­տեւան­քով կի­նը դար­ձեր է «ոչ իբ­րեւ իմա­ցական էակ կա­տարեալ մարդկու­թիւն կրող՝ այլ իբ­րեւ արա­կան սե­ռին սին ստո­ւերը»։ Զա­պէլ Եսա­յեանն ալ նկա­տեց այդ հար­ցը, ապա պաշտպա­նեց իգա­կան սե­ռը. «Դուն կաս, որով­հե­տեւ ես կամ, ու առանց ինձ դու սին ստուեր մըն ես»։ Նոյն օրե­րուն Ար­շա­կու­հի Թէոդի­կը այ­ցե­լեց մոխ­րա­ցած Կի­լիկիան։ Իր տպա­ւորու­թիւննե­րու մէջ այդ հա­յու­հին եր­կար ժա­մանակ ան­գործա­ծելի մնա­ցած ածա­կան մը երե­ւան հա­նեց՝ «սինլքոր», ու հա­յու­թեան կեան­քի իրա­ւունքը խլող ջար­դա­րար­նե­րը ար­ժա­նի ըրաւ անոր. «Սինլքոր մը, ապի­րատ մը, ցա­ծոգի արա­րած մը՝ Հա­յու­թիւնը փճա­ցու­նե­լու լրբե­նի հա­մար­ձա­կու­թեամ­բը տո­գորուն»։ Բա­նաս­տեղծ Նի­կողոս Սա­րաֆեանի կար­ծի­քով սին էին մարդկա­յին օրէնքնե­րը. «Ին­չո՞ւ չըլ­լա­յինք սա բնու­թեան պէս, ին­չո՞ւ չըլ­լա­յինք անաս­նա­կան, զերծ մեր մարդկա­յին սին օրէնքնե­րէն ու անոնց ծնունդ տո­ւած ախ­տե­րէն եւ ցա­ւերէն»։ Սա­րաֆեանը հե­ղինակն է նաեւ եր­կու հե­տաքրքրա­կան խօս­քի. «Սնա­մէջ սի­րոյ ար­տա­յայ­տութիւններ» եւ «Սնա­փառու­թեան մը ան­դունդը»։ «Սին» ածա­կանին քնա­րական տրտում տա­րազ մըն ալ տո­ւաւ Վա­հան Տէ­րեանը. «Սին խօս­քե­րի մէջ, զո­ւարթ ամ­բո­խում / Շրջում եմ, բայց միշտ հե­ռու եմ, չկամ»։ Մեր սրտա­բեկ քեր­թող Մատ­թէոս Զա­րիֆեանի ժպիտն իսկ սին էր. «Փի­լիսո­փայ ժպիտս ։ Սին է, սին է, երազ իսկ չէ, ոչի՛նչ է»։ Ապա հայ­րե­նի մա­մու­լը նկա­տեց, թէ երկրի բո­լոր երազ­ներն էին սին։ Ահա, կը խօ­սին մեր թեր­թե­րը. «Խա­ղաղու­թեան մա­սին բա­նակ­ցութիւննե­րը սին են», «Սին խոս­տումներ անօ­թեւան ըն­տա­նիք­նե­րին», «Չպէտք է ժո­ղովրդին սնէին սին յոյ­սե­րով»։

Ու վեր­ջա­պէս «սին» խօս­քեր հիւ­սե­ցին մեր եր­գա­հան­նե­րը։ Վախ­թանգ Յա­րու­թիւնեանը նո­ւագեց ու մե­ներգեց. «Սիրտս, դա­տար­կո­ւած / Սին պոռթկումնե­րից, / Քո մէջ է փակ­ւում այս խենթ աշ­խարհից»։ Իսկ Շառլ Ազ­նա­ւու­րը եր­գեց սի­րոյ ու­նայնու­թիւնը.

Պի­տի կա­րենալ ժպտալ վերստին

Երբ քեզ լքում է թան­կա­գինը քո

Ու մնուն է լոկ ու­նայնու­թիւն սին։

Մին­չեւ յա­ջորդ հան­դի­պում յար­գե­լի ըն­թերցող­ներ ձե­զի կը մաղ­թեմ իմաստալից եւ արդիւնաւէտ նոր տարի։