«Քամիները կու գան ու կ՛երթան». հայկական ժողովրդական իմաստութեան պայծառ միտք։ «Քամի» բառի մէջ ինչե՜ր չտեսաւ հայը... ձախորդ օրերու ամէն տեսակը։ (Մեր ազգի պատմութեան անծանօթ պատահական ընթերցողին ըսենք, թէ հայը զարնուած է անոր բոլոր տեսակներովը)։ Ապա, քամիները հեռացան, մնաց քարը, սարը, հայը, - այն ամէնը, որ Հայկական լեռնաշխարհի զաւակն է։ Այսօր, յարգելի ընթերցող, երբ քաղաքական, դիւանագիտական, սահմանազատման եւ այլ չարաշունչ քամիներ կը փչեն մեր գլխուն վրայ, որոշեցի «քամի» բառի մասին խօսիլ։ Սակայն, մի՛ տրտմիք։ Այս երկվանկը, փառք մեր բանաստեղծներուն, ընդունեցաւ նաեւ մեղմ ու հեզ, նոյնիսկ քնարական բնաւորութիւն մը։ Այժմ ականջ տանք անոր մերթ կործանիչ, մերթ սիրատենչ մռնչիւնին։
Ի՞նչ է «քամի» բառի ծագումը։ Ո՞ր ուղղութեամբ փչեց ան առաջին անգամ։ Հայկական ստուգաբանութիւնը լուռ է այս հարցումներու առջեւ։ Միայն գիտենք, թէ 5-րդ դարուն ան գոյութիւն չունէր գրական հայերէնի մէջ։ Հետեւաբար, մի՛ բնտռէք զայն Ոսկեդարեան մատեաններու, ոչ՛ ալ Աստուածաշունչի էջերու մէջ։ Անտեսանելի է ան, ինչպէս տեղափոխուող օդը։ Հետեւաբար, զայն պէտք է որոնել այլ տեղեր։
«Քամի» բառի ամենահին գործածութիւնը կը պարտինք ո՛չ թէ թարգմանիչ սուրբի կամ վանական գրիչի մը, այլ՝ բակլային։ «Քամի» բառը միջնադարուն կիսա-բժշկական իմաստ ունէր եւ հասարակ ժողովուրդի համար ան փորի անհանգստութիւն էր։ Ահա քամիի եւ բակլայի կապը. «Բակլայն՝ ազգի ազգի (տեսակ տեսակ) քամիք ընծայեցնէ ՚ի մարմինն»։ Առօրեայ զրոյցներու մէջ քամին նաեւ յօդացաւ եւ ոսկրացաւ էր։ Այնուհետեւ, ժողովուրդի մտածողութեան մէջ «քամի» բառը ունեցաւ փոխաբերական իմաստ. դատարկաբանութիւն եւ անիմաստ խօսակցութիւն։ Իսկ դուք տեսե՞ր էք քառասմբակ քամի։ Սերօ Խանզադեանը մէկ անգամ ականատես եղաւ անոր՝ սրընթաց ձի մը. «Դա հո ձի չի, քամի է, քամի»։
Բնութեան մէջ կան քամիներու գիտականօրէն սահմանուած տեսակները։ Անմեղ թուացողներն են, ըստ ուժգնութեան՝ անդորրը, խաղաղը, թեթեւը, թոյլը, չափաւորը եւ զովը։ Ապա կու գան քանդիչները. ուժեղը, խիստը, փոթորիկը, դաժան փոթորիկը ու վերջինը՝ մրրիկը։ Քանի մը անգամ մեր գլուխէն անցեր է նաեւ «սաստիկ քամի»։ Քիչ յետոյ կ՛անդրադառնամ այդ անզգամին։ Մեր բառարաններն ալ ունին քամիի բաղադրեալ տեսակները։ Շատ չէ, քանի մը հատ միայն. քամատարած, քամհարել, քամօտ, քամօտիլ եւ տօթաքամի։
Հայը նկատեց, թէ իր բնաշխարհի մէջ կանոնաւոր եւ կանխատեսելի են քամիները։ Անոնք կ՛իշխեն լեռնահովիտներուն եւ բարձրադիր դաշտերուն, յատկապէս ամրան, Արարատեան գոգաւորութեան մէջ՝ ամբողջ տարուայ ընթացքին, իսկ Երեւանի մէջ, բոլորը գիտեն, թէ լեռնային քամիները կը սկսին մայրամուտէն առաջ ժամը 4 կամ 5-ին։ Անոր շնորհիւ ալ գիշերները զով են։
Քամիներու հետ իր յաճախակի շփման պատճառով, հայը ստեղծեր է բազմաթիւ պատկերալից արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «Քամի դառնալ», անհետանալ, մէջտեղէն կորսուիլ, «Քամի դպչիլ», մսիլ, ցուրտէն հիւանդանալ, խենդանալ, «Քամի թռցնել», անօգուտ գործ ձեռնարկել, «Քամի կուլ տալ», ծայրայեղ աղքատութեան մէջ ըլլալ, «Քամի վռնտող», անգործ, անբան, «Քամի ծեծել», դատարկաբանել։
Օր մը «քամի» բառը տաղասացներու ու աշուղներու սազին դպաւ, հանդարտեցաւ, դարձաւ սիրային ազնիւ ու շոյող խօսք։ Կոստանդին Երզնկացիի համար իր եարն էր քամի. «Դու գարնան քամի, ես ծաղիկ ծարաւած»։ Քուչակի եարը աւելի գրաւիչ եղաւ երբ քամին փչեց. «Վարսերդ ի յալի նման, / որ քամին կ՚անէ տարուբեր»։ Հայկական միջնադարեան բազմաթիւ երգերու մէջ պտըտուեցաւ «քամի» բառը։ Ան սոխակի քաղցր ձայնը առաւ ու տարաւ վարդին. «Քանի՞ կանչես, պլպո՚ւլ, քանի՞, / Հովն ու քամին ձայնդ տանի»։ Մէկ այլ երգի մէջ առաւօտեան քամին սէր բուրեց. «Առաւօտուն քամին ելնէ՝ մաղէ զիս, մաղէ զիս, / Քո սէրն ինձի կրակ եղեր՝ տաղէ զիս, տաղէ զիս»։ Իսկ Ֆրիկի երգի մը մէջ «քամի» բառը դարձաւ իմաստասիրական,- թէ աշխարհը ունայնութիւն է. «Դու վազես յերկիր ի ներս եւ ամէնըն սուտ է եւ քամիք»։
19-րդ դարուն սաստկացան քամիները։ Անոնք փչեցին հիւսիսէն, արեւմուտքէն, արեւելեան ճակատէն, Պերլինէն, Ակնէն եւ Շիրակի դաշտերէն։ Այդ բոլոր տատանումներու մէջ 1912 թուականին պատանի Եղիշէն (Սողոմոնեան, ապա Չարենց) Թիֆլիսի մէջ գրեց իր անդրանիկ քերթուածը։ Առաջին տո՞ղն անոր. «Ծաղիկները հեզ թեքւում են քամու օրօրի տակին»։ Տարիներ անցան, այդ տղան մեծցաւ։ Օր մըն ալ ֆայտոն նստած, քիչ մը հարբած, փափաքեցաւ ընկեր դառնալ ամէն մարդու հետ. «Խելքս քամուն, հովին տուած՝ երթամ ընկնեմ դուքան ու բաղ՝ / Ընկերների սուփրին գինի ու հա՚ց ըլիմ մինչեւ էգուց»։ Իսկ մէկ այլ օր, 1922 թուականն էր, իմաստասիրեց աշնան եւ մահուան մասին. «Քամին, / Աշնան քամին... / Այս ահռելի, դաժան, հոգեվարքի ժամին՝ / Պիտի դառնայ, որ ձեր հոգինե՚րը խուժէ – / Քամին, / Աշնան քամին»։ Թէքէեանը նկարագրեց այն սաստիկ քամին, որ անցաւ Չարենցի եւ Հայոց աշխարհի գլուխէն. «Սաստիկ քամին [...] փչեց եւ տապալեց ամէն բան»։ Յաջորդ քամիները թաց էին, տրտում. «Երգում է քամին, լալիս է նորից», Վահան Տէրեան, «Կորի՚, դու քամի, / Անպիտան քամի», Թումանեան, «Աշո՚ւն է, քամի… / Տերեւներն մի-մի, / Արցունքի նման / Դողացին, ընկան», Աւետիք Իսահակեան, «Քամու համբոյրից դողաց մի տերեւ», Համօ Սահեան։ Շիրազի քամին յուսահատ սիրոյ վերջին շունչն էր. «Քամինե՜ր, իջէք [Սիփանէն], / Մազերս պոկէք, / Ա՜խ, էլ մազերս գուրգուրող չունիմ» (Սիամանթօ եւ Խջեզարէ, 1935)։ Իսկ երբ խաղաղեցաւ ամէն ինչ, Պարոյր Սեւակը եւ քամին ընկերացան. «Երգ իմ, սուրա՚ քամու թեւով, անցի՚ր / Մայր ցամաքներ, ովկիանոսներ անծիր / Գիշերային այս խաղաղուած պահին»։
Կը յիշէ՞ք այն իմաստուն խօսքը, թէ քամիները կ՛անցնին ու կ՛երթան, կը մնայ քարը, սարը, հայը։ Այդ պայծառ միտքը կը պատկանի ազգային-ազատագրական շարժման մասնակից, ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանի։ Տղան ըսեր է. «Քամին քարին ի՞նչ կը տանի… Ինչքան էլ քամիներ փչեն, քարի միջի ոյժը մնում է»։
Երգը, հայու երգը... Ան է, որ մեզի կ՛ըսէ «Ել, ել, ել», երբ դաժան են օրերը։ Ան է, որ կը փարատէ քամիները ու կը սփոփէ մեր սիրտերը։ Այսօր երբ չարաշունչ քամիներ կը փչեն մեր գլխուն վրայ, որոշեցի երգով հրաժեշտ տալ ձեզի։ Ահա ցուրտ ու ձիւնոտ մեր Լեռնաշխարհը ջերմացնող երգերու շարան մը. «Ե՛լ, ե՛լ, ե՛լ։ Օրն անցաւ, քամին ելաւ», մշակի աղաչանքը իր եզան, «Իմ եարը կապուտաչ է, / Քամին զանայ ճերմակ դոշդ, բանայ», անփորձ տղու երազը, «Օ, քամի քամի պոկիր իմ սէրն առանց ցաւի», Ռուբէն Հախվերդեանի քառասնամեայ երգը, որ 1978-ին Յարութ Փամբուկչեանի իւրայատուկ կատարումով ունեցաւ անակնկալ ժողովրդականութիւն։ Իսկ այս շաբաթ պատանի երգչուհի Մալենան, կը պատրաստուի Հայաստանը «Մանկական Եւրոտեսիլ 2021» մրցոյթի մէջ ներկայացնել։ Ե՞րգն անոր... «Քամի», ականջ տանք անոր խօսքերուն եւ յաջողութիւն մաղթենք Մալենային.
Քամի քամին, ինձ նորէն կը տանի,
Հեռուները դէպի, ամայի...
Վեր ենք, վերեւում ենք,
էլ չենք երեւում մենք,
Հետս ա քամին, չեմ վախենում...