ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Թաց

Մեր մայ­րե­նին թաց է։ Պատ­ճառն անոր՝ «Դաշ­տե­րուն վրայ իր տրտմու­թեամբ յա­մառող» անձրե­ւը չէ ան­պայման, ոչ ալ՝ «Աստղերն ան­յայտ, կար­ծես հա­լած արե­ւէն, տե­ղատա­րափ կը թա­փին», ինչպէս Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նը նկա­տեր էր։ Կան այլ պատ­ճառներ։ Թաց է հա­յը եւ իր լե­զուն, որով­հե­տեւ այս ազ­գը փոք­րիկ, աննշան, թա­փեր է արիւն, քրտինք, ար­տա­սուք, այնքան շատ, որ յոր­դեր են իր բա­ռարան­ներն ու եր­գա­րան­նե­րը։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, այ­սօր որո­շեցի խօ­սիլ «թաց» բա­ռի մա­սին ու ներ­կա­յաց­նել անոր գրա­կան ոդի­սակա­նը կա­թիլ առ կա­թիլ։

«Թա­նալ» բա­յէն սե­ռած եր­կու բա­ռերէն մէկն է «թաց» ածա­կանը - միւ­սը՝ «թան»։ Մեր նախ­նի­ները 5-րդ դա­րուն թրջո­ւեցան «թա­ցանալ», «թա­ցու­թիւն» եւ «թա­ցու­ցա­նել» բա­ռերով։ Դա­րերու ըն­թացքին այս միավան­կի կա­թիլ­նե­րէն գո­յացաւ բա­ղադ­րեալ բա­ռերու հսկայ տա­րածու­թիւն մը, ուր ծփա­ցին թա­ցական­ջը (դե­ռահաս, կաթ­նա­կեր, մտքով տհաս), թա­ցանը, թա­ցելը, թաց­կե­կը, թա­ցոտը եւ ար­տա­սուա­թացը։ Ապա փու­թաց «թա­ցը չո­րէն զա­տել» դար­ձո­ւած­քը։ Այն ժա­մանակ սո­րուե­ցանք չարն ու բա­րին, ար­դարն ու անար­դա­րը իրար­մէ զա­տել, անոնց մէջ խտրու­թիւն դնել։

Ու­նինք նաեւ թրջո­ւած ար­տա­յայ­տութիւններ։ Անոնք կեան­քի փոր­ձա­ռու­թեան, ժո­ղովրդա­կան իմաս­տութեան կայ­լակներ են։ Հա­յը ու­նի «թաց աչ­քեր», կը փոր­ձէ «թաց տեղ չնստիլ» (յատ­կա­պէս վա­ճառա­կանու­թեան մէջ, նոյն բա­նը կա­րելի չէ ըսել դի­ւանա­գիտու­թեան հա­մար), եր­բեմն ալ միասին կ՛այ­րին իր «թացն ու չո­րը»։

Հայ­կա­կան գա­ւառա­բար­բառն ալ թրջուեցաւ «թաց»ով։ Ան Հա­ճընի եւ Զէյ­թունի մէջ «թոց» էր։ Վա­նեցին չէր ըսեր «թրջել», այլ՝ «թա­ցել»։ Այ­սօր Պոլ­սոյ մէջ «թա­ցիկ» է այն տղան, որ թե­թեւ­սո­լիկ եւ թե­թեւա­բարոյ է։ Այդ քա­ղաքի մէջ, յար­գե­լի ըն­թերցող, փոր­ձե­ցէք վայ­րի­վերոյ եւ ան­լուրջ չխօ­սիլ, այ­լա­պէս ձեզ կը յան­դի­մանեն ու կ՚ըսեն՝ «Թա­ցիկ-թա­ցիկ մի՚ խօ­սիր»։

Գրա­գէտ է «թաց» բա­ռը, միջ­նա­դարուն իմաս­տա­սիրա­կան տո­ղիկի մը մէջ յի­շուե­լու չափ։ Նշա­նաւոր վար­դա­պետ եւ մա­տենա­գիր Յով­հաննէս Երզնկա­ցին (մօտ. 1230-1293), որուն շի­րիմը ամ­փոփուած էր Երզնկա­յի Սբ. Նշան եկե­ղեց­ւոյ առաջ­նորդա­կան աթո­ռի տակ, բա­ցատ­րեց կեան­քի ու­նայնու­թիւնը. «Աշ­խարհս է ի ծով նման, ով որ գայ՝ ան­թաց չմնայ»։

Նոր ժա­մանակ­նե­րուն բա­ռը յար­մար եկաւ ազ­գի տրտմու­թիւնը եր­գե­լու հա­մար։ Ծե­րեն­ցը «Եր­կունք Թ. դա­րու» պատ­մա­վէպի մէջ նկա­րագ­րեց երկրի վի­ճակը. «Գա­րուն եկաւ, բնու­թիւն բո­լոր զո­ւար­թա­ցաւ, բայց դար­ձեալ Հա­յաս­տան կու լար։ Թշնա­մին, որ որ­ջա­ցեալ էր Հա­յոց մայ­րա­քաղա­քը Դո­ւին, կը պատ­րաստո­ւէր ել­նել դէպ հիւ­սիս եւ արե­ւելք, որ­պէսզի եր­կիր մը՝ թիզ մը հող չի մնայ ան­թաց ար­ցունքէ եւ արիւ­նէ»։ Գե­ւորգ Էմի­նը բա­ցատ­րեց, թէ հա­յը ին­չո՛ւ հե­ռատես եւ իրա­տես չէ. «Մենք կոյր ենք կի­սով. / Միշտ թաց է եղել մեր աչքն ար­ցունքից, / Եւ աղօ՜տ ենք մենք տես­նում»։ Մու­շեղ Իշ­խա­նը նկա­րագ­րեց հայ­րե­նի հո­ղը. «Ան­մեղ զո­հերու արիւ­նով եռուն / Հո­ղը ոտ­քիս տակ կը մնայ միշտ թաց»։ Ժ. Աւե­տիսեանը պատ­մեց, թէ Մու­սա Լե­ռը ին­չո՞ւ է տխուր. «Հա­յի վշտե­րով խո­ցուած Մու­սա Լեռ, / Հա­յի արիւ­նով օծո­ւած Մու­սա Լեռ, / Հա­յի ար­ցունքով թա­ցուած Մու­սա Լեռ»։ Բայց օր մը, Շա­րա Տա­լեանը նկա­տեց, թէ Կո­միտասն է մեր սրտի սփո­փան­քը, ու երգ մը նո­ւիրեց անոր. «Կո­միտաս ։ Լոյ­սը գցեց քո հայ ազ­գին, թաց աչ­քե­րը համ­բուրեց»։

Հայ բա­նաս­տեղծը այս բա­ռով հիւ­սեց նաեւ քնա­րական պատ­կերներ՝ անձնա­կան յու­զումնե­րու նշոյլներ։ Սի­րոյ գրա­կան ար­ցունք թա­փելու աւան­դութիւ­նը սկսած ըլ­լալ կ՛երե­ւի Սա­յաթ-Նո­վայով. «Բլբու­լի նման լա­ցիլ իմ, / Աչ­քիրս ար­նով թա­ցիլ իմ»։ Այ­նուհե­տեւ, բազ­մա­թիւ քնար­ներ հեծկլտա­ցին այդ միավան­կով։ Ար­տօ­նեցէք, որ յի­շեմ ըն­տիր օրի­նակ­ներ։ Կ՚ար­ժէ այդ պա­տառիկ­նե­րը հան­դարտըն­թաց եղա­նակով ըն­թերցա­նել. «Ու­ռե­նեաց ներ­քեւ ար­տա­սուա­թաց քնար­նե­րու վրայ եր­գել», Հ. Ղե­ւոնդ Ալի­շան, «Նո­ւաս­տա­նալ թաց աչ­քե­րուն ցոյ­ցով սին», Ար­տա­շէս Յա­րու­թիւնեան, «Զով շա­ղերուդ կա­խար­դանքը թաց», Մի­սաք Մե­ծարենց, «Իմ սրտում սա­ռած այս աշու­նը թաց», Վա­հան Տէ­րեան, «Քնա­րիս լա­րերը թաց են», Սիաման­թօ, «Ու տրտում էին քո աչ­քե­րը թաց», «Ծիածա­նէ քո աչ­քե­րը թաց», «Աշ­նան հո­վերը թաց», Եղի­շէ Չա­րենց, «Մար­գե­րը թաց կ՚ար­տա­շըն­չեն զո­վու­թիւն…», Դա­նիէլ Վա­րու­ժան։ Օր մը, Սմբատ Շա­հազի­զի աչ­քե­րը դար­ձան թաց, քան­զի երա­զի մէջ լսեր էր իր մօր անոյշ ձայ­նը. «Կրծքին սեղ­մեց կա­րօտա­գին. / Աչ­քերս սրբեց, շատ թաց էր»։

Հայ­կա­կան եր­գա­րուես­տը ան­տարբեր չէր կրնար մնալ «թաց» բա­ռին։ Ժո­ղովուրդի երգն էր ան՝ անոր սրտէն փխած։ «Վար­դե­րը շա­ղով թաց են, / Եար, բո­յիդ մեռ­նեմ, / Շա­ղերը սրտիս լացն է, / Ասա, ի՞նչ անեմ», «Ձեր բա­ղի դու­ռը բաց ա, / Ոտ­ներդ շա­ղով թաց ա», «Կո­կոնս թոռ­մած մնաց... / Իմ աչ­քե­րը թաց մնաց»։ Ապա, մեր աչ­քե­րը թա­ցեց Գե­ւորգ Թո­թոխեանի եր­գի վե­րածո­ւած բա­նաս­տեղծու­թիւնը՝ Ծի­ծեռ­նա­կը. «Ծի­ծեռ­նակ, ծի­ծեռ­նակ... Գի­շերը թաց աչ­քիս / Քու­նը մօտ չի գա­լիս»։ Վեր­ջա­պէս, եր­կու գու­սան եր­կու երգ յօ­րինեց ու մնաց թափ-թաց։ Չէ՞, որ հայ­կա­կան երգն ալ աշ­խարհ մըն է եւ ո՛վ որ գայ՝ ան­թաց չի մնար։ Յար­գե­լի ըն­թերցող թէեւ փո­խուած են ժա­մանակ­նե­րը, «թաց» բա­ռը այ­սօր յա­ճախ կը յի­շուի հա­զի, ան­ձե­րոձի­կի, եր­բեմն ալ՝ նու­շի հետ, բայց ես կ՚առա­ջար­կեմ աւան­դա­պաշտ մնալ ու որ­պէս հրա­ժեշտ մտա­բերել այդ եր­կու գու­սաննե­րու եր­գե­րը։ Առա­ջինը, որ խռոուած եարի մը մա­սին է, Գու­սան Շա­հէնն է յօ­րինել.

Այ­սօր ես իմ եարին տե­սայ,

Թուխ մա­զերը օլո­րած էր...

Սիր­տը ելած, աչ­քե­րը թաց,

Անձրե­ւի պէս վա­րարած էր.

Իսկ Գու­սան Աշո­տի եր­գի գե­ղեց­կուհին սա­րի սի­րուն եար մըն է.

Հա­զար մի ծաղ­կի մէջ ես մե­ծացել,

Ծաղ­կանց ցո­լերով մա­զերդ թա­ցել։

Սա­րի սի­րուն եար, սա­րի մե­խակ բեր,

Ախ, չէ, ի՜նչ մե­խակ, սի­րոյ կրակ բեր։

Մին­չեւ յա­ջորդ հան­դի­պում, մնա­ցէք զո­ւարթ աչ­քե­րով։