ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Խոյ

- Բարեւ աշա­կերտներ։ Այ­սօր քո­չարի պա­րը կը սոր­վիք։ Քո­չարին Հայ­կա­կան լեռ­նաշխար­հի ամե­նէն տա­րածո­ւած պարն է։ Ան ար­ձա­նագ­րո­ւած է, որ­պէս հա­մամարդկա­յին ան­շօ­շափե­լի մշա­կու­թա­յին ար­ժէք։

Հիւր պա­րու­սոյցը աշա­կերտնե­րուս պի­տի տայ քո­չարիի մա­սին ազ­գագրա­կան տե­ղեկու­թիւններ։ Ան պի­տի բա­ցատ­րէ նաեւ, թէ այդ պա­րը ի՛նչ կապ ու­նի խո­յի հետ եւ խո­յը ի՛նչ կապ ու­նի ռազ­մի հետ։ Մին­չեւ, որ պա­տանի­ները առա­ջին փոր­ձը կա­տարեն՝ մենք խօ­սինք խո­յի եւ «խոյ» բա­ռի առեղ­ծո­ւածի մա­սին։

«Խոյ» բա­ռի ստու­գա­բանու­թիւնը խո­ցելի կէտ է հայ լե­զուա­բանի հա­մար։ Բազ­մա­թիւ այ­րեր փոր­ձեր են բա­ցատ­րել, թէ ի՛նչ է անոր ար­մա­տը։ Աւա՜ղ, դեռ կը բա­ցակա­յի վերջնա­կան բա­ցատ­րութիւն մը։ Կան հա­կասա­կան կար­ծիքներ, թէ ան կով­կա­սական փո­խառու­թիւն է, կամ՝ ասիական ծա­գում ու­նի, կամ ալ հայ­կա­կան բառ է՝ ասիական­նե­րը փո­խառու­թիւն են։

Հա­կառակ անոր, որ հայ­կա­կան բա­ռարան­նե­րուն ծա­նօթ չէ «խոյ» բա­ռի ծա­գու­մը, հա­յը լաւ գի­տէ անոր խոր­հուրդը։ Հայ­կա­կան մտա­ծողու­թեան մէջ խո­յը քա­ջարի, խի­զախ, եռան­դուն, աշ­խոյժ, գոր­ծունեայ, յա­մառ, տո­կուն, ուղղա­միտ, իրա­տես, կրքոտ, ղե­կավա­րող եւ առաջ­նորդող է։ Ըստ տո­մարա­գէտ, րա­բու­նա­պետ, երա­ժիշտ, քե­րական եւ մեկ­նիչ Յա­կոբ Ղրի­մեցիի, որ 1410 թո­ւակա­նին նշա­նակո­ւած էր Վա­նայ Լի­ճի հիւ­սի­սայոին կող­մը գտնո­ւող Մե­ծոփայ վան­քի նո­րաբաց դպրոցի իմաս­տա­սիրու­թեան եւ տո­մարա­գիտու­թեան դա­սախօս, «Խոյ» անո­ւանուած է գար­նան առա­ջին կեն­դա­նակեր­պը, քա­նի որ «խո­յը ծննդա­կան է»։

- Աշա­կերտներ, քո­չարին հայ­կա­կան լեռ­նաշխար­հի ազա­տատենչ տղա­ներու պարն է։ Մեր պա­պերը խո­յը դի­տելով սոր­վեր են անոր պէս պայ­քա­րիլ ու պա­րել։ Խո­յէն սոր­վեր ենք հա­կառա­կոր­դի աչ­քե­րուն ան­շեղ նա­յիլը եւ ուս ու­սի խո­յանա­լու արո­ւես­տը։ Սիւ­նե­ցի մեր նախ­նի­ները իրենց բնաշ­խարհի սլա­ցիկ գա­գաթ­նե­րէն մէ­կը անո­ւաներ են «Խո­յի եղ­ջիւր»։

Գի­րերու գիւ­տով, «խոյ»ը դար­ձաւ գրա­գէտ։ Ան հա­մար­ձակ քա­լեց նախ Աս­տուածա­շունչի - մօ­տաւո­րապէս եր­կու հա­րիւր ան­գամ - , ապա միջ­նա­դարեան մա­տենագ­րութեան էջե­րուն վրայ։ Ահա քա­նի մը տո­ղիկ. «Քա­ւես­ցէ ի նմա­նէ քա­հանայն խո­յիւն», «Ի շի­կակար­միր մոր­թոյ խո­յոց»։ Միջ­նա­դարուն «խոյ»ը նմա­նողու­թեամբ դար­ձաւ նաեւ պա­տերազ­մա­կան մե­քենայ մը։

«Խոյ»ը սի­րեց սե­ռիլ։ Այդ միավան­կը մեր մայ­րե­նիին տո­ւաւ տաս­նեակ մը բա­ղադ­րեալ բա­ռեր, ինչպէս՝ խո­յեղ­ջիւր, եզ­նա­խոյ, խո­յաքիթ եւ խոյ­գո­ղու­թիւն։ «Խոյ»ի նկա­րագիրն ալ դար­ձաւ բառ. խո­յանալ եւ խո­յանք։ Հայ ճար­տա­րապե­տը նա­յեցաւ անոր ոլո­րուն եղ­ջիւրին, հիացաւ, ու Դ. դա­րէն սկսեալ շի­նեց՝ «խո­յակ», ըստ Հայ­կազնեան Բա­ռարա­նի՝ «Գլուխ կամ վեր­նա­խարիսխ սեան՝ ոլոր­տա­ցեալ ի ձեւ գլխոյ խո­յից»։ Ագա­թան­գե­ղոսը «Պատ­մութիւն Հա­յոց» աշ­խա­տասիրու­թեան մէջ եր­կու պատ­կե­րաւոր գոր­ծա­ծու­թիւն պար­գե­ւեց «խո­յակ» եւ «խո­յանալ» բա­ռերուն. «Խա­րիսխք՝ կար­միրք էին ի գոյն արեան եւ սիւնք ամ­պե­ղէնք եւ խո­յակք հրե­ղէնք», «Սլա­ցեալ խո­յացեալ գայր՝ ըստ նմա­նու­թեան արա­գաթեւ ար­ծո­ւոյ»։ Հա­յը երբ յղա­ցաւ «խո­յանալ» բա­ռը, ար­դէն որո­շեր էր, թէ ան ի՛նչ պի­տի նշա­նակէ- բուռն յար­ձա­կիլ խո­յի նման, թա­փով դի­մացի­նին դի­մել, սլա­նալ եւ սրա­նալ։

«Խոյ» բա­ռը գրա­ւեց հայ բա­նաս­տեղծ-կա­թողի­կոսի գրի­չի ալ ու­շադրու­թիւնը։ Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի տա­ղերու շնոր­հիւ - ի՝նչ բախ­տա­ւորու­թիւն – բա­ռը տեղ գտաւ հայ­կա­կան հո­գեւոր բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ. «Ոչ խոյ յող­ջա­կէզ կա­խեալ», «Խոյ ի յող­ջա­կէզ ընդ բա­նաւոր զեն­մանն»։

Յար­գե­լի ըն­թերցող, Ներ­սէս Շնոր­հա­լիէն մին­չեւ 19րդ դար, ցա­ւօք սրտի «խո­յ» բա­ռը գրե­թէ բա­ցակա­յեցաւ հայ­կա­կան գրա­կանու­թե­նէն։ Ըստ երե­ւոյ­թին խո­յը քնա­րական բառ չէր եւ խա­ղաղա­սէր ու սի­րատենչ հայ աշու­ղը, Ֆրի­կը կամ Քու­չա­կը, Թլկու­րանցին կամ Կ. Երզնկա­ցին չու­զեց, որ իր եարը նմա­նի խո­յի։ Այդ բա­ռը լոկ ռազ­մա­շունչ գրու­թիւննե­րուն պի­տի գար յար­մար։ Առա­ջին առի­թը գո­յացաւ, երբ Յով­հաննէս Տէր-Մար­տի­րոսեանը (Ա-Դօ) «Մեծ դէպ­քե­րը Վաս­պուրա­կանում» գիր­քի մէջ նկա­րագ­րեց Վա­նի ինքնա­պաշտպա­նու­թիւնը։ Հե­ղինա­կի պատ­կե­րացու­մով հա­յու հետ իր լեռ­ներն ու ժայ­ռերն ալ խո­յացան. «Ինքնա­պաշտպա­նու­թեան գի­ծը... գնում հան­գում էր... բեր­դի մի­ջին տա­րածու­թեան խո­յացած ժայ­ռե­րին»։ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նը իր քնա­րով նկա­րագ­րեց այդ օրե­րը. «Այն բազ­մա­թիւ հո­տէն, գո­մին մէջ, եղո՜ւկ, / Մնա­ցեր է խոյ մը միայն քա­ջարի»։ Ապա հե­րոսա­կան շե­փոր մը հնչեց։ Աւե­տիք Իսա­հակեանն էր, որ «խոյ» մը բե­րաւ ռազ­մա­ճակատ. «Հնչեց շե­փորը գոռ պա­տերազ­մի, / Հին թշնա­մու դէմ խո­յացան շտապ»։ Խո­յացաւ նաեւ Հայ­կա­կան Լե­գէոնը։ Ահա­րոն Շխրտը­մեանը պատ­մեց այդ հե­րոսու­թիւնը. «Յար­ձա­կու­մի առա­ջին ազ­դանշա­նին անոնք խո­յացան խրա­մատ­նե­րէն դուրս՝ խի­զախ ու ան­վախ, մա­հուան դէմ ան­տարբեր»։

Վեր­ջա­ցաւ պա­տերազ­մը։ Պա­րոյր Սե­ւակը յի­շեց իր հե­թանոս ծի­ները. «Անա­հիտ։ Ես՝ մի հե­թանոս առայ­սօր ծպտեալ։ -Ան­շարժու­թիւնը քո պիրկ ոտ­նե­րի. Դարձնում է ինձ մի խոյ օրու­կո­ւած»։ Ապա Խա­չիկ Դաշ­տենցը պատ­մեց քո­չարի պա­րը. «Մեր ու­սա­պար­կե­րը հա­նեցինք, զէն­քե­րը հե­նեցինք ծա­ռերին, ու պարն սկսո­ւեց։ Ո՞վ է տե­սել աշ­խարհում այդպի­սի պար։ Նախ կանգնե­ցին որ­պէս պա­րիսպ, ապա ցնցե­ցին ու­սե­րը, թափ առան եւ խո­յացան առաջ»։

Այ­սօր հայ­րե­նիքի մէջ շի­նարա­րական աշ­խոյժ կեանք կայ։ Մայ­րա­քաղա­քի մէջ կը խո­յանան բարձր շէն­քեր, սիւ­ներ։ Կը խո­յանան նաեւ հո­գիներ։ Բժշկա­կան Հա­մալ­սա­րանի ու­սա­նող­նե­րը կը կազ­մեն «Խոյ» ազ­գա­յին պա­րի խումբը։ Իսկ հան­րա­պետու­թեան այլ վայ­րե­րու մէջ...։ Կար­դանք հայ­րե­նի մա­մու­լը. «Չկա­լով­կա հա­մայնքի տա­րած­քում վեր խո­յացաւ Հա­յաս­տա­նում պե­տական ամե­նաբարձր դրօ­շը», «Անի պատ­մա­կան մայ­րա­քաղա­քի դի­մաց վեր խո­յացաւ հա­յոց եռա­գոյ­նը», «Խո­յացաւ Ապ­րի­լեան պա­տերազ­մի հե­րոս­նե­րի անո­ւան լու­սէ խա­չը», «Խո­յացաւ 106 մաս­նիկնե­րից բաղ­կա­ցած, զո­հուած­նե­րի թի­ւը խորհրդան­շող խա­չը»։

Յար­գե­լի ընթեր­ցող, ի՞նչ բոյթ, թէ խո­յը ու­նի իրեն բնո­րոշ բա­ցասա­կան գի­ծեր։ Խո­յը չզսպո­ւած, ան­հա­տապաշտ, ան­կանխա­տեսե­լի եւ ան­համբեր է, ու­նի ժա­մանա­կավ­րէպ քայ­լեր եւ ծայ­րա­յեղու­թիւններ։ Բայց այդ բո­լորի մէջ կայ խա­րոյկ, ան­կա­ռավա­րելի բոց ու արե­ւի փայլ։

- Տղա՛ք, քո­չարին կոչ է մար­տի։ Այժմ պա­րենք։ Գո­ռացէ՛ք ձեր սրտի բա­ռերը, որ ըլ­լաք ու­ժեղ եւ խրոխտ, ու ձեր պինդ ոտ­քե­րու հա­րուա­ծէն ել­լէ դղրդիւն եւ փո­շի։ Այս պա­րի մէջ կայ ձեր ծի­նը։

Երբ յօ­դուածս գրի կ՚առ­նեմ, տե­ղի կ՛ու­նե­նայ մէկ այլ ճա­կատա­մարտ։ Հայ­րե­նի հո­ղի հա­մար պա­րիսպ ու ժայռ դար­ձան ազա­տատենչ տղա­ներ։ Այս ճա­կատագ­րա­կան ժա­մերուն, յար­գե­լի ըն­թերցող, որոշեցի մէջ­բե­րել Գու­սան Աշո­տի մէկ եր­գը, որ կար­ծես, թէ նո­ւիրո­ւած է խո­յացած այդ ճեր­մակ հո­գինե­րուն.

Ար­ծիւնե­րը վեր խո­յացան,

Սեւ-սեւ ամ­պերն իրար ան­ցան...

Շատ-շա­տերը վե­րադար­ձան,

Իսկ շա­տերն էլ յու­շեր դար­ձան…