Ուղղագրութեան գրաւոր։ Ամէն Ուրբաթ, 09։00, 1978, Պոլիս։
- 10 բառի մէջ 5 սխալ։ Նիշդ 0։ Գնա, նստէ։
Ու Մուրատը, ուսուցչուհիին սրբագրութիւններով կարմրած տետրակը բռնելով, գլխակախ վերադարձաւ նստարան։ Չնայեցաւ աջ կամ ձախ։ Ամէն Ուրբաթ կրկնուող տեսարան էր. նոր էջի մը ճակատը «Ուղղագրութիւն» գրել ու ուսուցչուհիին ընթերցած բառերը ընդօրինակել։ Այդ օր Մուրատը բանջարեղէններու դէմ պայքարած էր. ազատգեղ, սամիդ, վարունք, ծոդրին, պռաս։ Գոնէ վերջինը «ր»ով գրէր, տասի վրայ վեց մը կ՛առնէր։ Շաբաթ մը յետոյ կենդանիներու դէմ պայքար կայ։ 20 բառ։ «Կատու»ն դժուար չէ, բայց ինչպէ՞ս յիշել արչը, արեուծը եւ արծիվը։ Յարգելի ընթերցող, մինչեւ, որ իննամեայ Մուրատը այդ կենդանիներու անունը անսխալ գրել սորվի, - վճռած է սորվիլ - մենք խօսինք հայկական սխալներու եւ «սխալ» բառի ճշգրիտ պատմութեան մասին։ Գրութեանս մէջ եթէ ես ակամայ սխալուիմ՝ «Զիս մի մեղադրէք, քանզի հմուտ չեմ այս արուեստին, բայց մտածեցի, որ աւելի լաւ է տգեղ գրել, քան թէ պարապ շրջիլ»։ (Այս նախադասութեան հեղինակը ես չեմ։ Քիչ վերջ կը յայտնեմ այդ իմաստուն մարդուն ինքնութիւնը)։
Յարգելի ընթերցող, պէտք է ընդունիլ. «Մարդը սխալական է» եւ «Ժողովուրդը չի սխալիր»։ Իսկ հայը 5-րդ դարուն սկսաւ «սխալիլ»։ Գրաւոր հայերէնի խանձարուրային օրերուն «սխալ» մը գործեցինք ապա, սխալ սխալի վրայ, մեր սխալները բարդացան ու դարձան՝ սխալաբեր, սխալագիր, սխալաշատ, սխալանք, սխալագրչութիւն, սխալահաշիւ եւ սխալաձայն։ Եղան մարդիկ, որոնք ուղիղ չէին։ Զանոնք կոչեցինք՝ հանապազասխալ, դիւրասխալ, երդմնասխալ եւ բազմասխալ։
«Սխալ» բառը միջնադարուն, եթէ չեմ սխալիր, կապ ունէր գինովութեան հետ։ Հարբածը կը կոչէին «սխալակ», հարբիլը՝ «սխալակել», իսկ հարբեցութիւնը՝ «սխալակութիւն»։ Եղիշէ պատմիչի գրուածքներու մէջ «սխալ» բառը կը նշանակէր՝ նուազ. «միով սխալ»՝ մէկ պակաս։ Իսկ Սուրբ Գիրքի մէջ կայ «Սխալել ի ծննդենէ» արտայայտութիւնը, որ կը նշանակէ՝ վիժել։
Կենդանիներու նոր խումբ մը կ՛արշաւէ։ Մուրատը կը պայքարի. դուդակ, թրչուն, դիդերնիկ...
Հայկական գաւառներու մէջ սխալ չէր երբ տիգրանակերտցին ըսաւ «ըսխալ», թիֆլիսցին՝ «սղալ», իսկ ակնցին՝ զղալ։ 1002 թուականին Գրիգոր Նարեկացին Վանայ Ծովը դիտելով կը խոստովանէր իր եւ ամբողջ մարդկութեան գործած սխալները ու կ՛աղաչէր, որ Հայր Աստուած ներում շնորհէ։ Ըստ բանաստեղծի մարդը սկիզբէն սխալ էր։ «Մատեան»ի մէջ ան նկարագրեց սխալական ադամորդիին. «Իմաստուն սխալական», «Ծառայս սխալական», «Յաւէտ սխալեալ»։ Ապա շարադրեց ինքնաքննադատական մը. «Եւ արդ, զթերութիւն վրիպանաց բազմասխալ ձայնի եղկելոյս»։
Միջնադարու հայ գրիչը՝ մատեաններ ընդօրինակող ձեռքը, պէտք էր որ համեստ ըլլար։ Սքանչելագործ Աւետարանի մը աւարտին, դողդողացող նոյն ձեռքով յիշատակարանի մէջ ան կը գրէր. «Աղաչեմ... եթէ գուցէ գտանելով ձեր սխալ ինչ՝ ո՛չ մեղադրէք՝ զի բազում ջանիւ ըստ տկարութեան իմոյ՝ այդ էր կա՜րն իմ», 1311, «Մի մեղադրէք ինձ՝ գրողիս, վասն խոշոր եւ սխալ գրիս», 1352։ Այժմ յիշեմ Վարդան գրիչը։ Ան էր, որ 1331 թուականին Պօղսախ դաշտի Աղպինար գիւղի մէջ, սուրբ Սարգիս զօրավարի հովանաւորութեամբ Աւետարան մը ընդօրինակեց, ապա ըսաւ. «Սխալներուս համար մի՛ մեղադրէք, քանզի հմուտ չէի այս գործին, բայց մտածեցի, որ աւելի լաւ է տգեղ գրել, քան թէ պարապ շրջիլ»։ Անշուշտ շատ աւելի լաւ կը հնչէ գրաբար բնագիրը. «Խոշորութեան եւ սխալանացս անմեղադիր լերուք, զի չէի հմուտ այսմ գործոյ, զի մեր կարս այս էր, այլ զայս եդեալ ի մտի՝ լաւ է փծուն (անմաքուր, անարժան) գրել քան ունայն շրջել»։
Նոր յարձակում Մուրատի դիրքերու վրայ. աղւէս, ագլոր, ագրաւ...
Հայը յղացաւ «Ժողովուրդը չի սխալիր» առածը, բայց ինքը անսխալ չէր։ Փա՞ստը անոր. «սխալ»ներով հարուստ մեր արտայայտութիւնները. Հայը կ՚առնէ «սխալ քայլ», կը բռնէ «սխալ ճանապարհ», կը գործէ «սխալ-սխալի վրայէ ու կ՚ընէ «սխալ-մխալ բաներ»։ Երբեմն սխալ կ՚ըլլայ անոր հաշիւը, դատողութիւնը, ընտրութիւնը եւ կողմնորոշումը - յաճախ դիւանագիտութեան մէջ - ։ Սակայն, յարգելի ընթերցող, կայ թերութիւն մը, որ մենք հաւաքաբար որոշեր ենք չկոչել «սխալ»։ Ներելի է ան։ Մեր յոգնաջան գրաշարներու ակամայ կատարած «գրաշարական» սխալներու համար է խօսքս։ Հայ գիրքը իր վերջին էջի վրայ կ՛ունենայ ո՛չ թէ «սխալացուցակ» կամ «սխալացոյց», այլ՝ «վրիպակ»։ Հայը նաեւ սորուած է, թէ «Սխալի կէս ճանապարհէն ետ դառնալը խոհեմութիւն է»։
Խօսելով գրատպութեան մասին, պէտք է ըսել, որ 19-րդ դարուն լոյս տեսան բազմաթիւ «սխալ» գիրքեր։ Առաջին սխալողը եղաւ պոլսահայը ու անմիջապէս փորձեց ուղղել զայն։ 1872 թուականին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսաւ «Սխալացոյց» որ 1872 տարւոյն օրացոյցներուն բազմաթիւ սխալները կ՛ուղղէէ գիրքը։ Այնուհետեւ, սխալը դարձաւ համաճարակ. «Նորայրեան բառարանի սխալները», 1886, Զմիւռնիա, «Սխալ հաշիւ ։ Կօմեդիա չորս գործողութիւնով», 1892, Թիֆլիս, «Հայ իրականութեան մէկ քանի կենսական հարցերուն շուրջը տեսութիւններ, եւ սխալներ...», Մարզուան, 1911։ Նոյն օրերուն Յակոբ Պարոնեանը նկատեց, թէ Վերինն ալ զերծ չէր սխալներէ։ «Կսմիթներ»ու մէջ ան դժգոհութիւն յայտնեց. «Նախախնամութիւնը պարկին պատռիլը տեսնելով՝ կ՚երեւի որ զայն նորէն կարել տուեր ու թափածները ժողվելու համար Հայաստան իջեր է, բայց թա. փած դժբախտութիւնները ժողվելու տեղ՝ սխալմամբ խաղաղութիւն, երջան. կութիւն, պատիւ եւ կեանք ժողվեր, պարկին մէջ լեցուցեր, առեր քալեր է»։
Կենդանիներու նոր յարձակում Մուրատի վրայ. քայլ, գարնուկ, քետացի...
Սխալի մասին գրեցին նաեւ մեր բանաստեղծները, Զահրատը Պոլսոյ, Պարոյր Սեւակը Երեւանի, իսկ Յովհաննէս Գրիգորեանը Կիւմրիի մէջ։ (Պէ՞տք էր գրել «Գիւմրի»։ Ներեցէք եթէ սխալ եմ գրած ձեր քաղաքի անունը)։ Զահրատը ըսաւ. «Արդէն օր մըն ալ պիտի ըսուի թէ / Ինչ որ սորվեր ենք իբրեւ գիտութիւն / Հիմնովին սխալ - / կեղծ է ծայրէ ծայր»։ Պարոյր Սեւակը ինքնաքննադատ էր. «Եւ ամէն մի սխալ շտկելիս ակամայ / Գործում են նոր սխալ»։ Նորանկախ Հայաստանի երկունքի խառնաշփոթ եւ մռայլ օրերուն Յովհաննէս Գրիգորեանը աղաչեց պետական մարմիններուն, որ սխալ մը գործած ըլլան. «Ինչ-որ մի հնար գտէք, որ ես չհեռանամ / այս փոքրիկ երկրից։ Ինչ-որ սխալ գտէք / անձնագրիս մէջ եւ ետ դարձրէք սահմանագլխից»։
Բառը քաղաքանացաւ։ Պետական այրեր մամուլին արտայայտուեցան ազգի սխալներու մասին. «Մեր այսօրուայ վիճակը երեկ ընդունուած սխալ որոշման արդիւնք է», «Սխալ կառավարման հետեւանք է շատ հարուստների եւ շատ աղքատների առկայութիւնը»... Իսկ փորձառու եւ իմաստուն դիւանագէտ մը խորհուրդ տուաւ. «Դիւանագէտի սխալը նման է սակրաւորի (ականներ չէզոքացնող մասնագէտ) սխալին։ Միայն թէ, երբ սակրաւորի ձեռքում պայթում է նռնակը, զոհւում է միայն ինքը, իսկ դիւանագէտի վրիպումը յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով իր պետութեան ու ժողովրդի համար»։
Ուղղագրութեան նոր գրաւոր։ Ուրբաթ, 09։00, 1978, Պոլիս։
Մուրատը, այժմ կենդանական աշխարհի քսան անուններու հետ համերաշխ, կը գրէ. արջ... թութակ... թռչուն... աղուէս...
- 20 բառ, անսխալ։ Նիշդ՝ 10։ Ապրիս, նստէ։
Այսօր յարգելի ընթերցող, կը մաղթեմ, որ հայը չկրկնէ իր նախկին սխալները, կամ դուք սխալ մը շտկելու համար չգործէք նորը, ու հրաժեշտ կու տամ Արամայիս Սահակեանի երգի վերածուած այն բանաստեղծութեամբ, որ ձօնուած է ուսուցիչին.
Սիրելի ուսուցի՚չ, տեսնում եմ ձեզ նորի՚ց,
Բայց արդէն ճերմակա՚ծ աւելի...
Ու եթէ սխալուեմ, ուղղեցե՚ք ինձ նորից,
Ես յաւե՜րժ աշակերտ ձեզ համար։