ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Սիրամարգ


Մեր ամ­բողջ ըն­տա­նիքը փո­ղոց վա­զեց զար­մա­ցու­մի, հիացու­մի ձայ­ներ ու ճի­չեր ար­ձա­կելով։ Պատ­ճա՞ռն այդ անակնկալ ու­րա­խու­թեան։ Սի­րամար­գը. աւե­լի ճիշ­դը, սի­րամար­գե­րու ըն­տա­նիք մը, որ զի­րենք լու­սանկա­րելու հա­մար կանգ առած ինքնա­շար­ժե­րու առ­ջե­ւէն կը տո­ղան­ցէր ան­հոգ ու կ՚անցնէր մէկ մայ­թէն միւ­սը։ Հան­դի­սաւոր այս եր­թը նման էր նո­րաձե­ւու­թիւննե­րու ցու­ցադրու­թիւննե­րուն։ Արու սի­րամար­գը, ըն­տա­նիքին գե­ղեցի­կը, մե­ծահամ­բաւ ձե­ւաւո­րողի զգեստ ցու­ցադրո­ղի նման կը քա­լէր հպար­տութեամբ, սի­գաճեմ, կար­ծես հա­յելիի առ­ջեւ կոտրտո­ւելով, գի­տակ­ցե­լով, թէ իր շքեղ, երփնե­րանգ «աչ­քե­րով» զար­դա­րուած փե­տուրնե­րը շլա­ցու­ցիչ են ու կը հրա­պու­րեն դի­տողին։ Մին­չեւ որ այդ երա­մը կա­տարէ իր ան­ցումը, մենք զրու­ցենք «սի­րամարգ» բա­ռի եւ անոր պճնա­զարդ պատ­մութեան մա­սին։

Նման շքերթ մըն ալ մեր լե­զուի մէջ կա­տարեց ու կը շա­րու­նա­կէ կա­տարել «սի­րամարգ» բա­ռը։ Աչ­քա­ռու գո­յական է ան։ Ու­նի բա­նաս­տեղծներ ու աշուղներ հմա­յող գե­ղեց­կութիւն։ Բնիկ հայ­կա­կան բառ է «սի­րամարգ»։ Ըստ ժո­ղովուրդա­կան զրոյ­ցի, յա­ռաջա­ցած է՝ «սի­րուն» եւ «մարգ» բա­ռերու միաձու­լումէն։ Լե­զուա­բան­ներ, ըն­դունե­լով հան­դերձ այդ բա­ցատ­րութեան գե­ղեց­կութիւ­նը, հա­մաձայն չեն անոր ու կը շա­րու­նա­կեն որո­նել բա­ռի ստոյգ ար­մատնե­րը։

«Սի­րամարգ» բա­ռը առա­ջին ան­գամ ե՞րբ յայտնո­ւեցաւ հայ­կա­կան լե­զուաշ­խարհի մէջ։ Ան ե՞րբ բա­ցաւ իր փե­տուրնե­րը ու ցու­ցադրեց իր գե­ղեց­կութիւ­նը։ 5-րդ դա­րուն։ Հա­կառակ անոր, որ հա­ւազ­գի­ներու պատ­կա­նող այդ թռչու­նը բնիկ է Հնդկաս­տա­նին եւ Հե­ռաւոր Ասիոյ, սի­րու­նա­տես անու­նը անոր Ոս­կե­դարուն իրեն հա­մար ար­դէն հա­մեստ բոյն մը շի­նած էր հա­յոց լե­զուի մէջ։ Աս­տո­ւածա­շունչի մէջ կայ «սի­րամարգ» բա­ռի մէկ գոր­ծա­ծու­թիւն, թէ Սո­ղոմոն թա­գաւո­րի նա­ւերը ամէն տա­րի հե­ռաւոր եր­կիրնե­րէ կը վե­րադառ­նա­յին ու­նե­նալով բեռ՝ «ոսկւոյ եւ ար­ծա­թոյ, եւ ժա­նեաց փղաց եւ կապ­կաց եւ սի­րամար­գաց»։

«Սի­րամարգ» բա­ռը, իր թռչու­նի նման, նա­զելի է։ Իր գե­ղեց­կութիւննե­րը ցու­ցադրեց դան­դա­ղօրէն, մի առ մի։ Ի զուր չէ, որ մեր հի­ները ըսեր են «Զսի­րամար­գին թեւն ո՚րքան շրջշրջեսն, այնքան երփն երփն գե­ղեց­կութեանն զա­ռաջին տե­սեալն մո­ռացու­ցա­նէ»։ Ասի­կա է պատ­ճա­ռը, որ ու­նինք «Նա­զել որ­պէս զսի­րամարգ» եւ «Սի­գալ որ­պէս սի­րամարգ» ար­տա­յայ­տութիւննե­րը։ «Սի­րամարգ» բա­ռի ոս­կե­դարեան սա­կաւա­թիւ գոր­ծա­ծու­թիւննե­րէն մէ­կը կա­տարեց պատ­մա­հայր Մով­սէս Խօ­րէնա­ցին, երբ տո­ւաւ Չնաս­տա­նի նկա­րագ­րութիւն մը. «Սքան­չե­լի է եւ աշ­խարհն [ճե­նաց, այ­սինքն Չի­նաս­տա­նի] քրքմա­ւէտ եւ սի­րամար­գա­շատ եւ բազ­մա­մետաքս»։ Յա­ջորդ դա­րերուն մեր լե­զուն զար­դա­րուե­ցաւ սի­րամար­գանման չորս-հինգ բա­ռերով, ինչպէս սի­րամար­գա­ծաղիկ, սի­րամար­գա­ձեւ, սի­րամար­գա­յին, եւ սի­րամար­գա­փասիան։ 1881 թո­ւակա­նին նա­մակի մը մէջ հայր Ղե­ւոնդ Ալի­շանը գոր­ծա­ծեց քնքոյշ ար­տա­յայ­տութիւն մը. «Սի­րամար­գա­փետուր Սե­րովբդ հրե­ղէն»։ Վար­դա­պետը նաեւ յօ­րինեց եր­կու այլ նկա­րագ­րութիւն. «Սի­գաճե­մեալ սի­րամարգ», «Հե­զաճեմ սի­րամարգ»։

Վե­րոյի­շեալ ածա­կան­նե­րը չեն ար­դա­րաց­ներ բա­ռին լիակա­տար գե­ղեց­կութիւ­նը։ Գրա­կան նո­րանոր փե­տուրներ տես­նե­լու հա­մար պէտք էր սպա­սել քա­նի մը դար եւս։ Չ՞է որ նա­զելի էր սի­րամար­գը...

Միջ­նա­դարուն, շնոր­հիւ բա­նաս­տեղծնե­րու եւ տա­ղասաց­նե­րու, գրի առ­նո­ւեցան «սի­րամարգ» բա­ռի քնա­րական ըն­տիր գոր­ծա­ծու­թիւննե­րը։ Ահա Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի գրի առած ար­տա­յայ­տութիւննե­րու եր­կու տի­պար. «Սի­րաս­նունդ սի­րամարգ սխրա­լի, / Նրբա­փայլ ոս­կէ­թել տար­փա­լի», «Սի­րամարգ ոս­կե­տիպ նկար»։ Նոյն թո­ւական­նե­րուն «սի­րամարգ» բա­ռը դար­ձաւ իգա­կան անձնա­նուն։ Հայ­կա­կան յի­շատա­կարան­նե­րը կը վկա­յեն եր­կու տի­կին Սի­րամարգներ, որոնք Աւե­տարան­ներ գրել տո­ւեր են, մէ­կը 1436-ին Ախ­թա­մարի մէջ, իսկ միւ­սը 1481-ին՝ Կտուց անա­պատի։

Աշ­խարհիկ բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ «սի­րամարգ» դար­ձաւ սի­րատենչ տա­ղասա­ցի եարը։ Աւե­տիք Դաշ­տե­ցիի «հո­գի»ն էր անոնցմէ մէ­կը. «Քա­լուացքդ է սա­գայ նման եւ դուն սի­րամարգ, Հո­գիս»։ Ապա եկան այլ տա­ղասաց­ներ ու սի­րամար­գով զար­դա­րուած գա­րու­նը եւ սի­րամար­գանման սի­րելին գո­վեր­գող եր­գեր յօ­րինե­ցին։ Ականջ տանք այդ քա­նի մը ազ­նիւ խօս­քե­րուն. «Սի­րամարգ ոս­կի թե­ւով... / Ու­րա­խանան հետ կար­միր վար­դին, հետ ճեր­մակ վար­դին», Խա­չատուր Խաս­պէկ կա­ֆացի, «Տաղ գար­նան ։ Սի­րամարգ հա­ւի նման / հա­գեր են հա­լաւ գունզգուն, / Հետ զար­նեն ու հետ խա­ղան, / ու խմեն ի յա­նուշ գի­նուն», Ստե­փանոս Վա­րագե­ցի, «Ո՛վ, այս անուն, մա­քուր տատ­րակ, / Ոս­կե­փետուր հաւ սի­րամարգ», Ստե­փանոս Թո­խաթ­ցի։

«Սի­րամարգ» բա­ռը կը շա­րու­նա­կէ գե­ղեց­կացնել մեր օրե­րու լե­զուն։ 1982-ին Հայ­ֆիլմի կող­մէ նկա­րահա­նուած շար­ժանկար էր ան՝ «Սի­րամար­գի ճի­չը»։ 2014-ին դար­ձաւ կա­ռավա­րու­թիւնը քննա­դատող քա­ղաքա­կան խօսք՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Ազ­գա­յին Ժո­ղովի մէջ ար­ձա­կուած. «Պե­տու­թիւնը ծան­րա­գոյն վի­ճակում է, սի­րամար­գի կե­ցուածք մի ըն­դունէք», Ռու­բէն Յա­կոբեան։ Այ­սօր նաեւ նա­խու­տեստ է ան՝ «սի­րամար­գի պոչ»։ Իսկ Հա­յաս­տա­նի մա­նուկնե­րու հա­մար, որոնք սի­րամար­գը միայն կեն­դա­նաբա­նական պար­տէ­զի մէջ կը տես­նեն, ու դեռ հե­ռու են «սի­րամարգ» եար ու­նե­նալէ, հա­նելուկ է ան. «Պո­չը՝ շքեղ, հով­հա­րի պէս, / Ո՞ր թռչունն է քայ­լում կա­մաց՝ / Հրա­պու­րում բո­լոր մարդկանց», «Փե­տուրներ են ծաղ­կուն, շքեղ, / Պո­չը՝ եր­կար, հով­հա­րաձեւ, / Ո՞ր թռչունն է, գոյ­նով պէս-պէս, / Անունն ասա, եթէ գի­տես»։

Այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող, մեր բա­ռապա­շարին աւելցնեմ քա­նի մը «սի­րամար­գա­զարդ» բառ եւս, որ­պէսզի ան աւե­լի գե­ղեց­կա­նայ ու ճո­խանայ. երբ յա­ջորդ ան­գամ դուք տես­նէք գե­ղեց­կուհի, որուն քայ­լո­ւած­քը գե­ղեցիկ է , զայն կո­չեցէք «սի­րամար­գա­ճեմ» կամ «սի­րամար­գա­քայլ», եթէ դէմքն է սի­րուն՝ «սի­րամար­գա­տես»։

Փո­ղոցի հան­դէ­սը վեր­ջա­ցաւ։ Սի­րամար­գե­րը պար­տէզնե­րու ցան­կա­պատե­րէն, ցած­լիկ տա­նիք­նե­րէն անցնե­լով ան­հե­տացան։ Մեր ըն­տա­նիքն ալ վեր­դարձաւ տուն։ Ու ահա իր աւար­տին ալ հա­սաւ «սի­րամարգ» բա­ռի շքեր­թը։ Այ­սօր որ­պէս հրա­ժեշտ պի­տի մէջ­բե­րեմ Գու­սան Շե­րամի «Քե­զանից բան չու­նեմ» եր­գի խօս­քե­րը։ Բայց նախ կը փա­փաքիմ յի­շեց­նել, թէ մեծ եր­գա­հանն էր, որ մէկ այլ եր­գի մէջ աշ­խարհի բո­լոր գե­ղեց­կուհի­ներուն ազ­դա­րարած էր, թէ «Թէ­կուզ լի­նիք սի­րամարգ՝ / Ձեր նախ­շունիկ փե­տուրնե­րով, / Կամ անու­շիկ եր­գող սո­խակ, / Էլի եարիս եմ գո­վում»։ Իսկ այժմ մեր աչ­քե­րը շո­յեն Գու­սան Շե­րամի «Քե­զանից բան չու­նեմ» եր­գի քնքոյշ խօս­քե­րը։ Մին­չեւ յա­ջորդ հան­դի­պում բնու­թեան երփնե­րանգ բո­լոր գե­ղեց­կութիւննե­րը կո­չեցէք՝ սի­րամարգ։

Ունքերդ կա­մար, էրո­ւայ քեզ հա­մար,

Հա­գել ես նախ­շուն, դա­ռել սի­րամարգ.

Մար­մինդ՝ շքեղ, աչ­քերդ՝ կան­թեղ,

Սրտեր են հալ­ւում հա­յաց­քէդ ահեղ։