Հայը ինչե՞ր չպաշտեց - ու կը շարունակէ պաշտել։ Նախ շարեմ տեսանելիները, ծառ, ցուլ, քար, հուր, հաց..., ապա շեշտեմ անտեսանելիները. ճշմարտութիւնը, իրականութիւնը, բարին, գեղեցիկը...։ Յարգելի ընթերցող, այս էջի մէջ երբ բառապաշտութիւն կը կատարենք ամէն շաբաթ, այսօր յարմար կը նկատեմ յիշել «պաշտել»բայը եւ «-պաշտ»վերջացող բառերը՝ յանուն արդարապաշտութեան։
Նախ սահմանենք այս պաշտելի բառը. «Պաշտամունքի առարկայ դարձնել, երկրպագել, կրօնական պաշտամունք կատարել, ծայրայեղօրէն սիրել, դաւանել, օրհնել»,նաեւ «անձնուրաց կերպով սիրել»։Վերջինն էր, որ նկատի ունէր Մուրացանը իր «Գեւորգ Մարզպետունի»պատմավէպին մէջ. «Նա ոչ թէ սիրում, այլ պաշտում էր իւր հինաւուրց զօրապետին»։
Ըստ ստուգաբան, լեզուաբան այրերու, բառս ունի իրանական ծագում, pari-štā։ Բուն նախնական արմատն է «պարիշտ»։ Բայը նախապէս «պարիշտել» էր, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «շուրջը կենալ»,այսինքն ծառայել։ Մեր նախնիները յայտնի երկու արտայայտութիւն ունէին՝ «Պաշտել զխորհուրդս» եւ «Պաշտել զծառայութիւն»։ «Պարիշտ» արմատը առանձին գործածութիւն չունի, սակայն ան մեզի շնորհեց քանի մը հնաբոյր ածական, ինչպէս՝ ամբարիշտ, բերանապարիշտ, կռապարիշտ եւ մարդապարիշտ։
Քանի որ «-պաշտ» վերջացող հայերէն բառերու շտեմարանը անկուշտ է, որոշեցի յօդուածիս մէջ զանոնք պարբերաբար նշել, որպէսզի դուք տեսնէք, թէ որքան հարուստ է եղած հայու երեւակայութիւնն ու հոգին։
412 թուականին երբ թարգմանեցինք Աստուածաշունչը մեր պաշտելի բառը 219 անգամ գործածուեցաւ անոր մէջ, այնուհետեւ ընդմիշտ ներկայ մնաց հայկական մատենագրութեան էջերու վրայ։ Ահա այդ օրերէն ընտիր շարան մը. «Կոչումն պաշտելի»,«Պաշտեցեալ պատկեր»,«Անուն պաշտելի»,«Պաշտեցեալ մասունք»,«Դշխոյ պաշտելի»,«Խնամակալութիւն պաշտելի»,«Օծեալ մտապաշտելի»,«Իւղ խնկելի, պաշտելի»,«Տիպ պաշտելի»...։
Իսկ հա՞յը... Փորձենք նկարագրել զայն, որոնենք իր ինքնութիւնը։ (Այս ընտրանիի մէջ, յարգելի ընթերցող, մի՛ փնտռէք ժամանակագրական շարք). անասնապաշտ, արեգակնապաշտ, արձանապաշտ, կատուապաշտ, կռապաշտ, կրակապաշտ, օձապաշտ, մոխրապաշտ, դիցապաշտ, քարապաշտ։ Ամենապաշտ եւ բարեպաշտ հայ ազգը։
Բանաստեղծ Ֆրիկը, որ յայտնի էր իր արդարապաշտութեամբ (կը յանձնարարեմ կրկին ընթերցանել անոր տաղերը, որոնք կը խօսին ընկերային անարդարութիւններու մասին) 1300-ներուն ըսաւ. «... Կամ թէ՝ Աստուած կայ պաշտելի, տէր եւ քննող ամենայնի»։Միջնադարեան գրիչ եւ ծաղկող Թորոս Ռոսլինի համար մատեան պատուիրող արքաներն ու իշխաններն էին այդ կոչումին արժանի. «ի ժամանակս աստուածասէր եւ բարեպաշտ արքային Հեթմոյ»,«Հրամանաւ մեծի եւ բարեպաշտի եւ իշխանաց իշխանին պարոն Լեւոնի»։
Իսկ ո՞վ արժանի եղաւ յաջորդ ածականներուն... Գինեպաշտ, մամոնապաշտ, որովայնապաշտ, աղանդապաշտ, ուրուապաշտ, ծաւալապաշտ, նիւթապաշտ, փայտապաշտ։ Ամենապաշտ եւ բարեպաշտ հայ ազգը։
19-րդ դարուն գեղապաշտ եւ իրապաշտ հեղինակները մեր, պաշտամունքի նոր առարկաներ ստեղծեցին։ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի համար զինք խնամող հունգարուհի Էլեն Նիսընն էր ան. «Եօթը տարի, եօթն անգամ ինձ պաշտելի դո՚ւ կին տարաբախտ, դու կին պաշտելի»։Բնութենապաշտ Միսաք Մեծարենցի համար «ուղի»ն էր պաշտելի. Իսկ երբ օր մը խլեն աչքէս / Իմ պաշտելի ուղիս՝ անհետ... / Նորէն գտնեմ պիտի ես յար / Սիրոյս ճամբան...»։Դանիէլ Վարուժանի համար արեւելեան բաղանիքի մէջ մերկացած գեղեցկուհին էր պաշտելի. «Կ՚եռան ջուրերը, կը լուան Կրակներն այդ պաշտելի»։Գեղամ Բարսեղեանը անշարժացած Աղթամարի Սուրբ Խաչի առջեւ՝ շշնջաց. «Տաղ առ Աղթամար ։ Ի՜նչպէս երազային է մեղեդին զոր թաղծաթրթիռ զանգիւնները կը մեներգեն քու պաշտելի կաթուղիկէիդ»։ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի համար երազային էակ մըն էր ան. «Երազներիս մշտական տիրուհին ես պաշտելի»։
Եւ դարձեալ հայը... Աստուածապաշտ, արարչապաշտ, խաչապաշտ, ճշմարտապաշտ, միապաշտ, քրիստոսապաշտ։ Ամենապաշտ եւ բարեպաշտ հայ ազգը։
Յարգելի ընթերցող, «պաշտ» բառի իսկական երկրպագուն, այժմ յայտարարեմ, պոլսահայ իրապաշտ գրող Երուխանն է։ Կարդացէք իր «Ամիրային Աղջիկը» վէպը ու դուք ալ կը համոզուիք։ Ո՛չ մէկ հեղինակ ունի «պաշտելի»ին նուիրուած այնքան արտայայտութիւն, այնքան գրական պատկեր, որքան Երուանդ Սրմաքէշխանլեանը, որ կը քարոզէր «իրապաշտ դպրոցին գեղեցկութիւնը, մարդկայնութիւնը»։Ահա անոր վերոյիշեալ միակ վէպէն առնուած քանի մը գոհար. «Նուրբ ու պաշտելի էակ»,«Պաշտելի հայր»,«Աղջկան պաշտելի սիլուէդը»,«Օտար բառերու այդ ներդաշնակ թաւալումը կը լսէր իր աղջկան անուշ եւ պաշտելի շրթներուն վրայ»,«Պաշտեցեալ կուռքս»,«Կուսականութեան պաշտելի սնգոյրը»...։
Նոյն օրերուն, դարձեալ Պոլսոյ մէջ, 15ամեայ Հրանոյշ Արշակեանը, անգիտակ իր նուրբ թոքերուն մէջ բոյն դրած ախտին, կը պաշտէր իր հոգին պարուրող գիշերուան անոյշ շղարշը. «Լուսնեակ։ Մինչդեռ գիշերը իր մութ վարագոյրը կը քաշէ երկրիս թատերաբեմին վրայ, անոք տխուր սեւութեան տակ ծածկելով օրուան տխուր եւ երջանիկ գաղտնիքները, դո՜ւն, պաշտելի կուռքը բանաստեղծներուն, այդ քողը կը պատռես քու տժգոյն եւ տմոյն լոյսովդ»։
Ինչպէ՞ս կը յայտնուի պաշտամունքի արժանի ընտրեալը։ Ո՞վ կը մարէ անոր կրակը։ Այս հարցումները պատասխանեց Մուրացանը. «Սիրտը ինքն է ընտրում իւր պաշտելին եւ ինքն է կործանում նրան»։
Որոնելով մեր ինքնութիւնը, անհրաժեշտ է յիշել նաեւ... հողապաշտ, լուսնապաշտ, օտարապաշտ, արդիապաշտ, խորանարդապաշտ, գերիրապաշտ...։ Ամենապաշտ եւ բարեպաշտ հայ ազգը։
Հայը նաեւ, գաղտնիք չէ, մեր տան, ձեր տան սեղանն է վկայ, հացապաշտ է, նոյնչափ ալ՝ լեզուապաշտ։ Հայը եւ իր լեզուն։ Քանի՜ քանիներ իմաստասիրեցին լեզուի մասին։ 1892-ին «Պատկեր Աշխարհիկ Գրականութեան» հատորին մէջ Յովհաննէս քահանայ Մկրեանը ըսաւ, թէ պէտք է մայրենին «իբրեւ սրբազնացեալ լեզու սիրել եւ պաշտել»։1912-ին Սիպիլը բարեւեց զայն. «Ո՜վ հայ լեզուս իմ պաշտելի, ողջո՜յն քեզ»։Հայը նաեւ «ծառապաշտ» է։ 1991 թուականին, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը անկախութեան նոր արմատներ կը դնէր իր հազարամեայ հողի մէջ, Զարեխ Խրախունին Պոլսոյ Թաքսիմ թաղամասէն աշխարհի բոլոր հայերուն յորդորեց ըլլալ՝ ծառապաշտ. «Օ՜ տնկեցէք / Ամուր ձեռքով խնամեցէք / զարդարեցէք / պաշտպանեցէք / պաշտեցէք / Ազատութեան ծառն է այս ...»։
Մեր ոդիսականը սկսաւ «պարիշտ» բառով ու հասաւ «պաշտելի» ածականին։ Երկար էր անոր ճանապարհը. Հեթանոս Հայաստանէն Քրիստոնեայ Հայաստան, բանաստեղծներու Հայաստանէն վերանկախացած Հայաստան, հողէն մինչեւ լուսին։ Հայը, զարմանալի ժողովուրդ, հեղ մը կը դառնայ ապագայապաշտ, ապա հին օրերու կարօտով, հեղ մըն ալ կը վերադառնայ հնապաշտութեան գիրկը։ Օտարապաշտ է ան եւ աւանդապաշտ։ Արեւելապաշտ եւ արեւմտապաշտ։ Միեւնոյն ժամանակ։ Ամենապաշտ եւ բարեպաշտ հայ ազգը։
Յարգելի ընթերցող, այսօր հրաժեշտ կու տամ մէկ այլ պաշտամունքային առարկային՝ Շամիրամէն ի վեր մեզ հմայող մանեակին նուիրուած երգով մը։ Մինչեւ յաջորդ հանդիպում մնացէք գեղապաշտ եւ բառապաշտ։
Գարնան մէկ օր ելայ Մեղրի գետափը,
Տեսայ մի չքնաղ կոյս, ախ կորաւ անյոյս,
Սիրտս տարաւ իւր հետ՝ ինձ թողեց մենակ,
Որտեղ գտնեմ ես նրան պաշտելի մանեակ։