Բառերու խորհրդաւոր աշխարհին նուիրուած յօդուածաշարիս մէջ, յարգելի ընթերցող, կը փորձեմ արուեստով վերաբերիլ իւրաքանչիւր բառի հետ։ Կը խօսիմ անոր բարեմասնութիւններու մասին, ներկայացնելով զայն իր գեղեցկագոյն վիճակի մէջ։ Իսկ այսօր, ժամանակը եկած է, որ զրուցենք «արուեստ» բառի մասին, քանզի ա՛ն է, որ նրբութիւն կու տայ մեր ձեռքի եւ մտքի գործերուն։
Տեսնելու համար, թէ «արուեստ» բառը ի՛նչ ազդեցութիւն ունի հայրենի կենցաղի վրայ, ձեզի կը յանձնարարեմ մայրաքաղաք Երեւանի պողոտաներու վրայ քալել ու դիտել իր անունի վրայ «արուեստ» բառը կրող թանգարան եւ պատկերասրահները։ Մէկ միլիոն բնակիչ ունեցող արեւելեան քաղաքի մը համար զարմանալի թիւ մը կը կազմէ ան։ Ապա, ուշ երեկոյեան երբ վերջանայ ձեր շրջանը, կը յանձնարարեմ Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնի առջեւ գտնուող բազմաթիւ բացօթեայ սրճարաններու մէկուն մէջ նստիլ, ապսպրել ուրձի թէյ, լեմոնով անշուշտ, ու հաճոյքով մտաբերել ձեր կազմած ցանկը. «Ժողովրդական արուեստի թանգարան», «Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարան», «Ժամանակակից արուեստի թանգարան», «Հայաստանի փայտարուեստի թանգարան», «Նորարար փորձառական արուեստի կենտրոն», «Վալմար արուեստի սրահ», «Գեւորգ Գրիգորեանի արուեստանոց-թանգարան», «Ռուսական արուեստի թանգարան», «Միջին Արեւելքի արուեստի թանգարան»։
«Արուեստ»ը նոր չէ մեզի համար, որքան ալ այլափոխուած ըլլան անոր արտայայտութեան ձեւերը, ինչպէս, արուեստ՝ գրչութեան, քերթողութեան, հռետորութեան, ժողովրդական, կիրառական, զինուորական, ինչպէս նաեւ՝ գորգարուեստ, երգարուեստ, խոհարուեստ...։
Գրաւոր հայերէնի մէջ Ոսկեդարուն յայտնուեցաւ «արուեստ» բառը։ Բացատրութիւնը այսպէս էր. «Ճարտարութիւն, հմտութիւն, գործ ճարտար, եւ հնարք ՚ի գործել ինչ յո՚ր եւ է կարգի՝ մեքենական կամ ազատական կամ բանական»։ (Նոր Բառգիրք Հայկազեան Լեզուի, Վենետիկ, 1836) Այդ օրերուն մեր մատենագրութիւնը, շնորհիւ բարձրարուեստ գրիչներու աշխատանքին, կը զարդարուէր արուեստաբոյր տողերով. «Եփեալ ըստ արուեստի իւղագործաց», «Լի արուեստիւ, եւ իմաստութեամբ, եւ գիտութեամբ», «Քերականութիւն ընդ հանուր արհեստիւ է», «Իմաստասիրութիւն է արհեստ արհեստի», «Սարդ յոյժ արուեստաւ կազմէ»։
5-րդ դարուն հայը մասնագիտացած էր արուեստի մէջ։ Այս կարծիքը կը հաստատեն Մաշտոցի, Կորիւնի, Խորէնացիի եւ Ագաթանգեղոսի ստեղծագործութիւններու մէջ տեղ գտած «արուեստապետ», «արուեստագէտ», «արուեստանոց», «արուեստաւորէ եւ «արուեստաբանէ բառերը։ Որքան աւելի հմտացանք արուեստի մէջ, նոյնքան շատ բառեր աւելցան բառացանկի վրայ. «արուեստագիր», 6-րդ դար, «արուեստարան», 8-րդ դար։ Հայոց լեզուի մէջ այսօր «արուեստ» բառով շինուած բառերու թիւը կը հասնի 100-ի։ Երբ «արուեստ» արմատը մեր մտքի բարդութիւնները ամփոփելու համար չեղաւ բաւարար, հնարեցինք նոր բառեր, ինչպէս՝ բազմարուեստ, ձեռարուեստ եւ զարդարուեստ։ Արուեստի բացակայութիւնը կամ չարաշահումն ալ դարձաւ բառ։ Մեր ազգը, գաղտնիք չէ, ունեցեր է ունայնարուեստ, չարարուեստ եւ վրիպարուեստ անհատներ։
Երեւանեան սրճարաններու մէջ արուեստով կը մատուցեն սուրճը եւ ուրձը։ Կաթնասերով կամ ընտիր համեմներով կը զարդարեն զանոնք։ Ապսպրեցէք երկրորդ բաժակը։ Բայց, զայն վայելեցէք դանդաղօրէն։ «Արուեստ» բառը քանի մը ըսելիք եւս ունի։ Ուշադրութեամբ դիտեցէք նաեւ քաղաքի եռուզերը։ Ձեր քովէն անցած կրնայ ըլլալ փայտագործ, կաւագործ կամ ասեղծնագործ արուեստագէտ մը։
«Արուեստ» բառը, հակառակ իր բոլոր գեղեցկութեան, եւ դժուար է բացատրել ինչո՛ւ, գրաւիչ չեղաւ հայ հեղինակի համար։ Հայկական միջնադարեան գրականութեան մէջ գրեթէ գոյութիւն չունի ան։ Իսկ յիշատակարաններու մէջ, Աւետարան, Սաղմոսարան կամ Գանձարան ընթօրինակած գրիչները, որոնք տիրացած էին գրչութեան, քերականութեան եւ մանրանկարչութեան արուեստներուն, կամաւորապէս կոչուեցան՝ անարուեստ. «Գրեցաւ ձեռամբ մեղաւոր եւ անարուեստ գծողիս», Գանձարան, 1436, «Մեղսաներկ ձեռամբ գրեցի զաստուածաւանդ Աւետարանս, թեպէտ անարուեստ եւ անարժան էի», Աւետարան, 1292, «Արդ, գրեցաւ սուրբ Աւետարանս... ձեռամբ անարուեստ գծողի Գալստի», Աւետարան, 1452։ Ինքնահամեստ այդ մարդոց համար հաճելի էր այլ մեծերուն կոչել «արուեստով»։ 1431 թուականին Ամիդ քաղաքի հոգեւոր առաջնորդ նշանակուած բանաստեղծ Մկրտիչ Նաղաշը, որ «Անհամեմատ նկարիչ» ըլլալու համար ստացած էր Նաղաշ, այսինքն նկարիչ, ծաղկող մականունը, արժանացաւ հետեւեալ խօսքին. «... զամենեան դիւրաւ ուսանէր եւ զամենեան դժուարին արուեստ մի անգամ տեսանելով, նա գերագոյն քան զօրինակն՝ ներգործէր...»։ Մ. Նաղաշէն երկու դար առաջ, բանաստեղծ, գիտնական, ամենայն հայոց կաթողիկոս Յովհաննէս Երզնկացին, հոգեւոր աչքով դիտեց երկնակամարը ու նկատեց, թէ երկնային մարմիններու շրջանի մէջ կայ արուեստ. «Որ արուեստիւ շարժեալ շրջէ զգունդն երկնական, / Եւ նոյն շարժմամբ ժամանակաց թիւք գոյանան», («Զարդք Երկնից»)։ 1650-ներուն երկարաշունչ ողբ-ներբող մը գրի առաւ Սիմէոն Կաֆացին՝ Տէր Խասպէկ քահանայի մահուան առիթով ու ըսաւ. «... Արուեստ ձեռաց մտացն էր զարմանալի»։ Մենք ունինք աւանդութիւն մը. արուեստը ողբի մէջ։ Խրիմեան Հայրիկը իր «Վանգոյժ» երկով նպաստեց անոր. «Քո զէնք միայն խոփն ու արօր. արուեստ եւ վաճառականութիւն քո զբաղումն էր. եւ միթէ ա՞յս եղեւ հատուցումն քո հաւատարիմ հպատակութեան»։
Արուեստ բառը նոր փայլ մը ստացաւ մամուլի գիւտով եւ անոր շնորհիւ, յայտնուելով բազմաթիւ գեղատիպ, գեղակազմ ու գեղատեսիլ հրատարակութիւններու շապիկին վրայ։ Ահա ընտիր բոյլ մը այդ ժառանգութենէն. «Օրինակք հայկական արուեստագրութեան», 1846, Մոսկուա, «Արուեստաբանութիւն», Վենետիկ, 1873, «Բառգիրք արուեստից...», Վենետիկ, 1891, «Գործնական արուեստախօսութիւն կամ գլխաւոր արուեստներու եւ անոնց դիւրին կերպով գործադրութեան առաջնորդ», Վիեննա, 1884, «Գիրք կամ յօդուած գրելու արուեստը», հաւանաբար Վիեննա, 1908, «Արուեստ տաղաչափութեան», Վենետիկ, 1913։ Իսկ 1911 թուականին Պոլսոյ Նշան Պապիկեան տպարանէն լոյս տեսած հետեւեալ գիրքը ունեցած ըլլալու է մեծ տպաքանակ, քանզի ան կը հետաքրքրէր բոլորին. «Առողջապահութիւն կամ հիւանդ չըլլալու արուեստը»։
1896-ին Եղիա Տէմիրճիպաշեանը իմաստասիրեց «արուեստիէ մասին. «Գրականութիւնն ինձ համար արուեստ մը չէ, հապա հոգիի պէտք մը», նամակ, Բերա, 24 Մայիս։ Նոյն օրերուն Գեղամ Բարսեղեանը տաղ մը ձօնեց Աղթամարի տաճարին ու ըսաւ. «Քու պանծալի քանդակներդ իրենց թանկագին արուեստին մէջ կը դողան»։
Ամառ օրերուն երեւանեան սրճարանները կը սիրեն օտար ժամանակակից մեղմ երաժշտութիւն մը նուագել յաճախորդներու համար, որոնք արուեստով հագնուած կ՚ըլլան։ Այդ երաժշտութեան, երբեմն կը փոխարինէ հայկականը ու Գուսան Շահէն մը կը յայտնուի եւ դուք ուրձի երրորդ բաժակով կը վայելէք մեծարուեստ երգահանի «Խռոված էր» սիրոյ տխուր երգը.
Ա՜խ, իմ յարը անցաւ, գնաց,
աղաչեցի, ետ չդառաւ...
Նոր հասկացայ, որ իմ յարը
իմ արուեստից խռոուած էր։
Մինչեւ յաջորդ հանդիպում, յարգելի ընթերցող, մնացէք արուեստով։