Անցեալ շաբաթ «իմաստ» բառով իմաստալից դարձեր էր ստուգաբանական մեր զրոյցը։ Պարզած էինք, թէ այդ բառը ինչպէ՛ս խոր իմաստութիւն մը շնորհած էր մեր լեզուին եւ գրականութեան։ Իսկ այսօր, յարգելի ընթերցող, խօսիմ մէկ այլ բառի՝ «զաւակ»ի մասին։ Ան չէ՞, որ ծնողքի իւրաքանչիւր օրը կը դարձնէ իմաստալից։ Շատեր համոզուած են, թէ առանց անոր իմաստազուրկ է կեանքը։ Զաւակը ունի մէկ այլ երեւոյթ. ինչպէս Վահրամ Փափազեանը գրեր է՝ «Զաւակը ինչքան էլ մեծանայ տարիքով, երեխայ է իր մօր համար»։ Ուստի, այսօր պատմեմ մեր մայր լեզուի ազնիւ մէկ զաւակի՝ «զաւակ» բառի պատմութիւնը։
Շատ են զաւակի տեսակները։ Պարզապէս իջէք փողոց, շուկայ, կամ հրապարակ, փսփսուքներու կամ բամբասանքներու մէջ կը լսէք անոնց մասին ակնարկութիւններ. «Աղքատ ընտանիքի զաւակ», «Հարուստ ընտանիքի զաւակ», «Մեծահարուստի զաւակ», «Որդեգիր զաւակ», «Խորթ զաւակ»...
«Զաւակ» բառի գրական սերմերը դրեր ենք Ոսկեդարուն։ Սուրբ Գիրքի մէջ յիշուած են զաւակի պատուաբեր տեսակները, ինչպէս՝ «օրհնեալ», «պատուական», «երկայնակեաց», ինչպէս նաեւ՝ «անիծեալ», «անօրէն» եւ «ամպարիշտ» զաւակներ։
Հայոց «զաւակ» բառը ապերախտ չգտնուեցաւ։ Ի՜նչ երանելիութիւն ծնողի մը համար՝ ան եղաւ շնորհալի, պտղաբեր նոյն ժամանակ, կարելի է ըսել «բազմազաւակ»։ «Զաւակ» բառէն դարերու ընթացքին ծնունդ առին երեսունէ աւելի բաղադրեալ բառեր, ինչպէս՝ «բազմազաւակ» եւ «սակաւազաւակ», «բարեզաւակ» եւ «վատթարազաւակ»։ Բայց միշտ չէ, որ մարդը զաւակ կ՚ունենայ։ Զաւակէ մը զրկուած ըլլալու ծանրութիւնը ինչպէ՞ս արտայայտէր լեզուն։ Բառեր շինելով։ Յարգելի ընթերցող, ըստ երեւոյթին մենք շատ ենք տառապած զաւակի մը բացակայութենէ, քանզի նոյնքան շատ են այդ վիճակը նկարագրող հայերէն բառերը, ինչպէս՝ անզաւակ, անզաւակութիւն, անզաւականալ, անզաւակիլ, անզաւակացուցանել, անզաւակունի...։
«Զաւակ»ը հարստութիւն եւ հպարտութիւն բերաւ մեր լեզուին, երբ ստացաւ բազմաթիւ փոխաբերական իմաստներ. երբ յոգնակի է՝ կը նշանակէ սերունդ, յետնորդներ, ինչպէս Ղազարոս Աղայեանը ըսաւ. «Մենք նրա (Նոյ նահապետ) անբաժան զաւակներ ենք, նրա տան բնակիչները»։ Բառս կը նշանակէ նաեւ մարդ, որպէս որեւէ վայրի բնակիչ ՝ բնիկ կամ որպէս որեւէ ժողովրդի՝ ազգի հարազատ ներկայացուցիչ, ինչպէս «Արեւելքի զաւակ», «Հայու զաւակ», «Հայ եկեղեցւոյ զաւակ»։ Այս արտայայտութիւնները նաեւ դարձան քնարական խօսքեր. «Մենք՝ զաւակներդ օգոստոսափառ պիտի կերտենք նոր արշալոյս», Դանիել Վարուժան, «Յիշենք այն հերոսական ճիգերը, որ գործում էին մեր հասարակ ժողովրդի լաւագոյն զաւակները», Վահան Տերեան...։ «Զաւակ»ը նաեւ այն մարդն է, որ կը կրէ իր միջավայրի կամ ժամանակի բնորոշ գիծերը, ինչպէս՝ «Դարու զաւակ», «Լեռներու զաւակ»։ Ու վերջապէս, «զաւակ»ը արդիւնք է եւ հետեւանք. «Կիրքի զաւակ», «Յամառ աշխատանքի զաւակ»։ Արդեօ՞ք պատահած է, որ դուք ձեր աշկերտին, աշակերտին կամ անծանօթ երիտասարդին փաղաքշական ձեւով դիմած ըլլաք՝ «զաւա՛կս»։
Հայկական միջնադարեան գրականութեան մէջ «զաւակ» բառը յաճախ կը յիշուէր որդեկորոյս տաղասացներու ողբերու մէջ։ Այդ ողբերու մէջ կը գովաբանուէր զաւակին արտաքին եւ ներքին բարեմասնութիւնները, հայր-տաղասացը կ՛ուզէր աշխարհին պատմել, թէ որքան աննման էր իր զաւակը։ Ձեզի կը ներկայացնեմ քանի մը դժբախտ հօր գրի առած տողիկներ, որոնք վշտահար սրտի հարազատ զաւակներ են.
«Չտեսայ հողածին զաւակ քեզ նման» Ղազար Սեբաստացի, «Ո՛վ, այս անուն, դու իմ որդեակ... Քո ծնողաց սիրուն զաւակ», Ստեփանոս Թոխաթցի։ Բանաստեղծներ նաեւ գովաբանեցին բարի զաւակը եւ անոր համար գրեցին ներբողներ. Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանը ըսաւ. «Ընտրեալ հանուրց մեծաց եւ պարթեւ ազգի, / Բարի ծնօղաց պտուղ եւ զաւակ բարի», Յակոբ Արզրումցին՝ «Զաւակ բարի ծնողաց, արմատ օրհնութեան»։ Միջնադարու հայ բանաստեղծը նաեւ խոնարհ պէտք էր որ ըլլար ու յաճախ նուաստացնէր ինքզինք, ինչպէս Թաթոս Թոխաթեցին ըրաւ Աստուծոյ ուղղած իր աղաչանքին մէջ. «Ես մեղաց զաւակ էի»։
1800-ներուն հայկական գրատպութիւնը սկսաւ իր առաջին «զաւակ»ները տալ։ Գրախանութներու ցուցափեղկերու մէջ յայտնուեցան գիրքեր, որոնք «Զաւակ» բառը ունէին իրենց շապիկին վրայ։ Առաջինը 1838-ին լոյս տեսաւ Զմիւռնիոյ մէջ. «Առաջնորդ ծնողաց ։ Որ կը ցուցընէ թէ ծնողքները ինչ կերպով իրենց զաւակները պիտի կրթեն»։ Այնուհետեւ, ծնունդ առին այլ հրատարակութիւններ. «Ամուսնական խնդիրներ ։ Ծնողք եւ զաւակունք», «Կեանքի խորթ զաւակներ», «Կանոնագիր պարտականութիւնք ծնողաց հանդէպ իրենց ուսանող զաւակաց»։ Հայ խմբագիրը անտարբեր չմնաց նաեւ իր նահատակուած կամ տարագիր զաւակներուն։ 20-րդ դարու երկրորդ կէսին լոյս տեսան հայրենակցական միութիւններու բծախնդիր աշխատանքի զաւակները, ինչպէս՝ «Վասպուրականը եւ իր տարագիր զաւակները», 1942, «Խարբերդ եւ իր զաւակները», 1955, «Մուսա լերան զաւակները», 1965։ «Զաւակ» բառը նոյն օրերուն հնչեց հայրենասիրական երգերու մէջ, «Տալվորիկի զաւակ եմ», «Ելէ՛ք, ելէ՛ք հայկազունք, / Ելէ՛ք Հայկայ զաւակունք»։ Իսկ օր մըն ալ մայրը խօսեցաւ, Արաքս էր ան, վշտահար, սգաւոր. «Քանի որ իմ զաւակունք / Այսպէս կու մնամ պանդուխտ՝ / Ինձ միշտ սգուոր կը տեսնէք»...։
«Զաւակ» բառի հետ յաճախ իմաստասիրած մեր օրերու բանաստեղծ է պոլսահայ Զահրատը։ Անոր տողերը մենախօսութիւններ են կարծես, իր ներաշխարհի գաղտնիքներու անկեղծ ու պարզ խոստովանանքը. «ՀՈՂ ։ Ես / Վաղամեռ Մովսէսի որդի - / Հայրդ ըսին / Հողակոյտ մը ցոյց տուին / Հայր - իմ հայրս - հող / Ես / Հողի զաւակ», «ՄԵԾԱՍՔԱՆՉ ։ Այս այն լեզուն է որով զաւակներս կը խօսին / Թէպէտ ես հայր չեմ»։ Կը յիշէ՞ք, 1914 ին, նոյն քաղաքի մէջ Վահան Թէքէեանը «Զաւակս» բանաստեղծութեան մէջ դժգոհութիւն յայտներ էր Աստուծոյ, թէ ինքը ինչո՛ւ զաւակազուրկ է. «Զաւկի մը շնորհն անգամ, ո՛վ Տէր զլացար / Ինծի ընդ միշտ...», Իսկ Սիամանթօն հայկական գիրերու գիւտի 1500-ամեակի առիթով խօսեր էր մտքի զաւակի մը մասին. «Եւ թոյլ տուր այսօր, ո՜վ Մեսրոպ... / Իբր զաւակ մը մտածումիդ, / Ես ի քե՛զ գամ իմ այս երգս երգելու»։
Ո՞վ է հայու հարազատ զաւակը, որո՞ւ աշխատանքի քրտինքով կը սրբանայ երկիրը։ 19-րդ դարու հայ բանաստեղծը չունէր տարակոյս. մշա՛կն էր ան։ «Օ՜, ծանր հոգսերի խղճո՛ւկ զաւակներ, / Որքա՜ն համբերող, քաջ է ձեր հոգին», Աղեքսանդր Ծատուրեան, «Մշակներն են իմ գիւղիս, դաշտի հզօր զաւակներ», Դանիէլ Վարուժան։ Վարուժանը «Հարճը» ստեղծագործութեան մէջ ներկայացուց մայր հողի մէկ այլ զաւակը՝ սիւնեցիները. «Ճորտերը Սիւնեաց գաւառներուն երկտասան, / Լերան ազատ զաւակներ»։ Արփիար Արփիարեանը «Կարմիր Ժամուց» վէպի մէջ նկարագրեց Հայկական լեռնաշխարհէն ծնած հայրենդաւան զաւակ մը. «Իր հողը հիմակ այլեւս պարզ նիւթ մը չէր իրեն համար. անիկա պատմութիւն մը ունէր. կեանք կը բղխէր անկէ։ Հոն Հայկն ու Վարդանը, Յուսիկն ու Ներսէսը ապրած էին. եւ ինքն այդ հողին զաւակն էր, անոնց զաւակն էր»։
Յուսամ այս յօդուածով «զաւակ»ի հանդէպ մեր պարտականութիւնը կատարեցինք։ Յաջորդ հանդիպումին, յարգելի ընթերցող, կ՚անդրադառնանք «աւագ»ին ու անոր մեծածաւալ պատմութեան։