ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Իմաստ

«Բառե­­րու խորհրդա­­ւոր աշ­­խարհը» յօ­­դուա­­ծաշա­­­րի իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր հա­­­տուած, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, կը փոր­­­ձեմ հա­­­մեմել իմաս­­­տուն հա­­­յերու իմաս­­­տուն խօս­­­քե­­­­­­­րով։ Իսկ այ­­­սօր, ըլ­­­լանք ար­­­դար եւ «իմաստ» բա­­­ռը ըլ­­­լայ մեր զրոյ­­­ցի առար­­­կան։ Չէ՞ որ ան մեր կեան­­­քը կը դարձնէ «իմաս­­­տա­­­­­­­լից», իսկ առանց անոր ամէն ինչ «իմաս­­­տա­­­­­­­զուրկ» է։

«Իմաստ» գո­­­յակա­­­նը յա­­­ռաջա­­­ցաւ «իմա­­­նալ» բա­­­յէն։ Այդ բա­­­յը 5-րդ դա­­­րու հայ մա­­­տենա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մար կը նշա­­­նակէր «ճար­­­տա­­­­­­­րել, մտա­­­ծել, ըմբռնել, հասկնալ, հա­­­մարել, հնա­­­րել»։

Հայ­­­կա­­­­­­­կան միջ­­­նա­­­­­­­դարեան մա­­­տեան­­­նե­­­­­­­րէն կ՛իմա­­­նանք, թէ «իմաստ» բա­­­ռը 5-րդ դա­­­րուն ար­­­դէն բազ­­­մի­­­­­­­մաստ էր։ Ո՞վ բա­­­ժին ու­­­նի այդ իմաս­­­տա­­­­­­­լից գոր­­­ծին մէջ։ Ո՞վ մեր ոս­­­կեղնի­­­կը դար­­­ձուց գե­­­րիմաստ։ Փար­­­պե­­­­­­­ցին եւ Խո­­­րէնա­­­ցին, որոնք առա­­­ջին ան­­­գամ գրա­­­ւոր հա­­­յերէ­­­նի մէջ գոր­­­ծա­­­­­­­ծեցին «իմաս­­­տա­­­­­­­գոյն» ածա­­­կանը, Եզ­­­նի­­­­­­­կը, որ գոր­­­ծա­­­­­­­ծեց «իմաստնա­­­նալ» բա­­­յը, եւ Ագա­­­թան­­­գե­­­­­­­ղոսը, որ գոր­­­ծա­­­­­­­ծեց «իմաս­­­տակ» գո­­­յակա­­­նը։ Իսկ մեր Սուրբ գիր­­­քը կը պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ «իմաս­­­տուն», «իմաստնա­­­րար» եւ «իմաս­­­տուհի» բա­­­ռերը։ Գի­­­րերու գիւ­­­տէն յե­­­տոյ հա­­­յերէն գրո­­­ւած առա­­­ջին եր­­­կու բա­­­ռերը եղան՝ «Ճա­­­նաչել Զի­­­մաս­­­տութիւն»։ Այս բո­­­լորէն եօթը դար յե­­­տոյ, Վար­­­դան Արե­­­ւել­­­ցին հե­­­ղինա­­­կեց Թարգման­­­չաց տօ­­­նի օրհնու­­­թեան շա­­­րական ու ըսաւ. «Որք զար­­­դա­­­­­­­րեցին տնօ­­­րինա­­­բար զի­­­մաստս Անե­­­ղին»։

Գրա­­­բար հա­­­յերէ­­­նը ու­­­նէր «իմաս­­­տեալից ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւններ։ Անոնք մեր նա­­­խնիներու իմաս­­­տութեան ար­­­տա­­­­­­­ցոլա­­­ցումներն են։ Յի­­­շեմ եր­­­կու հա­­­տը. «Ծա­­­ռայ իմաս­­­տուն տի­­­րես­­­ցէ տե­­­րանց անմտաց» (Իմաս­­­տուն ծա­­­ռան կը տի­­­րէ ան­­­միտ տէ­­­րերուն), «Իմաս­­­տութիւն ծած­­­կեալ եւ գանձ ան­­­յայտ, ո՛ր օգուտ է յեր­­­կո­­­­­­­ցունց», այ­­­սինքն՝ ծած­­­կո­­­­­­­ւած իմաս­­­տութիւն եւ ան­­­յայտ գանձ, եր­­­կուքէն ո՞րն է օգ­­­տա­­­­­­­կարը։ Մեր նախ­­­նի­­­­­­­ները իրենց խօս­­­քե­­­­­­­րու մէջ կը գոր­­­ծա­­­­­­­ծէին նաեւ ըն­­­տիր ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւններ, ինչպէս՝ «Մե­­­ծահ­­­րաշ իմաստք», «Զգա­­­յարանք իմաս­­­տից», «Գալ յի­­­մաստ»։ Ի՜նչ ըն­­­տիր եւ պատ­­­կե­­­­­­­րալից են «իմաս­­­տա­­­­­­­բաշխ», «իմաս­­­տա­­­­­­­ճեմ», «իմաստնա­­­գիւտ», «ամե­­­նիմաստ» եւ «բա­­­նիմաստ» բա­­­ռերը։ Հնա­­­րեցինք նաեւ եր­­­կու բա­­­ցասա­­­կան ածա­­­կան. «աղ­­­քա­­­­­­­տիմաստ» եւ «անի­­­մաստ»։ Ցա­­­ւօք սրտի, չենք գի­­­տեր, թէ առա­­­ջին անգամ ո՛վ ար­­­ժա­­­­­­­նացաւ այդ ածա­­­կան­­­նե­­­­­­­րու։ Իսկ հա­­­յու երե­­­ւակա­­­յու­­­թեան պտուղներ չե՞ն «հան­­­ճա­­­­­­­րիմաստ», «քրիս­­­տո­­­­­­­սիմաստ», եւ «մեր­­­կի­­­­­­­մաս­­­տակ» բա­­­ռերը։

«Իմաստ»ը երբ դար­­­ձաւ գրա­­­կան, բա­­­ռերուն տո­­­ւաւ փո­­­խաբե­­­րական իմաստներ, իսկ մար­­­դուն՝ մտա­­­ծելու առիթ, թէ ի՛նչ է կեան­­­քի իմաս­­­տը։ Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, այժմ լսենք մե­­­ծանուն հայ գրիչ­­­նե­­­­­­­րու իմաս­­­տա­­­­­­­լից խօս­­­քե­­­­­­­րը, անոնց կեան­­­քի ըմբռնումնե­­­րը։

Հայ­­­կա­­­­­­­կան հո­­­գեւոր գրա­­­կանու­­­թեան մեծ «իմաստ» տո­­­ւաւ Գրի­­­գոր Նա­­­րեկա­­­ցին։ Ըստ բա­­­նաս­­­տեղծի՝ Աս­­­տո­­­­­­­ւած «Կա­­­տարեալ իմաս­­­տութիւն», «Անստո­­­ւեր իմաս­­­տութիւն» եւ «Ամե­­­նիմաստ էու­­­թիւն» էր, իսկ մար­­­դը՝ «Իմաս­­­տուն սխա­­­լական» եւ «Իմաս­­­տակ խե­­­լագար»։ Ըստ Ներ­­­սէս Շնոր­­­հա­­­­­­­լիի, իմաս­­­տութիւ­­­նը իրե­­­րուն բո­­­լոր կող­­­մե­­­­­­­րէ նա­­­յելու արո­­­ւեստն էր։ Շնոր­­­հա­­­­­­­լիի գրի­­­չին կը պատ­­­կա­­­­­­­նին նաեւ «Սրբեալ մաք­­­րութեամբ զիշ­­­խա­­­­­­­նական հոգ­­­ւոյն իմաստ» եւ «Լոյս փա­­­ռաց Էին ծա­­­գողին ծա­­­գումն, / Զօ­­­րու­­­թիւն զօ­­­րին, իմաս­­­տութեանն իմաստ» տո­­­ղիկ­­­նե­­­­­­­րը։ Բա­­­նաս­­­տեղծ եւ ամե­­­նայն հա­­­յոց կա­­­թողի­­­կոս Յով­­­հաննէս Երզնկա­­­ցին, որ յայտնի է աշ­­­խարհիկ եւ խրա­­­տական չա­­­փածո­­­ներով, մե­­­զի բա­­­ցատ­­­րեց, թէ ինչպէս որ սե­­­ղանն է անօ­­­գուտ առանց հա­­­ցի, այդպէս ալ մե­­­ծու­­­թիւնն է անօ­­­գուտ առանց իմաս­­­տութեան։ Մել­­­քի­­­­­­­սեդեկ Եպիս­­­կո­­­­­­­պոսը աղա­­­չեց Աս­­­տուծոյ. «Ինձ պար­­­գե­­­­­­­ւես­­­ցես իմաստ տե­­­սական»։ Խա­­­չատուր Խաս­­­պէկ Կա­­­ֆացի տա­­­ղասացն ալ նոյն աղա­­­չան­­­քով խօս­­­քեր առա­­­քեց Արար­­­չին. «Հայր անսկիզբն, անեղ եւ անի­­­մանա­­­լի... / Եւ տայ իմաս­­­տութիւն ազ­­­գիս հո­­­ղած­­­նի / Նոյն որ տայ ինձ լե­­­զու եւ իմաստ բա­­­նի»։ 1700-նե­­­րու առա­­­ջին տաս­­­նա­­­­­­­մեակ­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­յու­­­թիւնը կը լու­­­սա­­­­­­­ւորո­­­ւէր Մխի­­­թար Սե­­­բաս­­­տա­­­­­­­ցիի իմաս­­­տութեամբ։ Ան սկսնակ­­­նե­­­­­­­րուն կը խրա­­­տէր վի­­­ճիլ աւե­­­լի գի­­­տու­­­նի հետ, առանց տխրե­­­լու պար­­­տո­­­­­­­ւելու միտ­­­քէն, քա­­­նի որ ան կը շա­­­հի իմաս­­­տութեան ճա­­­կատա­­­մար­­­տը։

Նոյն օրե­­­րուն հայ­­­կա­­­­­­­կան տպագ­­­րութեան աշ­­­խարհը «իմաստ»աւո­­­րուե­­­ցաւ։ Լոյս տե­­­սան բա­­­նիմաց այ­­­րե­­­­­­­րու աշ­­­խա­­­­­­­տասի­­­րու­­­թիւններ. «Բնա­­­բանու­­­թիւն իմաս­­­տա­­­­­­­սիրա­­­կան», Մատ­­­թէոս եւ Ղու­­­կաս Վա­­­նան­­­դե­­­­­­­ցիներ, Ամստեր­­­դամ, 1702, «Հա­­­մառօ­­­տական իմաս­­­տա­­­­­­­սիրու­­­թիւն», Խա­­­չատուր Էրզրու­­­մե­­­­­­­ցի Առա­­­քելեան, Վե­­­նետիկ, 1711։ Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, իր անո­­­ւանա­­­թեր­­­թի վրայ «իմաստ» բա­­­ռը պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կող հայ­­­կա­­­­­­­կան գիր­­­քե­­­­­­­րուն թի­­­ւը կը հաս­­­նի 400-ի։ Իմաս­­­տա­­­­­­­լից թիւ մը իս­­­կա­­­­­­­կան։ Այն օրե­­­րուն աշուղ Սա­­­յաթ Նո­­­վան, հայ­­­կա­­­­­­­կան աշ­­­խարհի մէկ այլ ծայ­­­րը, կը շա­­­րադ­­­րէր «իմաստ» պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կող նշա­­­նաւոր երգ. «Դուն էն գլխէն իմաս­­­տուն իս»։

Իմաս­­­տա­­­­­­­լից խօս­­­քե­­­­­­­րով ազ­­­գը դաս­­­տիարա­­­կելու աւան­­­դութիւ­­­նը նոր կեանք եւ իմաստ ստա­­­ցաւ ժա­­­մանա­­­կակից շրջա­­­նին։ Յով­­­հաննէս Թու­­­մա­­­­­­­նեանը ըսաւ. «Ժո­­­ղովուրդն ու ամ­­­բո­­­­­­­խը իրար հա­­­կառակ բա­­­ներ են։ Ժո­­­ղովուրդն իմաս­­­տուն է, ամ­­­բո­­­­­­­խը՝ թե­­­թեւա­­­միտ»։ 1909 թո­­­ւակա­­­նին քա­­­ռասուն տա­­­րեկան հա­­­սած Թու­­­մա­­­­­­­նեանը նկա­­­տեց, թէ ազա­­­տած է կեան­­­քի բո­­­լոր անի­­­մաստ հո­­­գերէն, - քէն, գանձ, նա­­­խանձ - , ու ի՛նքն է դար­­­ձած իմաս­­­տուն. «Եւ ես իմաս­­­տուն ու բեռս թե­­­թեւ... / Իջ­­­նում եմ զո­­­ւարթ իմ լե­­­րան ետեւ»։ Թու­­­մա­­­­­­­նեանի տա­­­րեկից Լե­­­ւոն Շան­­­թը չէր հա­­­ւատար, թէ մար­­­դը կրնար կեան­­­քի իմաս­­­տին տի­­­րանալ։ Հին Աս­­­տո­­­­­­­ւած­­­նե­­­­­­­րու մէջ աբե­­­ղան կը ձայ­­­նէ ճգնա­­­ւորին. «Կե­­­ցիր, կե­­­ցիր, մարդ, քե­­­զի հարց մըն ալ, դուն, որ այդքան իմաս­­­տուն ես...»։ Ճգնա­­­ւորը կը պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նէ. «Մար­­­դը իմաս­­­տո՞ւն… Ու­­­նայնու­­­թիւն», ու կը հե­­­ռանայ։ Վա­­­հան Տէ­­­րեանը փոր­­­ձեց իմաստ տալ Եր­­­կիր Նա­­­յիրիի թշո­­­ւառ վի­­­ճակին ու զայն բա­­­ցատ­­­րեց հե­­­տեւեալ ձե­­­ւով. «Դու հպարտ չես, իմ հայ­­­րե­­­­­­­նիք, / Տրտում ես դու եւ իմաս­­­տուն»։ Բա­­­նաս­­­տեղծը ապա կեդ­­­րո­­­­­­­նացաւ իր նե­­­րաշ­­­խարհին. «Վա­­­ռուէր հո­­­գիս պարզ ու իմաս­­­տուն», «Իմաս­­­տուն խօս­­­քեր սո­­­վորե­­­ցի ես»։ Կոս­­­տան Զա­­­րեանը, որ նաւ մը հա­­­ներ էր լե­­­րան վրայ, բազ­­­մա­­­­­­­թիւ օտար նա­­­ւահան­­­գիստներ շրջե­­­լէ ու բազ­­­մա­­­­­­­թիւ պայ­­­քարներ մղե­­­լէ յե­­­տոյ, գա­­­ղափա­­­րի լե­­­րան վրայ նստե­­­ցաւ, կա­­­տարեց հա­­­շուե­­­յար­­­դար մը. «Իս­­­կա­­­­­­­կան մար­­­դը պէտք է... ներ­­­քին իմաս­­­տով լու­­­սա­­­­­­­ւորի իր օրե­­­րը»։

Հա­­­յը... Հա­­­նելու­­­կա­­­­­­­յին արա­­­րած։ Ո՞վ կրնայ նկա­­­րագ­­­րել զայն։ Ո՞վ կրնայ մեկ­­­նա­­­­­­­բանել անոր ալե­­­կոծ նե­­­րաշ­­­խարհը։ Ո՞ր քաջ իմաս­­­տունը կրնայ իջ­­­նել անոր հո­­­գեւոր խո­­­րու­­­թիւննե­­­րուն եւ մեկ­­­նա­­­­­­­բանել, թէ ին­­­չո՛ւ է անոր միտ­­­քը բազ­­­մի­­­­­­­մաստ, հո­­­գին խո­­­րիմաստ, հա­­­ւատ­­­քը քրիս­­­տո­­­­­­­սիմաստ, իսկ դի­­­ւանա­­­գիտու­­­թիւնը՝ ... Այս վեր­­­ջի­­­­­­­նը, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, դուք որո­­­շեցէք, քան­­­զի քիչ չեն «իմաստ» պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կող հայ­­­կա­­­­­­­կան այն ածա­­­կան­­­նե­­­­­­­րը, որոնք կը նկա­­­րագ­­­րեն բա­­­ցասա­­­կան երե­­­ւոյթներ։ Այս բո­­­լորը մեկ­­­նա­­­­­­­բանե­­­լու փորձ մը կա­­­տարեր էր Խորհրդա­­­հայ ար­­­ձա­­­­­­­կագիր Վարդգէս Պետ­­­րո­­­­­­­սեանը. «Շատ ենք սեն­­­տի­­­­­­­մեն­­­տալ մենք՝ հա­­­յերս, բո­­­լոր թռչուննե­­­րի, ծա­­­ռերի մէջ ան­­­գամ իմաստ ենք դնում»։ Իսկ եթէ դուք հա­­­մոզո­­­ւած էք, թէ ու­­­նայն է աշ­­­խարհը, Հա­­­մօ Սա­­­հեանն ալ նոյն տա­­­րակու­­­սանքի մէջ էր.

Այս եղած-չե­­­ղած, մե­­­ղաց աշ­­­խարհում

Հնում իր ու­­­ղին շե­­­ղած աշ­­­խարհում

Իմաս­­­տուննե­­­րի թիւն այնքան է շատ,

Որ իմաս­­­տութիւնն էլ իմաստ չու­­­նի։

Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, յա­­­ջորդ յօ­­­դուա­­­ծի մէջ տես­­­նենք, թէ ի՛նչ իմաստ ու­­­նի «զա­­­ւակ» բա­­­ռը, իր ու­­­ղիղ եւ փո­­­խաբե­­­րական իմաստնե­­­րով, չէ՞ որ զա­­­ւակն է ծնող­­­քի հա­­­մար կեան­­­քի իմաս­­­տը։