ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԹԵԹԵՒ

Մին­չեւ այ­­­սօր, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, եթէ զրու­­­ցեր ենք ծանր նիւ­­­թե­­­­­­­րու մա­­­սին, եկէք փո­­­խենք ըն­­­թացքը ու խօ­­­սինք քիչ մը թե­­­թեւ - յատ­­­կա­­­­­­­պէս այս օրե­­­րուն, երբ ճնշիչ է կեան­­­քը... «Թե­­­թեւ» բա­­­ռի պատ­­­մութիւ­­­նը ան­­­շուշտ, թէ բե­­­րանի ծայ­­­րով ըսո­­­ւած թե­­­թեւ խօսք պի­­­տի չըլ­­­լար։ Ան գրա­­­կան լուրջ ան­­­ցեալ ու­­­նե­­­­­­­ցող եր­­­կհա­­­զարա­­­մեայ ոդի­­­սական մը ու­­­նի։ Այժմ, եթէ վեր­­­ջա­­­­­­­ցաւ ձեր ընթրի­­­քը թե­­­թեւ, ձեր բազ­­­կա­­­­­­­թոռին մէջ նստած՝ քա­­­շեցիք շունչ մը թե­­­թեւ ու կա­­­թիլ մը մեղ­­­րով քաղցրա­­­ցած բա­­­ժակ մը թէյ ալ ու­­­նիք թե­­­թեւ՝ եր­­­թանք Ոս­­­կե­­­­­­­դար, մեր գրա­­­կան լե­­­զուի խան­­­ձա­­­­­­­րու­­­րա­­­­­­­յին օրե­­­րուն։

«Թե­­­թեւ» ածա­­­կանը «թե­­­թեւ քայ­­­լե­­­­­­­րով» մտաւ հայ­­­կա­­­­­­­կան գրա­­­կանու­­­թիւն- ո՛չ շռնդա­­­լից, բայց հա­­­մեստ ու հեզ։ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­շունչի ստո­­­ւար հա­­­տորի 400-500 էջե­­­րու մէջ խիստ սա­­­կաւա­­­թիւ գոր­­­ծա­­­­­­­ծու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­ցաւ ան. 11 թե­­­թեւ, 3 թե­­­թեւա­­­ցոյ, 2 թե­­­թեւա­­­գոյն, 1 թե­­­թեւու­­­թեամբ։ Նոյն օրե­­­րուն իր մար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թեամբ եւ յաղ­­­թա­­­­­­­նակ­­­նե­­­­­­­րով հռչա­­­կուած էր հայ­­­կա­­­­­­­կան թե­­­թեւ հե­­­ծելա­­­զօրը։ 10րդ դա­­­րուն, մեր քեր­­­թո­­­­­­­ղու­­­թեան ամե­­­նէն մե­­­ծածա­­­ւալ բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թեան՝ Մա­­­տեան Ող­­­բերգու­­­թեան մէջ «թե­­­թեւ» բա­­­ռը ար­­­ժա­­­­­­­նան­­­ցաւ միայն եր­­­կու գոր­­­ծա­­­­­­­ծու­­­թեան. «Թե­­­թեւա­­­ցո՛յ զսաստկու­­­թիւն տան­­­ջա­­­­­­­նաց­­­նէ եւ «Զբեռն պար­­­տեացս թե­­­թեւա­­­ցո՛յ»։ Ըստ երե­­­ւոյ­­­թին, այդ հին դա­­­րերուն բառս չու­­­նէր խո­­­հական, իմաս­­­տա­­­­­­­սիրա­­­կան ծան­­­րութիւն կամ լրջու­­­թիւն։

Սա­­­կայն միջ­­­նա­­­­­­­դարուն տա­­­կաւ առ տա­­­կաւ բառս զար­­­դա­­­­­­­րուե­­­ցաւ աւե­­­լի քան եօթա­­­նասուն բա­­­ղադ­­­րեալ բա­­­ռերով, ինչպէս՝ թե­­­թեւազ­­­գեստ, թե­­­թեւա­­­զէն, թե­­­թեւաթ­­­ռիչք, թե­­­թեւա­­­շունչ, թե­­­թեւա­­­սիրտ, թե­­­թեւաս­­­լաց եւ թե­­­թեւա­­­սիւք։ Ու­­­նե­­­­­­­ցանք նաեւ պա­­­րոն­­­ներ եւ օրիոր­­­դիկներ՝ թե­­­թեւա­­­միտ, թե­­­թեւա­­­բարոյ, թե­­­թեւա­­­խելք, եւ թե­­­թեւ­­­սո­­­­­­­լիկ։

Ծանր լռու­­­թիւն մին­­­չեւ 1500-ներ... Ապա Թո­­­խաթ­­­ցի Թա­­­դէոսը խրա­­­տական բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թեան մը մէջ յի­­­շեց բա­­­ռը. «Երա­­­նի այն մար­­­դոյն՝ բա­­­րի գոր­­­ծել է, / Թե­­­թեւ շալ­­­կով յաշ­­­խարհէս գնա­­­ցել է»։ Սի­­­մէոն Կա­­­ֆացին շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեց բա­­­ռին տալ հո­­­գեւոր շունչ. «Ամպ թե­­­թեւ ի քեզ բազ­­­մեալ տէրն Յի­­­սուս»։

Օրա­­­ցոյ­­­ցի թեր­­­թե­­­­­­­րը դար­­­ձան ու «թե­­­թեւ» բա­­­ռը ստա­­­ցաւ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տիչ իմաստներ, ինչպէս՝ մեղմ - «Թե­­­թեւ քա­­­մի», արագ, սա­­­հուն- «Թե­­­թեւ քայ­­­լո­­­­­­­ւածք», թոյլ «Թե­­­թեւ հա­­­րուած», ոչ խիստ- «Թե­­­թեւ պա­­­տիժ», կա­­­տարե­­­լու հա­­­մար դիւ­­­րին- «Թե­­­թեւ գործ», մա­­­կերե­­­սային, հա­­­րեւան­­­ցի- «Թե­­­թեւ հա­­­յեացք, նա­­­յուածք», ո՛չ լրջմիտ- «Թե­­­թեւ մարդ»։ Այս ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւննե­­­րու ամե­­­նէն զո­ւար­­­ճա­­­­­­­լին «Թե­­­թեւ երաժշտու­­­թիւն» է, իսկ ամե­­­նէն հանգստաց­­­նո­­­­­­­ղը՝ «Թե­­­թեւ քուն»։ Եր­­­բեմն ալ, բնու­­­թեան օրէնքն էր, ափ մը հող նե­­­տեցինք դա­­­գաղի մը վրայ։ Այդ պատ­­­կե­­­­­­­րը Հա­­­մօ Սա­­­հեանի գրչին տակ դար­­­ձաւ յու­­­զիչ քեր­­­թո­­­­­­­ւած. «Թող հո­­­ղը թե­­­թեւ լի­­­նի քեզ վրայ... / Եւ յե­­­տոյ ծանր մի քար են դնում / Այդ հո­­­ղի վրայ։ / Եւ յե­­­տոյ ծանր մի դար է նստում / Այդ քա­­­րի վրայ։ / Եւ յե­­­տոյ հո­­­ղի մի սար է նստում / Այդ դա­­­րի վրայ... / Թող հո­­­ղը թե­­­թեւ լի­­­նի քեզ վրայ»։

Սե­­­բաս­­­տա­­­­­­­ցինե­­­րու հա­­­մար թե­­­թեւ­­­սո­­­­­­­լիկ մար­­­դը «թե­­­թեւ թա­­­սիկ, խենթ հա­­­մասիկ» էր։ Պոլ­­­սոյ եւ Պա­­­րիզա­­­կի մէջ «թե­­­թեւ հո­­­գի» կը նշա­­­նակէր աշ­­­խոյժ, առոյգ։ Եթէ մէ­­­կը «թե­­­թեւ ոտք» ու­­­նի, ըն­­­դունե­­­ցէք զայն ձեր խա­­­նու­­­թէն ներս, քան­­­զի ան յա­­­ջողու­­­թիւն կը բե­­­րէ։ Իսկ «թե­­­թեւ ձեռք» է ան, որուն տո­ւածը շա­­­հաւէտ է, սկսած գոր­­­ծը՝ յա­­­ջող։ Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող թե­­­թեւ մը յի­­­շեց­­­նեմ թէ, բա­­­ռը, ըստ Հրա­­­չեայ Աճա­­­ռեանի, Համ­­­շէ­­­­­­­նի մէջ «թէ­­­թիւ» էր, Հաճ­­­նոյ մէջ՝ «թի­­­թեվ», Զէյ­­­թունի մէջ՝ «թի­­­թիւ», Տիգ­­­րա­­­­­­­նակեր­­­տի մէջ՝ «թի՛թըվ», իսկ Ալաշ­­­կերտի մէջ՝ «թե՛տըվ»։

«Թե­­­թեւ» բա­­­ռը թէ՛ արե­­­ւելա­­­հայ եւ թէ՝ արեւմտա­­­հայ գրա­­­կանու­­­թեան մէջ համ­­­բա­­­­­­­ւի տի­­­րացաւ աշ­­­խարհա­­­բար աշ­­­խարհիկ գրա­­­կանու­­­թեան վե­­­րել­­­քով։ Պաղ­­­տա­­­­­­­սար Դպի­­­րը եւ իր հե­­­տեւեալ բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւնը կա­­­րելի է հա­­­մարել այդ աւան­­­դութեան ռահ­­­վի­­­­­­­րան. «Սրա­­­թեւ թռչնակ լի­­­նէի, թռչէի՝ ուր կա­­­մէի, / Կամ ի յայ­­­գին իմ սի­­­րելոյն փչող քա­­­մին լի­­­նէի, / Թե­­­թեւ ամ­­­պիկ պի­­­տէի՝ հո­­­վուն առ­­­ջեւն իյ­­­նէի»։ Ապա Ռա­­­փայէլ Պատ­­­կա­­­­­­­նեանն էր, որ լուրջի առաւ «թե­­­թեւ»ը, երբ Նոր Նա­­­խիջե­­­ւանի մէջ բա­­­ցուած հայ­­­կա­­­­­­­կան տպա­­­րանի հա­­­մար գրեց փոքր մէկ քեր­­­թո­­­­­­­ւած. «Բա­­­րի՚ եկար, հիւր թան­­­կա­­­­­­­գին, / Գալդ բա­­­րի, ոտքդ թե­­­թեւ»։

Պոլ­­­սոյ մէջ 1850-էն սկսե­­­լով, բազ­­­մա­­­­­­­թիւ քնա­­­րեր­­­գակ բա­­­նաս­­­տեղծներ «թե­­­թեւ» ածա­­­կանով հիւ­­­սե­­­­­­­ցին սի­­­րային, հեշ­­­տա­­­­­­­լուր տո­­­ղիկ­­­ներ, ստեղ­­­ծե­­­­­­­ցին հո­գեգ­­­րաւ գրա­­­կան պատ­­­կերներ. «Հայ Քա­­­ջու­­­հին ։ Այն ո՞ւր կ՛եր­­­թայ զո­­­ւար­­­թա­­­­­­­դէմ / Փա­­­փուկ թե­­­թեւ ոտիցն ի ճեմ», Մկրտիչ Պէ­­­շիկ­­­թաշլեան, «Սիւ­­­քը խա­­­ղար տե­­­րեւ­­­նե­­­­­­­րուն հետ թե­­­թեւ», Պետ­­­րոս Դու­­­րեան, «Պար­­­տէզնե­­­րուն վրայ կ՛իջ­­­նէ թե­­­թեւ քօղք մը մի­­­գամած», Մի­­­սաք Մե­­­ծարենց, «Քայ­­­լերս էին թե­­­թեւ», Սիաման­­­թօ, «Վեր­­­ջա­­­­­­­լոյս. Ամ­­­պի թե­­­թեւ ծո­­­ւէն­­­ներ՝ հո­­­վէն տա­­­րուած ան­­­դադրում՝ / Ցա­­­ծէն կ՛անցնին հուպ տա­­­լով սա­­­րին, ծա­­­ռին, լճա­­­կին», Ռու­­­բէն Սե­­­ւակ, «Թե­­­թեւ բուրմունք մը վայրկեան մը ծա­­­ծանե­­­ցաւ օդին մէջ», Զա­­­պէլ Եսա­­­յեան։

Հայ­­­կա­­­­­­­կան գրատ­­­պութեան մէջ «թե­­­թեւ» բա­­­ռը առա­­­ջին ան­­­գամ յայտնուեցաւ ո՛չ քնա­­­րական խո­­­րագ­­­րով մը։ 1880-ին Կ.Պոլ­­­սոյ գրա­­­խանութնե­­­րու ցու­­­ցա­­­­­­­փեղ­­­կե­­­­­­­րուն վրայ զե­­­տեղո­­­ւած գիր­­­քի մը վրայ գրո­­­ւած էր. «Մի բա­­­րեկա­­­մական թե­­­թեւ ապ­­­տակ առ Պ. Ա. Ազա­­­տախո­­­հեան՝ Մ. Պ. Խոր­­­թումճեանէ ի նպաստ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի սո­­­վելոց»։ Ան­­­շուշտ այլ գիր­­­քեր ալ լոյս տե­­­սան, որոնք ու­­­նէին աւե­­­լի յար­­­մար վեր­­­նագրեր. «Թե­­­թեւ հրե­­­տազօ­­­րի շար­­­քի կա­­­նոնա­­­գիրք», «Թե­­­թեւ հրաձ­­­գա­­­­­­­յին զէնք», «Թե­­­թեւ ատ­­­լե­­­­­­­տիկա», «Երես­­­ներս դէ­­­պի թե­­­թեւ ար­­­դիւնա­­­բերու­­­թիւնը»...

«Թե­­­թեւ» բա­­­ռը գրա­­­կանա­­­ցաւ նաեւ Արաքս գե­­­տի արե­­­ւելեան կող­­­մը, ստեղ­­­ծե­­­­­­­լով սի­­­րային, բնա­­­կան խորհրդա­­­ւոր եւ առաս­­­պե­­­­­­­լախառն պատ­­­կերներ։ Ահա քա­­­նի մը քնքոյշ նմոյշ. «Տե­­­րեւը հեզ ու­­­ռե­­­­­­­նու / Թե­­­թեւ դո­­­ղով մրմնջում էր, / Իբ­­­րեւ շրթունք միանձնու­­­հու», Յա­­­կոբ Յա­­­կոբեան, «Մի մրա­­­հոն աղ­­­ջիկ տե­­­սայ... Գա­­­լարում էր մէջ­­­քը թե­­­թեւ / Ծաղ­­­կանկար շա­­­լի մէջ», Աւե­­­տիք Իսա­­­հակեան, «Իրիկ­­­նա­­­­­­­ժամին թփերն օրո­­­րող հո­­­վի պէս թե­­­թեւ / Մի ու­­­րու ան­­­ցաւ, մի գու­­­նատ աղ­­­ջիկ ճեր­­­մակ շո­­­րերով», Վա­­­հան Տէ­­­րեան, «Առա­­­ւօտեան խնկա­­­հոտն ու թե­­­թեւ մո­­­մածու­­­խը սե­­­նեակը լցրել էին ախոր­­­ժե­­­­­­­լի բուրմունքով», Սեր­­­գէյ Սա­­­րինեան։ Փար­­­ւա­­­­­­­նայի կտրիճ­­­նե­­­­­­­րը ին­­­չո՞ւ դար­­­ձան թի­­­թեռ­­­ներ»։ Թու­­­մա­­­­­­­նեանը կը պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նէ. «Շտա­­­պելուց թեւ են առել, դար­­­ձել թե­­­թեւ թի­­­թեռ­­­ներ»։ Ամե­­­նայն հա­­­յոց բա­­­նաս­­­տեղծի հա­­­մար իմաս­­­տութիւն եւ զո­­­ւար­­­թութիւն էր քա­­­ռաս­­­ուն տա­­­րեկա­­­նէն յե­­­տոյ կեան­­­քի բեռ­­­նե­­­­­­­րէն ազա­­­տիլ. «Եւ ես իմաս­­­տուն ու բեռս թե­­­թեւ, / Ան­­­հոգ ծի­­­ծաղով, / Եր­­­գով ու տա­­­ղով / Իջ­­­նում եմ զո­­­ւարթ իմ լե­­­րան ետեւ»։ «Թե­­­թեւ» բա­­­ռի խստա­­­գոյն ու­­­շադրու­­­թիւն դար­­­ձուց Եղի­­­շէ Չա­­­րեն­­­ցը։ Ըստ անոր, այդ բա­­­ռը «թե­­­թեւի առ­­­նո­­­­­­­ւելիք» բան չէր, կրնար մարդկա­­­յին նե­­­րաշ­­­խարհի բո­­­լոր գաղտնիք­­­նե­­­­­­­րը պատ­­­մել. «Մահն է թե­­­թեւ՛, մահն է բա­­­րի՛, ան­­­մարմին քոյր», «Մու­­­սա­­­­­­­յիս- (Նախ՝ աղ­­­ջիկ էիր դու մի հա­­­սարակ) դու այնքան ան­­­փոյթ ու թե­­­թեւ», «Ականջ եմ դնում ես Ձեր թե­­­թեւ քայ­­­լե­­­­­­­րին», «Քո՜յր, ար­­­ցունքնե­­­րը — մա­­­քուր / Ղօ­­­ղանջնե՜ր են — թե­­­ւաւո՛ր / Ու թե­­­թեւ՛, թե­­­թեւ՛...», «Հո­­­վը շո­­­յում է թե­­­թեւ իմ աչ­­­քե­­­­­­­րը թաց…»։

Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, ար­­­դեօ՞ք «թե­­­թեւ» բա­­­ռը հա­­­յոց լե­­­զուի ամե­­­նէն զգա­­­յուն, նուրբ բա­­­ռերէն մէկն է։ Այս ժա­­­մուն ան­­­կասկած քա­­­ղաքի հրա­­­պարա­­­կի ժա­­­մացոյ­­­ցին տակ իր սի­­­րածին կը սպա­­­սէ երե­­­սը թե­­­թեւ կարմրած երի­­­տասարդ մը, մէկ այլ տեղ, նոր մայ­­­րա­­­­­­­ցած կնոջ մը դէմ­­­քը՝ նա­­­յելով իր քնա­­­ցող նո­­­րածի­­­նին՝ զար­­­դա­­­­­­­րուած կ՛ըլ­­­լայ ժպի­­­տով մը թե­­­թեւ, ծո­­­վուն սիւ­­­քը թե­­­թեւ դող կու տայ հո­­­րիզո­­­նը դի­­­տող նա­­­ւավա­­­րին, եւ կամ ձեր սե­­­նեակին առ­­­ջեւ յայտնո­­­ւեցաւ մէ­­­կը, որ, -ինչպէս Զա­­­պէլ Եսա­­­յեանը ըսաւ - , «Գլու­­­խը թե­­­թեւ մը հա­­­կած մէկ ու­­­սին, կը նա­­­յի ժպտե­­­լով»...։ Իսկ այժմ, գլխու թե­­­թեւ շար­­­ժումով մը հրա­­­ժեշտ տանք իրա­­­րու մին­­­չեւ նոր հան­­­դի­­­­­­­պում։