ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Ժամ

Առաւօ­տեան ժա­­մերուն հայ­­կա­­­կան լրա­­տուա­­միջոց­­նե­­­րը հա­­ղոր­­դեր էին. «Ժամն է զգօն ըլ­­լա­­­լու», «Ազ­­գա­­­յին միաս­­նա­­­կանու­­թեան ժամն է», «Ճգնա­­ժամա­­յին վի­­ճակ»։ Իսկ այժմ, վեր­­ջա­­­ցաւ աշ­­խա­­­տան­­քի ժա­­մը, ան­­ցաւ ճա­­շի ժա­­մը ու գի­­շերա­­յին այս ժա­­մերուն, որոնք խա­­ղաղու­­թիւն կը խոս­­տա­­­նան, կը վա­­յելէք հան­­գ ստի ժա­­մը, - որ­­մէ յե­­տոյ պէտք է որ գայ՝ ժամ երա­­զի։ Իսկ ի՞նչ է ժա­­մը։ Օրո­­ւայ մէկ քսան­­չորրո՞դը, ըն­­դա­­­մէնը վաթ­­սուն վայրկեան­­նոց տե­­ւողու­­թի՞ւն մը- Զուտ հան­­րա­­­գիտա­­րանա­­յին գի­­տելիք։ Անոնք չեն կրնար նկա­­րագ­­րել ժա­­մուան խոր­­հուրդը, կամ անոր մէջ կու­­տա­­­կուած ապ­­րումնե­­րու ծան­­րութիւ­­նը։ Ժա­­մը, ճշմա­­րիտ կ՛ըսեմ ձե­­զի, մերթ անե­­նակարճ պահն է կեան­­քի, մերթ յա­­ւիտե­­նակա­­նու­­թիւն։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, երբ օրե­­րը կը սա­­հին ժամ առ ժամ, եկէք այս ժա­­մը տրա­­մադ­­րենք «ժամ» բա­­ռին, քան­­զի ար­­ժա­­­նի է ան։ Չ՞է որ վա­­ղը ան մե­­զի կրկին պի­­տի ներ­­կա­­­յանայ որ­­նէս «թէ­­յի ժամ», «սուրճի ժամ», կամ՝ «ժամ սի­­րոյ»։

«Ժամ» բա­­ռը հայ­­կա­­­կան կա­­ռու­­ցո­­­ւածք է, թիւ­­րի­­­մացու­­թեան մը ար­­դիւնքը։ «Ժա­­ման» բա­­ռի մէջ մեր հի­­ները կար­­ծե­­­ցին, թէ «ան» մաս­­նիկ է ու «ժամ»ը դար­­ձաւ ար­­մատ։ Այ­­նուհե­­տեւ քա­­նի մը ժա­­մը տե­­ւեց, որ հա­­յը ստեղ­­ծէ «ժամ» միավան­­կով կազ­­մէ հա­­րիւ­­րա­­­ւոր բա­­ղադ­­րեալ բա­­ռեր։ Մեր բա­­ռարան­­նե­­­րը կը վկա­­յեն «ժա­­մ»ով սկսող 180 բառ։ Չեմ ու­­զեր բո­­լորը յի­­շել ու ձեզ ժա­­մավա­­ճառ ընել։ Այդ հա­­րուստ հա­­ւաքա­­ծոյի վրայ դուք աւել­­ցուցէք նաեւ՝ «ճգնա­­ժամ», «տա­­րաժամ», «վա­­ղաժամ»...

Մեր հի­­ները, ի՞նչ երե­­ւակա­­յու­­թիւն եւ սրամ­­տութիւն, չթո­­ւար­­կե­­­ցին օրո­­ւայ ժա­­ները, այլ՝ անո­­ւանե­­ցին զա­­նոնք, իւ­­րա­­­քան­­չիւր ժա­­մուն տա­­լով պատ­­կե­­­րալից կո­­չում մը։ Անոնք հայ­­կա­­­կան լե­­զուա-մշա­­կոյ­­թի 25 փայ­­լա­­­տակումներ են, ուստի բո­­լորը պէտք է յի­­շել։ Գի­­շերա­­յին ժա­­մերն էին՝ Խա­­ւարա­­կանն, Աղ­­ջա­­­մուղջն, Մթա­­ցեալն, Շա­­ղաւոտն, Կա­­մաւօտն, Բա­­ւականն, Հաւ­­թա­­­փեալն, Գիզ­­կան, Լու­­սա­­­ճեմն, Առա­­ւօտն, Լու­­սա­­­փայլն, Փայ­­լա­­­ծումն։ Ցե­­րեկա­­յին ժա­­մերն էին՝ Այգն, Ծայգն, Զօ­­րացեալն, Ճա­­ռագայ­­թեալն, Շա­­ռաւի­­ղեալն, Երկրա­­տեսն, Շան­­թա­­­կալն, Հրա­­կաթն, Հուրթա­­փեալն, Թա­­ղան­­թեալն, Առա­­ւարն, Ար­­փողն։ Դուք տե­­սա՞ք, թէ այդ բա­­ռերու շա­­րահիւ­­սութեան ըն­­թացքին արե­­գակը եւ լու­­սի­­­նը ինչպէ՛ս սա­­հեցան երկնա­­կամա­­րի վրայ, տօթն ու հու­­րը, արե­­ւու ճա­­ռագայթնե­­րը ինչպէ՛ս իջան եր­­կիր ու լոյ­­սի խա­­ղեր կա­­տարե­­ցին։

Ժամ բա­­ռը հա­­րուստ է նաեւ իմաս­­տի իր զար­­գա­­­ցու­­մով։ Բա­­ցի իր առա­­ջին իմաս­­տէն, ան նաեւ կը նշա­­նակէ որե­­ւէ բա­­նի ժա­­մանա­­կը, «Սուրճն ալ իր ժա­­մը ու­­նի», կամ ժամ­­կէ­­­տը, «Համ­­բե­­­րելու ժա­­մը ան­­ցեր է ար­­դէն»։ «Ժա­­մ»ը նաեւ եկե­­ղեցի եւ պա­­տարագ է։ Ահա թէ ին­­չու մեր հի­­ները ու­­նէին «խո­­րան ժա­­մու» եւ «վրան ժա­­մու» ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րը ու Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանը ըսաւ. «Իմ կնունքին եր­­կինքը՝ ժամ, արե­­ւը՝ ջահ սրբա­­զան, / Ծիածա­­նը նա­­րօտ եղաւ, ամէն­­քի սէրն՝ աւա­­զան»։ Իսկ հայ­­կա­­­կան եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ հո­­գեհան­­գիստի եւ Մե­­ռելոց Պա­­տարա­­գի ժա­­մանակ հնչեց հո­­գեպա­­րար հե­­տեւեալ մե­­ղեդին. «Յոր­­ժամ մտցես ի սուրբ խո­­րանն, / Անդ յի­­շես­­ցես զմեր ննջե­­ցեալսն»։

Դուք կ՛ու­­զէ՞ք վայրկեան մը մեր նախ­­նի­­­ներու լե­­զուն ճա­­շակել։ Ի՞նչ քաղցր ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ են՝ «Աս­­տե­­­ղական ժամ», «Քա­­նի՞ են ժամք», «Ժամ է երկրորդ», «Ի վե­­ցերորդ ժա­­մու առա­­ւօտուն», «Ժամ ճա­­շոյ է», «Ի ժամս պա­­րապոյ իմոյ, ի ժամս զբօ­­սան­­ցէ (ազատ, պա­­րապ ժա­­մերուս)... Ծննդա­­բերու­­թեան ժա­­մը «Հա­­սանել ժա­­մու կնո­­ջէ էր, իսկ մա­­հուան ժա­­մը՝ «Յե­­տին ժամ»։ Այ­­սօր ալ ու­­նինք պատ­­կե­­­րալից եւ զո­­ւար­­ճա­­­լի ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ. «Ժա­­մի կնի­­կ»- ան­­հանդարտ, հրող-հրմշտկող, հա­­րեւա­­նին ան­­հանգիստ ընող, «Ժա­­մերը հա­­շուե­­լ» - սպա­­սել, «Ժամ առա­­ջ» - շուտ, աւե­­լի շուտ, «Ժամ ընել՝ ըսե­­լ» - եկե­­ղեցա­­կան արա­­րողու­­թիւն կա­­տարել, «Ժա­­մը զար­­նե­­­լ» - պա­­հը հաս­­նիլ, հան­­դի­­­սաւոր գոր­­ծի ժա­­մանա­­կը գալ։

Հայ­­կա­­­կան «ժա­­մ»ը ճամ­­բորդեց դէ­­պի հիւ­­սիս։ Վրա­­ցինե­­րու ժա­­մը, ժա­­ման­­ցը եւ ժա­­մանա­­կը՝ «ժա­­մի» է, ժա­­մացոյ­­ցը «սա­­ժամո», պա­­տարա­­գը, արա­­րողու­­թիւնը «ժա­­միս-ծար­­վա», իսկ եր­­գա­­­րան-շա­­րակա­­նը «ժամն-գու­­լա­­­նի»։ Սղեր­­դի արա­­բախօս քրիս­­տո­­­նեանե­­րու հա­­մար պա­­տարա­­գը «ժամ» է, Էն­­կիւրիի թրքա­­խօս հա­­յերու հա­­մար եկե­­ղեցին՝ «ժամ»։ Էն­­կիւրիի այդ թրքա­­խօս հա­­յերու, ինչպէս նաեւ թուրքե­­րու եւ յոյ­­նե­­­րու հա­­մար շատ կեն­­սա­­­կան էր նաեւ «աք­­շամ ժա­­մը» կո­­չուա­­ծը, (գի­­շերա­­յին ժամ), այ­­սինքն «իրի­­կուայ մօտ խմե­­լը»։ Մեր գա­­ւառ­­նե­­­րու մէջ ալ «ժամ»ը ու­­նէր իր ու­­րոյն հնչիւ­­նը։ Ակ­­նայ մէջ՝ ժում, ժիւմ, Գո­­րիսի եւ Ար­­ցա­­­խի մէջ՝ ժէմ, իսկ «եկե­­ղեցի» իմաս­­տով՝ Համ­­շէ­­­նի մէջ՝ «ժօմ», Հա­­ճընի եւ Զէյ­­թունի մէջ «իժօմ»։

Միջ­­նա­­­դարուն «ժամ» բա­­ռը ու­­նէր հո­­գեւոր իմաստ։ Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցին ու­­զեց Աս­­տուծոյ նկա­­րագ­­րել, ու գոր­­ծա­­­ծեց «ան­­ժա­­­մանակ» ածա­­կանը։ Սուրբի Մա­­տեանի մէջ կան նաեւ ըն­­տիր ար ­­տա­­­յայ­­տութիւններ, ինչպէս՝ «Ժամ յու­­սա­­­հատու­­թեան», «Ժամ պտղա­­ւոր», «Անզգոյշ ժամ», «Ժամ բա­­րեպա­­տեհ»։ Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լին նկա­­րագ­­րեց մա­­նուկ Քրիս­­տո­­­սի ծնունդը. «Ի ժամ ծննդեան քո / Հրեշ­­տակք ցնծա­­ցին»։ Ապա եկան աշ­­խարհիկ եր­­գիչներ, աշուղ եւ տա­­ղասաց էին անոնք, ու «ժամ» բա­­ռով գո­­վեր­­գե­­­ցին կեան­­քը եւ անոր շնորհնե­­րը։

Նա­­հապետ Քու­­չա­­­կը, որ Նա­­րեկա­­ցիի նման վա­­նեցի էր ու կը դի­­տէր նոյն ծո­­վը եւ լեռ­­նա­­­գագաթ­­նե­­­րը, փո­­խանակ նա­­յելու դէ­­պի եր­­կինք, յա­­ռեցաւ եր­­կիր ու գտաւ հո­­ղածին գե­­ղեց­­կուհի մը։ Քու­­չա­­­կի հա­­մար ժա­­մը եւ ժամ­­տունը եարի ծոցն էր, ուր կ՛ար­­ժէր ժամ­­կոչ ել­­լալ կամ ժամ ընել. «Քո ծոցդ է ճեր­­մակ տա­­ճար, / քո ծծերդ է կան­­թեղ կի վառ. / Եր­­թամ ես, ժամ­­կոչ ըլ­­լամ, / գամ, լի­­նիմ տա­­ճարիդ լու­­սա­­­րար», «Ծո­­ցիկն եմ ժամ­­տուն արել, ծծե­­րուն եմ խոս­­տո­­­վաներ»։ Սի­­մէոն Կա­­ֆացին գո­­վեր­­գեց սի­­րոյ եւ ու­­րա­­­խու­­թեան ժա­­մը. «Սի­­րով ու­­րա­­­խու­­թեան ժամ է, գի­­տացիր, / Ճե­­մելով, ճե­­մելով եկ, ինձ մօ­­տեցիր»։ Պետ­­րոս Ղա­­փան­­ցիի հա­­մար եարէն հե­­ռու ան­­ցած ամէն ժամ մահ էր. «Հա­­ռաչեմ ժամ առ ժամ, ցա­­ւօք ծան­­րա­­­նամ, / Թէ տե­­սից զվարդս իմ՝ փո՛յթ առող­­ջա­­­նամ»։ Յով­­հաննէս անուն տա­­ղասա­­ցը, որուն եարը «սի­­րուն, ցան­­կա­­­լի, գե­­ղեցիկ հո­­ղեղէ­­ն» էր, ու­­նէր «Ողոր­­մած աչեր քաղցրա­­գոյն» ու կը նա­­յէր «մեղ­­մա­­­գոյն», փա­­փաքե­­ցաւ գար­­նան պար­­տէ­­­զի մէջ առանձնա­­նալ անոր հետ. «Ժամ է նստել մէջ այ­­գուն / Եւ լսել զքաղցր երգ պիւլպիւ­­լոյն»։

Նոյն թո­­ւական­­նե­­­րու, նկա­­տի ու­­նիմ 1600-ական­­նե­­­րը, կը զար­­գա­­­նար նաեւ հայ­­կա­­­կան տպագ­­րութիւ­­նը։ «Ժամ» բառն ալ կը ներ­­կա­­­յանար, որ­­պէս ամե­­նայա­­ճախ օգ­­տա­­­գոր­­ծո­­­ւող բառ։ Հայ­­կա­­­կան գրատ­­պութեան ամե­­նաշատ գոր­­ծա­­­ծուած խո­­րագի­­րը «Ժա­­մագիրք» է։

Ապա Հա­­յաս­­տան աշ­­խարհին պա­­տահե­­ցան նեղ ու ալե­­կոծ ժա­­մեր։ 1905 թո­­ւակա­­նին Աւե­­տիք Իսա­­հակեանը եւ Գու­­սան Շե­­րամը գրե­­ցին երկրի վի­­ճակը նկա­­րագ­­րող եր­­կու քեր­­թո­­­ւած, «Հա­­սել է ժա­­մը» եւ «Ժամն է հա­­սել»։ Այդ գոր­­ծե­­­րու բա­­ռերն իսկ նոյ­­նանման էին, կը խօ­­սէին սեւ ստրկու­­թեան, բռնա­­կալ­­նե­­­րու եւ արիւն քա­­մող­­նե­­­րու մա­­սին։ 1909 թո­­ւակա­­նին հար­­կադրո­­ւեցանք եր­­գել մէկ այլ ող­­բերգու­­թիւն՝ «Ատա­­նայի ող­­բը»- «Ժա­­մեր ու դպրոցք բո­­ցի մէջ կո­­րան»։ Իսկ Մատ­­թէոս Զա­­րիֆեանը, որ քնա­­րական մե­­լամաղ­­ձոտ քեր­­թո­­­ւած­­ներ էր գրե­­լու վարժ, բա­­ցատ­­րեց, թէ ինչպէ՛ս ու­­րո­­­ւական­­ներ, որոնք կը խնդա­­յին վհու­­կի պէս, օր մը յան­­կարծ հայ տոհ­­մի հա­­զարա­­մեայ, հաս­­տա­­­բազուկ ծա­­ռը կտրե­­ցին կա­­ցին­­նե­­­րով. «Այդ մար­­դե­­­րուն / Քա­­նի մը ժա­­մը բա­­ւեց / Զայն խլե­­լու իր հոգ­­նա­­­բեկ բա­­զուկնե­­րէն»։

Բայց եղան գրիչ­­ներ, որոնք չյու­­սա­­­հատե­­ցան ու շա­­րու­­նա­­­կեցին եր­­գել սի­­րոյ ժա­­մը։ Այդ ժա­­մը յա­­ւիտե­­նական էր, անրջա­­յին ու ան­­սահման։ Ահա Մկրտիչ Պէ­­շիկ­­թաշլեանի քնա­­րը. «Մա­­զերդ գլխիս իմ հո­­վանեակ, / Ու լուռ, մնջիկ սա­­հին ժա­­մեր», «Ի՜նչ գե­­ղեցիկ փա­­փուկ ժամ էր, / Երբ առա­­ջին ան­­գամ տե­­սայ / Իմ սի­­րել­­ւոյս անուշ պատ­­կեր / Ցօ­­ղատա­­րափ դաշ­­տին վրայ»։ Գի­­շերա­­յին խա­­ղաղու­­թեան մէջ Վա­­հան Թէ­­քէեանը վերստին կ՛ապ­­րէր իր հին ու քաղցր ժա­­մերը. «Ետ կը դառ­­նան մի առ մի մեր հին ժա­­մերն ան­­կո­­­րուստ»։ Իսկ Վա­­հան Տէ­­րեանը երբ իր սի­­րածի հետ էր, կամ առան­­ձին կը քա­­լէր տրտում՝ կ՛ան­­հե­­­տանար ժա­­մը ու ժա­­մանա­­կը. «Գի­­շերում այս դիւ­­թա­­­կան... Չկայ ժամ ու ժա­­մանակ», «Ես գնում եմ տրտում-մե­­նակ, / Ան­­ժա­­­մանակ / Ծաղ­­կից ըն­­կած թեր­­թի նման», «Յի­­շո՞ւմ ես դու այն արագ / Ժա­­մերը, երբ ես ու դու / Նստում էինք անկրակ»։ «Ժամ» բա­­ռը սէր էր նաեւ եր­­գե­­­րու մէջ. «Գե­­ղեց­­կա­­­նում ես ժամ»-ժամ, Նոր Երե­­ւան», «Ա՜խ, ի՜նչ հեշտ են սա­­րի վրայ / Սա­­հում ժա­­մերն անո՜յշ, անո՜յշ»։

Ամէն պատ­­մութիւն ու­­նի իր վախ­­ճա­­­նը, հայ­­կա­­­կան ժամն ալ - նկա­­տի ու­­նիմ Կի­­րակ­­նօ­­­րեայ պա­­տարա­­գը, որ կ՛աւար­­տի հե­­տեւեալ խօս­­քե­­­րով. «Օրհնե­­ցից զտէր յա­­մենայն ժամ, յա­­մենայն ժամ օրհնու­­թիւն նո­­րա ՛ի բե­­րան իմ»։ Վա­­ղը առա­­ւօտ լրա­­տուա­­միջոց­­նե­­­րը պի­­տի ողողուին առող­­ջա­­­պահա­­կան, քա­­ղաքա­­կան եւ տնտե­­սական «ճգնա­­ժամ»երով։ Միակ մի­­ջո՞ցը զա­­նոնք յաղ­­թա­­­հարե­­լու. սուրճի, կամ թէ­­յի ժամ մը խա­ղաղ։