ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Կերպ

Պատե­րազմ, ընտրու­թիւններ, հա­մաճա­րակ, սահ­մա­նագ­ծում, սահ­մա­նազա­տում, նոր սահ­մա­նադ­րութի՞ւն... Ի՞նչ կերպ ստա­ցաւ Հա­յաս­տա­նը։ Կեր­պա­րանա­փոխո­ւեցաւ անոր դի­մագի­ծը եւ ապ­րե­լակեր­պը։ (Կա­րելի է ապ­րիլ սփիւռքի մէջ ու դեռ նկա­տել այդ բո­լորը։) Յար­գե­լի ըն­թերցող «կերպ» բա­ռի հա­մառօտ ու­սումնա­սիրու­թիւն մը պի­տի բա­ւէ, որ մենք բո­լորը ըմբռնենք։ Ուստի, այ­սօր ձեզ կը հրա­ւիրեմ ականջ տալ «կերպ» բա­ռի լաւ կազ­մա­կեր­պո­ւած պատ­մութեան ու հա­ղոր­դա­կից ըլ­լալ հայ ազ­գի ըն­դունած բազ­մա­թիւ կեր­պա­րանքնե­րուն հին ու նոր։ Ձեզ կը վստա­հեց­նեմ, «կերպ»ը չէ՛ միապա­ղաղ, միօրի­նակ, կամ՝ միակերպ։ Այդ միավան­կը ու­նի հա­րուստ ան­ցեալ՝ անակնկալ­նե­րով լի։

Պահ­լա­ւերէն ծա­գում ու­նի «կերպ» բա­ռը։ Բու­նը՝ kerp, որ կը նշա­նակէ «մար­մին, ձեւ»։ Ու­նի լա­տինե­րէն նոյ­նի­մաստ զար­միկ՝ corpus։ Մեր հի­ներու հա­մար ան նաեւ ար­տա­քին տեսք էր, տա­րազ, որակ եւ որ­պի­սու­թիւն, անձնա­ւորու­թիւն, դէմք եւ երես։ Սուրբ Գիր­քի թարգմա­նիչ­նե­րը, Ագա­թան­գո­ղոսը, Փար­պե­ցին, Շի­րակա­ցին եւ այլ մա­տենա­գիր­ներ բա­ռիս տո­ւին այլ եւ այլ կեր­պեր, - բո­լորը խիստ պատ­կե­րալից եւ հա­յու երե­ւակա­յու­թեան փայ­լա­տակումներ - , ինչպէս՝ լու­սա­կերպ, իգա­կերպ, գի­շերա­կերպ, կայ­սե­րակերպ, սքան­չե­լակերպ, բիւ­րա­կերպ եւ ձիւ­նա­կեր­պիկ։ Հայ պատ­մա­գիր­նե­րու եր­կե­րու մէջ նկա­րագ­րո­ւած են նաեւ մեր Լեռ­նաշխար­հը ոտ­նա­կոխած «Մար­դա­կերպ անա­սուններ» եւ «Անաս­նա­կերպ մար­դիկ»։

Ոս­կե­դարուն բա­ռը ստա­ցաւ դար­ձո­ւած­քի երե­ւոյթ, ինչպէս՝ «կերպս ի կերպսէ զա­նազան ձե­ւերով, «ի կերպս կերպս առ­նել» նոր ձեւ ստա­նալ։

«Կերպ» բա­ռով հա­յը իր միտ­քե­րը ար­տա­յայ­տեց լայ­նօ­րէն։ Անոր հետ շի­նուած բա­ռերու թի­ւը կը հաս­նի 250ի։ Պատ­կա­ռելի թիւ մը պարզ միավան­կի մը հա­մար։ Այդ բա­ռերով, կաս­կած չկայ, թէ կա­րելի է առ­ձեռն բա­ռարան մը պատ­րաստել։ Սա­կայն, չեմ ու­զեր ձեր ժա­մանա­կը շա­հագոր­ծել։ Ուստի, յի­շեմ այն բա­ռերը, որոնք գրա­կան գոր­ծա­ծու­թիւններ ու­նե­ցան։ Որ­պէսզի յօ­դուածս մնայ կազ­մա­կեր­պո­ւած, նախ յի­շեմ անա­սուննե­րու անուննե­րով շի­նուած խումբը. աղաւ­նա­կերպ, թռչնա­կերպ, օձա­կերպ, աղո­ւեսա­կերպ, ար­ջա­կերպ, առիւ­ծա­կերպ եւ ար­ծո­ւակերպ։ Դուք չկար­ծէք, թէ սնա­մէջ են այս ածա­կան­նե­րը եւ ան­պա­րու­նակ։ Աղաւ­նա­կեր­պը Սուրբ Հո­գին է։ Ներ­սէս Շնոր­հա­լին իր բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու մէջ յա­ճախ գոր­ծա­ծեց զայն. «Հո­գին աղաւ­նա­կերպ իջեալ», «Լու­սա­փայլ Հո­գին գայր աղաւ­նա­կերպ յերկնից»։ Շնոր­հա­լիէն 500 տա­րի անց, տա­ղասաց Դա­ւիթ Սա­լաձոր­ցին ալ յօ­րինեց նոյն պատ­կե­րը. «Հա­զար եր­նէկ Հա­յոց ազ­գին, / Իջաւ աղաւ­նա­կերպ Հո­գին»։ Երե­ւանեան ոս­կերչա­տուն մը «թռչնա­կերպ» գի­րերով շի­նուած մա­նեակ­ներ կը վա­ճառէ, «օձա­կերպ» ածա­կանը 10-րդ դա­րէն ի վեր գոր­ծա­ծելի է- «Գա­ւազանն Մով­սէ­սի օձա­կերպ եղեւ» «Օձա­կերպ բե­րանովն համ­բուրեաց զնայ», Ար­տա­շատի, Ար­մա­ւիրի եւ Եղէգ­նա­ձորի մէջ յայտնա­բերուած են «ար­ջա­կերպ» կա­ւէ աման­ներ, Թոնտրա­կեան շար­ժումին հե­տեւող­նե­րու ու­սե­րուն վրայ կը խա­րանէին «աղո­ւեսա­կերպ» դրոշմ, Հայր Ղե­ւոնդ Ալի­շանը «արիւ­ծա­կերպ» կո­չեց Ար­շա­կու­նի Տրդատ թա­գաւո­րին, ու խօ­սեցաւ «գայ­լա­կերպ» ազ­գե­րու մա­սին։ Ու­նե­ցանք նաեւ խիստ հա­զուա­գիւտ ածա­կան­ներ ու շի­նեցինք ըն­տիր գրա­կան պատ­կերներ։ Ահա քա­նի մը օրի­նակ. «Հուր խա­ւարա­կերպ», Ներ­սէս Շնոր­հա­լի, «Հրա­կերպ հրեշ­տակ», Ներ­սէս Շնոր­հա­լի, «Սպառ­նա­կան նա­մակ­ներ, արիւ­նա­կերպ կար­միր կնի­քով զար­դա­րուած», Մա­ղաքիա Օր­մա­նեան, «Սու­սե­րիս կայ­ծակնա­կերպ հա­սակը», Սիաման­թօ, «Մար­դա­կերպ կա­պիկ», Պա­րոյր Սե­ւակ։ Կը տես­նէ՞ք, «կերպ» բա­ռը ճկուն է, յան­կարծ կրնայ դառ­նալ բա­նաս­տեղծա­կան, զա­ւեշ­տա­կան, կամ՝ կրօ­նական։ Վեր­ջի­նը տե­սանե­լի է «քա­ռակերպ» ածա­կանի մէջ։ Ան մար­դու, առիւ­ծի, ցու­լի եւ ար­ծի­ւի կեր­պարնե­րով շի­նուած արա­րած է, ըստ Յով­հաննէս Աւե­տարա­նին­չի՝ Արար­չի Գա­հի չորս ան­կիւննե­րու եւ դրախ­տի չորս սահ­մաննե­րու պա­հապան­նե­րը։

Յար­գե­լի ըն­թերցող, քիչ մը երե­ւակա­յու­թիւն գոր­ծա­ծելով դուք ալ կրնաք հնա­ցած բա­ռերուն նոր կեանք տալ։ Հա­ճեցէք ձեր ապա­գայ զրոյցնե­րուն յի­շել «աստղա­կերպ, արե­գակ­նա­կերպ, շքե­ղակերպ, չքնա­ղակերպ եւ բա­րեկերպ» բա­ռերը։

«Կերպ» բա­ռը իր ամե­նապայ­ծառ ձե­ւերը ըն­դունե­ցաւ 10րդ դա­րուն, երբ Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին «Մա­տեան Ող­բերգու­թեան» աշ­խա­տասի­րու­թեան մէջ նկա­րագ­րեց մար­դու բազ­մա­թիւ - եր­բեմն ամօ­թալի - կեր­պե­րը, ինչպէս՝ «Կերպ ան­պատկառ», «Հո­ղանիւթ կերպ», «Կեր­պա­րան միշտ սխա­լական», «Սուտ կեր­պա­րանք կեղ­ծա­ւորին», «Պոռնկա­կերտ կեր­պա­րան»։

«Կերպ» բա­ռը պեր­ճութիւն տո­ւաւ նաեւ հայ­կա­կան տպա­գիր գիր­քե­րու աշ­խարհին։ Այդ բա­ռով լոյս տե­սած առա­ջին գիրքն էր Յո­վակիմ Օղուլլու­խեանի 1806ին Վե­նետի­կի մէջ լոյս տե­սած մէկ աշ­խա­տասի­րու­թիւնը. «Նիւթ բժշկա­կան... թէ իբ­րեւ կե­րակուր, թէ իբ­րեւ դեղ, եւ նո­ցա գոր­ծա­ծելուն կեր­պը...»։ Այ­նուհե­տեւ լոյս տե­սան հե­տաքրքրա­կան այլ գիր­քեր. «Օրը աս­տո­ւած­պաշտու­թեամբ ան­ցը­նելու կեր­պը», «Հի­ւան­դութեանց առ­ջե­ւը առ­նե­լու կերպ», «Խա­վեար խա­նի պօր­սա­յին վի­ճակը եւ հոն շատ ստակ շա­հելու դիւ­րին կեր­պը», «Կեան­քի կեր­պա­րանա­փոխու­թիւննե­րը», «Ցու­ցակ Հա­յաս­տա­նի կեր­պա­րուես­տա­գէտ­նե­րի ըն­կե­րու­թեան չոր­րորդ պատ­կե­րահան­դի­սի»։

Իսկ այժմ եթէ դուք կը քա­լէք Երե­ւանի փո­ղոց­նե­րու վրայ, կամ կը կար­դաք հայ­րե­նի մա­մու­լը, կը զգաք, թէ կեան­քը հայ­րե­նիքի մէջ ի՛նպէս կեր­պա­րանա­փոխո­ւեր է մէկ տա­րուայ մէջ։ Կար­դանք քա­նի մը խո­րագիր. «Կեան­քին սկսել եմ այլ կերպ նա­յել. Ոտ­քը կորցրած Հրա­չեան», «Մե­րոնք ադրբե­ջան­ցի զի­նուորական­նե­րի ձեռ­քից մի կերպ կա­րողա­ցել են փրկել հո­վիւ պա­պիկին», «Ամէն կերպ կ՚աջակ­ցենք գե­րինե­րի փո­խանակ­ման գոր­ծընթա­ցի շու­տա­փոյթ աւար­տին. Լաւ­րով», «Պի­տի պարտքս տա­յի, այլ կերպ չէի կա­րող. ՌԴ–ում ծա­ռայած Լե­ւոնը հի­մա էլ Ար­ցա­խում է ծա­ռայում»։

Ճկուն է «կերպ» բա­ռը։ Ամէն նեղ վի­ճակի մէջ իսկ ան կը մնայ «ազ­նուակերպ», կը պա­հէ իր քնա­րական բնոյ­թը։ Ամե­նէն ցայ­տուն օրի­նա՞կը անոր։ Վար­դան Յա­կոբեանի «Իմ երազ­նե­րը» քեր­թո­ւածը։ Ահա պա­տառիկ­ներ այդ նուրբ գոր­ծէն. «Իմ երազ­նե­րը ինձ պէս կա­ւից են, / Քիչ ծա­ռակերպ են, / Քիչ քա­րակերպ են, / Քիչ սա­րակերպ են, / Քիչ դա­րաբեկ են, / Քիչ էլ... / Իմ երազ­նե­րը ինձ պէս կա­ւից են, / Քիչ սի­րակերպ են, /Քիչ տխրա­բեկ են, / Քիչ ջրա­կերպ են, / Մի քիչ ան­կերպ են, / Քիչ էլ...»։ Իսկ դուք վեր­ջա­պէս յոգ­նած կը նստիք մայ­րա­քաղա­քի բա­ցօթեայ սրճա­րանի մը մէջ ու կը լսէք Լի­լիթ Յով­հաննի­սեանի «Իմ սրտին ասա» եր­գը։ Վստահ եղէք, թէ այդ հիաս­թա­փուած սրտի խօս­քե­րը կը նկա­րագ­րեն, թէ ի՛նչպէս կ՚ապ­րինք բո­լորս. «Ես ոյժ եմ հա­ւաքում ու շնչում եմ / Սիրտս չի ու­զում՛ մի կերպ ապ­րում եմ / Ար­ցունքիս ծո­վում ես դեռ լո­ղում եմ»։ Մնա­ցէք խա­ղաղ մին­չեւ նոր յայտնու­թիւններ։