ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Ճշմարիտ

Բառերու Խորհրդա­ւոր Աշ­խարհը յօ­դուա­ծաշարս նո­ւիրո­ւած է ստու­գա­բանու­թեան՝ հայ­կա­կան բա­ռերու ճշմա­րիտ աղ­բիւրին։ Ամէն շա­բաթ կը փոր­ձեմ ճշմար­տա­պէս ներ­կա­յաց­նել բա­ռի մը գրա­կան պատ­մութիւ­նը՝ մէջ­բե­րումներ կա­տարե­լով։ Իսկ, դուք, յար­գե­լի ըն­թերցող, եթէ կը կաս­կա­ծիք, թէ աշ­խարհը ճշմա­րիտ է, կամ՝ սկսած էք մտա­ծել, թէ առօ­րեայ լու­րե­րը չեն հա­մապա­տաս­խա­ներ ճշմար­տութեան - քան­զի անոնք խճճո­ւած են հա­մացան­ցի լա­րերու մէջ - , ձե­զի կ՚առա­ջար­կեմ ականջ տալ «ճշմա­րիտ» բա­ռի պատ­մութեան, քան­զի բա­ռարան­նե­րը ան­կեղծ են եւ ու­նինք վստա­հելի գրա­կան ժա­ռանգ։ Հե­տեւեալը, ուստի, «ճշմա­րիտ» բա­ռի ճշմա­րիտ պատ­մութիւնն է, հա­մեմո­ւած՝ գրա­կան։

Մեր հնա­գոյն օտա­րամուտ բա­ռերէն մէկն է «ճշմա­րիտ»ը։ Ու­նի պահ­լա­ւերէն ծա­գում։ Ար­մատներն են چشم (ճեշմ- աչք, ակն) եւ دیدن (տի­տան- յայտնի, տե­սանե­լի) բա­ռերը։ Ան բուն կը նշա­նակէ՝ ակնյայտ։

5-րդ դա­րուն Աս­տո­ւածա­շունչի թարգմա­նու­թեան ժա­մանակ ակնյայտ դար­ձաւ, թէ այդ օտա­րամու­տը լաւ հաս­տա­տուած էր հա­յոց լե­զուի մէջ։ Սուրբ Գիր­քի մէջ 141 ան­գամ գոր­ծա­ծուած կը տես­նենք «ճշմա­րիտ»ը, իսկ «ճշմար­տութիւն»ը՝ 273 ան­գամ։ Յի­շեմ նաեւ երեք այլ բա­ռեր, որոնք այդ օրե­րուն յար­մար եկան Մես­րոպ Մաշ­տո­ցին եւ թարգմա­նիչ սուրբե­րուն- «ճշմար­տա­գոյն», «ճշմար­տա­տես», «ճշմար­տել»։ Հայ­կա­կան հո­գեւոր գրա­կանու­թեան մէջ «ճշմա­րիտ» բա­ռը յա­ճախ Աս­տուծոյ խօսքն է, կամ կը յայտնո­ւի անոր անո­ւան կից, ինչպէս՝ «Ճշմա­րիտ ճշմա­րիտ կ՚ըսեմ ձե­զի», «Աս­տո­ւած յԱս­տուծոյ, լոյս ի լու­սոյ, Աս­տո­ւած ճշմա­րիտ՝ յԱս­տուծոյ ճշմար­տէ», «Որով էառ մար­մին, հո­գի, եւ միտ, եւ զա­մենայն որ ինչ է ի մարդ՝ ճշմար­տա­պէս -եւ ոչ կար­ծեօք», «Օրհնեալ Հայր Սուրբ, Աս­տո­ւած ճշմա­րիտ»։

«Ճշմա­րիտ» բա­ռը հայ­կա­կան հին մա­տենագ­րութեան տո­ւաւ նաեւ ըն­տիր ար­տա­յայու­թիւններ. «Բանք քո եղի­ցին ճշմա­րիտ», «Ճշմա­րիտ է երազն», «Ու­սուցա­նեմ ձեզ զբանս ճշմա­րիտս»։ Եղան նաեւ ու­ղիղ, հա­ւատա­րիմ, ան­նենգ եւ շի­տակ մար­դիկ, որոնք կո­չուե­ցան՝ «Ճշմա­րիտ հա­ւատա­ցեալք», «Վկայ ճշմա­րիտ», կամ՝ «Ճգնա­ւորք ճշմա­րիտք»։

Դա­րերու ըն­թացքին «ճշմա­րիտ»ը ծնունդ տո­ւաւ բազ­մա­թիւ պատ­կե­րալից բա­ռերու։ Ահա մեր ճշմա­րիտ խօս­քի զար­գացման ժա­մանա­կագ­րա­կանը. 5-րդ դար- «ճշմար­տա­գոյն», «Ճշմար­տա­տես», «Ճշմար­տա­հաւատ», 6-րդ դար «Ճշմար­տա­բան», «Ճշմար­տա­խօսել», 7րդ դար- «Ճշմար­տա­սէր», «Ճշմար­տա­քարոզ», «Ճշմար­տա­կերպ», 8րդ դար- «Ճշմար­տա­տեաց», «Ճշմար­տա­խօս»։ 10րդ դա­րուն Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին ճո­խացուց մեր «ճշմա­րիտ» բա­ռապա­շարը։ Անոր գրի­չին կը պար­տինք «ճշմար­տա­տիպ, ճշմար­տա­դատ, ճշմար­տա­ճառ եւ ճշմար­տա­տեսիլ» բա­ռերը։ Սուրբը նաեւ ստեղ­ծեց Արար­չին ուղղո­ւած խոր խօս­քեր. Ճշմա­րիտ էակա­նու­թիւն, Սուրբ ճշմար­տութիւն, Ճշմար­տութեան ճա­նապարհ, Ճշմար­տա­տիպ պատ­կեր, Ամե­նազօր ճշմա­րիտ, Ճշմար­տա­դատ բա­րերար, Ճշմար­տա­բան դա­տախազ։

1500ական թո­ւական­նե­րուն Վրթա­նէս Սռնկե­ցի տա­ղասա­ցը «ճշմա­րիտ» կո­չեց Գրի­գոր Նա­րեկա­ցիին. «Ճշմա­րիտ հա­յոց աս­տո­ւածա­բան ես»։ Նոյն թո­ւական­նե­րուն, Վա­նեցի Քու­չա­կը գո­վեց Աս­տո­ւածա­ծինը. «Ղամ­բար Ճշմա­րիտ»։ 1600ական­նե­րուն Սի­մէոն Կա­ֆացին, որ հո­գեւոր կրթու­թիւն ստա­ցած էր, օր մը տե­սաւ երկրա­յին գե­ցեկու­հի, զմայ­լե­ցաւ ու գրեց. «Ճշմա­րիտ պար­ծա­նաց առիթ աչ­քացս Արա­մայ դու... Լեր (եղիր) դու ու­րախ, որ ես ցնծամ ճշմա­րիտ»։ Դար մը անց Սա­յաթ-Նո­վան «ճշմա­րիտ» բա­ռը յար­մար տե­սաւ սի­րային եր­գի մէջ գոր­ծա­ծել. «Բա­ղըտ (պար­տէզ) լի­քը ծաղ­կած ծա­ղիկ-ծառ է, կո­սին, ճշմա­րիտ է. / Բա­ղիտ ճամ­փին բլբուլնե­րու շար է, կո­սին, ճշմա­րիտ է»։ Իսկ աշու­ղը երբ տե­սաւ, թէ փո­խուած է աշ­խարհը ու չկայ ճշմար­տութիւն, ափ­սո­սաց. «Էլ ճշմա­րիտ, ար­թար իման չմնաց»։

Ապա եկան 19րդ դա­րու հե­ղինակ­նե­րը։ Ճշմար­տա­գործ եւ ճշմար­տա­խոհ էին այդ սե­րունդի գրիչ­նե­րը։ Անոնց ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րու մէջ բա­ռը ստա­ցաւ խո­հա-իմաս­տա­սիրա­կան բնոյթ։ Ահա Զա­պէլ Եսա­յեանի պատ­կա­նող մար­գա­րիտ­ներ. «Վի­րաւո­րուած ար­ժա­նապա­տուու­թեանս պար­տա­կան էի ճշմար­տութիւ­նը»,

«Հո­գիիս բո­լոր ու­րա­խու­թիւննե­րը մէկ ան­գա­մէն կը մա­րին եւ ես ճշմա­րիտ կեան­քին բար­բա­րոս եւ դա­ժան օրէնքնե­րուն կը գի­տակ­ցիմ»։ «Ճշմա­րիտ»ը Եսա­յեանի հա­մար նաեւ դար­ձաւ ազ­գա­յին ճա­կատագ­րա­կան բառ, երբ աղօթքնե­րու եւ շա­րական­նե­րու մե­ղեդի­ներէն օրօ­րուած մտա­ծու­մով մը արթնցաւ նո­րատե­սակ գի­տակ­ցութեան. «Այդ պա­հուն էր, որ հա­ղոր­դո­ւեցայ իմ Ցե­ղիս ճշմա­րիտ ճա­կատագ­րին հետ»։ Ըստ Ար­փիար Ար­փիարեանի Կի­րակի առա­ւօտեան կոչ­նակն էր՝ «ամէն հա­յու մի­ջեւ ճշմա­րիտ հա­ղոր­դութիւ­նը»։ «Վան­քը» վէ­պի մէջ Տիգ­րան Չէօկիւ­րեան պատ­մեց գրա­սէր վա­նահօր մը սի­րոյ կա­պը մա­տեան­նե­րու հետ. «Թուղթի, մա­գաղա­թի այդ կտոր­նե­րուն հա­մար ու­նե­ցածս ճշմա­րիտ սի­րահա­րու­թիւն մըն է»։ Իսկ Լե­ւոն Շան­թի «Հին Աս­տո­ւած­ներ» թատ­րերգու­թեան մէջ Յով­հաննէս վա­նահօր ոտ­քե­րը խճճո­ւած էին Մա­րիամ իշ­խա­նու­հիի հետ կայծ առած հին սի­րոյ մը թե­լերուն։ Ահա, թէ ին­չու իշ­խա­նու­հին, եր­կուքի առանձնու­թեան լուռ մէկ պա­հուն լա­րուած խօ­սեցաւ. «Բայց ճշմար­տութիւնն ան է, որ ես ու դուն կը վախ­նանք իրա­րու աչ­քի մէջ խոր ու շի­տակ նա­յելու»։

Աշ­խարհի ամե­նէն ան­կեղծ սէ­րը, «ճշմա­րիտ սէ­րը», յար­գե­լի ըն­թերցող մայ­րա­կան սէրն է։ Պեր­տոս Դու­րեանն էր անոր վկան, երբ տղան «պաղ քրտանց մէջ սեւ մրափ» մը կ՚առ­նէր, ու երբ ճակ­տին վրայ «մա­հու դալ­կութիւն մը կը պլպլար», լսեց մօր հե­ծեծու­մը, տե­սաւ ար­տօսրը ու ըսաւ. «Ո՜հ, ճշմա­րիտ գո­րովի / Մար­գա­րիտ­ներ լոյծ ու կեղծ»։

«Ճշմա­րիտ» բա­ռը, հա­ւատա­րիմ իր իմաս­տա­սիրա­կան-խո­հական բնոյ­թին, ար­տա­յայ­տեց նաեւ հայ մե­ծերու միտ­քե­րը։ Պոլ­սոյ մէջ, 1908 թո­ւականն էր, Մի­սաք Մե­ծարեն­ցը նկա­տեց նո­րայայտ ան­տիպ բա­նաս­տեղծի մը տա­ղան­դը. «Ահա՛ ճշմա­րիտ նո­րու­թիւն մը»։ Այդ բա­նաս­տեղծը Վահ­րամ Թա­թուլն էր։ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նը բա­ցատ­րեց, թէ ի՛նչ է բա­նաս­տեղծու­թիւնը. «Ճշմա­րիտ բա­նաս­տեղծու­թիւնը մար­տի­րոսու­թիւն մ՛է»։ Իսկ մեր օրե­րու երա­ժիշտ եւ եր­գա­հան Տիգ­րան Ման­սուրեանը բա­ցայայ­տեց իր մե­ղեդի­ներու հա­րազա­տու­թեան գաղտնի­քը. «Երաժշտու­թիւն գրե­լիս իմ խնդի­րը ճշմա­րիտ լի­նելն է, այդ ճշմար­տութեան մէջ մեծ բա­ժին ու­նի իմ հա­ւատար­մութիւ­նը ան­ցեալի մեր ար­ժէքնե­րի, հո­գեւոր մե­ծերի, իմ ըն­տա­նիքի հան­դէպ»։

Իսկ դուք, յար­գե­լի ըն­թերցող, այժմ ան­համբեր կը սպա­սէք, որ վեր­ջա­պէս խօ­սիմ մէկ այլ ըն­տիր յա­րաբե­րու­թեան մա­սին՝ «ճշմա­րիտ ըն­կե­րու­թիւն»։ Փա­փաքե­լի եւ հա­զուա­գիւտ գանձ է «ճշմա­րիտ ըն­կեր»ը։ Պաղ­տա­սար Դպի­րը երգ մը նո­ւիրած է անոր հա­մար։ Տա­ղասա­ցը 1768ին յօ­րինեց «Տաղ առ ճշմա­րիտ փա­փաքե­լին», որ փա­ռաբա­նու­թիւնն է ճշմա­րիտ բա­րեկա­մու­թեան։ Այ­սօր հրա­ժեշտ կու տամ մէկ այլ ճշմա­րիտի՝ աշուղ Ճի­ւանիի «Ըն­կեր» եր­գով. «Կեանքդ նո­ւիրես ըն­կե­րի լա­ւին, քիչ է դար­ձեալ, / Այնպէս է հո­գեկան լու­սա­տու, լապ­տե­րը մար­դուն, / Ըն­կեր եմ ասում, հաս­տա­տակամ, ճշմա­րիտ ըն­կեր»։ Կը փա­փաքիմ, որ դուք ալ գտնէք կամ չկորսնցնէք ձեր ճշմա­րիտ ըն­կե­րը կամ սէ­րը։