Ասեղն ի՞նչ է. դա շատ բարակ,
չնչին բան է մի հասարակ,
շատ բաներում, բայց թէ յաճախ,
ասեղն է միշտ լինում պատճառ։
Երախտապարտ ենք բանաստեղծ եւ վիպագիր Խաչիկ Դաշտենցին, որ նկատեց փոքրիկն ասեղը ու բանաստեղծութիւն մը նուիրեց անոր։ Երկարաշունչ է այդ բանաստեղծութիւնը, անունը՝ «Ասեղնապոեմ», որուն նախաբան քառեակը դուք կարդացիք։ (Քիչ վերջ դարձեալ պիտի անդրադառնամ այդ հետաքրքրական ստեղծագործութեան)։ Յարգելի ընթերցող, բառերու խորհրդաւոր աշխարհին նուիրուած յօդուածաշարիս մէջ շատ անգամ հիւրասիրեցի բառեր, որոնք թէեւ փոքր, խիստ օգտաշատ եւ ծառայասէր էին, ինչպէս՝ ասեղը։ - Պահ մը երեւակայենք աշխարհը առանց մէկ ասեղի։ Ո՞վ պիտի կարէր մեր պատռած տաբատը կամ փէշը։ Տրակտո՞րը։ Ուստի, այսօր, երախտագիտական զգացումով, ասեղի մը ծայրով քրքրենք հայկական լեզուի դաշտերը, կատարենք գրական պեղումներ ու կարենք «ասեղ» բառի մանր պատմութիւն մը։
Չենք գիտեր, թէ ո՛վ էր ասեղնագործ առաջին հայուհին, սակայն ստոյգ գիտենք «ասեղ» բառի գրական առաջին գործածութիւնը։ Աստուածաշունջի հայերէն թարգմանութեան մէջ յայտնուեցաւ ան, որպէս «ասղանի», «ասղնագործ» եւ «ասղնագործութիւն»։ Այն ժամանակ աւելի մեծ ու ներկայանալի էր, «Ասեղն», ունէր տառ մը աւելի։
Կը կարծէինք, թէ դերձանն ու մատնոցը միայն կ՚ընկերակցին ասեղին, սակայն Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Ղուկասի Աւետարաններու մէջ «ասեղ»ի քով յայտնուեցաւ... ուղտ մը, քանզի աւետարանիչները ըսին. «Աւելի հեշտ է, որ ուղտն ասեղի ծակով անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ արքայութիւն մտնէ»։
Ապա մեր թարգմանիչ սուրբերը եւ մատենագիրները տիւ ու գիշեր, աստենագործի մը բծախնդրութեամբ ստեղծեցին «ասեղ»ով բանուած բաղադրեալ բառեր։ Ահա քանի մը նրբագոյն օրինակ. ասեղնաբանուածք, ասեղնակարկատ, ասեղնագործ, ասղանի։ Այս բառերով պերճացաւ մեր նախնեաց գրականութիւնը- «Ասեղնակարկատ անօրէնութեամբն իւրեանց», «Խորան նկարակերտ ասեղնագործ», «Ասղանի կապուտակ»...։ Միջնադարուն յայտնուեցաւ նոր մէկ բառ՝ «ասեղնալից»։ Ան տեղ գտաւ ձեռագիր յիշատակարանի մը մէջ. «Ասեղնալից ոսկետտուն ալամ զարդիս կողոպտեցար, ա՜յ»։
Անշուշտ պէտք է յիշել ասեղներու երեք ժամանակակից տեսակները՝ մագնիսի, կողմնացոյցի, եւ ձայնապնակի։ Անոնք չեն ցաւցներ ձեր մատները, սակայն զգուշութեամբ պէտք է գործածել գնդասեղը։
Մեր լեզուն, որ ճկուն է արտայայտութիւններ ստեղծելու մէջ, չէր կրնար անտարբեր մնալ նաեւ «ասեղ» բառին։ Երբ անցնինք դժուարութիւններէ եւ փորձանքներէ, կ՚ըսենք՝ «Ասեղի անցքով անցնիլ»։ «Ասեղի ծակէն կ՚անցնի» ան, որ չափազանց նիհար է։ Ժլատ ու խաբեբան «Ասեղ մաշկող» է։ «Ասեղի ծակէն Հնդկաստան» կը նային անոնք, որոնք խորամանկ են, կը լսեն եւ կ՚իմանան ամէն բան։ Իսկ, յարգելի ընթերցող, չպատահի ձեզի «Ասեղներու վրայ ըլլալ», քանզի ան կը նշանակէ՝ անհանգիստ ըլլալ, անյարմար վիճակի մէջ գտնուիլ։ Իսկ ո՞վ ներկայ չէ եղած հաւաքոյթի մը, որ «Ասեղ նետես գետին չ՚իյնար», կամ «Ասեղ նետելիք տեղ չկայ»։ Խաչատուր Աբովեանը «Վէրք Հայաստանի» վէպի մէջ նկարագրեց այդպիսի պատկեր մը- «Բերդի մէջն ու չորս կողմը, որ ասեղ քցէիր, գետնին չէ՛ր հասնիլ»։
Ի՞նչ է «ասեղ» բառի ծագումը։ Լեզուաբան բազմաթիւ մտաւորականներու զբաղումն էր գտնել այս հարցումի պատասխանը։ Մանրակրկիտ պրպտումներէ ետք, անոնք հասեր են հետեւեալ երզակացութեան. «Ասեղ» բառը յառաջացած է բնիկ հնդեւրոպական aklon կամ akln արմատէն, որ կը նշանակէ «սուր»։
Միջնադարուն «ասեղ» բառը ուշադրութիւնը գրաւեց աստուածաբան եւ լեզուաբան, Տաթեւ վանքի վանահայր Գրիգոր Տաթեւացիին։ Քարոզներու իր գիրքին մէջ սուրբը ըսաւ. Երկիւղը մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի Աստուծոյ սիրոյ եւ արքայութեան, ապա ինքը կ՚անհետանայ, ինչպէս ասեղը իր հետ կը տանի դերձանը, դերձանը կը մնայ կտաւի մէջ, բայց ասեղը կը մնայ դուրս։
19-րդ դարուն մէկ այլ հոգեւորական, Ղեւոնդ վրդ. Տայեանը գործածեց «ասեղ» բառը։ Ան նկարագրեց հրդեհ մը, որ այրեց ամէն բան՝ «մինչեւ չմնալոյ եւ ոչ ասեղ մի»։ Հազուագիւտ է բառիս գործածութիւնը աշուղներու կողմէ։ Լոկ մէկ տաղասաց, Ստեփանոս Թոխաթեցին գործածեց զայն, ժամատան մէջ զինք անխնայ խայթող լուերը նկարագրելու համար. «Ո՛չ կու թողուն սաղմոս ասել, / Ո՛չ ծունտր ածել, ո՛չ աղօթել, / Հանց կու խայթեն որպէս ասեղ»։ Պետրոս Դուրեանի համար «ասեղ» բառը ունէր ազգային իմաստ։ Ըստ անոր, ազատութեան համար ասեղի չափ զէնք պէտք չէր, եթէ հայը ունենար տրոփող սիրտ մը. «Է՜հ, մի՛ վախէք, ասեղ մ՛անգամ պէտք չէ մեզ... Կուրծերնուս տակ տրոփող սի՞րտ մ՛ալ չ՚ունինք»։ Դանիէլ վարուժանը երգեց աղքատիկ ասեղնագործ կոյսերու ցաւը. «Կ՛աշխատէիք հիւղակին մէջ, ճրագին տակ արդար... Ասեղն հիւծած մատերնուդ միջեւ ցուրտէն կը սարսռար»։
Նոյն օրերուն, երբ դեռ խօսուն էին հայոց սարերն ու ձորերը, Հրաչեայ Աճառեանը ականջ տուաւ բարբառներուն, արձանագրեց «ասեղ» բառի հազար ու մէկ ձեւերը։ Ակնայ, Խարբերդի, Կարնոյ, Սեբաստիոյ եւ Պոլսոյ մէջ «ասէխ» էր ան, Ջուղայի մէջ՝ «ասուղ», իսկ Թիֆլիսի մէջ՝ «ասիղ»։ Ահա, թէ ինչո՛ւ Սայաթ-Նովան երգեց այսպէս՝ «Ախր, գոզա՛լ, ի՞նչ իս ուզում. / Խմորից վո՞ւնց նիտ կուլի, / Ջրից վո՞ւնց մզրախ կու շինուի, / Մաստակից (ծամոց) ի՞նչ ասիղ կուլի»։ Երբ դեռ խօսուն էին հայոց սարերն ու ձորերը, տեղանուն էր նաեւ «ասեղ»ը. գիւղ էր ան Կարնոյ նահանգի Քղիի գաւառակի մէջ եւ գիւղ մըն ալ Վասպուրականի մէջ՝ Ղազար Անձեւացիի ծննդավայրը։ Այժմ ունինք նաեւ լերան չափ մեծ ասեղ մը՝ Ասեղասարը, որ Գեղամայ լեռնաշղթային պատկանող լեռ է, ունի 2482 մ. բարձրութիւն։
«Ասեղ» բառը կը շարունակէ հետաքրքրական արտայայտութիւններ՝ մանաւանդ զարմանալի վերնագիրներ հիւսել հայրենիքի մէջ։ Ահա մամուլէն առնուած քանի մը զգայացունց խորագիր. «28 տարեկան հարսը կեանքին վերջ տալու համար ասեղ է կուլ տուել», «Բժիշկները փրկել են ասեղ կուլ տուած տղամարդու կեանքը»։ Կիւմրեցի ասեղնագործ, 91 ամեայ Քնարիկ Խաչատրեանի համար ասեղը ունի ուրիշ նշանակութիւն. «Իմ վրձինն ասեղն է, ներկապնակս՝ թելերը»։ Իսկ երեւանեան թէյարանի մը մէջ ձեզի առաջարկեն «Արծաթ ասեղ» խմել, մի՛ վախնաք, վտանգաւոր բան չէ ան, այլ ընտիր թէյ, որ ունի ասեղնաձեւ, սրածայր արծաթագոյն-կանանչ տերեւներ։
30-ական թուականներուն ինչպէ՞ս յանկարծ Հայաստանի բոլոր ասեղները անհետացան, շուկան մնաց առանց ասեղի։ Հայաստանը այդ օրերուն ասեղ կ՚արտադրէ՞ր։ Եկէք դարձեալ ականջ տանք «Ասեղնապոեմ»ին, Խաչիկ Դաշտենցի զաւեշտական ստեղծագործութեան եւ ստանանք պատասխաններ։ Նախ լսենք, թէ ուրկէ՞ կու գային բոլոր ասեղները. «Ասեղ կը գար նախ Մոսկովից / Յետոյ կ՚անցնէր Կասպից Ծովից / Թիֆլիս կը գար ու Երեւան / Երեւանից կ՚անցնէր Աւան»։ Անշուշտ, թէ արտասահմանէն պիտի գար ան, քանզի ասեղ շինելը մեծ ճարտարարուեստ կը պահանջէ...։ Որպէսզի մենք ալ ունենանք մեծ մեծ գործարաններ, այդ օրերուն յայտնուեցան յառաջադէմ միտքեր եւ առաջարկեցին. «Ասեղները պէտք է ձուլենք / Ռելս, տրակտոր, աւտօ շինենք»։ Հետզհետէ պակսեցաւ ասեղը ու դարձաւ անգտանելի... Օր մը ապագայամոլ յառաջադէմի տաբատը պատռեցաւ, գնաց դերձակ բարեկամի մօտ, որ մէկ հատ ասեղ տայ։ Բարեկամը զայրացած պատասխանեց. «Ասեղ չկայ, գնաս բարով, / Շորդ կարիր տրակտորով»։
Յարգելի ընթերցող, եթէ գիշերային ժաներուն կը կարդաք այս յօդուածը, զգոյշ եղէք, քանզի երազի մէջ ասեղ տեսնելը ունի բազմաթիւ անյարմար նշանակութիւններ։ Եթէ կը կարէք ասեղով, ապա ձեզ կը սպասեն անյաջողութիւններ։ Բացի այդ դուք կրնաք կորսնցնել ձեր մտերիմ մարդու սէրը։ Ասեղ փնտռելը կը նշանակէ դատարկ մտահոգութիւններ, իսկ ասեղ կոտրելը՝ միայնութիւն եւ աղքատութիւն։ Լաւագոյնը, դուք այս գիշեր փորձեցէք երազի մէջ ասեղ գտնել, քանզի ան կը նշանակէ նոր հետաքրքրական ծանօթութիւններ։