ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Վիճակ

Այսօր մտա­ծեցի. ո՞ր բա­ռը ճշգրտօ­րէն կրնայ նկա­րագ­րել մեր երկրի եւ ազ­գի ներ­կայ քա­ղաքա­կան, տնտե­սական եւ հո­գեբա­նական վի­ճակը։ Կաս­կած չկար. «վի­ճակ» գո­յականն է ան։ Այս եզ­րա­կացու­թեան հա­սայ, երբ հա­յաս­տա­նեան թեր­թե­րէ չորս-հինգ խո­րագիր կար­դա­ցի. «Սահ­մա­նում կրկին լա­րուած վի­ճակ է», «Դիահեր­ձա­րան­նե­րում խայ­տա­ռակ վի­ճակ է», «Հա­կասա­նիտա­րական վի­ճակ կո­յու­ղու պատ­ճա­ռով», «Շու­կա­յում բա­ձիթո­ղի վի­ճակ է», «Ան­հանգիստ ենք, սպա­սողա­կան վի­ճակ է. Խոզ­նա­վար հա­մայնք»։ Դուք, յար­գե­լի ըն­թերցող, ար­դէն հասկցաք վի­ճակը։ Բայց, ար­դեօ՞ք «վի­ճակ» բա­ռը միշտ դժուար ու վատ վի­ճակ­նե­րու մէջ գտնուեցաւ։ Ար­դեօ՞ք ան եր­բեք չյայտնուեցաւ դրա­կան ու բա­րեն­պաստ վի­ճակ­նե­րու մէջ։ Հասկնա­լու հա­մար կ՚առա­ջար­կեմ իջ­նել մեր լե­զուի խո­րու­թիւննե­րը, շատ չէ, ըն­դա­մէնը 800 բառ, ու ծա­նօթա­նալ «վի­ճակ» բա­ռի իրա­կան պատ­մութեան։

Հին­գե­րորդ դա­րէն աւան­դո­ւած է «վի­ճակ» բա­ռը։ Կը կար­ծո­ւի, թէ ան ու­նի պահ­լա­ւերէն ծա­գում, բու­նը՝ vaičak։ Ոս­կե­դարուն, մեր գրա­ւոր լե­զուի ար­շա­լոյ­սին ան երա­նելի վի­ճակի մէջ էր։ Սուրբ Գիր­քի թարգմա­նիչ­նե­րը, ինչպէս նաեւ Ագա­թան­գե­ղոսը եւ այլ մա­տենա­գիր­ներ զայն գոր­ծա­ծեցին իրենց ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րու մէջ, անոր տա­լով՝ ներ­կա­յանա­լի վի­ճակ մը։ Այդ շրջա­նին ժո­ղովրդա­վարու­թիւն կը վա­յելէին «վի­ճակ»ով շի­նուած տա­սի չափ բառ. վի­ճակա­կից, վի­ճակա­տուու­թիւն, բո­լորա­վիճակ, մե­ծավի­ճակ, եւ այլն։


Վե­րոյի­շեալ բա­ռերու մէջ իւ­րա­քան­չիւր «վի­ճակ» ու­նի իր իմաս­տը, ինչպէս՝ բախտ, ճա­կատա­գիր, գու­շա­կու­թիւն, վի­ճակա­հանու­թեան մի­ջոցով կա­տարո­ւող գու­շա­կու­թիւն, Աս­տուծոյ կար­գա­ւորու­թիւն, ժա­ռան­գութեան բա­ժին, հո­ղաբա­ժին, կա­լուած, ան­դաստան, եպիս­կո­պոսա­կան թեմ, թե­մի բնակ­չութիւ­նը, ժո­ղովուրդը։ Բա­ռի իմաս­տը իմ ամե­նաըն­թարձակ վի­ճակին հա­սաւ, երբ ան նշա­նակեց՝ գա­ւառ, բնա­կավայր։ Աշուղ Ճի­ւանին ալ, մեզ­մէ դար մը առաջ, երգ մը յօ­րինեց ու նկա­րագ­րեց Հա­յաս­տա­նի վի­ճակը. «Հա­զար ափ­սո՜ս, մար­դուց թա­փուր են հի­մա քաջ, բազ­մա­մարդ վի­ճակ­ներդ, Հայ­րե­նիք»։ Իսկ Արեւմտեան Փոքր Ասիոյ եր­բեմնի հա­յաշատ Նի­կոմի­դիա գա­ւառին ծա­նօթա­նալու հա­մար, ձե­զի կը յանձնա­րարեմ ըն­թերցել հե­տեւեալ աշ­խա­տասի­րու­թիւնը. «Առա­ջին տե­ղեկագ­րութիւն վի­ճակին Նի­կոմի­դիոյ», Կ. Պօ­լիս, 1871։

Յար­գե­լի ըն­թերցող, եթէ դուք Հա­յաս­տա­նի կամ հայ­կա­կան կեան­քի ներ­քին վի­ճակ­նե­րուն ծա­նօթա­նալու փա­փաք ու­նիք, - կամ պար­զա­պէս որո­շած էք վի­ճակա­հանու­թեամբ ամուսնա­նալ կամ առա­գօրէն հարստա­նալ - , մեր Ազ­գա­յին Գրա­դարա­նի մաս­նա­գէտ­նե­րը ձե­զի պի­տի թե­լադ­րէին կար­դալ հե­տեւեալ հնա­տիպ գիր­քե­րը. «Ազ­գիս վի­ճակին վրայ ընդհա­նուր տե­սու­թիւն մը», «Պատ­մութիւն Հա­յաս­տան աշ­խարհին եւ տե­սու­թիւն հին Հա­յաս­տա­նի եւ նրա այժմեան վի­ճակին վրայ», «Տե­ղեկա­գիր Ամե­նայն Հա­յոց կա­թողի­կոսու­թեան այժմեան վի­ճակին վրայ», «Խա­վեար խա­նի պօր­սա­յին վի­ճակը եւ հոն շատ ստակ շա­հելու դիւ­րին կեր­պը», «Վի­ճակա­հանու­թեամբ ամուսնու­թիւն եւ հարստու­թիւն մը», «Նոր վի­ճակա­հան եւ երա­զահան ըստ բնու­թեան»։

Բա­ռերը, մի՚ զար­մա­նաք, եր­բեմն կը մար­դա­նան։ 7-րդ դա­րուն այդ երե­ւոյ­թը պա­տահե­ցաւ «վի­ճակ»ին, երբ մեր հայ­րա­պետ­նե­րը հնա­րեցին «վի­ճակա­ւոր» բա­ռը, որ կը նշա­նակէ «կղե­րական»։ Դա­րերը ան­ցան եւ բառս ստա­ցաւ այլ իմաստներ. կեան­քի պայ­մաններ, կեանք, ապ­րուստ, հո­գեկան ինքնազ­գա­ցում, տրա­մադ­րութիւն, հո­գեվի­ճակ, քա­ղաքա­ցիական կամ հա­սարա­կական դրու­թիւն, ինչպէս նշո­ւած է հե­տեւեալ նա­խադա­սու­թեան մէջ. «Ան կը պատ­րաստո­ւէր վերջ տա­լու իր ամու­րիու­թեան վի­ճակին»։ «Վի­ճակ» բա­ռը բնա­կան գի­տու­թիւննե­րու ալ ձեռ­նարկեց։ Ամէն աշա­կերտ նա­խակրթա­րանի տա­րինե­րուն սո­րուած պի­տի ըլ­լայ, թէ նիւ­թի մաս­նիկնե­րու փո­խազ­դե­ցու­թեան եւ շարժման տե­սակը, բնոյ­թը կ՚ար­տա­յայ­տենք «վի­ճակ» բա­ռով, ինչպէս՝ ջու­րը կ՚ու­նե­նայ «յե­ղուկ վի­ճակ»։ Դուք, կաս­կած չու­նիմ, պա­տանե­կու­թեան տա­րինե­րուն հմտա­ցած էիք գի­տու­թեան մէջ, հե­տեւա­բար տա­րեվեր­ջին ար­ժա­նացաք գե­րազանց նի­շերով փայ­լող վի­ճակա­ցոյ­ցի մը։

Ոս­կե­դարէն մին­չեւ մեր օրե­րը, «վի­ճակ» բա­ռին առ­հա­սարակ վի­ճակո­ւեցաւ, - մեր պատ­մութեան էջերն են վկայ - , բա­ցասա­կան ածա­կան­ներ։ Անոնցմէ մէկ եր­կու հա­տը կա­րելի չէ հայ­կա­կան մա­մու­լի մէջ գրա­ւոր ձե­ւով յի­շել, սա­կայն կան ու­րիշներ, որոնք թոյ­լարտրե­լի են։ Ահա այն ածա­կան­նե­րը, որոնք յա­ճախ ըն­կե­րակ­ցե­ցան «վի­ճակ» գո­յակա­նին. անմխի­թար, ող­բա­լի, վատ, փնթի, ծանր, ահա­ւոր, ճգնա­ժամա­յին, պայ­թունավ­տանգ, ան­կա­ռավա­րելի, հրա­տապ, վտան­գա­ւոր, փա­կու­ղա­յին, լա­րուած, խայ­տա­ռակ... Փո­ղոցի վրայ կամ շու­կա­յի մէջ տես­նե­լով բա­րեկա­մի շփօթ, անժպիտ դէմ­քը, յա­ճախ հար­ցուցինք. «Բա­րեկամ, այս ի՞նչ վի­ճակ»։ Դի­մացի­նը աջ ու ձախ շար­ժե­լով իր գլու­խը պա­տաս­խա­նեց . «Վի­ճակս վի­ճակ չէ»։ Ահա մեր երկրի եւ ազ­գի քա­ղաքա­կան, տնտե­սական եւ հո­գեբա­նական վի­ճակ­նե­րու հա­մառօտ պատ­կե­րը, ու­րո­ւագ­ծո­ւած օտա­րամուտ երկվան­կի մը կող­մէ։

«Վի­ճակ» բա­ռը գրա­կան աս­պա­րէզի մէջ ալ երե­ւեցաւ։ Ար­դէն յի­շած էի Աս­տո­ւածա­շունչը (ուր 60 ան­գամ գոր­ծա­ծուե­ցաւ ան) եւ հայ հնա­գոյն մա­տենա­գիր­նե­րը։ Իսկ 11րդ դա­րուն մէկ այլ հո­գեւո­րական, բա­նաս­տեղծ Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին «վի­ճակ» բա­ռով շի­նեց ըն­տիր ար­տա­յայ­տութիւններ, ինչպէս՝ «Ան­ճառ վի­ճակ», «Վա­յել­չա­կան վի­ճակ», «Յաղ­թող վի­ճակ»։

Նա­րեկա­ցիէն յե­տոյ «վի­ճակ» բա­ռին քնա­րական գրա­կանու­թեան մէջ ան­գամ մը եւս հան­դի­պելու հա­մար պէտք էր սպա­սել մին­չեւ 19րդ դար։

1892 թո­ւակա­նին Յով­հաննէս Թու­մա­նեանի «Անոյշ»ի շնոր­հիւ «վի­ճակ» բա­ռը բարձրա­ցաւ բեմ։ Համ­բարձում էր, հան­դե­րը նախ­շուն գոր­գե­րով էին զարդա­րուած ու աղ­ջիկնե­րը սար էին ելած. «Փունջ-փունջ աղ­ջիկներ սա­րերը ելան, վի­ճակ հա­նելու, աշ­խոյժ եր­գե­րով»։

Վա­հան Տէ­րեանն էր իր վի­ճակը եր­գող յա­ջորդ քնա­րեր­գա­կը. «Էլ չեմ տրտնջում վի­ճակիս ու­նայն», «Մա­քուր է իմ հո­գին ու հի­մա, օրհնում եմ վի­ճակս երկրա­յին», «Սի՚րտ անա­մոք իմ, սիրտ իմ նժդեհ,

Ըն­դունի՚ր խո­նարհ վի­ճակդ վեհ»։ Բա­նաս­տեղծը նաեւ խոս­տո­վանե­ցաւ, թէ ի՚նքն էր իր թախ­ծոտ, տրտում վի­ճակ­նե­րու պաս­տասխա­նատուն «Դու ինքդ ես ընտրել վի­ճակդ, դո՛ւ»։

Իսկ Աշուղ Ճի­ւանիի հա­մար երգ էր ան։ «Հայ­րե­նիք» եր­գի մէջ, ինչպէս յի­շեցի քիչ առաջ, ող­բաց ամա­յացած դրախտ հայ­րե­նիքի հա­մար. «Հա­զար ափ­սոս, մար­դուց թա­փուր են հի­մա քաջ բազ­մա­մարդ վի­ճակ­ներդ, Հայ­րե­նիք»։ Երբ անել վի­ճակի մէջ մատ­նո­ւեցաւ աշու­ղը, ինքզինք հա­մեմա­տեց դեղ­ձա­նիկի հետ. «Բան­տի չոր քա­րերը եղան ինձ կո­ղինք, քեզ վի­ճակո­ւեց վան­դակ, սի­րուն դեղ­ձա­նիկ»։ Ապա զգաց, որ իր վի­ճակը պի­տի չու­նե­նայ բա­րելա­ւում. «Ճի­ւան, թէ չփոխուի այս ժա­մանա­կը, շատ կը դառ­նա­նայ իմ բախ­տիս վի­ճակը»։

Բայց դուն, յար­գե­լի ըն­թերցող, եղի՚ր լա­ւատես։ Մին­չեւ նոր հան­դի­պում քու վի­ճակ­ներդ ըլ­լան բա­րեն­պաստ, բա­րելաւուած եւ գե­րազանց։