ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Հեռու

Հայերէ­նի մէջ կան բա­ռեր, որոնք մեզ կը տա­նին դէ­պի հե­ռաւոր ափեր, հե­ռաւոր պատ­մութիւններ։ Այդ բա­ռերէն մէկն է՝ «հե­ռու»։ Այ­սօր, երբ «հե­ռակայ» են դա­սաւան­դութիւններ եւ ժո­ղով­ներ, ու երբ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը կը փոր­ձէ հե­ռու մնալ քա­ղաքա­կան լա­րուա­ծու­թիւննե­րէ - ներ­քին եւ ար­տա­քին - որո­շեցի մօ­տենալ այս երկվանկ բա­ռին, լսել անոր ոդի­սակա­նը ու նաեւ ականջ տալ հե­ռացած սի­րոյ նո­ւիրո­ւած քա­նի մը բա­նաս­տեղծու­թեան։

Բնիկ հայ­կա­կան է «հե­ռու» բա­ռը։ Ար­մատն է per։ Ու­նի մօ­տիկ ցե­ղակից­ներ՝ սանսկրիտ para, զնդե­րէն paro, յու­նա­րէն πέρα, pera, լա­տինե­րէն peregre, հին անգլե­րէն feorr, մի­ջին անգլե­րէն fer, անգլե­րէն far, գեր­մա­ներէն fern։ Բա­ռիս գրա­բար նախ­նա­կան ձեւն էր «հե­ռի», կազ­մո­ւած՝ «հեռ­» պարզ ար­մա­տով եւ «ի» մաս­նի­կով։ Նոյն ար­մա­տէն է անոր «հե­ռոյ» ձե­ւը։

Այս բա­ռին ծա­նօթա­նալու հա­մար պէտք չու­նիք հե­ռու­ներ եր­թա­լու։ Բա­ցէք հայ­կա­կան ոս­կե­դարեան գրա­կանու­թեան էջե­րը - Աս­տո­ւածա­շունչը, Ագա­թան­գե­ղոսը եւ ու­րիշներ- ու դուք կը գտնէք անոր հնա­գոյն շա­ռաւիղ­նե­րը. հե­ռագոյն, հե­ռանալ, հե­ռաս­տան, հե­ռացու­ցա­նել, հե­ռաւոր, հե­ռուստ...։ Պէտք է, որ ըսեմ, թէ «հեռ» ար­մա­տով շի­նուած բա­ռերու թի­ւը կը հաս­նի 250ի, պատ­կա­ռելի թիւ՝ հա­մեստ ար­մա­տի մը հա­մար։ Պատ­ճառն այն է, որ բառս դա­րերու ըն­թացքին յա­ջողե­ցաւ կեր­պա­րանա­փոխո­ւիլ ու ներ­կա­յանալ որ­պէս օգ­տա­շատ գիւտ, ինչպէս՝ հե­ռագիր, հե­ռադի­տակ, հե­ռատե­սիլ, հե­ռաձայն...։ Վեր­ջի­նը պատ­ճառ եղաւ, որ ժա­մանա­կավ­րէպ դառ­նայ ու առօ­րեայ գոր­ծա­ծու­թե­նէ դուրս մնայ առա­ջինի՝ «հե­ռագիր» բա­ռի հա­մայն ըն­տա­նիքը. հե­ռագ­րիչ, հե­ռագ­րա­տուն, հե­ռագ­րա­թել, հե­ռագ­րա­կայան։ Ան­խուսա­փելիօրէն ան­գործ մնա­ցին նաեւ ժա­մանա­կին շատ փնտռո­ւած հե­ռագ­րուհի­ները։ Հե­ռատես մէ­կը կրնայ պնդել, թէ մօ­տիկ ապա­գային «հե­ռատե­սիլ» եւ «հե­ռաձայն» բա­ռերն ալ պատ­մութիւն պի­տի դառ­նան։

Գի­տական իր նո­ւաճումնե­րուն զու­գա­հեռ՝ «հե­ռու» բա­ռը նաեւ ու­նէր քնա­րական որոշ հա­ւակ­նութիւններ։ Ու­նե­ցեր ենք բա­նաս­տեղծներ, որոնք «հե­ռու» բա­ռը գոր­ծա­ծեցին իրենց գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րու մէջ։ Ցա­ւօք սրտի սա­կաւա­թիւ են սնոնք, լոկ հինգ-վեց գրիչ։ Մի՞թէ շա­տեր կար­ծե­ցին, թէ այդ բա­ռը չէր կրնար ար­տա­յայ­տել ջերմ զգա­ցումներ։ Չենք գի­տեր։ Սա­կայն, Գրի­գոր Նա­րեկա­ցիին սրտա­մօտիկ էր ան։ Սուրբը այդ բա­ռով նոյ­նիսկ նկա­րագ­րեց Աս­տուծոյ. «Տէր Աս­տո­ւած ամե­նայ­նի... ան­մատչե­լի հե­ռաւոր»։ Ապա ան բա­ցատ­րեց, թէ ին­չո՛ւ շա­տերս փրկու­թե­նէ հե­ռու ենք, «Հե­ռի է ի մե­ղաւո­րաց փրկու­թիւն», ու աղա­չեց, որ «Ան­մատչե­լի հե­ռաւո­րը» չլքէ մեզ- «Մի հե­ռաս­ցի սրբու­թիւնդ»։

Կը սի­րեմ հայ­կա­կան հնա­գոյն գրա­կանու­թեան էջե­րը թեր­թել ու մեր հի­ներու, մեր մե­ծերու միտքն ու իմաս­տութիւ­նը ար­տագրել, յօ­դուած­նե­րուս մէջ զա­նոնք առա­տօրէն մտա­բերել, խոր ակ­նա­ծան­քով եւ եր­կիւղա­ծու­թեամբ, այ­լա­պէս՝ դուք գի­տէք, թէ ի՛նչ կր պա­տահի. «Աչ­քէ հե­ռու, սրտէ հե­ռու»։ Այժմ, մեր սրտին մօ­տիկ պա­հենք նաեւ մեր բար­բառնե­րը։ Լսենք, թէ գա­ւառա­ցի հա­յու լե­զուին մէջ ինչպէս կը հնչէր «հե­ռու» բա­ռը. Զէյ­թուն եւ Տիգ­րա­նակերտ՝ խօ­ռու, Մուշ, Ալաշ­կերտ՝ հէ­ռուն, Հա­ճըն՝ հէ­րու, Մու­սա լեռ՝ հիռ­ռօ, Ռո­տոս­թօ՝ հէ­ռունգ, իսկ Մե­ծարեն­ցի ծննդա­վայր Ակ­նայ մէջ՝ հէռ­վօնց։

Կը յի­շէ՞ք, ըսեր էի, թէ «հե­ռու» բա­ռը գրա­կան-քնա­րական հա­ւակ­նութիւններ ալ ու­նէր։ Ահա այն երեք պա­տառիկ­նե­րը, որոնք ամէն գրա­սէր հա­յու յի­շողու­թեան մէջ յա­տուկ տեղ ու­նին. «Զիս հե­ռացուր այս երկրէն» այսպէս աղա­չեց Նա­զենի­կը, Սիւ­նեաց իշ­խան Բա­կու­րի շի­կահեր եւ գե­ղատե­սիլ հար­ճը, որ­պէսզի հզօր աս­պետ Բագ­րա­տու­նի Տրդա­տը իրեն ազա­տէ («Հար­ճը», Դ. Վա­րու­ժան), «Հի­մա, հե­ռու իրար­մէ՝ միայն անունդ ու­նիմ», այս տո­ղը Վա­հան Թէ­քէեանի պղա­տոնա­կան սի­րոյ միտ­քե­րու բիւ­րե­ղացումն էր, ու ան զար­դա­րեց «Անունդ» քեր­թո­ւածը, «Աշ­խարհից հե­ռու մի գիւ­ղում, եղէգ­նեայ մի սրինգ կտրած, արեւ է եր­գել ու գա­րուն այս հի­ւանդ, հան­ճա­րեղ պա­տանին» Եղի­շէ Չա­րեն­ցի այս խօս­քը նո­ւիրո­ւած էր Մի­սաք Մե­ծարեն­ցին, իսկ «աշ­խարհից հե­ռու» այդ գիւ­ղը Բին­կեանն էր, բա­նաս­տեղծի ծննդա­վայ­րը, գողտրիկ Ակ­նէն ո՛չ շատ հե­ռու՝ Եփ­րատ գե­տի ձախ ափին։ Քիչ յե­տոյ, յար­գե­լի ըն­թերցող, ձե­զի կը ներ­կա­յաց­նեմ հայ­կա­կան քնա­րեգու­թեան ամե­նէն հե­ռաւոր, հե­ռաբ­նակ եւ հե­ռակեաց բա­նաս­տեղծը, սա­կայն ար­տօ­նեցէք, որ հա­կիրճ ձե­ւով խօ­սիմ «հե­ռու» բա­ռի մէկ այլ ծա­ռայու­թեան մա­սին։ Հայ­կա­կան գրատ­պութիւնն է ան։

«Հե­ռու» բա­ռը առա­ջին ան­գամ 1857-ին հայ­կա­կան գիր­քի մը շա­պիկին վրայ երե­ւեցաւ, որ­պէս նոր գիւ­տի անուն։ Կ. Պոլ­սոյ մէջ գիտ­նա­կան, ար­քունի թարգմա­նիչ, քա­ղաքա­կան գոր­ծիչ, պատ­մա­բան եւ խմբա­գիր Յով­սէփ Վար­դա­նեանը հրա­տարա­կեց աշ­խա­տասի­րու­թիւն մը, որ մին­չեւ այ­սօր իր տե­սակի մէջ եզա­կի կը մնայ. «Թէ­լէղ­րաֆ էլէգթրիգ կամ որ նոյն է էլեկտրա­կան հե­ռագիր ։ Պարզ եւ հա­մառօտ բա­ցատ­րութիւն զա­նազան էլեկտրա­կան հե­ռագ­րոց ու անոնց գոր­ծա­ծու­թեանը»։ Այդ գիր­քին հե­տեւե­ցան գի­տական եւ գա­ղափա­րային այլ գոր­ծեր. «Հե­ռո՜ւ փա­խիր գրա­կան խու­լի­գանից», Թիֆ­լիս, 1907, «Ին­չո՞ւ հե­ռացանք ։ 1911 թ. Կա­թողի­կոսա­կան ընտրու­թեան նկա­րագի­րը», Թիֆ­լիս, 1912, «Նա­մակ­ներ հե­ռուից ։ Վլա­տիմիր Իլ­յիչ Լե­նին», ա.տ., 1917, «Ցու­ցակ Երե­ւանի հե­ռախօ­սային բա­ժանորդնե­րի 1927» թէ, Երե­ւան, 1927, «Ղա­րաբա­ղի տնտե­սական կեան­քը եւ նրա հե­ռան­կարնե­րը», Թիֆ­լիս, 1928։

Արդ, խնդրենք, որ հայ­կա­կան քնա­րեր­գութեան ամե­նէն «հե­ռամոլ» բա­նաս­տեղծը՝ Վա­հան Տէ­րեանը եր­գէ իր թախ­ծոտ եր­գե­րը։ Տէ­րեանի հա­մար «հե­ռու» բա­ռը, յար­գե­լի ըն­թերցող, ցաւ էր, վիշտ, հայ­րե­նի կա­րօտ, ան­մատչե­լի գե­ղեց­կուհի... Անոր «Մթնշա­ղի անուրջներ» ժո­ղոուա­ծուի մէջ, գի­տեմ դժո­ւար է հա­ւատալ, եօթա­նասուն ան­գամ գոր­ծա­ծուած է «հե­ռու» բա­ռը։ «Ոչ մէկ գիր­քի մէջ, ո՛չ մէկ գրի­չին տակ «հե­ռու» բա­ռը պատ­ճա­ռեց այդքան տխրու­թիւն ե՛ւ սէր, ե՛ւ ար­տա­սուք...»։ Ահա տէ­րեանա­կան քա­նի մը գրա­կան պատ­կեր. Արե­ւից հե­ռի, Ու­ղիս հե­ռաւոր, Հե­ռացած ըն­կեր, Հե­ռաւոր ու­ղի­ների ժա­պաւէն­ներ, Մութ հե­ռաս­տան, Հե­ռաւոր մի հրե­ղէն ամպ, Կան­չում ես ան­վերջ Կա­պոյտ հե­ռուից...։ Բա­նաս­տեղծը նաեւ շշնջաց սրտա­բեկ, յու­սա­հատ ար­տա­յայ­տութիւններ. Հե­ռացիր մո­րացիր մի յի­շիր, Թո­ղեք որ լի­նեմ հե­ռաւոր, Փակ են քո սրտի հե­ռու­ներն իմ դէմ, Ինձ հե­ռուից լոյս փա­րոս չի կան­չում, Խա­ւարեց հե­ռուում փա­րոսը, Զգալ որ դու կաս եւ լի­նել հե­ռու...։ Բա­նաս­տեղծը իր սի­րածին ալ կո­չեց՝ հե­ռաւոր. Իմ հե­ռաւո՛ր, Հե­ռաւո՛ր, քեզ­նից չեմ տրտնջում։ Տէ­րեանը ինչպէ՞ս ձեր­բա­զատո­ւէր տան­ջող եւ ճնշող ցա­ւերէն, իր կեան­քի ան­շող գի­շերէն...։ Դար­ձեալ «հե­ռու» բառն էր պա­տաս­խա­նը. «Չսի­րել, չխոր­հել, չափ­սո­սալ — Հե­ռանա՜լ... Մի վայրկեան ամե­նից հե­ռանալ, չսի­րել, չտեն­չալ, չկան­չել, Հե­ռանալ...»։

«Հե­ռու» բա­ռով այ­սօր մօ­տիկա­ցանք մեր լե­զուի նուրբ ափե­րուն, հե­ռաւոր մէկ գիւ­ղէն մին­չեւ հե­ռացած սէ­րեր... Իսկ այժմ ձե­զի հրա­ժեշտ կու տամ «էստրա­դային» մէկ եր­գով, «Սի­րելիս», որ աւե­լի քան կէս դար է, որ կը շշնջայ հա­յու շրթունքնե­րու վրայ.

Գի­տեմ սի­րում ես ինձ ու լա­լիս ես թա­քուն, սի­րելի՚ս,

Հե­ռո՜ւ, հեռ­ւում,

Թէ եր­գում ես տխուր, ես եմ գա­լիս քեզ հիւր, սի­րելի՚ս,

Հե­ռո՜ւ, հե­ռուից,

Միայն երազ եր­գով, ա՜խ, երա­զի տես­քով, սի­րելի՚ս,

Ին­չո՜ւ, ասա՚, ին­չու։