Ինչպէ՛ս նկարագրել հայոց մայրենին։ Գեղեցիկ է ան, «նկարէն», «սիրուն» ու «զարդարուն»... Իսկ մեր լեզուն ե՞րբ դարձաւ «նախշազարդ», «նախշաւոր» կամ «նախշուն»։ Այս շաբաթ, յարգելի ընթերցող, երբ հայրենիքի մէջ բնակութիւն գտած հադրութցիներու նախաձեռնութեամբ «Նախշուն Հադրութ» փառատօնային միջոցառումը տեղի կ՛ունենայ (Պ. Պռօշեանի տուն-թանգարան, Աշտարակ), ու ասկերանցի Գաբրիէլեանները Արցախի գեղատեսիլ լեռներէն հաւաքուած խոտաբոյսերը համադրելով «Նախշուն» կոչուած թէյեր կ՛արտադրեն, որոշեցի «նախշուն» ածականի մասին զրուցել ու միեւնոյն ժամանակ ձեզի ներկայացնել քանի մը նախշազարդ գրական կտոր։
Բառերու խորհրդաւոր աշխարհին նուիրուած յօդուածաշարիս մէջ բառերու ոդիսականը յաճախ կը սկսի Ոսկեդարէն։ Հայկական բառի մը համար հպարտութիւն է Աստուածաշունչի առաջին թարգմանութեան մէջ, կամ Ագաթանգեղոսի, Եղիշէի, Փարպեցիի, Խօրէնացիի աշխատասիրութիւններուն մէջ գէթ անգամ մը գործածուած ըլլալ։ «Նախշուն» ածականի պարագան տարբեր է։ Զայն պիտի չգտնէք գրաբար հայերէնի կոթողներու մէջ, ոչ ալ, շատ աւելի ուշ՝ Նարեկացիի մատեանի մէջ։ Իսկ ի՞նչ է անոր ծագումը եւ պատմութիւնը։ Խորանանք մեր լեզուի ծալքերու մէջ։
Օտարամուտ է բառս, արմատը՝ «նախշ»։ Ունի արաբական ծագում, نقش, բունը՝ ن ق ش (ն-ք-շ)։ Այս բառը, ինչպէս կտաւի վրայ կատարուած նուրբ ասեղնագործութիւն, թել առ թել, հանգոյց առ հանգոյց ան եկաւ դէպի հիւսիս. Հայաստանի մէջ, միջին հայերէն «նախշ», Պարսկաստանի մէջ «նաքշ», نقش, Վրաստանի մէջ «նախշի», ნახში։ Այսպէսով 1200-1300 թուականներուն սկսաւ անոր զարդարուն պատմութիւնը՝ Հայկական լեռներու վրայ։
Նախ սիրունատես բառեր հիւսեցինք անոր հետ, հիսունի չափ, ինչպէս՝ նախշագիծ, նախշահիւս, նախշաձեւ, նախշանկար, նախշապատ, նախշաքանդակ, նախշունիկ։ Ապա անոնք յարմար եկան նկարագրելու համար մեր գորգերը, գաթաները, խաչքարերը ու բարձերը։ Միջնադարուն փոխառութեամբ գործածեցինք նաեւ հազուագիւտ բառ մը. «Նախշիդէուար»։ Ան թէեւ այլեւս գործազուրկ է, սակայն խիստ պատկերալից եւ զուարճալի ըլլալով, կ՛արժէ անոր անդրադառնալ։ «Նախշիդուար» բառը կազմուած է «նաքշ» եւ «տուվար» բառեր», այսինքն՝ «նկար» եւ «պատ» ու կը նշանակէ՝ որմնանկար։ Սակայն, ունի երկրորդ իմաստ մըն ալ՝ անբան, անմիտ, ինչպէս դիմանկար մը պատի վրայ նախշուած, «դէմքը կայ՝ միտքը չկայ»։ Ունինք նաեւ նախշազարդ արտայայտութիւն մը- «Նախշուն-նախշուն»։ Արցախի, Արարատեան դաշտի եւ Լոռիի մէջ ան կը նշանակէ՝ գոյնզգոյն, վառ ու գեղեցիկ։ Լոռեցի բանաստեղծ Թումանեանը անշուշտ չէր կրնար անտեսել զայն ու գրական բնապատկեր մը հիւսեց անոր հետ. «Տերեւները հենց լսեցին, նախշուն-նախշուն գոյներ հագան»։
Ուշ միջնադարուն հայ աշուղները իրենց նախշաւոր երգերու մէջ յաճախ գործածեցին «նախշ»-ով հիւսուած բառ մը։ Ինչե՞ր չգովեցին անոնք։ Քօսայ Երեցը նկարագրեց իր եարը՝ գեղեցկուհի Աննային - անշուշտ նախ փառք տալով զայն ստեղծած արարչին - ։
Փառք ու պատիւ ասեմ ես քո արարչին,
Որ ամենայն փառօք զքեզիկ զարթարեր,
Ես քեզիկ զարծիւ, դուն նախշուն կակաւ,
Փախչելով կու բնակիս դու Ղարսայ քարեր։
Մէկ այլ աշուղ, ցաւօք սրտի անունը չէ հասած մեզի, գովեց իր լուսերես եարի շապիկը. «Շապիքիդ փողպատն է նախշուն, գեղեցիկ, գովելի, լոյս երես»։ Յովհաննէս Թութունջի տաղասացը նկարագրեց ծխամորճը, որուն «ղալիոն»ը (ընդունարան) սեւ մարմար էր, իսկ կոթը՝ «ապանօս է եւ նախշուն»։ 1500ներու կէսն էր, Քուչակ Վանեցին գրեց. «Աղ ու համ ես անուշ, ու դեղ ու զարդեր՝ նախշ ու նիկար»։ Այս խօսքերը, յարգելի ընթերցող, ոչ թէ ուղղուած էին գեղեցկուհիի մը, այլ՝ Սուրբ Յովհաննէսին։ Իսկ Սայաթ-Նովան օր մը որոշեց երգ մը նուիրել իր քամանչային. «Անգաճդ էրծաթէն պիտի, գլուխդ ջաւահիր քարած, կութդ շիրմայեմէն պիտի, փուրդ սադափով նախշ արած»։
«Նախշ» բառը 1400-ներուն դարձաւ անձնանուն ու սկսաւ զարդարելու նաեւ՝ հայուհիները եւ վարպետ արհեստաւորները։ Հայոց պատմութեան մէջ յիշատակուած առաջին «Նախշուն» տիկինը, մի ոմն Թումայի կինն էր, որ 1460 թուականին Աղթամարի մէջ գրել տուաւ Աւետարան մը։ 1467 եւ 1482 թուականներուն Ոստան քաղաքի եւ Կտուց կղզիի մէջ գրի առնուած Աւետարաններու յիշատակարաններու մէջ կան երկու «Նշխուն» տիկիններ, որոնք՝ այդ գիրքերու պատուիրատուներն են եղած։ Անունը տարածուած էր 15-18րդ դարերուն։ Կան անոր Նխշուն եւ Նշխուն ձեւերը, ինչպէս նաեւ Նախշոյ եւ Նախշունիկ փաղաքշականները։ Ըստ անձանուններու վիճակագրութեան, այսօր Հայաստանի մէջ 546 հոգի այս անունով զարդարուած է, մեծ մասամբ Արցախի, Զանգեզուրի եւ Շիրակի մէջ։
Ժամանակն է, որ այժմ յիշեմ հայոց պատմութեան ամենէն տաղանդաւոր եւ անուանի երկու «նաղաշ»ները։ Առաջինն է, մօտաւորապէս 1394ին ծնած եւ 1470ին մահացած քնարերգակ տաղերգու, նկարիչ, հասարակական–եկեղեցական գործիչ, Ամիդ քաղաքի եպիսկոպոս, Միջագետքի հայոց հոգեւոր առաջնորդ Մկրտիչ Նաղաշը, որ «Անհամեմատ նկարիչ» ըլլալու համար ստացած էր «Նաղաշ» մականունը։ Իսկ երկրորդը՝ 1661 թուականին Նախիջեւանի Շոռոթ գիւղի մէջ ծնած, երկար ու արգասաբեր ճանապարհորդութիւններէ յետոյ իր ծննդավայրի մէջ 1722 թուականին մահացած քնարական բանաստեղծ, աշուղ, նկարիչ, ծաղկող, Վրաստանի Վախթանգ VI թագաւորի պալատական երգիչ ու նկարիչ, Հայաստանի, Վրաստանի, Պարսկաստանի մէջ ապարանքներ, եկեղեցիներ ձեւաւորած, ձերագիրներ զարդարած, 1710 թուականին Էջմիածնի տաճարը նկարազարդած Նաղաշ Յովնաթանը։
19-րդ դարուն բառս քնարերգակ հայ բանաստեղծներու ուշադրութիւնը գրաւեց։ Ահա քանի մը զարդարուն տողիկ. «Կարմիր, նախշուն հաւկիթի պէս կ՛երթայ արեւն իր Զատիկի», Միսաք Մեծարենց, «Նախշուն մէզարով աղջիկ, ոսկի մազերով աղջիկ, քո սէրն հազարով աղջիկ», Գարեգին Սրուանձտեանց, «Արտերն ամէն խճերով՝ իմ եարը նաշխուն բճերով (գուլպայ)», Քաջբերունի։ Իսկ Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի համար մեր երկրին էր նախշուն. «Հայոց Աշխարհիկ լերինք ու հովիտք ընդարձակ ու լայն նախշուն զարդարին նոր հարսին նման»։ Լոռեցի Թումանեանն ալ նման նկարագրութիւն գրեր էր «Անոյշե-ի մէջ. «Համբարձում եկաւ, ծաղկունքը ալվան, զուգել են հանդեր նախշուն գորգերով»։
«Նախշուն» բառը սիրուն տեսք տուաւ նաեւ հայկական երգերուն։ Անոնցմէ մէկը Արցախի յայտնի, ուզունդարա տեսակի «Նախշուն բաջի» երգն է. «Ղարաբաղի Նախշուն Բաջի, ինձ ասում ըն Նախշուն-բաջի»։ Սասունցիներն ալ ունեցան «նախշուն» երգ մը. «Աղջի անունդ ասա, վօ վօ վովն ընկաւ, լինեմ մայրիկիդ փեսայ, սիրուն կաքաւ նաշխուն կաքաւ, ձեռքէս պրծաւ ջուրն ինկաւ»։ Գուսան Հաւասին օր մը պարտէզի մէջ մնաց առանց վարդի ու տխրեցաւ. «Նաշխուն սոխակներ ինձ ասէք, միթէ չունի՞ք ոչ մի դարդ, միթէ երբեք չէք մնացել, տխուր առանց կարմիր վարդ»։ Մեր օրօրներն ալ են նախշուն. «Քուն եղի՚ր, բալաս, աչքերդ խուփ արա՚, նաշխուն աչքերուդ քուն թող գայ տեղայ»։
Իսկ այժմ, յարգելի ընթերցող, ձեզի ներկայացել ամենէն «նախշուն» հայը։ Կոմիտաս վարդապետն է ան։ Ականջ տուէք անոր հիւսած երգերուն ու դուք պիտի լսէք, թէ անոնք զարդարուած են «նախշ» բառով։ Իսկ ինչի՞ մէջ է կոմիտասեան երգերու արժէքը։ Բացատրեմ. անոնք «նախշազուրկ» եւ «աննաշխ» են։ Անոնց գեղեցկութիւնը պարզութիւնն է։ Իսկ հիմա լսենք. «Մեր դռանը խնկի ծառ, նախշուն բլբուլ վրէն թառ», «Այլուղս յարի բաշխած էր, ալ աբրշումով նախշած էր», «Էս գիշեր լուսնակ գիշեր, վայ լէ, լէ, լէ, լէ, ձիւնն եկել, գետին նախշել», «Անձրեւն եկաւ շաղալէն, խալիչեքը փռել եմ, նախշուն բարձեր դրել եմ», «Հոյ, Նազան իմ, նախշուն թեւ-թիթեռնիկ ես, ջա՜ն, Նազան իմ», «Սիրունի՜կ, սիրունի՜կ, սիրունիկ, նախշուն կաքաւիկ»։
Հայոց մայրենին ինչո՞ւ է «նախշուն»։ Յարգելի ընթերցող, եթէ ժողովուրդ մը հողը վարող եզի մասին հիւսեր է նախշուն երգ, ու այդ եզն ալ եարի նման, սուրբ խաչքարի նման, աչքի լոյս գորգի նման, իր սիրած քամանչայի նման կոչեր է «նախշուն», ահա այդ ազգի լեզուն ալ, մի զարմանաք, կը դառնայ նախշուն։ Այսօր, յարգելի ընթերցող, հրաժեշտ կու տամ Կոմիտասի մէկ այլ աննախշ ու նախշազուրկ, բայց իր պարզութեամբ անզուգական մէկ երգով. «Հօ արա, եզօ ջան, ախպեր ջան, թոլ արա եզօ, ջան ախպեր, դեհ, սիրուն ել, ել՜, ել՜ ել՜, դեհ ծաղիկ ել՜ ել՜ ել՜ ել՜, դեհ նախշուն ել՜ ել՜ ել՜ ել՜»։