Շնորհալի է հայոց լեզուն։ Պատճա՞ռն անոր... Շնորհալի, հոգեշնորհ, եօթնաշնորհ հայրապետներ անոր շունչ են տուեր, շնորհադէմ, շնորհազարդ, բազմաշնորհ բանաստեղծներ շնորհքով լի երգեր են հիւսեր, Ոսկեդարէն մինչեւ այսօր։ Այսօր, յարգելի ընթերցող, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը պատրաստուի երկիրը կառավարելու եւ հայ ազգը առաջնորդելու շնորհներով օժտուած քանի մը մարդ ընտրելու, որոշեցի «շնորհ» բառի շուրջ զրուցել ու յիշել հայոց պատմութեան քանի մը շնորհատես դէմքերը։
412 թուականին թարգմանիչ սուրբերը երբ Աստուածաշունչը սկսան թարգմանել, «շնորհ» բառը ներկայացաւ անոնց։ Ծառայասէր էր ան ու հեզ։ Սուրբ Գիրքի մէջ 289 անգամ գործածուեցաւ ան եւ անոր բարդութիւնները, ինչպէս՝ «շնորհակալ», «շնորհակալութիւն», «շնորհել» եւ «շնորհք»։ Մեր լեզուի պերճութեան համար աստուածատուր նուէր էր ան։ Իսկ, ի՞նչ խօսքերով զարդարուած է գրաբար հայերէնը։ Ականջ տանք մեր նախնեաց. «Ոչ խօսք ‘ի մեռելոց, եւ ոչ շնորհ առ արծաթասիրաց պարտ է խնդրել», «Սփռեցան շնորհք ‘ի շրթանց քոց», «Լաւ է քան զարծաթ եւ զոսկի՝ շնորհ բարի», «Պսակ շնորհաց ընկալցի գլուխ քո»։
5րդ դարուն ունէինք «շնորհաւոր», «շնորհագիւտ», «շնորհագիր» եւ «շնորհազարդ» բառերը։ Վերջինը հոգեւոր գրականութեան ընծայեց պատկերալից նկարագրութիւններ, ինչպէս ՝ «Շնորհազարդ որդի», «Շնորհազարդ սուրբ հայրապետ», «Շնորհազարդ եւ քրիստոսազդեաց որդեակ», «Շնորհազարդ տիպն լուսաւոր»։ Յաչորդ դարերուն, ան ուշարդութիւնը գրաւեց բազմաթիւ բառագիւտ հեղինակներու ու դարձաւ աւելի զարդարուն։ Ուստի, ունեցանք նորանոր ածանց բառեր. «շնորհագոյն», 6րդ դար, «շնորհագործ», «շնորհապարգեւ», 7-րդ դար, «շնորհարար», 8-րդ դար, «շնորհաբաշխել», 9-րդ դար, «շնորհալոյս», «շնորհաձիր» եւ «շնորհատու»՝ 10-րդ դար։
1002 թուականին երբ Ս. Գրիգոր Նարեկացին աւարտեց «Մատեան Ողբերգութեան» ստեղծագործութիւնը, ան 172 անգամ գործածած էր «շնորհ» բառը։ Այդ գիրքը լի է քնարական արտայայտութիւններով. «Աննուագելի շնորհ», «Շնորհ լուսոյ», «Անսպառ շնորհ»։ Իսկ բանաստեղծ սուրբը իր անձին համար յարմար տեսաւ երկու բառ. «անշնորհ» եւ «ապաշնորհ»։
Հնարեցինք նաեւ «շնորհ»ով վերջացող քառասունի չափ ընտիր գոհարներ- «մարգարեաշնորհ», «երանաշնորհ», «բարեշնորհ», «երկնաշնորհ», «ընտրելաշնորհ»... ։ Պէտք է ըսեմ, թէ «շնորհ» բառը մինչեւ 19-րդ դար յատուկ էր հոգեւոր գրականութեան։ Ուստի, յիշեալ ածականներու կը յանդիպինք յիշատակարաններու, վարքաբանութիւններու եւ շարականներու մէջ։ Իսկ այսօր, ձեր թոյլտուութեամբ, կը փափաքիմ նոր բառ մը առաջարկել՝ «շնորհամիտ»։ Շնորհապարտ կ՚ըլլամ, եթէ հանդիպիք այդ որակով մարդու եւ գործածէք զայն։
Իսկ օր մը հայը նկատեց, թէ ամէն մարդ չէ՝ շնորհքով։ Հարկադրուեցանք այդ տեսակն ալ նկարագրելու։ Ահա քանի մը անյարմար բառ. շնորհազուրկ, անշնորհք, ապաշնորհ, անշնորհակալ, վատաշնորհ։
Գրաբար հայրեէնը զարդարուած էր նաեւ շնորհալի արտայայտութիւններով. «Շնորհ ունիմ քեզ», «Շնորհս արկանել», «Շնորհս մատուցանել», «Ի շնորհս երեսաց քոց», «Շնորհիւ Տեառն, թագաւոր», «Շնորհ արա»։ Իսկ յուսահատ բանտարկեալներ սպասեցին, որ թագաւորը կամ իշխանը ըլլայ շնորհաբաշխ ու անոնց «ներում շնորհ»։ Այժմ յիշեմ հեշտալուր արտայայտութիւն մը. «Լի շնորհօք», զոր մանուկ շրթունքներ կաթոլիկ եկեղեցիներու մէջ վարդարանը բռնած կը շշնչեն Մարիամ Աստուածածնին նուիրուած է աղօթքներու երեսուն օրերու ընթացքին. «Ողջո՜յն քեզ, Մարիամ. լի շնորհօք. Տէր ընդ քեզ. օրհնեալ ես դու ի կանայս եւ օրհնեալ է պտուղ որովայնի քո Յիսուս»։ 16-րդ դարուն Դաւիթ Սալաձորցի տաղասացն ալ երգ մը նուիրած էր Աստուածնին. «Պարծանք դասուցն վերնական, / Դու յԱննայէ ընծայեցար, / Հոգոյն շնորհաց արժանացար. / Կոյս Մարիամ Աստուածածին»։
«Շնորհ» բառը նուէր էր նաեւ հայկական գրատպութեան համար։ Ահա քանի մը հրատարակութիւն, որոնց շապիկները զարդարուած են այդ բառով. «Գանձարան շնորհաց», Վենետիկ, «Գիտութիւն շնորհաց», Շամախի, «Վարժութիւն նամակաց, որ է հաւաքածոյ փունջ իմն երփնագեղ ծաղկանց շնորհագիծ ճոխիմաստ բանից պիտանացուաց», Կ. Պոլիս, «Հայելի Աստուածային շնորհաց», Տփխիս, «Վարդարանի տասնուհինգ շաբաթները ։ Ամէն տեսակ շնորհքներ ընդունելու ազդու միջոց», Վիեննա։ Նշմարեցի՞ք, թէ յիշեալ գիրքերը մեծամասնութեամբ հոգեւոր հրատարակութիւններ էին։ Իսկ 1907 թուականին Պոլսոյ գրախանութներու ցուցափեղկերուն մէջ յայտուեցաւ տեղական կեանքէ առնուած վէպ մը, մեծաշնորհ գրագիտուհիի մը՝ Զապէլ Եսայեանի գիրքը՝ «Շնորհքով մարդիկ»։
Բառս դարձաւ նաեւ, ինչո՞ւ զարմանալ, անձնանուն։ (Ո՞վ չ՚ուզէր այդ անունով յիշուիլ) Հայոց պատմութեան յայտնի դէմքեր են Ներսէս «Շնորհալին», «Շնհաւոր» քարգործ վարպետը, վաղամեռիկ «Շնորհորիկ» օրիորդը, որու յիշատակին կսկծալի հայրը 1282 թուականին խաչքար կանգնեցուց, «Շնոֆոր» իշխանը, որ Արճէշի մէջ 1304 թուականին Աւետարան մը գրել տուաւ, «Շնորհովոր» տիկինը, որ 1336 թուականին Խիզանի մէջ գրել տուաւ Աւետարան մը։ Իսկ պոլսահայերը երանութեամբ կը յիշեն իրենց Շնորհք պատրիարքը (վախճանեալ՝ 1990)։
Օր մը, անսպասելի բան, «շնորհ» բառը դարձաւ՝ աշխարհիկ։ Այո, այն բառը, որ ձեռագիր Աստուածաշունչերու, շարականներու եւ յիշատակարաններու էր վարժ, բազմաշնորհ աշուղներու շնորհիւ, յայտնուեցաւ ազգային եւ սիրային երգերու մէջ։ Աշուղ Շիրվանին օր մը տեսաւ աննման աղջիկ մը ու երգեց.
Նշանդ շնորհաւոր լինի,
Ուզածդ բախտաւոր լինի,
Շիրվանը քեզ քաւոր լինի,
Ինձի պարտական են արել։
Գուսան Եսայեանը նկատեց, թէ որքա՛ն շնորհալի էին Հայաստանի բանուորները.
Սովետական արեւի տակ
Կանաչեցաւ Հայաստանը,
Քաջ բանուորների շնորհքով
Ազատուեցաւ Հայաստանը։
Խրիմեան Հայրիկը դիտեց մշակի աշխատանքը ու նկատեց, թէ արօրն է շնորհալի.
Խոփ քաշ կ՛երթայ գետնի տակէն,
Ակօս կ՛անի էրգեն էրգեն,
Քանդի կորթեր, շուռ տա բարդ բարդ
Շնորհ կենէ բերքին առատ։
Կոմիտաս Վարդապետը գրեց «Հայր Մեր»՝ մանուկներու համար.
Հա՚յր մեր,
Տո՛ւր մեզ, տո՛ւր քո շնորհ
Լի ու լի ամէն օր։
Յովհաննէս Թումանեանը փափաքեցաւ երգել ի՛ր երգը.
Գանձեր ունեմ անտա՜կ, անծե՜ր,
Ես հարուստ եմ, ջա՜ն, ես հարուստ
Ծով բարութիւն, շնորհք ու սէր
Ճոխ պարգեւ եմ առել վերուստ։
Վահան Թէքէեանը հազարներու մէջէն նշմարեց գեղեցկուհի մը, որ ունէր բազում շնորհներ. «Ու հեռացար, շա՛տ անուշ, շա՜տ գեղեցիկ, շա՜տ յստակ. / Մթնցնելով, պարպելով սրահն ամբողջ քեզի հետ, / Շնորհներուդ բազմութեամբ լեցնելով զիս յաւէտ»։
Յարգելի ընթերցող, այս յօդուածը երբ դուն կարդաս Հայաստանը կ՚ունենայ նոր վարիչ։ Յուսանք, որ ան ըլլայ բազմաշնորհ, շնորհազարդ եւ «շնորհամիտ»։ Մինչեւ յաջորդ հանդիպում մնացէք առատաշնորհ եւ շնորհաբաշխ, ինչպէս «շնորհ» բառն էր միշտ։