«Աթոռի կռիւ մի՛ արէք, տղերք,
հողի կռիւ արէք, որ աթոռը դնելու
տեղ ունենաք»,
Վազգէն Սարգսեան
Ահա ձեզի կը ներկայանամ «հող» բառի անդաստանին նուիրուած երրորդ ու վերջին մշակումով։ Ի՜նչ ջերմ էր հայրենի հողի եւ «հող» բառի հետ մեր նախնիներու կատարած զրոյցը։ Ովքե՜ր մաս չկազմեցին այդ երկխօսութեան խոհական. Դուրեաններ, Թումանեաններ, Խրիմեաններ եւ տարագիր պանդուխտներու լեարդը այրած մայրեր - հողը թեթեւ ըլլայ իրենց վրայ։ Իսկ անոնք, որոնք հեռացեր էին հայրենի հողէն, արեւածաղիկներու նման թեքուեցան դէպի անոր՝ մշակեցին մտաւոր հողը։
Նոյն կարօտով ու երկիւղածութեամբ, յարգելի ընթերցող, նախորդ երկու յօդուածներու մէջ բուռ մը հող բռնած՝ փորձեր էի հաղորդուիլ անցեալի հետ։ Այդ հողը յաճախ մահ կը բուրէր. «Գրկեմ սրտովս արդ ցուրտ հող ։ Պետրոս Դուրեան», ծերութիւն կը բուրէր. «Պատուհանիս առջեւ պատառ մը հող կայ. / Ծեր աշխարհին է դէմքն՝ հողն այն սեւորակ ։ Եղիա Տէմիրճիպաշեան», տարագրութիւն կը բուրէր. «Մի բուռ հող տար, ոտքիդ կպած, / Մեր տարագիր պանդուխտներին ։ Գեւորգ Էմին» ու կը բուրէր նահատակութիւն. «Մենք փառքեր ունենք թաղուած հողի տակ ։ Յովհաննէս Թումանեան»։
Բայց միշտ չէ, որ «հող»ը մնաց «ոչնչութիւն», «սեւ», «ցուրտ» եւ «մահ» բառերուն խճճուած։ Եղաւ պայծառ առաւօտ, հայը փարեցաւ իր հողին, հողն ալ դարձաւ իր բարի բնութեան մայրական- «ծնունդ» եւ «պտղաբերում»։ Արդ, ճեմենք գրական դաշտերու վրայ, քաղենք պտուղներ քաղցրահամ։
Ե՞րբ ջերմացաւ հայկական «հող»ը ու դարձաւ քնարական։ Ուշ միջնադարուն, հայկական վերածնունդին։ Նոր ու պայծառ շրջան մըն էր ան։ Հայ աշուղներ կենսասէր, հողածին գեղեցկուհիի մը սիրով տոչորած, կեանքը եւ անոր շնորհները վայելելու տենչանքով երգեցին հողի ծննդարար ու կենսատու բնութիւնը, արհամարհելով անոր խոժոռ երեսը սեւ։ Սէրը յաղթահարեց մահուան։ Մահը ոչնչացաւ՝ դարձաւ չնչին։
1200ականներուն լսեցինք Յովհաննէս Երզնկացիի երգերը։ Անոնք կու գային Անահիտ թիցուհիի նստավայրէն։ Յովհաննէս Երզնկացիի երգերը խոր էին, լի կեանքի իմաստասիրութեամբ։ Ըստ անոր, հողեղէն մարդը, ծաղիկ մը լոկ երկրի վրայ, մահուան տագնապով փարած կեանքին, կը փնտրէ իմաստն անոր. «Մեք բուսաք զերթ ծաղիկ յերեսն ի հողոյն, / Ծարաւած ենք բանի, զինչ տունկն ի ջրոյն»։
Երզնկայէն ոչ շատ հեռու՝ Կարնոյ մէջ հնչեց հողասէր մէկ այլ բանաստեղծի՝ Յովհաննէս Կարնեցիի ձայնը։ 1750-1820 թուականներու մէջ ապրած մանկավարժ Կարնեցին ծանօթ էր «Արդար վարժապետ» մականունով։ Իր սիրոյ երգերը երգուած եւ տարածուած էին Կարնոյ մէջ եւ շրջակայքը։ Ահա կենսուրախ այդ քնարերգակի տաղերէն մէկը, ուր քարը բարձ է, անկողինը՝ հող. «Անցեալ գիշեր դրան սիրելւոյս ննջման տեղն իմ անդ քար էր, / Ծածկոցս տերեւ, ներքեւս հող, բայց սիրտ իմ յոյժ ուրախ էր»։
Նոյն օրերուն մէկ այլ սիրահար աշուղ յայտնուեցաւ - ցաւօք սրտի անոր անունը շատոնց դարձեր է հող, զինք կոչենք «Անանուն» ու ըսաւ, թէ պատրաստ է իր սիրածի ոտքի տակ հող դառնալու. «Կապուտն է մեզ վկայ, որ կու սիրեմ զքեզ, / Հող եմ ես քո ոտիցդ, յորտեղ որ կոխես»։
1550-ներուն «հող»ը... շիկացաւ։ Վանեցի Քուչակի սպիտակափայլ եարն էր պատճառը, որուն մերկութիւնը նախանձելի էր, նոյնիսկ մեռեալներու համար. «Ուր որ դու կանգնած լինիս, չէ պատեհ վառեն մոմեղէն. Ծոցուդ լոյսն դուրս ծագէ, գէմ ելնէ մեռելն ի հողէն»։
Իսկ Դանիէլ Վարուժանի գրչին տակ «հող»ը... մայրացաւ. «Գիւղակներէն հորիզոնները մինչեւ կը տարածուի մեր մայրութիւնը հողի ։ Արտերուն Հրաւէրը», «Կը բաբախէ սիրտն հողին իրենց բրդոտ կրծքին տակ ։ Մշակները»։ Յարգելի ընթերցող, բացէք «Հացին Երգը» ժողովածուն ու դուք կը շնչէք հայրենի հողը։ Վարուժանի «հող»ը բարի է ու բերրի։ Պտղաբեր մայր է ան։ Ակօս-ակօս ահա Վարուժանի «հող»ը։ «Այժմ հողին տակ կ՚ուռին հունտեր՝ ինչպէս ծիծերն ուլերուն ։ Տափան», «Կը զարդարէ ամայութիւնը հողին մատղաշ ծաղի՚կը հացի ։ Առաջին Ծիլեր», «Կ՚երգեմ քաջերը հողին ։ Կալեր», «Դո՛ւն, սուրբ պաշտպան հայրենական հողերուս ։ Խաչբուռ», «Կ՚ընդունի հողն իր սրտին մէջ՝ լոյսին նիզակն արիւնոտ ։ Միջօրէ», «Հո՜, հռո՛ հռո՛ հռո՛. - Հողին տակ հռնդիւնն է արօրին ։ Հերկեր», «Բո՜յրը հողին, հողին բո՜յրը ։ Գարնան Անձրեւ», «Հողին ծոցէն ոսկի լոյսեր թող հոսին ։ Ցան»։
Յարգելի ընթերցող, ո՛չ մէկ բանաստեղծ ունի հայրենի հողին նուիրուած այսքան քերթուած, «հող» բառի այսքան առատ գործածութիւն։ Ձեր թոյլտուութեամբ կը փափաքիմ «հող»էն ծնած երկու բառ յօրինել այսօր ու ձօնել Սեբաստացի Վարուժանին. «հողապաշտ» ու «հողանուէր»։
Երբ Վարուժանը եւ իր նախորդները գուրգուրանքով մշակեցին հայրենի «հող»ը, յաջորդներու համար հաճոյք էր հնձել անոր բարիքները։ Անոնցմէ մէկը Աքսել Բակունցն էր։ Բակունցը ոչ միայն քնարական էր իր գիրքերու մէջ, այլ նաեւ՝ իր կեանքի մէջ։ Նայեցէք անոր աշխատանքային կեանքին ու կը հասկնաք, թէ Բակունցը մէկ այլ «հողապաշտ» էր։ 1924-26 թուականներուն Գորիսի մէջ հողբաժնի վարիչ էր ան, իսկ 1926-31 թուականներուն՝ հողվարչութեան պետի տեղակալ։ Բակունցի գրչակից Գուրգէն Մահարին անոր համար գրեր է հետեւեալ վկայութիւնը. «Փողոցում կը կռանար, կը վերցներ մի հողակոշտ եւ ագահաբար կը համբուրէր. -Ոչ մի հող այսպէս չի բուրում, չէ՜ ... կը հպարտանար»։
Սիւնիքի նոյն հողէն ծնած Համօ Սահեանի համար երա՛զն ալ հող էր. «Տան կտուրի տակ արթուն էին լոկ հողոտ, մղեղոտ մեր երազները։ Հողի տակ են մեր հոգսերը անհոգ, իսկ հողի վրայ խշխշում են լոկ հողոտ, մղեղոտ իմ վերյուշերը»։ Հողի երազ մըն ալ տեսաւ Անդրանիկ Թէրզեանը։ Եփրատի ափերէն աքսորուած ընտանիքի զաւակ Անդրանիկը 1927ին ծնաւ Հալէպի մէջ։ Խորհրդահայ հողի վերածնունդը գրաւիչ էր անոր համար ու 19 տարեկանին ներգաղթեց Հայաստան ու երգեց. «Ես եմ արդ՝ հողին վրայ աճող երազ մը հարուստ»։
Յարգելի ընթերցող - կամ՝ հողակից, եթէ կեսարացի էք - ա՞րդեօք հողի մասին պէտք չէ, որ գրէի, քանի որ հայրենի հողի վրայ չեմ։ Բանաստեղծ Յովհաննէս Գրիգորեանը - անոր ալ հողը թեթեւ թող ըլլայ - զգուշացուցած էր զիս տասնամեակ մը առաջ. «Մի՛ գրիր բանաստեղծութիւններ, երբ հեռու ես քո երկրից»։ Բայց, ի՞նչ ընէի, որ «հող» բառը գրաւիչ էր, ջերմ ու բարեբեր, կը բուրէր կեանք։ Եռածալ այս յօդուածաշարը, յարգելի ընթերցող, երազեցի, որ քեզի եւ ինծի շնորհէր հայրենի հեռաւոր հողը համբուրած ըլլալու մխիթարանքը - հողազուրկ սփիւռքահայու «հողասլաց» (մէկ այլ նոր բառ) պտոյտը անհաս։
Կը յիշէ՞ք Անդրանիկ Թէրզեանը - Եփրատի ափերէն արմատախիլ եղած այդ պատանին, որ հողը «կարմրած» հայրենիքի կանչով ներգաղթած էր - ու տասնամեակ մը իսկ չվայելած զայն վաղամեռիկ ննջեց անոր մէջ։ Այսօր կը փափաքիմ յօդուածս աւարտել այդ շնորհալի երիտասարդի երեք տողիկներով, ուր հողը կեանք կը բուրէ. «Իրիկնային մշուշում խորհում է հողը հիմա», «Բերել եմ ես հողի խինդը ու լիութիւնը բերրի», «Ես լոյս աշխարհ կու գամ հողից հայրենի՝ դարձած քնքոյշ մի ծաղիկ»։
Յաջորդ յօդուածը, յարգելի ընթերցող, նուիրուած է «շնորհ» բառին եւ շնորհալի ու շնորհազարդ հայերուն։ Իսկ այն երեք բառերը, զոր այսօր հողի մէջ ցանեցի - «հողանուէր», «հողապաշտ» եւ «հողասլաց», կ՚երազեմ, որ արմատանան ու հայախօս շրթունքները շուտով վայելեն անոնց շնորհները։