2Մայիս 2021-ին Թուրքիոյ յանցագործ շրջանակներու կարեւոր դերակատարներէն Սետաթ Փեքեր առաջին անգամ «Եութուպ»ի միջոցաւ հրապարակեց տեսաերիզ մը, որ մեծ ցնցում յառաջացուց Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգի վրայ։
Սետաթ Փեքերի անունը նախապէս կը յիշուէր նախագահ Էրտողանի եւ անոր կուսակցութեան ի նպաստ յայտարարութիւններով։ Ան նոյնիսկ հանրահաւաքներ կը կազմակերպէր, որոնց ընթացքին շատ լուրջ սպառնալիքներ կը տեղացնէր իշխող կառավարութեան համար անհաճոյ թուացող բոլոր շրջանակներու հասցէին։ Կը յանդգնէր կառավարութեան որոշումներուն դէմ յայտնուած ակադէմականներու եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարներուն արիւնը հեղելու նման ծանր խոստումներու։
Թուրքիոյ արդարադատութեան համակարգը այդ ելոյթները կը դիտեր իբրեւ խօսքի ազատութիւն։
Որքան ալ նախագահ Էրտողան քօղարկել կը ջանայ, գաղտնիք չէ որ իշխանութենէ ներս զանազան խմբաւորումներ իրարու դէմ ծուղակ կը լարեն։ Արդարեւ Սետաթ Փեքերի յայտարարութիւններն ալ, որոնք իրենց թիրախ դարձուցած են, Ներքին Գործոց Նախարար Սիւլէյման Սոյլուն, նոյն նախարարութեան նախկին աթոռակալներէն Մեհմետ Աղարը եւ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի որդին։
Փեքեր սերիալի վերածած իր յայտարարութիւններուն մէջ կը նշէ թմրեցուցիչ նիւթերու մեծաքանակ վաճառքներ, զանազան թուականներուն տեղի ունեցած ոճրագործութիւններ, որոշ քաղաքական գործիչներու կամ լրագրողներու տրուած կաշառքներ եւ դեռ անօրինութեան բազում օրինակներ։
Բնականաբար Փեքերի մինչեւ օրս ութերորդին հասնող այս յայտարարութիւնները մեծ ուշադրութեան կ՚արժանանան եւ կը դիտուին բազմամիլիոն մարդկանց կողմէ։
Ան իր ելոյթներու ընթացքին ծիծաղով կ՚ըսէ թէ եռոտանիի եւ տեսախցիկի մը միջոցաւ ահ ու սարսափի պիտի մատնէ ամբողջ համակարգ մը։
Որքան ալ իշխանամէտ մամուլը եւ կառավարութեան շրջանակները անտեսել ձեւացնեն Սետաթ Փեքերի վիտէոները ամբողջովին գրաւած են երկրի քաղաքական դաշտը։ Վերջապէս Ներքին Գործոց նախարաը հարկադրուեցաւ պատասխանել այս մեղադրանքներու եւ ընդունեց լրագրողներուն նիւթի մասին ուղղած հարցումներուն պատասխանել։ Բայց ժողովուրդը զարմանալով տեսաւ թէ ան փոխանակ իրեն ուղղուած հարցումները պատասխանելու նիւթը կը շեղէր եւ կը պատմէր բոլորովին կապակցութիւն չունեցող այլ խնդիրներ։
Հարցում Հրանդ
Տինքի ոճիրի մասին
Փեքեր ակնարկութիւններուն մէջ կը յիշուէր նաեւ Հրանդ Տինքի ոճիրը, որու մասին Խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան գրաւոր հարցում ուղղեց Ներքին Գործոց Նախարարին, պահանջելով յաւելեալ տեղեկութիւններ Տինքի սպանութեան վերաբերեալ։
Միւս կողմէ հասարակութեան քննադատութիւնը ուղղուած է նաեւ դատական համակարգին, որ իր կարգին եւս լռութիւն կը պահէ։
Նշենք որ այդ նոյն համակարգը առանց վարանումի դատական հարցաքննութիւն կը կատարէր բոլոր անոնց դէմ, որոնք «Թուիթըր»եան գրառումով կամ «Դիմատետր»ի ձայնակցութիւնով մը քննադատած կը համարուէին կառավարութիւնը եւ անոր որոշումները։
Խնդիրը հասաւ այն աստիճանին, ուր ընդդիմադիր Հանրապետական Կուսակցութեան պատգամաւորներէն մէկը նոյնիսկ մամուլի էջերէն ծանուցում տալով փորձեց պարտականութեանը գիտակից դատախազ փնտռել։