Հայերս կը սիրենք ինքնագովութիւնը։ Ազգային արժանիքներ կը վերագրենք մեր տոհմին ու կը հպարտանանք ըսելով «քաղաքակիրթ ազգ ենք»։ Այդ ըսելու պահուն չենք մտաբերէր թէ ընդամէնը հարիւր տարի առաջ բնակչութեան մեծամասնութիւնը գիւղերու մէջ ապրող հայը ինչպէ՞ս քաղաքի կրթութիւն ստացաւ։Այս հարցումով վիճելի կը դառնայ մեր այլ մէկ յատկութիւնը, ընդմիշտ փառաբանած մայրենի լեզուն։ Կը սիրենք հայերէնի բառապաշարի հարստութեամբ, մանաւանդ բառ արտադրելու ունակութեամբ հպարտանալ։ Բարբառ կառուցելու շնորհիւ կրնանք համաշխարհային բառապաշարի բոլոր եզրերը հայացնել։ Բայց արդեօք այդպէ՞ս է։ Օրինակ առնենք «քաղաք» բառը։ Ան նախ կը նշանակէ բազմամարդ բնակավայր։ Գիւղի հետ համեմատելով շատ աւելի խիտ բնակչութեան մէկտեղուած տարածք։ Քաղաքակրթութիւնն ալ քաղաքի պարտադրած կենցաղին յարմարուելու երեւոյթը ըլլալ կը թուի։ Բայց եկուր տես որ մենք քաղաքակրթութիւն բառով կ՚ակնարկենք անցեալին ստեղծուած այնպիսի արժեհամակարգի մը, որուն ստեղծման շրջանին գոյութիւն չունէր նոյնիսկ ինք՝ քաղաքը։ Իսկ politics իմաստով երբ կը գործածենք «քաղաքականութիւն» եզրը, անգամ մը եւս կ՚աղքատացնենք մայրենին։
«Քաղաք» օրինակին մէջ նոյն բառին կամ բառարմատին շատ տարբեր նշանակութիւններով գործածութեան պատճառը օտարաբանութիւնն է։ Չէ որ դասական յունարէնի մէջ նոյն police բառէն սերած են բազմաթիւ իմաստներ, հայերէնն ալ նոյնը ըրած է քաղաք բառը առանցք ունենալով։
Նման օրինակ մըն է «ընկեր» բառի գործածութիւնը։ Ան իր առաջին իմաստով կը նշանակէ բարեկամ, որուն հետ արեան կապ մը գոյութիւն չէ ունեցած։ Ընկերը ոչ թէ պարտադրուած, այլ նախընտրուած բարեկամն է։ Կ՚ունենանք դասընկերներ, զինընկերներ, գործընկերներ եւ նոյնիսկ կեանքի ընկերներ։ Անոնց հետ կ՚ընկերանանք, կ՚ընկերակցինք, բայց երբ շարունակենք «ընկերութիւն» ընելու, խնդիրը յանկարծ կը բարդանայ։ «Ընկերութիւն» բառի նշանակութիւնը կապած ենք բոլորովին տարբեր դաշտի մը, ներդրումները միացնելով շահութաբեր ձեռնարկութիւն, այսինքն company հիմնելու իմաստին։ Շարունակելով ընկերութիւն բառի նշանակութիւնը որոնել, այս անգամ նոյն եզրը կը պարզուի հասարակութիւն, համայնք, նոյնիսկ ժողովուրդ իմաստներով, փոխարինելով օտարալեզու social կամ society բառերը։ Այս արմատներով հիւսուած social politics կամ socio economics -ի նման բառակապերն ալ իրենց «ընկերա-քաղաքական» եւ «ընկերա-տնտեսական» թարգմանութիւնով կը մտնեն հայկազեան բառամթերքին։
Մէկ բառի այսքան շատ ու բազմաբնոյթ նշանակութիւն ունենալու երեւոյթը բացասական գործօն մըն է լեզուամտածողութեան եւ հետզհետէ փիլփսոփայութեան առումով։
Վերադառնանք քաղաքակրթութեան եւ անգամ մը եւս հաստատենք թէ անոր նշանակութիւնը կը գերազանցէ քաղքենի կենցաղի սահմանը եւ կը մօտենայ «մշակոյթ» հասկացողութեան։
Իսկ մշակոյթը՝ որ կազմուած է դարերու փորձութիւններով ու գիտելիքներու կուտակումով, ի դէմ իր հսկայ ծաւալին, զարմանալիօրէն նուրբ ու դիւրաբեկ է։ Բաց է զարտուղի ազդեցութիւններիու։ Այդ ազդեցութիւնները աւելի մաշեցնող կը դառնան երբ վտանգուած է մշակոյթին վերարտադրման առիթ ընձերող ենթահողը՝ երկիրը։
Այս հանգրուանին բազում հրատապ խնդիրներու մէջ առաջնահերթութիւն կ՚ստանայ մշակութային անկման երե ւոյթը, որուն հետեւանքները անկանխատեսելի կրնան դառնալ իրենց կործանարար ներուժով։ Պահը զգօնութիւն կը պահանջէ։
pakrates@yahoo.com