ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Մարտի 8 շնորհաւոր

Մարտի 8-րդ օրը հա­մաշ­խարհա­յին առու­մով ըն­դունո­ւած է իբ­րեւ Կա­նանց Մի­ջազ­գա­յին Օր։ Այ­սօր զան­ց առնենք այս նշա­նակու­մի ստեղծման տե­ղի տո­ւող զար­գա­ցումնե­րը եւ անդրա­դառ­նանք 8 Մար­տի մե­րօրեայ նշա­նակու­թեան։ Յա­յտ­նի է, որ Մարտ 8-ը աշ­խարհի տար­բեր եր­կիրնե­րու մէջ պի­տի ու­նե­նայ տո­ւեալ եր­կրի պայ­մաննե­րուն հա­մապա­տաս­խան նշա­նակու­թիւն։ Կարգ մը եր­կիրներ՝ որոնց կար­գին է նաեւ Հա­յաս­տան օրը նշա­նակու­թիւն ու­նի աւե­լի շատ այ­րե­րու հա­մար քան կա­նանց։ Այդ օր մար­դիկ տրա­մադ­րո­ւած են գե­ղեցիկ սե­ռը փայ­փա­յելու, անոնց տրա­մադ­րութիւ­նը բարձրաց­նե­լու ազ­նիւ նպա­տակին։ Կաս­կած չկայ որ օրը իմաս­տա­լից է յատ­կա­պէս ծաղ­կա­վաճառ­նե­րուն հա­մար, քա­նի այդ օր իրենց աշ­խա­տան­քը եւ ինքնա­բերա­բար շա­հոյ­թը կը կրկնա­պատ­կո­ւի մի գու­ցէ տաս­նա­պատ­կո­ւի բաղ­դատմամբ տա­րուայ սո­վորա­կան օրե­րուն։

Սա­կայն միւս կող­մէ նոյն Մար­տի 8 կարգ մը եր­կիրնե­րու մէջ կրկնա­կի աշ­խա­տան­ք կը թե­լադ­րէ ոս­տի­կան­նե­րուն հա­մար։ Այդ եր­կիրնե­րու կար­գին է Թուրքիա, ուր Մար­տի 8 անվտան­գութեան ծա­ռայու­թիւննե­րու հա­մար։ար­տա­կարգ զգօ­նու­թիւն կը պա­հան­ջէ։ Անոնք կա­նուխ ժա­մերէն սկսեալ պաշ­տօն ստանձնած են քա­ղաքի կեդ­րո­նական փո­ղոց­ները պա­շարե­լու եւ կի­ներու հա­ւաքա­կան ցոյ­ցե­րուն ար­գելք ըլ­լա­լու հա­մար։ Իս­թանպուլ, որ վեր­ջին 19 տա­րինե­րուն աւան­դութիւ­նը ու­նե­ցած էր 8 Մար­տի երե­կոյեան շքեր­թին այս տա­րի զրկուեցաւ այդ ու­րախ տո­ղանցքէն։

Ան­ցեալին կի­ներու իրա­ւունքնե­րը պաշտպա­նող հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը զա­նազան առիթ­նե­րով փաս­տած են իրենց մար­տունա­կու­թիւնը եւ ոս­տի­կանա­կան ար­գելքնե­րու դի­մադ­րե­լու կամքն ու կա­րողու­թիւնը։

Հասկնա­լի է կի­ներու այս դիւ­րագրգիռ հո­գեբա­նու­թիւնը Թուրքիոյ նման այ­րիշխան երկրի մը մէջ։ Վի­ճակագ­րութիւննե­րը սար­սա­փելի եւ անըն­դունե­լի տո­ւեալ­ներ կը ներ­կա­յաց­նեն տա­րուայ մը ըն­թացքին սպա­նուած կի­ներու մա­սին։ Կի­ները անխնայ կը սպան­նո­ւին տհաս տղա­մարդկանց բար­դոյթնե­րուն պատ­ճա­ռաւ։ Թե­րեւս հա­մաշ­խարհա­յին երե­ւոյթ է, բայց մենք գո­հանանք Թուրքիոյ հա­մայ­նա­պատ­կե­րը դի­տելով եւ ան­վա­րան հաս­տա­տենք թէ արա­կան սէ­րը կրկին ան­գամ տհաս ու տգէտ է բաղ­դատմամբ իգա­կանին։

Այդ այդպէս ըլ­լա­լով հան­դերձ կրօն­քի եւ աւա­տապե­տական բար­քե­րու հե­տեւան­քով իշ­խա­նու­թիւնը ստանձնած է տղա­մար­դը։ Նոյն աշ­խա­տու­թիւնը կա­տարող կի­նը 25 տո­կոս աւե­լի նո­ւազ կը վար­ձատրո­ւի բաղ­դատմամբ այ­րե­րուն։ Բա­ցար­ձա­կապէս, ան­հա­մեմա­տօրէն նո­ւազ է անոր ներ­կա­յու­թիւնը օրէնսդիր, գոր­ծա­դիր կամ ար­դա­րադա­տական մար­միննե­րու մէջ։

Նման ան­հա­ւասա­րու­թեան վե­րացու­մը ո՛չ թէ պա­հան­ջե­լով, այլ մարտնչե­լով կա­րելի է։ Թուրքիոյ ֆե­մինիստ շար­ժումը իւ­րա­ցու­ցած է այդ գի­տակ­ցութիւ­նը եւ իր դի­մաց գլխա­ւոր խնդիր կը տես­նէ նախ եւ առաջ սե­ռակից­նե­րու զար­թօնքը։ Հա­սարա­կու­թեան մէջ ինչպէս զար­գացման ու յա­ռաջըն­թա­ցի, յե­տադի­մու­թեան ալ կա­րեւոր շար­ժա­կը կինն է։ Վեր­ջա­պէս կինն է որ կը պատ­րաստէ յա­ջորդ սե­րունդը։ Եթէ ըն­տա­նիքի մէջ մայ­րը նա­խապա­տուու­թիւն տայ որդւոյն, ալ աւե­լի դժո­ւար պի­տի ըլ­լայ հայ­րե­նի տու­նէն ձե­ւաւո­րուած կարծրա­տիպե­րու փլու­զումը։

Թուրքիացի եթէ ոչ կի­նը, բայց կի­ներու կազ­մա­կեր­պո­ւած շար­ժումը գի­տէ թէ իր պայ­քա­րի թի­րախ­ներն են նախ կրօն­քը ապա պե­տու­թիւնը եւ հետզհե­տէ իր սե­փական հայ­րը եւ աւագ եղ­բայրը։ Աս­տի­ճանա­կարգ մը՝ որ կը սպառ­նայ ո՛չ միայն կի­ներուն, այլ հա­մայն մարդկութեան։

Ու­րեմն մե­զի կը մնայ ող­ջունել կի­ներու պայ­քա­րը եւ զօ­րակ­ցիլ անոնց բո­ղոքի աղա­ղակը ալ աւե­լի լսե­լի դարձնե­լու հա­մար։

pakrates@yahoo.com