ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Էրտողանի Մանկլաւիկը՞

Արցա­խեան պա­տերազ­մի պար­տութիւ­նով աւար­տե­լէն ետք փո­շի պա­տած է Հա­յաս­տա­նի ներ­քա­ղաքա­կան դաշ­տը։ Այդ փո­շիի մէջ մո­լեգ­նութիւն որ կը տի­րէ եւ կողմնո­րոշու­մը կորսնցու­ցածներ կոյրզկու­րայն պայ­քար մը կը տա­նին անորոշու­թեան մէջ սու­սե­րամար­տի մտնե­լով։ Այսպէս ուղղու­թիւնը կորսնցու­ցածնե­րէն ոմանք վեր­ջերս կը փոր­ձեն հա­լածել Թուրքիոյ Խորհրդա­րանի ան­դամ եւ չա­փազան­ցած չենք ըլ­լար եթէ ըսենք հա­մաշ­խարհա­յին հա­յու­թեան հե­րոս Կա­րօ Փայ­լա­նը։ Փայ­լա­նին այդ տիտ­ղո­սը կը վե­րագ­րենք նկա­տի ու­նե­նալով անոր աւե­լի քան 5,5 տա­րուայ երես­փո­խանի աշ­խա­տու­թիւնը Թուրքիոյ խորհրդա­րանէն ներս։

Անոր Խորհրդա­րանի ամ­պիոնէն ար­տա­սանած ճա­ռերը յատ­կա­պէս ալ 24 Ապ­րի­լի թո­ւական­նե­րուն ու­նե­ցած ելոյթնե­րը շատ տար­բեր ըն­կա­լումնե­րու պատ­ճառ դար­ձան։

Հա­յու երե­ւակա­յու­թեան հո­րիզո­նին վրայ եր­բեք չէր եղած նման պատ­կե­րի մը հա­ւանա­կանու­թիւնը։ Հիացու­մը, զար­մանքը եւ փոք­րա­թիւ չա­րամիտ­նե­րու մօտ ալ շփոթն ու կաս­կա­ծը իրար կը յա­ջոր­դէին։ Հա­մահայ­կա­կան էր այս հիացու­մի ու զար­մանքի զգա­ցու­մը, Պո­լիսէն Լոս Ան­ճէ­լըս, Երե­ւանէն Պոյ­նէոս Այ­րէս, Պէյ­րութէն Սիտ­նի կամ Մել­պուրն։

Ինչպէ՞ս կ՚ըլ­լար։ Հա­յը ինչպէ՞ս կը յանդգնէր ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ժխտե­լը պե­տական քա­ղաքա­կանու­թեան վե­րացած երկրի մը սրտին մէջ այսպէս ելոյթ ու­նե­նար։

Հար­ցումը ու­նէր եր­կու պա­տաս­խան՝ բա­րեխղճե­րը պի­տի գնա­հատէին ու չա­րամի­տերն ալ կաս­կա­ծէին։

Այդ երե­ւոյ­թը ծա­նօթ է մե­զի, քա­նի որ ան­ցեալին նման երկմտու­թեան մատ­նո­ւած էր Հրանդ Տինք կեր­պա­րը։ Նոյն չա­րամիտ­նե­րը Հրան­դի խի­զախու­թիւնն ալ փոր­ձած էին կաս­կա­ծի մատ­նել։ Չէին կրցած հա­ւատալ նման արիու­թեան եւ վճռած էին թէ ան հա­մաձայ­նած է իր ապ­րած երկրի կա­ռավա­րու­թեան հետ եւ անոր պա­տուէրն է որ կը կա­տարէ։ Ան­ցեալին Հրանդ Տին­քի եւ այս օր ալ Կա­րօ Փայ­լա­նի դէմ նման կաս­կա­ծամ­տութիւ­նը թէեւ զզո­ւելի, բայց ոչ զար­մա­նալի է։

Հա­յաս­տա­նի զի­նուած ու­ժե­րու անու­նով հրա­պարա­կուած եւ վար­չա­պետի հրա­ժարու­մը պա­հան­ջող յայ­տա­րարու­մը նախ նոյն ինք վար­չա­պետի կող­մէ մեկ­նա­բանուեցաւ իբ­րեւ իշ­խա­նափոխու­թեան ապօ­րէն փորձ։ Պա­տահա­ծը նոյնպէս մեկ­նա­բանե­ցին աշ­խարհի բազ­մա­թիւ եր­կիրնե­րու ղե­կավար­ներ նե­րառեալ Թուրքիան։ Կա­րօ Փայ­լան եւս «Թո­ւիթըր»եան գրա­ռու­մով մը ընդվզում յայտնեց զի­նեալ ու­ժե­րու երկրի քա­ղաքա­կանու­թեան մէջ կողմ դառ­նա­լու երե­ւոյ­թին։

Այսքա­նը բա­ւարար էր, որ­պէսզի իբ­րեւ ակա­դեմա­կան ներ­կա­յացող կարգ մը ան­ձեր նոյն գծի վրայ տես­նէին Թուրքիոյ Խորհրդա­րանի հայ պատ­գա­մաւո­րը եւ երկրի նա­խագա­հը ու այդ մեկ­նա­կէտով Կա­րօ Փայ­լա­նը նկա­րագ­րէին «Էր­տողանի մանկլա­ւիկ»։

Սա անա­մօթու­թեան վեր­ջին գիծն ալ գե­րազան­ցել կը նշա­նակէ։ Ամէն ոք ազատ է իր միտ­քը ձե­ւաւո­րելու եւ ար­տա­յայ­տե­լու մէջ։ Բայց ոչ ոքին տրո­ւած է Կա­րօ Փայ­լա­նը «Էր­տո­ղանի մանկլա­ւիկ» կո­չելու իրա­ւունքը։

Կա­րօ Փայ­լան փաս­տած է իր ար­ժա­նիք­նե­րը աշ­խարհաց­րիւ հա­յու­թեան հան­դէպ։ Նման նիւ­թե­րու դի­մաց ան կա­րիքը չու­նի ինքնա­պաշտպան­ման բնոյ­թով որե­ւէ խօսք ըսե­լու։ Ան իր խօս­քը վա­ղուց ըսած է գոր­ծով։ Այդ գոր­ծը պա­տուա­բեր է ու գնա­հատան­քի ար­ժա­նի բո­լոր անոնց հա­մար, որոնք խիղճ ու­նին։ Իսկ ան­խիղճնե­րը, որ ի գին բա­րոյազրկու թեան իրենց բո­լոր կա­րելիու­թիւնը պի­տի ընեն ծա­ռայած կող­մին հա­ճելի թո­ւելու հա­մար։ Անոնց ցե­խար­ձա­կումնե­րը ազ­դե­ցու­թիւն կ՚ու­նե­նան միայն մեր լռու­թեան պայ­մաննե­րուն։ Իսկ մենք այդ դաշ­տը բաց չենք թո­ղած եւ այ­սօր ալ չենք թո­ղեր իր առա­քելու­թիւնը փաս­տած մարդկանց տէր կանգնե­լու գոր­ծին մէջ։

pakrates@yahoo.com