Փետրուար ամսու 26-րդ օրը, 1943 թիւ։ Ունեւորութեան տուրքը հատուցելու կարողութիւն չունեցողներէն առաջին խմբակը, 160 հոգի, կը ղրկուին դէպի Արեւմտեան Հայաստանի Սարիղամիշ գաւառը, պարտադիր աշխատանքի։
Հանրապետական Թուրքիոյ պատմութիւնը լեցուն է բազմաթիւ անարդարութիւններով, անմարդկային քաղաքականութեան հետեւանք բազում վայրագութիւններով։ 1789-ի քաղքենի յեղափոխութեան ամենակործանիչ յատկութիւնը եկաւ «ազգ», «ազգային», «ազգասէր» բառերու նշանակութեամբ։ Ով ի՞նչ իմանար թէ ցիրուցան ասպետներու կամ սեպուհներու միացումով պիտի կայանար ամբողջական պետութիւններ, որոնց սահմաններուն մէջ հաւաքուածները պիտի կոչուէին ազգ եւ սպառնալիքը դառնային այլ ազգերու, սկսելով հարեւան երկիրներէ։
Վերջացած էին կաթողիկէներու, բողոքականներու կամ ուղղափառներու միջդաւանանքային պատերազմները, իրենց արիւնլուայ աւանդութիւնը թողելով միջազգային, միջպետական պատերազմներու։
Ի դարու առաջին քառորդին մէջ իբրեւ ազգային պետութիւն ձեւաւորուեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, որ բնականաբար օրինակ պիտի ունենար իր կազմութեան նախորդող փորձերը։ Ունեւորութեան տուրքը անմարդկային խտրականութիւն էր երկրի տարբեր ազգութիւններու պատկանող քաղաքացիներուն միջեւ։ Բայց ո՞վ պիտի անդրադառնար այդ խտրականութեան, երբ ԱՄՆ-ի մէջ ճապոնացիներ, Խորհրդային Միութեան մէջ Ղրիմի եւ Կովկասներու բնակիչ մահմետականներ բռնագաղթի կ՚ենթարկուէին դէպի երկրի հեռաւոր անկիւնները։
Հասարակ քաղաքացիներու դէմ կատարուող այս անմարդկային վերաբերմունքը համաշխարհային դիւանագիտութեան գնահատմամբ կ՚արդարանար «Անկախ երկիրներու իրենց անվտանգութիւնը ապահովելու իրաւունք»ով։ Այդ հասկացողութեան համաձայն երկրի մը իր ժողովուրդին դէմ գործադրած անարդարութիւնը կը դիտուէր իբրեւ տուեալ երկրի ներքին խնդիրը եւ ոչ ոք իրաւունք ունէր առարկելու կամ միջամտելու։
Մենք՝ Թուրքիոյ քաղաքացիներս այդ խտրականութիւնը ապրեցանք յարատեւ կրկնութիւններով։ Տարիներ անց երբ այդ կատարուածները կը դիտենք իբրեւ անցեալի երեւոյթներ, աւելի լաւ կը հասկնանք երկրի վարիչներու մտայնութիւնը։ Երբեք դիւրին պիտի չըլլար բազմազգի կայսրութեան մը աւերակներէն վերակառուցել ազգային պետութիւն մը, ուր նոյնիսկ կը բացակայէր ինք՝ ազգը։
Որքան ալ անհաւատալի թուի, ճշմարտութիւն է որ երիտ-թուրքական քաղաքական միտքը նախ հիմնեց պետութիւն, եւ ապա այդ պետութեան չափանիշներուն համապատասխանող ազգը։
Թէեւ Օսմանեան կայսրութիւնը թրքական պետութիւն էր, բայց այդ երկրի վրայ թուրքերը թէ բնակչութեամբ մեծամասնութիւն չէին կազմեր, եւ թէ արտադրութեան, առեւտուրի, ուսման ոլորտներու մէջ կը ներկայանային իբրեւ ամենայետամնաց տարրը երկրին։ Այդ տարրը երկրին բնորոշիչ ազգը դարձնելու համար կատարուածները տասնամեակներու ընթացքին տուին իրենց պտուղը։ Այսօր բազմաթիւ ազգութիւններ, մէկ կողմ ըրած իրենց նախնեաց ինքնութիւնը, կը ներկայանան իբրեւ «թուրք»։ Կամաւոր կերպով հրաժարած են մայրենի լեզուէն, աւանդական փառքերէն եւ կը վայելեն թուրք ամբողջի մաս կազմելու առաւելութիւնը։
ԻԱ դարը սակայն, ունի իր նոր հասկացողութիւնը, ուր անհատը իր իրաւունքներով աւելի մեծ նշանակութիւն ունի բաղդատմամբ նախորդ հարիւրամեակի։ Անցեալին մնացած է քաղաքացիներու մատնուած անարդարութիւնը «երկրին ներքին խնդիրը» համարելու սկզբունքը։
Բայց այս բոլորը կեանքի կոչելու համար կը կարօտինք միասնական զօրակցութեան ու դիմադրութեան։
pakrates@yahoo.com