ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ահազանգ հայերէնի համար

Լեզո­ւաս­պա­նու­թիւնը ցե­ղաս­պա­նու­թեան լրա­ցու­ցիչն է։ Քան­զի ինքնու­թեան բնո­րոշիչ գլխա­ւոր տարրն է լե­զուն։ Լե­զուի այս յատ­կութեան կը յա­ջոր­դէ ան­ձա­նուննե­րու հան­դէպ ցու­ցա­բերուած նա­խապա­տուու­թիւնը։

Ներ­կայ իրո­ղու­թեան մէջ այս եր­կու յատ­կա­նիշերն ալ արա­գօրէն կը մա­շին հա­մաշ­խարհա­յին հա­յու­թեան մօտ։ Հա­յաս­տա­նը տա­կաւ կը մնայ հա­յախօ­սու­թեան գլխա­ւոր ամ­րո­ցը։ Սա­կայն հոն եւս կը հան­դի­պինք ան­ձա­նուննե­րու այ­լա­սեռ­ման տխուր երե­ւոյ­թին։ Վեր­ջերս հրա­պարա­կուած վի­ճակագ­րութիւ­նով կը տես­նենք նա­խորդ տա­րուայ ըն­թացքին ծնած­նե­րու անո­ւանա­կոչումնե­րը, որոնց մէջ մե­ծամաս­նութիւն կը կազ­մեն օտար անուննե­րը։ Լե­զուէ ու ազ­գա­յին ան­ձա­նուննե­րէ կա­մաւոր հրա­ժար­ման ետին կա­րելի է տես­նել ինքնու­թե­նէ հրա­ժարե­լու փաս­տը։

Իսկ ո՞րն է նման հրա­ժարու­մի տե­ղի տո­ւող պատ­ճառնե­րը, կ՚ար­ժէ խոր­հիլ ու խորհրդա­ծել։ Նախ պար­տինք նշել որ հայ ժո­ղովուրդի մե­ծամաս­նութիւ­նը կ՚ապ­րի իր հա­րազատ երկրէն դուրս, աշ­խարհի զա­նազան եր­կիրնե­րու մէջ, իբ­րեւ ազ­գա­յին ու եր­բեմն ալ կրօ­նական փոք­րա­մաս­նութիւն։

Կարգ մը եր­կիրնե­րէ ներս այս հրա­ժարու­մը պար­տադրո­ղը օտա­րի հան­դէպ դժկա­մու­թիւնն է։ Ծնող­ներ իրենց զա­ւակ­նե­րուն բնա­կած երկրի ար­ժա­նիք­նե­րուն հա­մակեր­պե­լու տեն­չով կա­մաւոր կեր­պով կը հրա­ժարին մայ­րե­նիէն։ Այսպէ­սով ապա­հոված կ՚ըլ­լան անոնց երկրի լե­զուին լա­ւագոյնս տի­րապե­տելը։ Նոյն կա­մաւոր հրա­ժարու­մը կը տես­նենք նաեւ ան­ձա­նուննե­րու ընտրու­թեան մէջ։ Հա­յերէն հնչող ան­ձա­նու­նը օտար հա­սարա­կու­թեան մէջ այ­լութեան ապա­ցոյցն է եւ ոչ ոք կ՚ու­զէ խտրու­թեան մատ­նո­ւիլ։

Ու­րեմն կրնանք են­թադրել թէ լե­զուաս­պա­նու­թիւնը կը կա­յանայ պե­տակա­նու­թե­նէ զրկո­ւելու պա­րագա­յին։ Այս առու­մով պի­տի կար­ծո­ւի թէ վե­րեւ յի­շուած ինքնու­թե­նէ հրա­ժարու­մի երե­ւոյ­թը սահ­մա­նուած է սփիւռքա­հայու­թիւնով։ Երա­նի այդպէս ըլ­լար, բայց կը տես­նենք թէ ախ­տը տա­րածուած է հայ­րե­նի երկրէ ներս ալ։ Այս ալ իր կար­գին բնա­կան երե­ւոյթ է, քա­նի հայ­րե­նի երկրի հա­սարա­կու­թեան զգա­լի մէկ մա­սը կ՚երա­զէ ինք եւս սփիւռքա­հայ ըլ­լալ։

Թաւ­շեայ յե­ղափո­խու­թիւնը դէ­պի ներ­գաղթի յոյ­սեր որ սնու­ցած էր, այդ յոյ­սերն ալ փուլ եկան քա­ռաս­նօ­րեայ պա­տերազ­մի եւ մա­նաւանդ ալ յա­ջոր­դող դա­ւադ­րա­կան բնոյ­թի ցոյ­ցե­րուն ստեղ­ծած հիաս­թա­փու­թեան հե­տեւան­քով։

Այս պայ­մաննե­րու մէջ լե­զուաս­պա­նու­թեան մա­սին խօ­սիլն իսկ ան­հե­թեթ էր։ Կա­րելի չէր հասկնալ թէ մայ­րե­նիի բա­ռապա­շառի որ բաց­թո­ղու­մի հե­տեւան­քով հա­յերէ­նի մէջ կը մտնէին օտա­րալե­զու այսքան հա­մատա­րած այ­լանդա­կու­թիւններ։ Օրի­նակի հա­մար ո՞ւր կոր­սո­ւած էր բո­լորիս ծա­նօթ «հի­ւան­դա­նոց» եզ­րը, որուն տեղ կ՚օգ­տա­գոր­ծո­ւի օտար լե­զուի «հոս­փի­թալ» բա­ռը, իր զար­մա­նալի հո­լովումնե­րով հան­դերձ։ Օրի­նակ­նե­րը բազ­մացնե­լը անի­մաստ է տա­րողու­թիւնը սահ­մա­նափակ սիւ­նա­կի մը վրայ։

Այս կի­րակի, 21 Ապ­րի­լին պի­տի յի­շուի «Հա­մաշ­խարհա­յին մայ­րե­նի լե­զուի օր»ը։ ՄԱԿ-ի են­թա­կառոյցնե­րէն «Մշա­կոյ­թի Մի­ջազ­գա­յին Կազ­մա­կեր­պութիւ­նը» ան­ցեալ տա­րինե­րուն հրա­պարա­կած էր ոչնչաց­ման դա­տապար­տո­ւած լե­զու­նե­րու ցանկ մը, որուն մէջ կը նշո­ւէր նաեւ արեւմտա­հայե­րէնը։

Այդ նշու­մը սար­սափ պատ­ճա­ռեց հա­յերէ­նի նկատ­մամբ գերզգա­յուն շրջա­նակ­նե­րուն։ Թե­րեւս ան­խուսա­փելին էր որ կը յայ­տա­րարո­ւէր։ Ինչպէս որ ըն­դա­մէնը հա­րիւր տա­րուայ ըն­թացքին մո­ռացո­ւած էին բազ­մա­թիւ բար­բառներ, արեւմտա­հայե­րէնն ալ զրկո­ւած ըլ­լա­լով պե­տական հո­վանա­ւորու­թե­նէ, պի­տի բաժ­նէր նոյն ճա­կատա­գիրը։

Տո­ւեալ պայ­մաննե­րու տակ պար­տինք ահա­զանգ հնչեց­նել արեւմտա­հայե­րէնի կող­քին ընդհան­րա­պէս հա­յերէ­նի համար։

pakrates@yahoo.com