ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԶԼՄ-ներու պատասխանատուութեան մասին

Համե­մատա­բար մօտ ան­ցեալ է լրա­տուու­թեան ամե­նաձեռնտու մի­ջոցին՝ պար­բե­րական մա­մու­լի յայտնու­թիւնը ըն­կե­րային կեան­քի մէջ։ Մեր իրո­ղու­թիւնով այդ պատ­մութիւ­նը կը սկսի «Ազ­դա­րար»ի հրա­տարա­կու­թիւնով Հնդկաս­տա­նի Մատ­րաս քա­ղաքը։ Այդ օրէն մին­չեւ օրս ան­հա­մար են հրա­տարա­կուած դէմքե­րը։ Արե­ւելա­հայ կամ արեւմտա­հայ գրա­կան պատ­մութեան հա­մարեա բո­լոր երե­ւելի թեր­թե­րը կամ ուղղա­կի իրենք հրա­տարա­կած են պար­բե­րական մա­մուլ, կամ ալ աշ­խա­տակ­ցած ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նե­ցածի մը։ Նոյնպէս հայ քա­ղաքա­կան կեան­քի, եւ ոչ միայն հայ այլ հա­մաշ­խարհա­յին առու­մով քա­ղաքա­կան կեան­քի ան­բա­ժան մաս­նի­կը եղած է այս կամ այն քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թեան ձայ­նը դար­ձած թեր­թը։

Գրա­ւոր մա­մու­լը ու­նէր եր­կու կա­րեւոր առա­քելու­թիւն։ Առա­ջին եւ կա­րեւո­րագոյնն էր լրա­տուու­թիւնը։ Ժո­ղովուրդի մը ցի­րու­ցան մաս­նիկնե­րը թեր­թե­րու մի­ջոցաւ իրա­զեկ կ՚ըլ­լա­յին մի­մեանց ապ­րումնե­րէն։ Թեր­թե­րու շնոր­հիւ կը հե­տեւէին քա­ղաքա­կան ան­ցուդար­ձե­րուն։ Ան­ցուդար­ձեր՝ որոնք ուղղա­կիօրէն պի­տի ազ­դէին իրենց կեան­քին։ Կար եւս առա­քելու­թիւն մը, անոնց հրա­տարա­կու­թեան շնոր­հիւ պի­տի յղկո­ւէր մայ­րե­նի լե­զուն, ձեռամբ բծախնդիր խմբա­գիր­նե­րու։ ԶԼՄ որ կը կո­չենք պատ­մա­կան ժա­մանա­կագ­րումով նախ կը մտա­բերենք թեր­թե­րը։ Ապա կը յի­շենք որ գի­տու­թեան զար­գացման զու­գա­հեռ անոնց վրայ եկած են աւել­նա­լու ռա­տիօ կա­յան­նե­րը։ Այս ան­գամ մեր դի­մաց կայ շատ աւե­լի ըն­դարձակ զան­գո­ւած­նե­րու հա­սանե­լի դրու­թիւն մը, որու հիմ­նադրու­թիւնը եւ հա­ղոր­դումը գե­րազանց աւե­լի ծախս կը պա­հան­ջէ հե­տեւա­բար կը կի­րար­կուի պե­տու­թիւննե­րու կող­մէ։ Այդ մէկն ալ կար­ծես բո­լորեց իր շրջա­նը տե­ղը զի­ջելով հե­ռուստա­հաղոր­դումնե­րուն, որոնք նոյնպէս սկսզբնա­կան շրջա­նին պի­տի ու­նե­նային պե­տական դի­մագիծ, սա­կայն ժա­մանա­կի ըն­թացքին հետզհե­տէ հա­սանե­լի պի­տի ըլ­լա­յին սե­փական հրա­տարա­կու­թիւննե­րու հա­մար եւս։ Այ­սօր այ­լեւս մեծ ձեռքբե­րում մը չէ ու­նե­նալ որոշ գա­ղափա­րի մը ծա­ռայող հե­ռուստա­կայան, որու շնոր­հիւ կա­րելի ըլ­լայ, թէ լրա­տուու­թիւն եւ թէ հա­սարա­կու­թեան մշա­կոյ­թի մա­կար­դա­կի բարձրա­ցում։

Սա­կայն այս մի­ջոց­նե­րու առ­կա­յու­թիւնը ափ­սոս որ չա­րաշա­հումնե­րու հե­տեւան­քով թե­րացաւ իր առա­քելու­թե­նէն, կա­րելի է ըսել թէ նոր ժա­մանակ­նե­րու ԶԼՄ-նե­րը շատ աւե­լի ան­պէտ դար­ձած են բաղ­դատմամբ մօտ 300 տա­րիներ առաջ բա­զում դժո­ւարու­թիւննե­րով լոյս տես­նող սո­վորա­կան օրաթերթի մը։ Ի՞նչն է պատ­ճա­ռը որ տե­ղի տո­ւած է այսքան ահ­ռե­լի մսխու­մի։ Այս խոր­հուրդնե­րուն կը տա­րուինք դի­տելով Հա­յաս­տա­նի պե­տական հե­ռուստա­կայա­նը՝ «Հ1»ը։ Չենք կրցած հասկնալ թէ այս աս­տի­ճանի լա­րուա­ծու­թեան մէջ որո՞ւ հա­մար կը հա­ղոր­դո­ւին այդ այ­լանդակ Պրա­զիլեան ֆիլ­մա­շարե­րը։ Որո՞ւ, ի՞նչ օգուտ կը խոս­տա­նան այդտեղ ար­ծարծուած կեղծ ապ­րումնե­րը։ Ըստ երե­ւոյ­թի ոմանք նա­խընտրած են ԶԼՄ-նե­րու հա­սարա­կու­թեան գի­տակ­ցութեան բարձրաց­ման ծա­ռայող յատ­կութիւ­նը եւ այժ մ ամէն ջանք կը գոր­ծադրեն այդ նոյն դրու­թե­նէն ընդհա­կառակ ար­դիւնք ապա­հովե­լու հա­մար։ Եթէ շատ ցան­կութիւն ու­նիք ազ­գա­դաւ երե­ւոյթներ յայտնա­բերե­լու կրնանք այս հար­ցումնե­րու պա­տաս­խաննե­րը որո­նելով սկսիլ։

Ան­շուշտ որ բո­լոր ԶԼՄ-նե­րը նո­ւազ կամ աւե­լի չա­փով կը կրեն պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն, բայց «Հ1»ը իբ­րեւ պե­տական կա­յան առա­ջին գծի վրայ է որ պէտք է հա­շիւ տայ ժո­ղովուրդին։