Այս անգամ խորհուրդներու տարափը սկսաւ պոլսահայ արդի գրականութեան ամենապայծառ ներկայացուցիչի, «Մարմարա» օրաթերթի բազմամեայ խմբագրապետ Ռոպէր Հատտեճեանի 95-ամեակի շնորհաւորութեամբ։ Հեռաձայնելով շնորհաւորեցի պատկառելի տարեդարձը։ Երբ որպիսութիւնը հարցուցի. «Փառք որ շնորհիւ որդիներուս, ամէն օր խմբագրատուն կ՚երթամ ու կ՚աշխատիմ, հետեւաբար լաւ եմ» պատասխանեց։
Այս կարճ զրոյցեն ետք մտաբերեցի իմ կեանքի ընթացքին երկար կեանք վայելած մարդկանց մասին։ Յիշեցի Սարգիս Չերքեզեանը որ կ՚ըսէր. «Երկարակեացութեան կարեւորագոյն դժուարութիւնը այն է թէ մի առ մի կը կորսնցնես բոլոր սիրածներդ, ընկերներդ։ Բայց ոչինչ, հիմա ալ դուք կաք որպէս ընկեր»։ Այդ ըսելու պահուն մեր տարիքներու միջեւ տարբերութիւնը մօտ կէս դար էր։ Ապա յիշեցի մի այլ ծերունի, որու հետ շուրջ եօթ տարուայ բարեկամութիւն մը ապրեցանք, քանի վարձակալն էինք իր տան։ Ժոզէֆ Վիթալիս աւստրիացի մըն էր, որ կը բնակեր ֆրանսացիներու «Լա փէ» ծերանոցը։ Ամէն ամիս, երբ կ՚այցելէի զինք, շահեկան յուշեր կը պատմէր իր ապրումներէն, որոնք կը լսէի մեծ հետաքրքրութեամբ։ Բայց տխուր էր մեր վերջին հանդիպումը, երբ ան դժգոհեցաւ երկար ապրելէ։ «Յոգնած եմ պարոն Էսդուգեան, եւ ամենացաւալին, առաւօտուն երբ արթնանամ, ոչինչ ունիմ ընելու»։
Ակամայ սկսայ մտմտալ իմ տարեկիցներու մասին։ Սարգիսի հօր՝ լուսահոգի «Քիւրտ Յակոբ»ի խօսքն էր «Նախ մեծհօրս ապա հայրիկիս ընկերները կը մահանային։ Հիմայ իմ ընկերներս կը մեռնին»։
Վախ պատեց հոգիս։ Իսկոյն յիշեցի անուններ, որոնց հետ նոյն սերունդէն ենք եւ հիմա չկան։
Սայաթ Նովա երգչախումբը, որ վաղ երիտասարդութենէ սկսեալ մեր ընկերային ապրումներու առանցքը կը կազմէ, քանի քանի կորուստներ ապրեցաւ անցնող տասնամեակներու ընթացքին։ Օննիկ Սույոլճուն այդ տխուր շարքի մեկնակէտն է։ Հազիւ 22 տարեկան էր երբ անկումի մը հետեւանքով մահացաւ։ Պենոնի մահով ոչ միայն մենք, այլ իր հիմնած «Մառալ» պարախումբը փուլ եկաւ կարծես։ Պիլեքճի եւ Չիլկունեան, մին արկածով, միւսը հիւանդութեան պատճառաւ երկու Միհրանները, Պէթին, Խոսրովը եւ մանաւանդ Սիլվան իրենց երթով կարծես մասամբ ալ խաւարեցին մեր կեանքի լոյսը։ Նոյնիսկ որդեկորոյս եղանք երբ Լիկեան կորսնցուց իր երկուորեակներէն Պարոյրը։
Պարտինք յիշել մի այլ իրողութիւն։ Անցնող տասնամեակներու ընթացքին մեզմէ շատեր ծնողազուրկ դարձանք, որբացանք կամ այլ հաշուով աշխարհ փոխելու ճամբուն վրայ քայլ մը առաջ անցանք։ Բազում ընտանիքներու մէջ ալ չկան աւելի տարեցներ եւ կարծես հերթը կը մօտենայ մեզ։
Իսկ որքա՜ն թանկագին են մեր նախորդներուն թողած յիշատակները։ Անոնք ամբողջովին բաժնած էին մեր ընկերական ապրումներու բազմատեսակ ոգեւորութիւնները։ Իւրաքանչիւրը բերած էր իր ներդրումը մեր բազմաբնոյթ գործունէութիւններուն։
«Ամէն մահ վաղաժամ է» ըսած էր թուրք բանաստեղծը։ Ուրեմն մենք ալ կրնանք հաշտուիլ վաղաժամերու շարքին մասնակցելու խորհուրդին հետ։ Անշուշտ սա չի նշանակեր շտապել։
Ո՜չ քանի որ դեռ կը կոտտայ վաղաժամերու կսկիծը մեր հոգիներուն մէջ։ Հայաստանի պետական Հ1 հեռուստակայանը կը ծանուցէ ռազմադաշտին յայտնաբերուած դիակները, նշելով անուններու կողքին ծննդեան տարեթիւը 2000, 2001, 2002...։
Վերադառնանք կեանքին, քանի բազում գործեր կը սպասեն մեզ։ Ուրեմն բարի աշխատանք ձեր բոլորին, եւ յատկապէս Պարոն Ռոպէրին։
pakrates@yahoo.com