ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Տարի մը եւս սնամէջ խոստումներով

14տարի­ներ ան­ցած են Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թե­նէն այս կողմ եւ մենք 13-րդ ան­գամ կը յի­շատա­կենք Հրան­դը իր ին­կած կէ­տին վրայ, «Ակօս»ի խմբագ­րա­տան մուտքին։ Ինչպէս նա­խորդ տա­րինե­րուն, այս տա­րի ալ Հրան­դին ձօ­նուած թե­րեւս բազ­մա­հարիւր յօ­դուած­նե­րու մէջ ամե­նաշատ ար­ձա­գան­գի ար­ժա­նացան յատ­կա­պէս եր­կուքը, որոնք ար­տա­սանո­ւած էին մին «Ակօս»ի մուտքին Ռա­քէլ Տին­քի կող­մէ եւ միւսն ալ նման յի­շատակ­ման աւան­դութիւն դար­ձած պատշգամ­բի ելոյթնե­րու ձե­ւաչա­փով Պա­շաք Տե­միր­թա­շի կող­մէ։

Ռա­քէլ Տինք ակ­նարկե­լով շա­րու­նա­կուող դա­տավա­րու­թեան կը շեշ­տէր պե­տական մտքի դե­րակա­տարու­թիւնը այս ոճի­րին մէջ։ «Հրան­դը ֆե­թուլլա­հական­նե­րը սպան­նե­ցին ըսե­լը կը նշա­նակէ ըսել թէ ես չը­րի ձեռքս ըրաւ։ Նոյնպէս ոճի­րը Էր­կե­նեքոն կազ­մա­կեր­պութիւ­նը ըրաւ ըսելն ալ նոյն իմաս­տը ու­նի, ես չը­րի ոտքս ըրաւ»։ Սու­տով ար­դա­րանա­լը ան­կա­րելի է։ Հե­տեւա­բար իր նշած օրի­նակ­նե­րը եզ­րա­կաց­նե­լով աս­պա­րէզ կը կար­դար Ռա­քէլ Տինք։ «Ձեռ­քով, ոտ­քով հոն էիր։ Ու­րա­նալու ոչ մէկ ձեւ կայ։ Եկար կա­տարե­ցին չար արարքդ եւ վերջ։ Պե­տու­թիւն մը, որ ոճ­րա­գործ չըլ­լա­լը փաս­տե­լու հա­մար կը փոր­ձէ փաս­տել թէ յի­մար մըն է»։

«Սու­գը չէ աւար­տած, քա­նի որ մեր զո­հը տա­կաւին կը պառ­կի մայ­թին վրայ»։ Այսպէս կ՚ըսէր պա­շաք Տե­միր­թաշ հաս­տա­տելով այն կամ­քը, ըստ որու այս ոճի­րի հա­շուին հա­մար պի­տի շա­րու­նա­կէր պա­հան­ջա­տէր մնալ խա­ւարի բո­լոր գոր­ծիչնե­րու հան­դէպ, մին­չեւ որ երկրէ ներս կա­յանար բո­լորի խիղ­ճե­րը գո­հաց­նող ար­դա­րու­թիւնը։

Ըստ երե­ւոյ­թի տա­կաւին շատ հե­ռու ենք նման ար­դա­րու­թեան մը հաս­նե­լու հա­ւանա­կանու­թե­նէ։ Վեր­ջա­պէս Ռա­քէլ Տին­քի եւ Պա­շաք Տե­միր­թա­շի ելոյթնե­րը ընդվզում կը պատ­ճա­ռէին ազ­գայնա­կան շրջա­նակ­նե­րու մօտ։ Անոնց հա­մար դժո­ւար մար­սե­լի է պե­տու­թեան վե­րագ­րո­ւած ոճիրաոր­ծի մե­ղադ­րանքը, նաեւ յի­մար կո­չելու անար­գանքը։ Սա­կայն այդ եր­կուքն ալ իրենց կար­գին իրա­ւացի կը դառ­նա­յին նախ ձգձգո­ւող դա­տական հա­մակար­գի շնոր­հիւ եւ ապա մին­չեւ օրս շա­րու­նա­կուող եւ բռնու­թե­նէ յոյս ակնկա­լող քա­ղաքա­կանու­թեան հե­տեւան­քով։ Յի­շատակ­ման հետ հա­մարեա նոյն օրե­րուն քա­ղաքա­կան գոր­ծիչներ ծե­ծի կ՚են­թարկո­ւէին իրենց տնե­րու դրան առ­ջեւ պար­զա­պէս քա­ղաքա­կան բնոյ­թով կա­տարած քննա­դատու­թիւննե­րու իբր պա­տաս­խան։ Երե­ւոյթ մը, որ կ՚ապա­ցու­ցէ թէ իշ­խա­նու­թեան ղե­կը ձեռ­քին մէջ պա­հող­ներ հան­դուրժո­ղու­թիւն պի­տի չու­նե­նան ամե­նամեղմ քննա­դատու­թիւննե­րու հա­մար ան­գամ։

Այս պայ­մաննե­րու մէջ է, որ նա­խագահ Էր­տո­ղան դէ­պի Արեւմտեան կողմն աշ­խարհի կը յայ­տա­րարէ թէ Թուրքիոյ ապա­գայի տես­լա­կանը կա­պուած է Արեւմտեան Աշ­խարհի հետ։ Առանց իւ­րացնե­լու Արեւմտեան բար­քե­րը ինչպէ՞ս կա­րելի է մաս կազ­մել Արեւմտեան Աշ­խարհի երբ հոն տի­րողը խօս­քի եւ մտքի ազա­տու­թիւնն է, այլ ոչ թէ ընդդի­մադիր մտքե­րը ճնշե­լու հա­մար կա­տարո­ւած վայ­րա­գու­թիւննե­րը։

Այդ խաբ­կանքը կ՚ար­դա­րանայ Արեւ­մուտքի յա­տուկ եր­կե­րեսու­թեամբ։ Էր­տո­ղան շատ լաւ հասկցած է եւրոպա­ցի քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու կա­շառ­քի ու­նա­կու­թիւնը։ Նոյ­նիսկ կա­րելի է ըսել թէ այս մա­սին պէտք եղած փոր­ձա­ռու­թիւնը ձեռք բե­րած է իր դաշ­նա­կից եղ­բօր Իլ­համ Ալիեւի գոր­ծե­լաոճէն։ Ար­դա­րեւ այս նոյն օրե­րուն էր, երբ կը պար­զուէր անոր եւ­րո­պացի քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու բաժ­նած կա­շառ­քը ապա­հովե­լու հա­մար Եւ­րո­խոր­հուրդա­րանէն իր երկրին դէմ որո­շու­մի մը կա­յացու­մը կան­խե­լու։

Ինչպէս երկրի մէջ, հա­մաշ­խարհա­յին գետ­նի վրայ ալ հե­ռու ենք Տին­քի երա­զած քա­ղաքակրթու­թե­նէն, որուն հա­մար մեր յա­ջոր­դող սե­րունդնե­րուն հա­մար ալ ժա­ռան­գած պի­տի մնանք պայ­քար, պայ­քար ու պայ­քար»։

pakrates@yahoo.com