ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Անտեսուած մասնագիտութիւնը՝ բուժքոյր

Վեր­ջերս լսե­­լի դար­­ձաւ Զմիւռնիոյ հի­­ւան­­դա­­­նոց­­նե­­­րէն մէ­­կուն բժշկա­­պետին թե­­րի միտ­­քե­­­րը, երբ ան ար­­ժե­­­համա­­կարգ կը բե­­րէր բու­­ժաշխա­­տող­­նե­­­րու մի­­ջեւ։ Բժշկա­­պետը բժիշկնե­­րուն ուղղեալ դի­­տողու­­թեան մէջ ակ­­նարկե­­լով կարգ մը թե­­րու­­թիւննե­­րու «Դուք բուժքոյ­­րե­­­րու հրա­­մանա­­տարն էք, այլ ոչ ըն­­կերնե­­րը։ Դուք պի­­տի հրա­­մայէք ու անոնք կա­­տարեն» ըսած էր։

Բժշկա­­պետի այս խօս­­քե­­­րը բնա­­կանա­­բար զայ­­րոյթ պատ­­ճա­­­ռեց բուժքոյ­­րե­­­րուն, որունց ընդվզու­­մէն ետք ստի­­պուե­­ցաւ հրա­­ժարիլ իր պաշ­­տօ­­­նէն։ Հրա­­ժարա­­կանի մէջ ան նշեց նաեւ թէ լա­­րուած հո­­գեբա­­նու­­թեան բեր­­մամբ նպա­­տակը գե­­րազան­­ցող խօս­­քեր ըսած է, որուն հա­­մար նե­­րողու­­թիւն կը խնդրէ բո­­լոր բուժքոյրնե­­րէ։

Նիւ­­թը իր ծա­­գու­­մով, զար­­գա­­­ցու­­մով եւ հե­­տեւան­­քով հոս կ՚աւար­­տի, որ­­մէ ետք կը սկսին խորհրդա­­ծու­­թիւններ որոշ հաս­­կա­­­ցողու­­թիւննե­­րու շուրջ։

Հա­­ւանա­­բար այս դէպ­­քի հե­­րոսը հան­­դի­­­սացող բժշկա­­պետը միակը չէ որ կ՚ու­­նենսյ նման հա­­մոզում։ Բա­­ցի իր պաշ­­տօ­­­նակից­­նե­­­րէն, ըն­­կե­­­րու­­թեան մէջ ալ կը տի­­րէ նման ան­­գոյ ասի­­ճանա­­կար­­գի մը իւ­­րա­­­ցու­­մը։

Ընդհան­­րա­­­պէս չենք նշմա­­րեր թէ պատ­­մութեան մա­­շած էջե­­րուն մնա­­ցած է «բժիշկ» կո­­չու­­մը ու­­նե­­­ցողին ան­­հա­­­տական ինքնա­­բաւու­­թեան ժա­­մանակ­­նե­­­րը։

Միջ­­նա­­­դարին բժիշ­­կը նախ պի­­տի հաս­­տա­­­տեր ախ­­տա­­­ճանա­­չու­­մը, ապա պի­­տի պատ­­րաստեր դար­­մանման մի­­ջոց­­նե­­­րը, զա­­նազան բոյ­­սե­­­րէ օգ­­տո­­­ւելով պի­­տի պատ­­րաստեր դե­­ղորայ­­քի բաղ­­ադրու­­թիւններ, եւ ապա պի­­տի հսկէր անոնց գոր­­ծադրման։

Ներ­­կայ պայ­­մաննե­­րու մէջ հի­­ւան­­դութեան ախ­­տա­­­ճանա­­չու­­մէն մին­­չեւ կա­­տարեալ բուժման եր­­կա­­­րող այդ շղթա­­յի իւ­­րա­­­քան­­չիւր օղակ կը կա­­րօտի տար­­բեր մաս­­նա­­­գիտու­­թիւննե­­րու։

Առանց կեն­­սա­­­տար­­րա­­­գիտա­­կան քննարկման, շո­­ղան­­կարման գե­­րար­­դիական դրու­­թիւննե­­րէ օգ­­տո­­­ւելու, ի՞նչ ախ­­տա­­­ճանա­­չում։ Բու­­սա­­­կան ո՞ր բա­­ղադ­­րա­­­տոմ­­սը, երբ կը խօ­­սինք եր­­րորդ, նոյ­­նիսկ չոր­­րորդ սե­­րունդի հա­­կապիօթիք­­նե­­­րու մա­­սին։ Եւ դար­­մանման ի՞նչ գոր­­ծընթաց, առանց բուժքոյ­­րի մաս­­նա­­­գիտա­­ցած մի­­ջամ­­տութեան։

Իբ­­րեւ բժշկա­­գիտու­­թեան ու­­րոյն մաս­­նա­­­գիտու­­թիւն, բուժքոյր հաս­­կա­­­ցողութեան ծա­­գու­­մը կը թո­­ւար­­կո­­­ւի ԺԹ դա­­րու կէ­­սերուն, երբ Ղրի­­մեան պա­­տերազ­­մի տա­­րինե­­րուն, Սէ­­լիմիէ զօ­­րանո­­ցի մէջ Ֆլո­­րանս Նայ­­թինկել հիմ­­քը կը դնէր գի­­տական նոր ճիւ­­ղի մը։

Մե­­րօրեայ պայ­­մաննե­­րու մէջ բուժքոյր դառ­­նա­­­լու հա­­մար անհրա­­ժեշտ է բարձրա­­գոյն կրթու­­թիւն, որու ըն­­թացքին կը սեր­­տո­­­ւի նաեւ ծա­­ռայու­­թեան սահ­­մաննե­­րը։ Այդ սահ­­մաննե­­րուն մէջ կայ նաեւ բժիշ­­կի դար­­մանման եղա­­նակի հսկու­­մը, հա­­ւանա­­կան սխա­­լու­­մի մը պա­­հուն պատ­­շաճ կեր­­պով զգու­­շացնե­­լու հրա­­մայա­­կանով։

Այս բո­­լորը իրո­­ղու­­թիւններ են, որոնք դեռ չեն մար­­սո­­­ւած հա­­սարա­­կու­­թեան եւ ոչ միայն հա­­սարա­­կու­­թեան, այլ ըն­­կե­­­րու­­թեան իբ­­րեւ թէ ու­­սեալ խա­­ւերուն մէջ։ Թե­­րեւս ալ այս է պատ­­ճա­­­ռը որ մեր ու­­սուցիչ­­նե­­­րը հա­­մալ­­սա­­­րանի ընտրու­­թեան նիւ­­թով իրենց դի­­մած աշա­­կերտնե­­րուն խոր­­հուրդ չեն տար բուժքոյ­­րի ու­­սումը, որ բաղ­­դատմամբ այլ մաս­­նա­­­գիտու­­թիւննե­­րու, կը խոս­­տա­­­նայ աշ­­խա­­­տանք ապա­­հովե­­լու աւե­­լի լայն առիթ­ներ։

pakrates@yahoo.com