Նախորդ տարիներու յատուկ սովորութիւն էր, Ամանորի սկզնապահը կը դիմաւորէինք աշխերհի քարտէզի վրայ արեւելքի ծայրագոյն կէտերէն սկսելով եւ ժամերու հոլովոյթով մեր ապրած երկիրները հասնող Ամանորը դիմաւորելու պահին։ Յուզումնալից էր այդ սպասումը, երք ցնծութեամբ լոյսերու ճաճանչումով կը դիմաւորուէր Նոր Տարին։ Իսկ այս տարի տիրողը Նոր Տարին դիմաւորելէ աւելի նախորդ տարիէն ձերբազատուելու ուրախութիւնն է։ Ամենուրէք կը լսենք նոյն բարեմաղթանքը աւարտին հասնող նախորդ տարուան համար։ «Երթա՜յ, երթա՜յ ու անգամ մըն ալ թող չի գայ»։ Ինչ միամտութիւն։ Արդէն գիտենք որ պիտի երթայ ու իր չարիքը աւանդած պիտի ըլլայ յաջորդին։ Բայց արդեօք միայն չարի՞քը։ Իւրաքանչիւր տարի չարիքներու հետ միասին բարիքներ ալ կը շնորհէ մեզ, բայց ընկերական կեանքի մէջ, երբ հասարակական հայեացքով կը դիտենք եղելութիւնները չարիքն է որ կը դրոշմուի բոլորիս յիշողութեան մէջ։
2020 տարեթիւը բնորոշողը համավարակը եղաւ, որ շատերուս կեանքին մէջ շատ մեծ աւեր գործեց, կեանքեր պոկեց հարազատներէ եւ այդ տպաւորութիւններով է, որ կ՚աւարտենք ամբողջ տարի մը։ Ո՛չ մէկ յոյս կամ երաշխիք յաջորդ տարուայ աւելի նուազ փորձանքաբեր ըլլալուն համար։ Բայց մեր մեղթանքները պիտի մնան անփոփոխ եւ պիտի ցանկանք անամպ երկիր համայն մարդկութեան եւ ազգիս հայոց համար։
Այս տարի ունինք յաւելեալ բարեմաղթեանք մը կամ խնդրանք մը Երկեային կամքէն, թող մխիթարութիւն շնորհէ որդեկորոյս բոլոր ծնողաց անխտիր։
Շնորտաւոր Ամանոր բոլորին։