Արցախեան պատերազմի պարտութենէն ետք վարչապետ Փաշինեանի դէմ կազմակերպուած բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին յարատեւ եղանակով։ Շաբթու սկիզբին վարչապետ Փաշինեան ծրագրած էր այցելել Սիւնիքի մարզ, սակայն այդ այցելութիւնն ալ չիրականացաւ կազմակերպուած բողոքի ցոյցերու հետեւանքով։ Ընդդիմադիրները կոչ կ՚ընեն համատարած գործադուլի եւ դասադուլի համար։ 22 Դեկտեմբերի ցոյցերու ընթացքին ցուցարարները Արդարադատութեան Նախարարութեան եւ Արտ. Գործ. Նախարարութեան առջեւ դիմադրած են ոստիկաններուն։
Խումբ մը ցուցարարներ փակած են Երեւան-Վանաձոր մայրուղին։ Մինչ այդ Երեւանեան բողոքի ցոյցերու ընթացքին ալ ընդդիմադիրներու վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան ելոյթ ունենալով կոչ ուղղեց բանակին եւ ոստիկանութեան իրենց շարքերուն միանալու համար։
Դաշնակցութեան կուսակցութենէն Իշխան Սաղաթելեան ալ յայտնեց թէ այս ցոյցերու շնորհիւ ամբողջ աշխարհ իմացաւ որ այս պարտութիւնը անընդունելի է հայ ժողովուրդի համար։
Միւս կողմէ վարչապետ Փաշինեան սոցցանցերու միջոցաւ ըրած յայտարարութեան մէջ նշեց որ ընդդիմադիրները ոչ թէ ժողովուրդին, այլ իրենց շահերուն համար կը պայքարին։ Նախքան 2018 երկիրը ղեկավարող ազգային ընտրանին կը փորձէ իր կորսրած շահի աղբիւրներուն վերատիրանալ։
Շաբաթասկիզբին Փաշինեանի Սիւնիքի այցելութիւնն ալ բողոքներու տեղի տուած էր։ Սիւնիքի մէջ կը տիրէ մտահոգութիւններ քանի որ այս շրջանի մէջ եւս կարգ մը գիւղերը Ատրպէյճանի յանձնելու մասին շշուկներ կը տարածուին։ Իշխանութիւնները կը մերժեն այդ ուղղութեամբ կատարուած լրատուութիւնները։