Իսթանպուլի քաքապետութեան շրջանակին մէջ գործող Փոխադրութեան Համակարգման Կեդրոնը Ենի Քաբուի, Ավրասիայի կեդրոնին մէջ գումարեց 2020-ի իր վերջին ժողովը։ Ժողովի ընթացքին քննարկումներ կատարուեցան բենզինի եւ տիզելի գիներու արձանագրած սղաճէն ետք հասարակական փոխադրութիւն կատարող սեփական ինքնաշարժներու, թաքսիներու եւ երթուղայիններու սակերը ճշդելու համար։
Իսթանպուլի քաղաքապետարանի որոշումով %11 սղաճ գործադրուած է թաքսիներու եւ սեփական հաւաքական փոխադրամիջոցներու սակերուն վրայ։ Այսպէսով «տոլմուշ» կոչեալ սեփական հաւաքական երթուղայիններու մէջ ամենակարճ հեռաւորութիւնը պիտի արժէ 2,75 իսկ ամենահեռաւորը 4ԹԼ։ Թաքսիներու մեկնարկումը կը սկսի 5,55 լիրայով եւ իրաքանչիւր քիլոմեթր կ՚արժէ 3,45 ԹԼ։