Մօտ ութը ամիսներ առաջ «Քիւրտ-Գերման Մշակոյթի Ինստուտուտ»ի նախաձեռնութեամբ վերահրատարակուած էր Երեւանի ձայնասփիւռի արխիւ աւելի քան 900 ձայնագրութիւններ։ Քրտական ժողովրդական երաժշտութեան այդ օրինակներէն առանձնացուեց ութը երգեր, որոնք «Տիսա» (Կրկին) խորագիրով ծրագրի մը վերածուելով մշակուեցան արդի դասական երաժշտութեան ձեւաչափով ու տեղադրուեցան ինստուտուտի «Եութուպ»ի կայանին։ Այդ ութնի մէջ տեղ կը գտեն հայ երաժշտութեան մեծանուն երգիչ Յովհաննէս Պատալեանի կատարումով չորս երգեր։ «Հոյ Նարէ», «Լէյլօ Խանէ», «Քելեշօ» եւ «Ռոմանի»։ Պեմալէ Քեքօ՝ «Նավէ Լենին», Տաւիթէ Խիլօ՝ «Լէպ Ճանէ», Ասլիքա Քատիր՝ «Քեւեն Կէօզել» եւ Սուսիքա Սիմօ «Լենին Ռեպու Էն Ռիզկար Պուն» երգերը։ Էօզքան Էօզթաշի նախաձեռնութեան երաժշտական ղեկավարն է ջութակահար Եուսուֆ Եալչըն։ Կատարումները վստահուած են «Նազըմ Անսամպլ»ին։
Այս մասին Էօզքան Էօզթաշ «Պիյանեթ»ին կը ներկայացնէ հետեւեալ բացատրութիւնները։ «Երգերը ընտրելու պահուն ունեցանք երեք չափանիշ։ Առաջինը քրտական մշակոյթի եւ պատմութեան առումով կարեւորութիւն ունեցողներ։ Երկրորդը քաղաքական տարրեր պարունակողները։ Օրինակի համար՝ կարգ մը երգերուն մէջ կը յիշուի Լենինի անունը։ Այս ալ Երեւանի ռատիոյն իրայատկութիւններէն է։ Ընտրութեան երրորդ չափանիշը ձայնագրութիւնը դասական արաժշտութեան յարմարացնելու դրութիւնն էր։ Այս երեք չափանիշներու հիման վրայ նախ զարտեցինք 40 գործեր եւ ապա զատեցինք ութը օրինակները»։
«Տիսա» ծրագիրը անցեալի վերակենդանացման առումով խիստ ուշագրաւ աշխատութիւն մըն է, որ առիթ կու տայ ռատիոյի արխիւներուն մէջ մոռացութեան մատնուած այդ գոհարներու վերայայտնութեան։ Ծնունդով ուրմիացի Յովհաննէս Պատալեանի քրտերէն կատարումներն ալ յայտնութիւն մը ըլլալ կը թուի հայ երգի սիրահարներուն համար։