ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ
Կեանքի մէջ իւրաքանչիւր երեւոյթ ունի նաեւ իր հակասական դրսեւորումը։ Յաղթանակը միշտ չէ որ բարիք կը պարգեւէ։ Ընդ հակառակը կան չարիքներ, որոնք նոյնինքն յաղթանակի հետեւանքներն են։ Հայերս յաղթեցինք Արցախեան առաջին պատերազմին։ Այդ յաղթանակը մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուց ամբողջ ժողովուրդի մօտ։ Չէ որ պատմութեան երկար ժամանակէ ետք առաջին անգամ պարտութեան մատնած էինք թշնամին, աւելին նոր տարածքներ ձեռքբերած։ Այդ ոգեւորութեամբ տարուած, սկսած էինք փառաբանել ռազմը եւ բռնի ուժը։ Նորանկախ պետութիւնը սթափելով նախկին Խորհրդային տարիներու քաղաքականութենէն իսկոյն համակերպած էր նոր ժամանակներու թելադրանքին։ Մշակութեային, գեղարուեստական, գրականութեան ոլորտներու մէջ սկսած էր ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ միատեղ կեցութեան մարդկային ըմբռնումի մերժումը։
Հայաստան այդ օրերուն կորսնցուց իր երկրի մեծագոյն փոքրամասնութիւնը։ Հայաստանաբնակ աւելի քան 200 հազար Ատրպէյճանցիներ հարկադրաբար լքեցին իրենց հայրենի օճախը եւ ապաստանեցան հարեւան երկիր։ Նոյնը պատահեցաւ ատրպէյճանաբնակ հայերու հաշւոյն։ Յատկապէս Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերուն հետեւանքով ատրպէյճանաբնակ բազմաթիւ հայեր եւս հարկադրուեցան լքել իրենց պապենական տները եւ ապաստանիլ Հայաստան։ Այդ երեւոյթը «Գլխաւոր Ոզնի» կոչումով ծանօթ Արամայիս Սահակեան կը բնութագրէր «Մասիս քաղաքը մաքրուեցաւ» ըսելով։ Մեծ երգիծաբանը այդ պահուն չէր անդրադառնար թէ նման մաքրագործութեան հետեւանքով ինչ կեղտոտ ու կեղծ հերոսներ փորձանք կը դառնային Հայաստան երկրի ու հայ ժողովուրդի գլխուն։ Յաղթանակի հարբածութեան պայմաններուն գոյացած էին իբրեւ թէ (ազատամարտիկները) հրոսախումբեր, որոնք ինքնացիք հրացանները ուսերնուն, անիշխանութեան հասարակ ու սովորական պատկեր մը կը պարզէին քաղաքին մէջ։ Տնտեսական ճգնաժամի այդ տարիներուն տուեալ հրոսախումբերը 5-6 ինքնաշարժներու շարասիւնով կը շրջէին քաղաքին մէջ, կը մտնէին ցանկացած խանութ, կը վերցնէին այն ինչ որ կ՚ուզեն եւ առանց փողը վճարելու դուրս կ՚ելլէին։
Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան առաջին տարիներն էր, երբ տակաւին չէր կառուցուած երկրի օրինական բանակը։ Հետեւաբար կառավարութեան առջեւ ցցուած կարեւորագոյն մարտահրաւէրն էր այդ հրոսախումբերը կազմալուծել եւ զէնքը վար դնել չուզողները հրաւիրել նորակազմ բանակի շարքերուն մասնակցելու։
Այդ ուղղութեամբ մեծ ծառայութիւն ունեցաւ աւելի ետք ինքն ալ վիճայարոյց յիշատակ մը թողած Վանօ Սիրադեղեանը։ Կարելի է ըսել թէ շուրջ երեսուն տարիներ հայ ժողովուրդի արիւնը ծծող օլիկարխներու համակարգը հետեւանքն էր յաղթանակին։ Այդ հրոսախումբերու վառ օրինակներէն մէկը կարելի է համարել «Էջմիածնի Մանվէլ»ը։ Ան փոխանակ զէնքը վար դնելու յաջողեցաւ իր յանցագործ իշխանութիւնը շարունակել մինչեւ Թաւշեայ յեղափոխութիւն։ Յեղափոխութենէ ետք հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը նողկանքով վերահասու եղան անոր կատարած չարիքներուն, մարդասպանութիւններուն եւ կողոպուտին։ Այս իրողութիւնով հանդերձ Էջմիածնի մէջ երբեք քիչ չէին իր օգնութիւնները վայելած մարդիկ, որոնք բոլոր հրապարակումներով հանդերձ կը շարունակէին հաւատարմօրէն պաշտպանել իրենց Կեներալ Մանվէլը։ «Այս փողոցները լրիւ ցեխապատ էին եւ Կեներալն է որ ասֆալթապատեց քաղաքը» կ՚ըսէր էջմիածնեցի միամիտ մը։ Այս ալ հասկնալի էր։ Պետականութեան գաղափարը իւրացնելէ զուրկ անհատը, երբ տարուած էր իրեն մատուցուած պնակը լզելու, այդ պահուն պիտի չանդրադառնար թէ նոյն Մանվէլի ձեռքը մտած է իր գրպանին եւ կը դատարկեցնէ։ Այս ալ լոկ մեզի յատուկ երեւոյթ մը չէ։ Հառաւային Ամերիկայի մէջ նարքօպարոնները այդ ճամբով է, որ ապահոված են հասարակութեան համակրանքը եւ ունին իրենց համար պայքարելու կազմ ու պատրաստ բիւրաւոր ժողովուրդ։
Վերադառնալով յաղթանակի չար հետեւանքներուն, երբ մեր ամբողջ մտաւորականութիւնը եւ քաղաքագէտները ճարահատութեամբ կը դիտէին երկրի բնակչութեան արտագաղթը, դոյզն իսկ չէին խորհեր Շուշիէն վտարուած Ատրպէյճացիներու տառապանքին մասին։ Այսօր տեսնելով Քարվաճարէն վտարուած հայերու վիշտը, կարելի էր պատկերացնել երեսուն տարի առաջ ուրիշներու կրած կսկիծը։
Յաղթանակը իր հետ բերած էր չարիքներ։ Հապա ի՞նչ ըսենք որ, պարտութիւնը եւս կը ծնի չարիք եւ անցեալի ապազգային իշխանութիւններու մնացորդացը այսօր կ՚ուզեն ուտել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Սա պահուն ծագած է վրէժի յոյսը, թէ օլիկարխական համակարգի ներկայացուցիչներուն, թէ Թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն հալածանքի մատնուած Կաթողիկոսին եւ թէ ժողովուրդին խոստանալիք ոչինչ ունեցող անցեալի իշխանութիւններուն համար։ Ըստ երեւոյթի հայ ժողովուրդի առջեւ դրուած այժմու մեծագոյն մարտահրաւէրը գոյացած այդ չարիքը վերացնելն է։ Հազիւ այդպէս պիտի յաջողինք Հայաստանի լուսաւոր ապագան կառուցելու։