Հրանդ Տինք Հիմնարկի նախաձեռնութեամբ, Ֆրետերիխ Նուման Հիմնարկի եւ Շուէտի Արտ. Գործ Նախարարութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած «Ատելութեան եւ Խտրականութեան Միջազգային Բանախօսութիւ»ը կը կայանայ 11-12 Դեկտեմբեր 2020 թուականին առցանց դրութեամբ։ Հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, ակադեմականներուն, իրաւագէտներուն՞ արհմիութիւններուն եւ լրագրողներուն մէկտեղումով կայացող երկօրեայ բանախօսութեան ընթացքին կը քննարկուի թէ ակադեմական աշխատանքները եւ թէ պայքարի գործնական եղանակները։
Ամբողջ աշխարհի տարածքին բեւեռացումի եւ ատելութեան պատգամներու աճած մէկ շրջանին կայացող բանախօսութեան Թուրքիայէն եւ արտերկրէն խտարականութեան, ցեղապաշտութեան՞ գաղթականութեան, փոքրամասնութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու ոլորտներու մէջ աշխատութիւններ տանող մասնագէտներ եւ ակադեմականներ պիտի մասնակցին։
Հրանդ Տինք Հիմնարկը այս մասին յայտարարութիւն մը ընելով կը նշէ թէ երկօրեայ նիստերու ընթացքին ակադեմականներու եւ մասնագէտներու հետ զրուցելու, միասնաբար խորհրդակցելու, հարցումներ ուղղելու համար անհրաժեշտ է նախապէս գրանցումը։
Բանախօսութեան մասնակցիլ ցանկացողները կրնան իրենց արձանագրութիւնները կատարել https://hrantdink.org/tr/asulis/faaliyetler/konferans կայքէջի միջոցաւ։
Բանախօսութեան գիտական խորհուրդին մաս կը կազմեն Մութլու Պինարք, Այտէն Ուայթ, Քենան Չայըր, Քենըթ Շթէյռն, Ռութ Ուոտակ, Մելեք Կէօրէկենլի եւ Այշէ Քատըօղլու։