ՆԱԶԼԸ ԴԵՄԻՐ ՊԷՅԼԵՐԵԱՆ
«Դժոխքի ամենաեռուն տեղը վերապահուած է ճգնաժամերու պահուն չէզոքութիւն պահողներու համար»։ Տանթէ Ալիկէիրիի նշանաւոր «Արքայութիւն» գործը կրկին անգամ կ՚ընթերցեմ եւ միտքս կը խուժեն Արցախեան պատերազմի մասին խորհուրդներ։
Առաջին անգամ հայոց գրականութեան դասապահուն օրիորդ Արմինէէն լսած էի Տանթէի անունը։ Բայց ան կը խօսէր մեր Տանթէի մասին։ Արեւմտահայ գրականութեան կարեւորագոյն բանաստեղծը կը համարուի Պետրոս Դուրեան։ Կը վերլուծէինք անոր «Տրտունջք» բանաստեղծութիւնը։ «Մեր Տանթէն Դուրեանն է» ըսած էր գրականութեան ուսուցչուհին։ Յիշողութեանս մէջ դրոշմուած է անոր ըմբոստ բանաստեղծութիւնը։
Այս օրերուն մեր մատնուած փորձութիւններու լոյսին տակ կրկին ու կրկին կ՚ընթերցեմ Դուրեանի բանաստեղծութիւնը։ Կարծես այս անգամ աւելի հասուն եւ աւելի ըմբոստ հոգեվիճակով։ Կը խորհիմ մեր գոյութեան պատճառներուն, միւսի եւ Աստուծոյ մասին։ Պատասխանատուութեան եւ ներելու մասին։
Յետոյ կ՚անդրադառնամ, որ մատնուած եմ անհանդուրժողականութեան։ Կը քննադատեմ ինքզինքս, պատասխանատուութիւնը ուրիշի բեռցնելով։ Կը սկսիմ իմ պատասխանատուութեան կամ իմ մեղքերու հետ հաշուեյարդար տեսնելու։
Դուրեանի «Տրտունջք»ը
Վաղ երիտասարդութեան թոքախտով վարակուած ու մահացած Պետրոս Դուրեանի բանաստեղծութիւնները մեծ հասունութեան մը արտայայտութիւնն են։ Յատկապէս «Տրտունջք»ը Արարիչի դէմ ըմբոստում մըն է։ Ան իր 21 տարուայ կեանքին մէջ առաջին անգամ է, որ կը յանդգնի Աստուծոյ բողոքելու։ Դժբախտ Դուրեանն ալ այս կարճ կեանքի տեւողութեան Տանթէի նման արդարութեան պայքարի մը մատնուած է իր բանաստեղծութիւններով ու գրութիւններով։ Թէ Տանթէ եւ թէ Դուրեան շատ տարբեր դրդումներով ալ ըլլան Աստուծոյ դէմ ըմբոստանալու արիութիւն ցուցաբերած երկու կարեւոր բանաստեղծներ են։ Դուրեան անարդար կը գտնէ իրեն վիճակած հիւանդութիւնը։ Իսկ Տանթէ իրողութեան որոնումի մէջ է եւ յետ մահու կեանքի մէջ արդարութեան համար բանավէճի կը մտնէ Աստուծոյ հետ։
Տրտունջքի առաջին տողերը կը սկսին «Է՜հ մնաք բարով Աստուած եւ արեւ, որ կը պըլպըլաք իմ հոգւոյս վերեւ… »։ Դուրեան երիտսարդ էր, թոքախտաւոր եւ գիտէր թէ շուտով պիտի մահանայ։ Այդ պատճառաւ ալ երկար «Տրտունջք» մը հիւսեց իր ճակատագրին ու Արարիչին։ 150 տարուայ առաջուայ պայմաններով մեծ համարձակութիւն։ Ո՞վ կրնար քննադատել արարիչը։ Անմիջապէս յաջորդ օր գրեց։ «Զղջում (օր մը վերջ)» անուն կարճ բանաստեղծութիւնը։ Այս անգամ զղջում կը յայտնէր, ներողութիւն կը խնդրէր ուր կը փորձէր բացատրել թէ ինչո՞ւ գրած է այդ տողերը։ Հետեւեալն էին անոնք.
«Երեկ երբ պաղ քրտանց մէջ
Սեւ մրափ մը կ՚առնէի,
Եւ թօշնած զոյգ մը վարդեր
Այտերուս վրայ կ՚այրէին,
Անշուշտ ճակտիս վրայ մահու
Դալկութիւն մը կը պըլպըլար,
Եւ մահու թռիչ մ՚ունէի,
Լսեցի մօրս հեծեծում…
Բացի աչերս խոնջած
Մօրս արտօսն տեսի՛…
Ո՜հ ճշմարիտ գորովի
Մարգարիտներ սուտ ու կեղծ…։
Մայրս անհուն ցաւ մ՚ունէր։
Այն սեւ ցաւը ե՛ւ էի…։
Ա՜հ գլուխս փոթորկեց…
Այս սեւ հեղեղն տուի դուրս…
Ո՜հ ներէ ինձ Աստուած իմ,
Մօրս արտօսրը տեսի…»։
Դուրեան գիտէր թէ շուտով պիտի մահանայ, բայց անոր սիրտը ճզմողը Աստուծոյ դէմ ըմբոստութեան տանողը մօրը ճարահատութիւնն էր, անոր արցունքները։ Աստուած ոչ Դուրեանը տեսած էր եւ ոչ ալ մօրը արտասուգը։ Մոռցած էր զանոնք…։ Այս քերթուածը կրկին ու կրկին կը կարդամ ու մայրերը կը խորհիմ։ Աչքերնին արցունքոտ մայրերը։ Ճնշումներուն հնազանդումը մերժելով ճակատագրին զոհը դարձած երիտասարդները ու նորահաս տղաքը եւ անոնց մայրերը կը խուժեն մտքիս։ Արցախի պատերազմին մահացողներու սգաւոր մայրերը։ Ամբողջ աշխարհ անտեսեց մայրերու արցունքները։ Առանձին ու անճար մնացին այս ճնշումներու աշխարհին վրայ։ Չլսուեցաւ անոնց տրտունջքը։ Կրկին անգամ իրենց ծնած երկրին հատուցումը կատարեցին։ Այսօր այլեւս անիմաստ է հայերը առանձնութեան մատնողներու պատասխանատուութեան մասին խօսիլ։ Ամէն 24 Ապրիլին քաղաքական ձեւակերպութիւններով արտասանուած ճառերը հարիւր տարի առաջուան նման զուրկ են մտերմութենէ։ Ինչի՞ համար էր այդքան երիտասարդի մահը։ Իսկ մայրերու արտասուքի պատասխանատուները լոկ անո՞նք էին։
Թէ Տանթէ, թէ Դուրեան յաջորդաբար պատասխանատուութիւնները կը յիշեցնեն մեզի։ Անոնց միջոցաւ կ՚ըմբոտանանք այս լռութեան, աշխարհի անտեսումին…։ Սակայն գրականութիւնը բացի միւսի դէմ ըմբոստանալէ մեր սեփական եսն ալ կը դնէ հայելիի դիմաց։ Ուղղակի դժոխքն ենք որ փորձած ենք ու հիմա պահն է դժոխք տանող ճանապարհի վրայ մեր մեղքերու հետ առերեսուելու։
Երեք վայր, երեք պոռթկում
Լռութիւնը թէեւ ապստամբութիւն է, բայց միաժամանակ համակերպում, նոյնիսկ ուրացում։ Այս է Թուրքիաբնակ հայերու մատնուած անխօսութեան երեւոյթը։ Միւս կողմէ խօսքի ազատութեան պայմաններուն մէջ աղաղակելով, պոռալով, յիշելով գոյութիւնը պահել ջանացող սփիւռքը։ Անշուշտ այս ալ ապստամբութեան երեւոյթ մըն է, բռնութեան դիմադրութիւն մը եւ ներկայութիւնը փաստելու փորձ մը։ Անոնց կողքին կայ նաեւ առնուազն երեսուն տարի է փոխանակ երկիր կառավարելու ինք ալ բռնութիւն մը գոյացուցած իշխանութիւններով եւ ի վերջոյ այդ բռնութեան դէմ ընդվզող ժողովուրդով Հայաստանը։ Աշխարհագրական երեք տարբեր հատուածներ, երեք տարբեր բայց իրականութեան մէջ մէկ ժողովուրդ եւ երեք ապստամբութեան եղանակներ։ Այդ երեքին դէմ մէկ պատասխանատու «միւսը» կամ «մոռացած Աստուածը»։
Արդեօք միակ պատասխանատուն միամիտօրէն իր վրայ յոյսը դրուած «միւսն»է։ Պատմութեան ոչ մէկ հատուածին վէրքերուն բալասան եղած «միւսը»։ Դժուար թէ բալասան ըլլայ, քանի որ այս վէրքը իրեն չի պատկանիր։ Սա մեր վէրքն է։ Ուրեմն «միւս»էն ակնկալածը մեր վէրքերը բուժե՞լն է։ Մեր մատնուած վիշտը ուրիշը՞ պիտի վերացնէ։ Նման համոզումը շատերուս համար ընդվզեցուցիչ է։ Կրկին կը յիշեմ Դուրեանի բանաստեղծութեան վերջին երկտեղը «…Ո՜հ ամենքն զիս ծաղրել են… Աստուածոյ ծաղրն է աշխարհն ալ արդէն…»։
Իսկ միթէ պահը չէ եկա՞ծ մեր պատասխանատուութեան մասին խորհելու։ Ինչպէ՞ս յաջողեցանք մեր դժոխքը սեփական ձեռքերով կառուցելու։ Դէպի դժոխք տանող այս ճանապարհին լռելով, մերթ աղաղակելով, ի զուր ապստամբութիւններով կամ բռնութեան համակերպելով, ուրիշին պատասխանատուութիւն բեռցնելով մենք ալ մեղաւորը չեղանք այդ ճանապարհին։ Չենք յագեցած ողբերգներէ, սուգերէ, կորցրածներնուս ետեւէն արտասուելէ։ Եւ Աստուծմէն ողորմութիւն յուսադրելէ, ուրիշը մեղադրելէ, միւսին բարկանալէ։
Բոլոր այս ճիչերը, աղօթքները, լռութիւնը, անկողմնակալութիւնը չի նպաստեցին հայու վրայ ինկած գերեզմանի հողը թօթափելու։ Ընդ հակառակը ուրիշին բեռցուցած պատասխանատուութիւնը նոյն ինքն դժոխք տանող ճամբան հանդիսացաւ։ Մինչդեռ մարդ միւսի միջոցաւ ինքզինք կը բնութագրէ։ Անոր հետ կ՚ապրի սիրոյ ու ատելութեան յարաբերութիւնը։ Ուրիշին նկատմամբ հանդուրժողականութեան, հաւատարմութեան սիրոյ համազօր է մեղադրելը։ Որուն հիմքերը կը հասնին մարդ արարածի գոյութեան փիլիսոփայութեան մէջ։ Բայց այսօր գոյութիւնը պահելու բռնութեան չհանդուրժելու ապագային նայելու եղանակը այս չէ։ Եթէ այսօր տակաւին երիտասարդներ կը զոհուին պատերազմներուն, տակաւին չէ չորցած մայրերու արցունքը, եթէ ժողովուրդներ բարկութիւնով լեցուած են իրենց վիճակած դժոխքի տանջանքին, բայց տակաւին պատասխանատուութիւնը կը բեռցնէ միայն ուրիշին վրայ կամ յոյսեր կ՚ակնկալեն ուրիշէն ուրեմն սխալութիւն մը կայ։
Պարտաւոր ենք հետեւեալ հարցումին պատասխանը գտնելու։ Այսքան տարի ետք բռնութեան դիմադրելու համար մեռնիլ կամ մեռցնել է պէտք, է ոչ աւելի ընդարձակ տեսադաշտով մը մտածել։ Գիտակցիլ թէ խնդիրը մեռնելէ աւելի գոյութիւն ունենալն է։ Լինել թէ չլինելու գաղտնիքը լուծելը։
Այս հարցադրումներու մասին մտածած պահուն կ՚ուզեմ Ուիլեամ Սարոյեանի յոյս ներշնչող «Մարդուս բնազդին բարիութեան» ապաւինիլ։ Այո, ընդմիշտ եւ ընդդէմ ամէն բանի ապաւինիլ բարիութեան, բայց նկատելով, իւրացնելով իրողութիւնը։ Առանց խուսափելու պատասխանատուութիւն ստանձնելէն, արիաբար վառ պահել յոյսը։ Ինչպէս կ՚ըսէ Հրանդ Տինք. «Միշտ հաւատալով, ապրած դժոխքը դրախտի վերածելու ատակ մարդկան գոյութեան»։