«Շաբաթնօրեայ Մայրեր»ու հերթական հաւաքոյթը առաջին անգամ 25 Օգոստոս 2018 թուականին ընդհատուեցաւ ոստիկանութեան բիրտ ու կոպիտ միջամտութեան հետեւանքով։ Իսթանպուլի Մարդու Իրաւունքներու Միութիւնը նախապէս կոչ ուղղած էր հասարակութեան, 700-րդ միջոցառման մասնակցելու համար։ Արդարեւ այդ շաբաթ օր սովորականէն աւելի բազմամարդ էր Կալաթասարայի Հրապարակը։
Եթէ ոստիկանական միջամտութիւնը չըլլաը ընդամէնը կէս ժամ կամ 45 վայրկեան տեւող բողոքի ցոյցը պիտի կայանար ու աւարտէր առանձ խռովութեան։ Փայց Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը նախընտրեց խռովութիւնը եւ ոստիկաններ նախ շրջապատեցին ժողովուրդը ապա փորձեցին բերման ենթարկել ցուցարարները։ Այսպէսով այդ օր բերման ենթարկուեցան 46 անձեր, որոնց մէջ է նաեւ «Ակօս»ի նախկին խմբագրապետ Ռոպէր Քոփթաշ։
Այդ դէպքէն 27 ամիս անց Իսթանպուլի 21-րդ Հիմնական Ատեանի մօտ պատժի պահանջով դահ յարուցուած է բերման ենթարկուողներու դէմ։ Դատական առաջին նիստի թուականը պիտի յայտարարուի յառաջիկայ օրերուն։ Մինչ այչ «Շաբաթնօրեայ Մայրեր»ը յայտարարութիւնով մը բողոքեցին Արդարադատական այս սկանտալային գործողութիւնը։