ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԷՔՃԵԱՆ
Ամէն ոք, իւրաքանչիւր հոգի արժէքաւոր է ու սրբազան։ Կասկած չկայ այս մասին։ Ծնած ամէն երեխայ անաղարտ է ու մաքուր։ Նորածինի ինչպէս չափահաս մը ըլլալու որոշիչը ընտանիքն է, ստացած ուսումը, շրջապատը, պայմանները եւ անոնց համադրութիւնը կազմող հաւատալիքները, խորհուրդներն են։ Անոնք են որ կը ձեւաւորեն ինքնութիւնը։
Այս ազդակները երբեմն ի ծնէ կը մնան անփոփոխ, կը ձեւաւորեն մարդուս հոգին ու նկարագիրը։ Երբեմն ալ մարդը կը գերազանցէ այս բոլորը ու ինք կը կերտէ իր նկարագիրը։ Եթէ այդպէս չըլլար նոյն պայմանները բաժնող մարդոց միջեւ տարբերութիւն չէր ըլլար։
Սեպուհ Սրբազան այս երկրորդ տեսակէն մարդ մը եւ հոգեւորական մըն էր։ Ուղիղ ու անարատ, մտերիմ ու յամառ էր։ Այս յատկութիւնով ան աստուածաբանական գիտելիքով, գիտակցութեամբ ու ընկալումով միացուլուած եկեղեցականէ մը ակնկալուած արժանիքներու մարմնացումն էր։
Պոլսոյ Պատրիարքական աթոռի նախկին պատկարելի դէմքերուն՝ Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի, Շնորհք Արք. Գալուստեանի, նախորդ տարուայ Մարտ ամսուն վախճանած Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի ուղիին հետեւող, բարեխնամ, վճռակամ ու գիտակից աւանդութեան մը ներկայացուցիչն էր։
Զանազան դժուարութիւններով անցնող տեղապահութեան շրջանին կրկին համոզուեցայ թէ մօտ 10 տարի տեւող Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի շրջանէն ետք, հայու համաշխարհային գոյոթեան կարեւոր օրրաններէն Պոլսոյ հայոց Պատրիարքութեան համար լաւագոյն թեկնածուն ինքն է։ Եթէ հայ համայնքի աջակցութեամբ կարենայինք յաղթահարել մեր դիմաց յարուցուած արգելքները, իմ ալ թեկնածու ներկայացուած պատրիարքական ընտրութիւններուն իմ նախընտրութիւնը պիտի ուղուէր Սեպուհ Սրբազանին։ Պետութիւնը եւ համայնքի շրջանակներէն պետութեան խորհուրդներ փոխանցողներ իմ տեղապահութեան արգելք հանդիսանալով նման զարգացումը կանխեցումն։ Կամ ալ Սեպուհ Սրբազանի ընտրութեան արգելք ըլլալու համար իմ տեղապահութիւնը չեղեալ համարեցին։
Բախտը ունեցայ զինք մօտէն ճանչնալու։ Կարիք չեմ զգար իր կենսագրութիւնը պատմելու։ Այդ գիտելիքներուն կարելի է հանդիպիլ մամուլի էջերէն կամ համացանցէն։
Մի քանի նշում բաւարար է տեսնելու համար ոչ միայն մեր եկեղեցւոյ, այլ համայն հայութեան կորուստին մեծութիւնը։ Սեպուհ Սրբազան կրօնքի եւ բարոյագիտութեան մշակոյթը, այսինքն աստուածաբանութիւնը իւրացուցած հոգեւորական մըն էր։ Միաժամանակ կը գիտակցէր աշխարհի դրուածքին, մարդու եւ մարդկութեան վիճակին։ Կը կարեւորէր բոլոր անհատները. Գուգարաց դէմի առաջնորդարանը ինք կառուցեց։ Դէմը իր ջանքերով տիրացաւ աշխատավայրի ու բնակավայրի։
Իր պաշտօնավարած տարածքին մէջ հիմնեց ամառնային մանկական ճամբար մը։ Հոն մինչեւ 14-15 տարեկան մանուկներուն կամ պատանիներուն կը դասաւանդէր մշակոյթի, կրօնքի, բարոյագիտութեան նման գիտելիքներ.։
Պրպտող էր, իմ մի այլ հոգեւոր եղբօր՝ Միքայէլ Աջապահեանի հետ երկու անգամ այցելած էր պատմական Հայաստանի շրջանները, ուսումնասիրած մեր նախնեաց կենցաղը։ Բազմացուցին պատմութեան գիտելիքները, որոնց միջոցաւ իրենք ալ հարստացան։
Մէջբերում մը ընեմ Աջապահեան Սրբազանի մասին. Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի աջ ձեռքը արծաթածակ պահարան կը գտնուի երկու տեղ՝ մէկը Պէյրութ, Անթիլիաս իսկ միւսը Հայաստան՝ Էջմիածին. Ահա Միքայէլ Սրբազանի գերդաստանը այդ սրբազան աւանդի պահապաններն էին, որու բերմամբ ստացան «Աչջապահեան» ազգանունը։
Իսկ ի՞նչ է Գրիգոր Լուսաւորիչի նշանակութիւնը։ Ան կ՚ընդունուի որպէս հայ քրիստոնէութեան եւ Հայաստանեանց եկեղեցւոյ հիմնադիրը։ Աշխարհի չորս ծագերու հայ եկեղեցիներուն, մկրտութեան պահուն օծելի միւռոնի պատրաստուած կաթսայի մէջ միւռոնը Գրիգոր Լուսաւորչի աջով է որ կը խառնուի ու կ՚օրհնուի։ Որպէս մասունք աջ ձեռքի ոսկորները 1441 թուին բերուած են Սիսի կաթողիկոսարան, ապա 1921-ին ալ փոխադրուած են մէկ մասը Անթիլիաս, իսկ մէկ մասն ալ Էջմիածին։
Սեպուհ Չուլճեան Սրբազանի Քովիտ- 19-ի համավարակով մահանալը թէ եկեղեցւոյ եւ թէ հասարակութեան համար մեծ կորուստ է։ Մարդկութիւնը կորսնցուց իրաւ հոգեւորականի մը կերպարը։ Կը մաղթեմ թէ ամէն ոք, յատկապէս եկեղեցականներ սովորեն ու օրինակ առնեն իրմէ։
Աստծոյ կ՚աղօթեմ իր հոգւոյն խաղաղութեան համար։