Անկողմնակալութիւն, չէզոքութիւն կամ ձեռնպահ մնալ։ Այս երեւոյթներուն շատ անգամ կը վերագրուի դրական իմաստ։ Անշուշտ որ մրցումի մը իրաւավարէն պիտի ակնկալուի անկողմնակալութիւն։ Անշուշտ որ ձեռնպահ մնալը երկու բեւեռներու միջեւ երրորդ այլընտրանքի մը նշանակութիւնը ունի։ Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել անիրաւութեան դէմ չէզոքութիւն պահողին։ Եթէ կայ կեղեքող եւ կեղեքուող ի՞նչ կը նշանակէ չեզոքութիւնը։
Ծանօթ իրողուիւն է թէ հւգեւորականաց դասը ձեւականօրէն կը որդեգրէ իբրեւ թէ աշխարհական խնդիրներու միջամուխ չըլլալու սկզբունքը։ Սակայն այստեղ կարեւոր է այդ «իբրեւ թէ» վերապահութիւնը։ Հոգեւորականն ալ կ՚ապրի նոյն ընկերային կեանքի մէջ, կը կարօտի բոլորիս պիտանի ամէն ինչի։ Մանաւանդ երբ գիտենք թէ ինչպիսի ուժ մը կը ներկայացնէ դրամ կոչուած սատանան։ Հոգեւորականը ինքզինք զերծ կը պահէ աշխարհիկ հոգերէ, այսինքն քաղաքականութենէ։ Այս ալ չակերտաւոր հաստատում մըն է, քանի որ քաղաքականութիւն կոչուածը չէ սահմանուած կուսակցութիւններով կամ խորհրդարաններու դահլիճով։ Քաղաքականութիւնը ինքը կեանքն է։ Մարդկային ապրումներու բոլոր նախապատուութիւնները քաղաքական բնոյթ ունին։ Ուրեմն հոգեւորականն ալ իր բռնած դիրքորոշումներով դարձեալ քաղաքական գործիչ է։ Ի վերջոյ խորանին վրայ արտասանուած իւրաքանչիւր քարոզ, նոյնիսկ մեկնած ըլլայ Աստուածաշունչի ցանկացած պատումէ, վերջ ի վերջոյ պիտի բնութագրէր մեր առօրեան։ Քարոզիչը իր պատմական անցեալի առակը պիտի կապէ այսօրուայ խնդիրի մը հետ։ Այսպէսով խրատական մը փոխացած պիտի ըլլայ զինք լսող հաւատացեալներուն։ Ահա այդ ինքնին քաղաքականութիւն է։ Նոյնիսկ պատահած են երեւոյթներ, ուր զանազան դաւանանքներէ հոգեւոր առաջնորդներ լծուին քաղաքական գործիչի կարգավիճակին։ Կրնանք յիշել Մակարիոս Արք. Եպիսկոպոսը Կիպրոսի մէջ, Մարթին Լութեր Քինկը ԱՄՆ կամ Իմամ Հոմէյնին Իրան։ Եթէ Մակարիոս եւ Հոմէյնին ստանձնեցին պետական գործիչի կոչումը, անդին Մարթին Լութէր Քինկը, Մայրապետ Թերեզան կամ Տեսմոնթ Թութու վարդապետը, իբրեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին եղան նաեւ քաղաքական գործիչներ։ Այս ծիրէն ներս նշելու իսկ կարիքը չենք զգայ Հռոմի Պապի առաքելութեան։ Ան որպէս հոգեւորական, թէ պետութեան մը պետն է եւ թէ ամբողջ աշխարհի տարածքին իր յորդորներով ուղղութիւն ներկայացնող կերպար մը։ Պատմութեան ընթացքին հայ առաքելական եկեղեցին ալ ունեցած է քաղաքականութեան մէջ իր դրոշմը դրած հոգեւոր առաջնորդներ, Սկսեալ Ղեւոնդ Երէցէն մինչեւ Խրիմեան Հայրիկ Պատրիարքը կամ Կաթողիկոսը։ Այս բոլորին մէջ մերօրեայ հոգեւորականաց դասէն ներս յատուկ նշանակութիւն ունեցող անուն մը ըլլալով պատմութեան անցաւ Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան։ Անոր առաջնորդած թեմը կը հաշուէր աւելի քան կէս միլիոն բնակչութիւն, որոնց իւրաքանչիւրին հետ շփում ունեցած էր, նոյն ինքն սրբազանը։ Մօտ 500 հազար բնակչութիւն կազմող տարածքաշրջանի մը առաջնորդը որպէս, ան կը շփուէր իր հօտի իւրաքանչիւր անհատին հետ։ Տունազուրկ ընտանիքներուն տուն ապահովելը իր առաջնահերթութիւններէն էին։ Իր շնորհիւ տասնեակներով ընտանիք դուրս եկան անօթեւանի իրավիճակէն։ Իրարու հետ խնդիր ունեցած բազմաթիւ ընտանիքներ հաշտութիւն կնքեցին Սեպուհ Սրբազանի շնորհիւ։ Այդ բոլորին մէջ յատուկ նշանակութիւն ունի «Ծիծեռնակ» ճամբարը, ուր ամէն ամառ բազմաթիւ պատանիներ կ՚օգտուէին այդ երդիկին տակ կազմակերպուած դաստիարակիչ միջոցառումներէ։ Կը ծանօթանային ազգային երգ ու պարին, հայոց մշակոյթի պատմութեան եւ բարոյագիտութեան բազում գիտելիքներուն։ Սրբազանին մեծագոյն ուրախութիւնն էր իր հիւրերը ընդունիլ ճամբարին մէջ։ Ան իր գործունէութեամբ կարող էր ծաղկեցնել նաեւ Պոլսոյ վերջին 10-15 տարիներուն հիւծած, կենսունակութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը կրսնցուցած պոլսահայ համայնքը։ Չար միտքեր զանազան դաւադրական գործողութիւններով արգելք հանդիսացան Սեպուհ Սրբազանին պատրիարքական թեկնածութեան։
Այսօր կրնան կրկնակի ուրախանալ իրենց յաղթանակին համար։ Իսկ մեզ՝ այս պատմական քաղաքի մերօրեայ բնակիչներուս անգամ մը եւս կը վիճակի չէզոքութեան ծանր լուծը տանիլ։