Տիյարպէքիրի Փաստաբաններու Կաճառի նախկին նախագահ Ահմետ Էօզմեն եւ նախորդ վարչութեան բոլոր անդամները դատուեցան իրենց պաշտօնէութեան շրջանին Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օրերուն կատարած յայտարարութիւններուն համար։ Փաստաբանները մերժեցին իրենց ուղղեալ բոլոր մեղադրանքները պնդելով, որ 1915-ին պատահածները ցեղասպանութիւն էր եւ իրենք որդեգրած են եղածը իր անունով կոչելու սկզբունքը։
Կաճառի վարչութեան անդամ փաստաբանները կը մեղադրուին թրքութիւնը նախատելու վերաբերեալ տխրահռչակ 301-րդ յօդուածով։ Այդ յօդուածով դատ յարուցելու համար անհրաժեշտ է արդարադատութեան նախարարին յատուկ թոյլտուութիւնը։
Նախորդ շրջանի նախագահ փաստաբան Ահմետ Էօզմէն լրագրողներուն յայտնեց թէ կատարեալ հակասութիւն մըն է արդարադատութեան նախարարին երկու օր առաջ հրապարակած դատական բարեփոխումներու ծրագիրը եւ այս դատավարութեան արտօնութիւն տալու երեւոյթը։
Ահմետ Էօզմէն նաեւ յիշեցուց, որ այդտեղ դատուողը ոչ թէ անհատաբար իրենք են, այլ իբրեւ հաստատութիւն Տիյարպէքիրի Փաստաբաններու Կաճառը։ Դատավարութիւնը յետաձգուած է 17 Փետրուար 2021 թուականին։