«Օրօրա» մարդասիրական հիմնադրամը որոշած է առկայ ճգնաժամի պայմաններուն մէջ օգնութեան անհրաժեշտ միջոցներ ապահովել յատկապէս տեղահանուած, բնակարան կորսնցուցած արցախցիներուն համար։ Հիմնադրամը հրապարակած է այս մասին իր յայտարարութիւնը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։
«Օրօրա»ն կը սկսի մարդասիրական ծրագրեր իրականացնել՝ ուղղուած Արցախի բնակչութեանը եւ կը սկսի յայտերու ընդունում։
«Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը անյապաղ կը սկսի մարդասիրական ծրագրեր իրականացնել՝ օգնելու արցախեան պատերազմէն տուժած երախաներուն եւ մեծահասակներուն։ Աջակցութեան առաջին ծրագրերը կը յայտարարուին՝ 2020 թ. Նոյեմբերի 18-ին։
Բացի այդ, «Օրօրա»ն պատրաստ է ընդունել նախագծերու յայտեր, որոնք կ՚օգնեն տուժած երախաներուն, տեղահանուած ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն Արցախի եւ Հայաստանի տարածքին։ Սկզբնական փուլին յայտերը կրնաք ուղարկել info@auroraprize.com էլեկտրոնային հասցէին։
Նախագծերու չափանիշները ու մանրամասները կը յստակեցուին, որոնց մասին կը տեղեկացնենք լրացուցիչ գիտելիքներ։