Ատրպէյճանական զինուած ուժերը Հոկտեմբերի 28-ին աւելի քան 15 անգամ հարուածած են Ստեփանակերտ եւ Շուշիի տարբեր հատուածներու ուղղութեամբ։ Սոյն յարձակումներու ընթացքին դիտաւորեալ թիրախաւորուած են Մօր եւ Մանկան Առողջութեան կեդրոնը ու բնակելի շէնքեր։ Շուշիի մէջ արձանագրուած է մէկ քաղաքացիական զոհ եւ երկու վիրաւոր։ Ստեփանակերտ մարդկային կորուստներու մասին ստոյգ տեղեկութիւնները կը բացակային այս պահուն։ Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կ՚արձանագրէ թէ Ատրպէյճանական զինուած ուժերը կը շարունակեն դիտաւորեալ պատերազմական յանցագործութիւնները քաղաքացիական խաղաղ բնակչութեան դէմ։ «Այս նոր յանցագործութիւնները հետեւանքն են նախորդ յանցագործութիւններու հանդէպ Միջազգային հանրութեան թողտուութեան։ Հետեւաբար այս յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութիւն կը կռէ ինչպէս Ատրպէյճանկ, այնպէս ալ միջազգային հանրութիւնը» ըսուած է օմպուսմանի գրասենեակի հաղորդման մէջ։