Յատկապէս Միջին Արեւելքի անցուդարձներով մասնագիտացած լրագրող Ֆեհիմ Թաշթեքին «Կազեթէ Տուվար»ի մէջ հրատարակած 19 Հոկտեմբեր թուակիր յօդուածով կը ներկայացնէր ռուսական «Քոմմերսանդ» թերթի լրատուութիւնը։ «Քոմմերսանդ» կը գրէր թէ Թուրք-Ատրպէյճանական համատեղ ռազմավարժութիւններէ ետք Թուրքիա տեղւոյն վրայ թողած էր շուրջ 600 զինուոր 6 ինքնաթիռ 8 ուղղաթիռ, 20 ԱԹՍ, 28 ցամաքային ռազմամեքենայ եւ 1 ալ հրթիռային սարք։ Թերթը մանրամասնօրէն կ՚ընդգծէր 4, 18, 25, 30 Սեպտեմբեր, 1 եւ 3 Հոկտեմբեր թուականներուն դէպի Ատրպէյճան փոխադրուած զէնքերու, դեղորայքի եւ անձնակազմի մասին մանրամասնութիւններ։ Այս մասին «Ակօս»ի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեան հարցազրոյց մը ունեցաւ Ֆեհիմ Թաշթեքինի հետ, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
«Կազեթէ Տուվարի» ձեր գրութեան մէջ մանրամասնօրէն փոխանցած էիք «Քոմմերսանդ» թերթի հրապարակած տուեալները։ Ինչպէ՞ս կարելի է մեկնաբանել ռուսական մամուլի այս հրապարակումը։
«Ըրածներէդ տեղեակ եմ» ըսել կ՚ուզէ։ Հարաւային Կովկասը 1810-էն այս կողմ Ռուսաստանի հսկողութեան եւ ազդեցութեան տակ կը գտնուի։ Յատկապէս Վրաստան եւ Ատրպէյճան վերջին 30 տարիներու ընթացքին որքան ալ հեռանալ ձգտին Ռուսաստանի ստուերէն, ան այս տարածքը կը դիտէ իբրեւ իր անվտանգութեան գօտին։
Միւս կողմէ Թուրքիա իտտիհատական նկրտումներով 1918-ին «Կովկասեան Իսլամ Բանակ»ի վերակազմութեան նման արկածախնդրութիւններու որ դիմէ անշուշտ որ Ռուսաստան ուշադրութեամբ պիտի հետեւէր այդ զարգացումներուն։ Մանաւանդ Սուրիայէն փոխադրուած ճիհատականներուն տարածքաշրջան տեղադրումը լուրջ սադրանք մըն է Ռուսիոյ հաշւոյն։ Ռուսիոյ 2015-ի Սուրիոյ դէպքերուն միջամուխ ըլլալու մղող կարեւոր գործօններէն մէկն ալ Կովկասնեան երկիրներէն եկած ահաբեկիչներուն դէպի Սուրիա հոսքը եւ անոնց ալաւելի մարզուած կերպով վերադառնալու վտանգն էր։ Անշուշտ որ կար ուրիշ գործօններ եւս։ Սուրիա դաշնակից երկիր էր Խորհրդային տարիներէն ի վեր։ Էրտողանի այս քայլերը քաջութենէ աւելի մեծ նշանակութիւն ունի։ Ռուսաստան Իսլամ Պետութեան քարիւղի վաճառքը եւ ԻՊ- Թուրքիա յարաբերութիւնները հրապարակելով Թուրքիան պարտադրած էր իր հետ համագործակցելու։ Այժմ ալ կը փորձէ Արցախեան պատերազմը ծրագրող եւ քրքրող դերակատար մը ըլլալով Անգարայի պատասխանատուութիւնը շեշտել։ Այս հրատարակութիւնները իր մէջ կը պարունակէ նաեւ «Եթէ ընթացքը այսպէս շարունակուի աւելի սուր միջոցներու կրնամ դիմել» սպառնական պատգամը։ Սա թէ ազգային եւ թէ համաշխարհային հասարակութիւնը իրազեկ դարձնելու աշխատութիւն մըն է։
-Երբ խնդիրը կը վերաբերի Հայաստան-Ատրպէյճան բախումներու Ռուսաստան միշտ ունի իր ծանրակշիռ դերը։ Այժմ արդեօք այդ համայնապատկերի վրայ փոփոխութիւն մը կա՞յ։ Արդեօք Թուրքիա Կովկասներու մէջ տարածքային նոր ուժ մը ըլլալով յայտնուի՞լ կը ծրագրէ։ Եթէ այդ է ծրագիրը ո՞ր աստիճան կրնայ հակադրուիլ Ռուսաստանին։
Ռուսաստանի իրաւարարի դերը անշուշտ իր ազդեցութիւնը կորսունցուցած է բաղդատմամբ 1990-ականներուն։ Անվտանգութեան առումով Ռուսաստանի ենթակայ Հայաստանն իսկ 2018 Թաւշեայ յեղափոխութեան հետ կը մերձենայ արեւմուտքին։ Ատրպէյճան թէեւ յաջող տնտեսական յարաբերութիւններ ունի Ռուսաստանի հետ, բայց ՆԱԹՕ-ի մերձենալով ԱՄՆ-ի եւ միւս կողմէ ալ Իսրայէլի հետ եւս զարգացուց իր յարաբերութիւնները։ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ուղղեալ արձանագրութիւններուն ի սպառ ելած 2010-էն ետք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններն ալ ուրիշ հունի մը մտած են։ Վերջին տարիներուն ուշագրաւ է զինուորական մերձեցումները։ Շնորհիւ նաւթատոլարներու Ատրպէյճան զինուեցաւ այսօրուայ համար։ Թէեւ Ատրպէյճան եւ Հայաստան առանց երրորդ կողմի կարիք զգալու պատերազմելու համար ունին յստակ պատճառներ։ Սակայն Թուրքիոյ դերակատարութիւնը Ատրպէյճանը խրախուսեց պատերազմելով արդիւնք ձեռքբերելու ուղղութեամբ։ Անշուշտ Թուրքիա Կովկասի մէջ կրակին վրայ բենզին թափելուն համար կրնայ զանազան ակնկալութիւններ ունենալ։ Ռուսիոյ կրնայ առաջարկել թէ մէկ կողմ թողուլ Ֆրանսան ու ԱՄՆ-ն եւ մենք Ռուս-Թրքական համագործակցութիւնով խնդիրները լուծենք Կովկասի մէջ։ Այս ակնկալութեան կողքին կրնայ Ռուսաստանը Կովկասի մէջ դժուար կացութեան մատնելով ուրիշ վայրերու մէջ ձեռքբերումներ ապահովել։ Ծանօթ է որ Փութին Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ խորտակեց Էրտողանի երազանքները։ Ճնշոց Թուրքիոյ վրայ Իտլիպի մէջ յիշեցնելով որ գործերը այլեւս այսպէս պիտի չերթան։ Այսինքն Էրտողան Թէլ Ռիֆթատ եւ Մենպիչէն սկսելով Եփրատի արեւելքին Քոպանիէն Տիգրիսի արեւմուտքի Տէրիք մինչեւ թրքական հսկողութեան մէջ տարածք մը գոյացնելու նպատակէն չէ հրաժարած։ Յարատեւ սակարկութիւն մը կայ այստեղ։ Երեւոյթը նման է Լիպիոյ մէջ։ Թէեւ կարմիր գիծը գծողը Եգիպտոսն է, բայց տեղւոյն վրայ Թուրքիոյ եւ դաշնակիցներու յառաջընթացը կասեցնողը Ռուսաստանն է։ Ռուսաստան կասեցուց Էրտողանին նաւթի մահիկ մը կազմելու ծրագիրը։ Ոխ մը կայ։ Կովկասները Մուսկուան շատ զգուշ ըլլալու պարտադրող հաւասարակշռութիւններ կը պահէ իր մէջ։ Էրտողան կը գիտակցի այս բոլորին եւ խաղը կ՚ընդլայնէ։
Երրորդ գործօն մը ըլլալով յայտնուած է նոր իտտիհատականութիւն մը, որ կը սնանի կրօնամոլութեան եւ ազգայնամոլութեան խառնոյթէ մը։ Սուրիոյ մէջ Ճեմալ Փաշայի Կովկասներու մէջ Էնվեր Փաշայի եւ Արեւմտեան Տրիպոլիի մէջ Քեմալ Փաշայի կերպարները կարծես վերակենդանացած ըլլան։ Աւելին ցեղասպանութենէն վերապրող հայերու դէմ ալ Թալեաթ Փաշայի ոգին կը թեւածէ կարծես։ Էրտողան փոխարժէքը շատ աժան, նոյնիսկ հատուցուած զօրախումբ մը ըլլալով ահաբեկիչ կազմակերպութիւնները շահագործելու, անոնց միջոցաւ ապօրէն արշաւներ կատարելու փորձութիւն մը ունեցաւ։ Զգլխեցուցիչ հաճոյք մըն է իր համար։ Տեսան որ Թուրքիոյ խարսխուած ռազմավարական առանձնայատկութիւնները նման արկածախնդրութեան մը համար անձեռնմխելութիւն կ՚ապահովէ։ Իշխանութիւններուն միտքերը թունաւորող յատկութիւն մըն է այս։ Այսպէսով իրողութեան հետ կապերը կրնայ խզել։
Յաւելեալ կէտ մը եւս Էրտողան իր իշխանութիւնը պահելու համար երկիրը ընդմիշտ սրուած իրավիճակի մէջ պահելու կարիքը կը զգայ։ Ազգայնականներու հետ կնքած դաշինքն ալ նոյն բանը կը պահանջէ։ Անշուշտ պատերազմները իրենց շատ կարեւորած զէնքի արտադրութեան համար ալ շուկայ մը կը պատրաստեն։ Իւրաքանչիւր պատերազմ վաճառքի ելած զէքներու համար ցուցափեղկ մըն է նաեւ։ Պէտք է ցոցադրուի «Պայրաքթար» ԱԹՍ-ներու կործանիչ յատկութիւնը։
Այս բոլորը դիտելով կը կարծէ՞ք թէ շուտով կ՚ապահովուի հրադադար մը ապա թէ ոչ 90-ականներու կրկնութեան նման երկարատեւ ընթացք մը կը սպասէ մեզ։
Պարզ է թէ կողմերը վճռակամ են պատերազմելու համար։ Ատրպէյճանցիկ կը հաւատան թէ կը պատերազմին գրաւեալ հայրենի հողը ազատագրելու համար։ Հասարակութիւնը ընդ միշտ ճնշում ունեցաւ իշխանութեան վրայ այս մասին։ Հայաստանն ալ պաշտպանութեան դիրքերուն մէջ գոյատեւման պայքար մը կը մղէ։ Վճռակամութիւնը իր մէջ կը պահէ նաեւ բախումներու ներուժը։ Ղարաբաղեան խնդիրը եւ շրջակայ տարածքները դիւրին լուծելի հարց մը չեն։ Ատրպէյճան կը հաւատայ, թէ Մինսկեան խմբակի ձգձգումները պատերազմին պատճառ դարձան։ Երկար տարիներու ընդհատումէն ետք հրթիռներ եւ անօդաչու մահաբեր սարքեր կրկին անգամ գործածուեցան։ Ձեռքբերուածը մահ ու աւեր է։ Այս ալ բոլորին կը թելադրէ հաշտութեան սեղան նստիլ։ Խելքի, խղճի եւ պատմութենէն քաղուած դասերու հրամայականը այս է։ Պատերազմի մէջ յամառիլը, թէ Հայաստանէ եւ թէ Ղարաբաղի ու շրջակայ ռայոններէն անդին Ատրպէյճանական քաղաքները ռազմադաշտի պիտի վերածէ։ Այսպէսով կ՚իրականանայ պատերազմի լայն տարածքի մը վրայ ապրուելու վտանգը։ Պատերազմին տեղի տուող պատճառներէն մէկն ալ համաշխարհային հասարակութեան բացակայութիւնն է։ ԵՄ տարանջատուած է եւ մխրճուած իր հոգերուն։ ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններու ընդառաջ անտարբեր կը մնայ աշխարհի անցուդարձներուն։ Այս պայմաններու տակ աչքառու կը դառնայ Ռուսաստանի դերակատարութիւնը։ Ռուսաստան կը շարունակէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ միջնորդութեան համար անհրաժեշտ չէզոքութիւնը պահելու։ Բայց Թուրքիոյ դերակատարութեան աշխուժացումը Ռուսաստանն ալ կը պարտադրէ նոր այլընտրանքներ որոնելու։ Այս բացասական կանխատեսումները կը պարտադրեն մնայուն զինադադար եւ Մինսկեան խմբակի կազմերից բանակցութեան լուրջ սեղան մը։ Կողմերէն մէկուն ոչնչանալով ապահովուած յաղթանակ մը խնդրոյ առարկայ չի կրնար ըլլալ։ Այդ թունաւոր տրամաբանութեան պարտադրանքէն ելլելու համար միջազգային դերակատարները պատասխանատուութիւն ստանձնելով խաղաղութիւնը պարտադրելու են։