Թրքահայ անուանի յեղափոխական Կարպիս Ալթընօղլու մահուան Ա. Տարելիցին առթիւ 14 Հոկտեմբերին ասուլիսով մը կը յիշատակուի Պրուքսելի մէջ։ Առցանց ասուլիսին կը մասնակցին, Ֆիսուն Էրտողան, Այտըն Չուպուքչու, Ռեճեփ Մարաշլը, Մեթին Քայաօղլու եւ Նազըմ Թափան։
Կարպիս Ալթնօղլու 1960-ական տարեթիւերու երկրորդ կէսէն սկսեալ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած էր Թուրքիոյ ձախակողմեան շարժումին։ Երկարատեւ բանտարկութեան տարիներուն ենթարկուած էր ամենադաժան տանջանքներու։ Այդ տանջանքներուն դիմադրելը, ընկերները մատնելէ խուսափիլը, եւ պահած յամառ լռութիւնը զինք առասպելի մը վերածած էր։ Ինք այս երեւոյթը մեծ համեստութեամբ կը բնութագրէր. «Սազմաթիւ յեղափոխականներու մատնուած տանջանքները ես քիչ մը աւելիովը ապրեցայ։ Թէ հայ եւ թէ կոմունիստ ըլլալը կրկնակի արժէք մը կ՚ընծայէր ինծի» ըսելով։
«Թէորի եւ Փոլիթիքա» պարբերականի կողմէ կազմակերպուած ասուլիսը կայացաւ Թուրքիոյ ժամով երեկոյեան ժամը 20.00-ին Zoom-ի դրութեամբ։