Հանրածանօթ հասարակական գործիչ Օսման Քաւալայի կինը Այշէ Պուղրա, փաստաբանները՝ Քէօքսալ Պայրաքթար, Թոլկա Տենիզ Այթէօրէ եւ Իլքան Քոյունճու առցանց մամլոյ ժողովով մը մեկնաբանեցին Քաւալայի դէմ պատրաստուած ամբաստանագիրը։
Փաստաբան Այթէօրէ նշեց որ Քաւալայի նախապէս դատուած եւ անպարտ հռչակուած «Կէզի»ի դէպքերը կրկին անգամ տեղադրուած են դատախազութեան պատրաստած ամբաստանագրին մէջ։ «Մեղադրելու համար իրաւացի կասկածներ չկան։ Ենթարկութիւններու վրայ հիմնուած պնդումներով մեղադրանք ներկայացնելու ժամանակ ստիպուած էք փաստացի տուեալներ ներկայացնելու, մանաւանդ երբ մեղադրանքը կը հասնի ազգային դաւաճանութեան նման ծանր պնդումի մը» ըսաւ Թոլկա Տենիզ Այթէօրէ։ Ան նաեւ յաւելեց, թէ այդ թղթածրարները նախապէս պատրաստողները այժմ Ֆեթուլլահի կազմակերպութեան անդամակցելու պատճառաւ փախուստի դիմած անձեր են։
Իրաւաբան Քէօքսալ Պայրաքթար ալ նշեց, որ իր պաշտպանեալը նոյն մեղաչծանքով երկրորդ անգամ կը դատուի։ «Այս երեւոյթը ամբողջովին կը հակասէ իրաւագիտութեան հիմնական կանոնի մը ըստ որու անձ մը արարքի բերմամբ միայն մէկ անգամ կրնայ դատուի»։
Պայրաքթար նշեց որ ԵՄԻԱ եւ Եւրո Խորհուրդարանի նախարարած խորհուրդի յանձնախումբը կոչ ըրած էր Օսման Քաւալայի իսկոյն ազատ արձակման համար։ Ան եւս ամբաստանագիրը քննադատեց փաստերէ զուրկ ըլլալու պատճառաւ։
Օսման Քաւալայի կինը փրոֆ. Այշէ Պուղրա եւս խօսք առաւ եւ իր խօսքը ուղղեց Խորհրդարանի պատգամաւորներուն։ «Այս պահուն որպէս քաղաքացի ոչ միայն մամուլի եւ հասարակութեան զգայնութեան, այլ նաեւ Թուրքիոյ Խորհրդարանի մէջ մեզ ներկայացնող պատգամաւորներուն խօսք ուղղելու կարիքը կը զգամ։ Ոչ գթութիւն, այլ արդարութիւն կը պահանջեմ։ Ամուսինս երեք տարի է բանտ է եւ հետզհետէ սկսած է մտահոգուիլ խորհելով թէ ան իր մայրը անգամ մըն ալ պիտի չկարենայ տեսնել։ Կը կարծեմ թէ մեր այս վիճակը բոլոր երեսփոխաններուն, քաղաքականութեամբ զբաղողներուն եւ յատկապէս ալ որ կուսակցութենէն ալ ըլլան կին պատգամաւորներուն հետաքրքրութեան արժանի ըլլալու է։ Այս պահուն կը դժուարանամ արտայայտուելու, կը դժուարանամ որովհետեւ կը տեսնեմ, թէ երբ մենք իրաւագիտական համաշխարհային չափանիշներէն կը ճարենք, մեր դիմաց այլեւս ստելու իսկ կարիք չզգացող համակարգ մը կայ»։